Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 10Հեսու 9:1-271. Յորդանանի ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որոնք լերան վրայ, դաշտի վրայ ու մեծ ծովուն բոլոր եզերքը մինչեւ Լիբանանի դէմը կը բնակէին, այսինքն Քետացիները, Ամօրհացիները եւ Յեբուսացիները, այս բաները լսեցին,2. Միաբանութեամբ հաւաքուեցան որպէս զի Յեսուին ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին։3. Բայց Գաբաւոնի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր,4. Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին. գացին պաշարներ պատրաստեցին ու իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր ու հին, պատռտած ու կարկտնուած գինիի տիկեր դրին5. Եւ իրենց ոտքերուն կօշիկները հինցած ու կարկտնուած էին ու վրանին ալ հին լաթեր առին եւ բոլոր իրենց պաշար առած հացը չորցած ու մգլոտած էր6. Ու Յեսուին բանակը գացին՝ Գաղգաղայի մէջ եւ անոր ու Իսրայէլի մարդոց ըսին. «Մենք հեռու երկրէ կու գանք. ուստի մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»։7. Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը այն Խեւացիներուն ըսին. «Թերեւս դուք մեր մէջ բնակիք, ձեզի հետ ի՞նչպէս դաշինք կնքենք»։8. Բայց անոնք Յեսուին ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք եւ ուրկէ՞ կու գաք»։9. Անոնք ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք։10. Նաեւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ու Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր ըրածները լսեցինք։11. Մեր ծերերն ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի խօսեցան ու ըսին. ‘Ձեռքերնիդ ճամբու համար պաշար առէք եւ զանոնք դիմաւորելու գացէք ու անոնց ըսէք. «Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»’։12. Այն օրը երբ մենք ելանք, այս պաշարի հացերնիս մեր տուներէն տաք տաք առինք եւ ահա հիմա չորցած ու մգլոտած են։13. Այս գինիի տիկերը նոր էին, երբ լեցուցինք, բայց ահա պատռուած են ու այս մեր հանդերձները եւ կօշիկները ճամբուն խիստ երկայնութեանը համար հինցան»։14. Անոնց պաշարին նայելով՝ այն մարդիկը ընդունեցին՝ ՝, առանց Տէրոջը հարցնելու։15. Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրաւ եւ ուխտեց որ զանոնք ապրեցնէ եւ ժողովուրդին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։16. Անոնց հետ դաշինք կնքելէ երեք օր յետոյ լսեցին թէ անոնք իրենց դրացիներն են ու իրենց մէջ կը բնակին։17. Իսրայէլի որդիները չուելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան ու անոնց քաղաքները Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ եւ Կարիաթարիմ էին։18. Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, քանզի ժողովուրդին իշխանները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրեր էին, բայց ժողովուրդը իշխաններուն դէմ տրտնջեցին։19. Իշխանները բոլոր ժողովուրդին ըսին. «Մենք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրինք ու չենք կրնար անոնց դպչիլ։20. Անոնց այսպէս ընենք։ Զանոնք ողջ թողունք, որպէս զի մեր վրայ բարկութիւն չգայ անոնց երդում ընելնուս համար»։21. Ուստի իշխանները անոնց ըսին. «Թող ողջ մնան, բայց բոլոր ժողովուրդին փայտահատներ ու ջրկիրներ ըլլան»։ Անոնք փայտահատներ ու ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսին։22. Յետոյ Յեսու զանոնք կանչեց ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար մեզ խաբեցիք ու ըսիք թէ շատ հեռուէն կու գանք, մինչդեռ մեր մէջ կը բնակէիք։23. Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք ու իմ Աստուծոյս տանը համար ձեզմէ ծառայ, փայտահատ ու ջրկիր թող չպակսի»։24. Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի քու ծառաներդ ստուգիւ իմացան, որ քու Եհովա Աստուածդ իր ծառային Մովսէսին խոստացեր էր այս երկիրը ձեզի տալու ու այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջինջ ընելու, ուստի մենք մեր անձերուն համար շատ վախցանք ու այս բանը ըրինք։25. Ահա հիմա քու ձեռքդ ենք եւ քեզի ինչ որ հաճոյ ու արդար կ’երեւնայ, զայն ըրէ մեզի»։26. Յեսու զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք չմեռցուցին։27. Յեսու նոյն օրը փայտահատ ու ջրկիր ըրաւ զանոնք ժողովուրդին ու Տէրոջը սեղանին համար, որպէս զի Տէրոջը ընտրելու տեղը ծառայեն մինչեւ վերջը։Հեսու 10:1-431. Երբ Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը լսեց թէ Յեսու Գային առաւ ու զանիկա բոլորովին կործանեց եւ թէ ինչ որ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրաւ, Գայիի ու անոր թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ եւ թէ Գաբաւոնի բնակիչները Իսրայելացիներու հետ հաշտութիւն կնքած են ու անոնց մէջ մնացած,2. Շատ վախցան ինք ու իր ժողովուրդը. քանզի Գաբաւոն թագաւորանիստ քաղաքի մը պէս մեծ քաղաք մըն էր ու անիկա Գայիէն մեծ էր եւ անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։3. Ասոր համար Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը Քեբրոնի Հօհամ թագաւորին, Յերիմութի