Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 11Հեսու 11:1-231. Հասորի Յաբին թագաւորը, երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին եւ Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին2. Եւ հիւսիսային լեռներն ու Քեներեթի հարաւային դաշտն ու հովիտը եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն,3. Արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն եւ Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։4. Անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով եկան, որոնք ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ էին եւ իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին ։5. Այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։6. Եւ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնքը Իսրայէլի առջեւ կոտորուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրէ ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրէ՛»։7. Ուստի Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր պատերազմող ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։8. Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը տուաւ ու զանոնք զարկին եւ մինչեւ մեծ Սիդոն ու Մասրեփօթ-Մայիմ եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը դէպի արեւելք հալածեցին ու զանոնք զարկին՝ այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։9. Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։10. Նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։11. Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց ու Հասորը կրակով այրեց։12. Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց բոլոր թագաւորները առաւ եւ զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։13. Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, միայն Հասորը՝ որ Յեսու այրեց։14. Այս քաղաքներուն բոլոր աւարն ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ըրին ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։15. Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուին պատուիրեց ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ։16. Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմն ու բոլոր հարաւային կողմը եւ բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտն ու դաշտը եւ Իսրայէլի լեռն ու անոր հովիտը,17. Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչեւ Հերմոն լերանը տակ Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադը եւ անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք զարկաւ մեռցուց։18. Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։19. Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չգտնուեցաւ, ամէնքն ալ պատերազմով առնուեցան.20. Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի առանց ողորմութեան զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։21. Եւ այն ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն, Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն ու Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։22. Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէկը չմնաց, բայց Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։23. Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։Հեսու 12:1-241. Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Իսրայէլի որդիները զարկին ու անոնց երկիրները առին, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք, Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը՝ արեւելեան կողմին բոլոր դաշտովը,2. Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը, որ կը տիրէր Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն եւ ձորին մէջտեղէն ու Գաղաադի կէսէն մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը3. Նաեւ դաշտին արեւելեան կողմէն մինչեւ Քեներեթի ծովը ու արեւելեան կողմէն Բեթեսիմօթին ճամբան ու հարաւային կողմէն Ասեդովթ-Փասգային տակ՝ մինչեւ դաշտի ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը։4. Հսկաներուն մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին սահմանը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը բնակէր5. Եւ կը տիրէր Հերմոն լերանը ու Սելքայի եւ բոլոր Բասանի մինչեւ Գեսուրացիներուն եւ Մաքաթացիներուն սահմանը ու մինչեւ Գաղաադի կէսը, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին սահմանն էր։6. Ասոնք Տէրոջը ծառան Մովսէսը Իսրայէլի որդիներուն հետ զարկաւ ու ասոնց երկիրները Տէրոջը ծառան Մովսէսը Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուաւ։7. Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Յեսու ու Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Քալակ լեռը, որ Սէիր կ’ելլէ։ Յեսու անոնց երկիրները Իսրայէլի ցեղերուն ժառանգութիւն տուաւ իրենց վիճակներուն համեմատ՝8. Լեռներուն ու հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ ու լեռներուն ստորոտները եւ անապատը ու հարաւային կողմը բնակող Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները,9. Երիքովի թագաւորը, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը,10. Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը,11. Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորը,12. Էգղոնի թագաւորը, Գազերի թագաւորը,13. Դաբիրի թագաւորը, Գադերի թագաւորը,14. Հօրմայի թագաւորը, Արադի թագաւորը,15. Լեբնայի թագաւորը, Ոդողոմի թագաւորը,16. Մակեդայի թագաւորը, Բեթէլի թագաւորը,17. Թափուայի թագաւորը, Ոփերի թագաւորը,18. Ափէկի թագաւորը, Լասարօնի թագաւորը,19. Մադոնի թագաւորը, Հասորի թագաւորը,20. Սամրօն-Մառօնի թագաւորը, Աքսափի թագաւորը,21. Թանաքի թագաւորը, Մակեդդովի թագաւորը,22. Կադէսի թագաւորը, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը,23. Դովրի գաւառին մէջ Դովրի թագաւորը, Գաղգաղայի Գոյիմի թագաւորը,24. Թերսայի թագաւորը. բոլորը՝ երեսունըմէկ հոգի էին։Սաղմոսներ 44:4-194. Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած. Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։5. Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք. Մեր վրայ ելնողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։6. Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել.7. Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։8. Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)9. Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։10. Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։11. Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։12. Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր, Առանց մեծ գին պահանջելու։13. Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր, Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։14. Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ ։15. Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝16. Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝ Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։17. Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ, Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։18. Մեր սրտերը ետ չդարձան, Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան.19. Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։Առակներ 14:1-21. Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։2. Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ, Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ։Ղուկասը 10:25-4225. Ահա օրինական մը ելաւ ու զանիկա փորձելով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։26. Անիկա ալ ըսաւ անոր. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։27. Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։28. Ինք ըսաւ անոր. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։29. Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։30. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։31. Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։32. Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։33. Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։34. Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։35. Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. «Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ»։36. Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։37. Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։38. Երբ անոնք կ’երթային, ինք գիւղ մը մտաւ եւ կին մը, Մարթա անունով, զանիկա իր տունը ընդունեց։39. Անիկա քոյր մը ունէր, որուն անունը Մարիամ էր, որ եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր։40. Բայց Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր։ Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։41. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս.42. Բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981