Փիրամ թագաւորին ու Լաքիսի Յափիէ թագաւորին ու Էգղոնի Դաբիր թագաւորին մարդ ղրկեց, ըսելով.4. «Ինծի եկէ՛ք ու ինծի օգնութիւն ըրէք, որպէս զի Գաբաւոնը զարնենք. քանզի Յեսուի հետ ու Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ըրաւ»։5. Ուստի Ամօրհացիներու հինգ թագաւորները, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հաւաքուեցան եւ իրենք ու իրենց բոլոր բանակները եկան եւ Գաբաւոնի քով բանակ դրին ու անոր դէմ պատերազմեցան։6. Գաբաւոնի բնակիչները Գաղգաղա մարդ ղրկեցին Յեսուին՝ ըսելով. «Քու ծառաներէդ ձեռքդ մի՛ քաշեր, շուտով մեզի եկուր, մեզի օգնէ ու մեզ ազատէ. քանզի լեռնաբնակ Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները մեր վրայ յարձակեցան»։7. Յեսու ինք ու իրեն հետ բոլոր պատերազմիկները եւ զօրքին բոլոր զօրաւորները Գաղգաղայէն ելան։8. Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանզի զանոնք քու ձեռքդ տուի. անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ քու առջեւդ կայնիլ»։9. Յեսու Գաղգաղայէն բոլոր գիշերը քալելով՝ յանկարածակի անոնց վրայ հասաւ։10. Տէրը խռովեցուց զանոնք Իսրայէլի առջեւ եւ զանոնք Գաբաւոնի մօտ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք Բեթորոն ելլելու ճամբուն վրայ հալածեց եւ զանոնք մինչեւ Ազեկա ու Մակեդա զարկաւ։11. Երբ անոնք Իսրայէլի առջեւէն կը փախչէին ու Բեթորոնէ վար կ’իջնէին, Տէրը անոնց վրայ երկնքէն կարկուտի պէս մեծ քարեր թափեց մինչեւ Ազեկա ու մեռան։ Կարկուտին քարերէն մեռնողները Իսրայէլի որդիներուն սրով մեռցուցածներէն շատ էին։12. Այն ատեն Յեսու Տէրոջը հետ խօսեցաւ, այն օրը որ Տէրը Ամօրհացիները Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը տուաւ ու Իսրայէլի առջեւ ըսաւ. «Արե՛ւ, դուն Գաբաւոնի դէմը կայնէ՛. Լուսի՛ն, դուն ալ Այեղոնի ձորին դէմը կայնէ՛ »։13. Ու արեւը կայնեցաւ եւ լուսինը իր տեղը մնաց, մինչեւ որ ժողովուրդը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ։ Միթէ ասիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած չէ՞. ուստի արեւը երկնքին մէջտեղը կայնեցաւ ու լման մէկ օրուան չափ չմարեցաւ։14. Անոր պէս օր մը չեղաւ՝ ո՛չ առաջ ու ո՛չ ետքը՝ երբ Տէրը մարդու ձայնը լսեց. քանզի Տէրը Իսրայէլի համար պատերազմեցաւ։15. Ապա Յեսու ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։16. Հինգ թագաւորները փախան ու Մակեդա այրին մէջ պահուեցան։17. Եւ Յեսուին իմացուցին. «Այն հինգ թագաւորները Մակեդա, այրին մէջ, պահուած են»։18. Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը մեծ քարեր գլորեցէք ու անոր վրայ մարդիկ դրէք, որպէս զի պահպանութիւն ընեն.19. Բայց դուք մի՛ կայնիք, ձեր թշնամիները հալածեցէ՛ք ու անոնց վերջապահները զարկէք եւ անոնց մի՛ թողուք, որ իրենց քաղաքները մտնեն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց»։20. Ու Յեսու Իսրայէլի որդիներուն հետ զանոնք խիստ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք հատցուց, լմնցուց։ Եւ անոնց փախստականները պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտան։21. Բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեամբ Մակեդա՝ բանակը՝ Յեսուի դարձաւ ու Իսրայէլի որդիներուն դէմ բնաւ մէկը իր լեզուն չշարժեց։22. Այն ատեն Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը բացէք ու այրէն այն հինգ թագաւորները հանեցէ՛ք, ինծի բերէ՛ք »։23. Այնպէս ըրին ու այրէն այն հինգ թագաւորները, այսինքն Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հանեցին անոր տարին ։24. Ու երբ այս թագաւորները Յեսուի առջեւ ելան, Յեսու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը կանչեց ու իրեն հետ գացող պատերազմիկներուն գլխաւորներուն ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք ու ձեր ոտքերը այս թագաւորներուն պարանոցներուն վրայ դրէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան եւ իրենց ոտքերը անոնց պարանոցներուն վրայ դրին։25. Յեսու անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք, ուժովցէ՛ք եւ քաջասի՛րտ եղէք. քանզի Տէրը այսպէս պիտի ընէ ձեր բոլոր թշնամիներուն, որոնց հետ դուք պիտի պատերազմիք»։26. Ապա Յեսու զանոնք զարկաւ մեռցուց ու հինգ ծառէ կախեց։ Ծառերուն վրայ մինչեւ իրիկուն կախուած մնացին։27. Արեւին մտնելու ատենը Յեսու հրամայեց ու զանոնք ծառերուն վրայէն իջեցուցին եւ իրենց պահուած այրին մէջ նետեցին զանոնք ու այրին բերանը մեծ քարեր դրին։ Ատոնք դեռ կը կենան մինչեւ այսօր։28. Յեսու նոյն օրը Մակեդան ալ առաւ ու զանիկա սուրի բերնէ անցուց եւ անոր թագաւորն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց եւ մէ՛կը ողջ չթողուց։ Մակեդայի թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էր։29. Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Մակեդայէն Լեբնա անցան ու Լեբնայի դէմ պատերազմեցան։30. Տէրը զանիկա ալ անոր թագաւորովը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց։ Զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին։ Անոր թագաւորին այնպէս ըրին, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էին։31. Ապա Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լեբնայէն Լաքիս անցան եւ անոր քով բանակելով անոր դէմ պատերազմեցան։32. Տէրը Լաքիսը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց եւ երկրորդ օրը զանիկա առնելով, զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդերը սուրի բերնէ անցուցին՝ ինչպէս Լեբնային ըրած էին։33. Այն ատեն Գազերի Հօրամ թագաւորը Լաքիսին օգնութեան եկաւ։ Յեսու զանիկա ու անոր ժողովուրդն ալ կոտորեց, այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը ողջ չմնաց։34. Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լաքիսէն Էգղոն անցան եւ անոր քով բանակելով, անոր դէմ պատերազմ ըրին։35. Նոյն օրը զանիկա առնելով սուրի բերնէ անցուցին։ Յեսու նոյն օրը անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց, ինչպէս Լաքիսի ըրած էր։36. Յետոյ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Էգղոնէն Քեբրոն գացին ու անոր դէմ պատերազմ ըրին։37. Զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը եւ մէ՛կը ողջ չթողուցին, ինչպէս Էգղոնին ըրին. այսպէս զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին։38. Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Դաբիր դարձան ու անոր դէմ պատերազմեցան։39. Զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները առին ու զանոնք սուրի բերնէ անցուցին եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին. ինչպէս Քեբրոնի ըրին եւ ինչպէս Լեբնայի ու անոր թագաւորին ըրին, նոյնպէս ալ Դաբիրին ու անոր թագաւորին ըրին։40. Եւ Յեսու բոլոր լեռնային, հարաւային, դաշտային երկիրները եւ անոնց բոլոր թագաւորները զարկաւ ու մէ՛կը ողջ չթողուց, հապա ամէն շնչաւոր մեռցուց, ինչպէս Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատուիրեր էր։41. Յեսու Կադէս-Բառնեայէն մինչեւ Գազա ու բոլոր Գոսոմի երկիրը մինչեւ Գաբաւոն զանոնք զարկաւ։42. Եւ այս բոլոր թագաւորները ու անոնց երկիրը Յեսու մէկէն առաւ. քանզի Իսրայէլի համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատերազմ կ’ընէր։43. Եւ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։Սաղմոսներ 44:1-31. Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք, Հայրերնիս մեզի պատմեցին Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝ Հին ժամանակը։2. Դուն քո ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր Ու զանոնք տնկեցիր։ Չարչարեցիր ժողովուրդները Ու տարածեցիր զանոնք։3. Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց, Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝ Վասն զի անոնց հաճեցար։Առակներ 13:24-2524. Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։25. Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։Ղուկասը 10:1-241. Այս բանէն ետքը Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։2. Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։3. Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։4. Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք։5. Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘ Բարեւ այս տանը’։6. Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ։7. Այն տանը մէջ մնացէք ու անոնց քով կերէք ու խմեցէք, վասն զի մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ փոխուիք։8. Ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ ընդունին, ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք.9. Ու բժշկեցէք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։10. Բայց ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ չընդունին, անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէք.11. ‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք. միայն թէ այս գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։12. Ձեզի կ’ըսեմ թէ այն օրը Սոդոմին դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ քան թէ այն քաղաքին»։13. «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ եղան, շատունց քուրձով ու մոխիրի մէջ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։14. Բայց դատաստանին օրը Տիւրոսին ու Սիդոնին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան թէ՝ ձեզի։15. Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։16. Ան որ ձեզի մտիկ կ’ընէ, ինծի մտիկ կ’ընէ եւ ան որ ձեզ կը մերժէ, զիս կը մերժէ. եւ ան որ զիս կը մերժէ, զիս ղրկողը կը մերժէ»։17. Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։18. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։19. Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։20. Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։21. Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։22. Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։23. Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն24. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981