Աստվածաշունչը մեկ տարում
Ապրիլ 13

1. Յուդայի որդիներուն ցեղին վիճակը իրենց տոհմերուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմայեցիներուն սահմանը կը հասնէր. հարաւային կողմէն Սին անապատը անոնց հարաւային ծայրն էր։
2. Անոնց հարաւային սահմանը այս եղաւ՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն հարաւակողմը նայող ծոցէն, սկսելով
3. Ու հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերը ելլելով Սին կ’անցնի ու հարաւային կողմէն Կադէս-Բառնեայ ելլելով Եսրոն կ’անցնի. ետքը դէպի Ադդար ելլելով Կարկայի կողմը կը պտըտի.
4. Ետքը Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսին հեղեղատը կ’ելլէ ու այս սահմանը ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Ձեր հարաւային սահմանը այս է։
5. Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է մինչեւ Յորդանանի ծայրը։ Հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի
6. Եւ այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կ’ելլէ ու Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կը պտըտի եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բաանի վէմը կ’ելլէ.
7. Ետքը այս սահմանը Աքովրի ձորէն Դաբիր կ’ելլէ ու հիւսիսային կողմէն Գաղգաղա կը դառնայ, որ այն ձորին հարաւակողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դէմ է եւ այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգելի աղբիւրը կը վերջանայ
8. Եւ այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորը՝ հարաւային կողմէն Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի, քով կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ այն լերան գլուխը կ’ելլէ, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դէմն է ու հիւսիսային կողմէն Ռափայիններուն ձորին ծայրն է
9. Եւ այս սահմանը լերանը գլխէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը հասնի ու Եփրոն լերանը քաղաքները կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ Բաաղա, այսինքն Կարիաթարիմ կը հասնի
10. Եւ այս սահմանը Բաաղայէն դէպի արեւմուտք Սէիր լեռը կը պտըտի ու հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերանը քովէն կ’անցնի, որ Քեսաղօն է. անկէ Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնա կ’անցնի
11. Եւ այս սահմանը Ակկարոնին քով կ’ելլէ դէպի հիւսիս ու այս սահմանը Սաքարօն հասնելով՝ Բաաղա լեռնէն կ’անցնի ու Յաբնէլ կ’ելլէ եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։
12. Արեւմտեան սահմանը մեծ ծովուն եզերքն է։ Յուդայի որդիներուն սահմանը շուրջանակի իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
13. Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր
14. Եւ Քաղէբ անկէ Ենակին երեք որդիները, Սէսին ու Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակին որդիները, վռնտեց
15. Եւ անկէ Դաբիրի բնակիչներուն վրայ գնաց (ու Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)
16. Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ Աքսա աղջիկս անոր կնութեան պիտի տամ»
17. Եւ Քաղէբին եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը առաւ զանիկա ու Քաղէբ իր Աքսա աղջիկը անոր կնութեան տուաւ։
18. Ու երբ անոր կ’երթար զանիկա յորդորեց, որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ եւ իշուն վրայէն վար իջաւ ու Քաղէբ անոր ըսաւ. «Ի՞նչ եղաւ քեզի»։
19. Աղջիկը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր. որովհետեւ ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի ջուրի աղբիւրներ՝ ՝ ալ տուր»։ Ուստի անոր՝ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ։
20. Յուդայի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է՝,
21. Եդովմի սահմանին քով հարաւային կողմը Յուդայի որդիներուն ցեղին վերջին քաղաքները ասոնք են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր,
22. Կինա, Դէմօնա, Ադադա,
23. Կադէս, Հասոր, Յեթնան,
24. Զիփ, Տէլէմ, Բաալօթ,
25. Հասոր-Ադաթա, Կարիօթ Եսրոն՝ ՝ որ է Հասոր,
26. Ամամ, Սամա, Մօլադա,
27. Ասեր-Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ,
28. Ասեր-Սուաղ, Բերսաբէէ, Բազիօթիա,
29. Բաաղա, Իյիմ, Ասէմ,
30. Էլթուղադ, Քէսիլ, Հօրմա,
31. Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա,
32. Լաբաովթ, Սէլէմ, Ային ու Ռեմօն. ամէնը քսանըինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
33. Դաշտավայրի մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա,
34. Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ,
35. Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա,
36. Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերօթայիմ). տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
37. Սէննան, Ադասա, Մագդաղգադ,
38. Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ,
39. Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն, Քաբբօն,
40. Լամաս, Քիթլիս,
41. Գադերօթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա- տասնըվեց քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
42. Լեբնա, Եթեր, Ասան,
43. Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ,
44. Կէիլա, Աքեզիբ եւ Մարեսա. ինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
45. Ակկարոն իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը.
46. Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթին քովի բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը.
47. Ասեդովթ իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Գազա իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը ու մինչեւ մեծ ծովը իր սահմաններովը։
48. Եւ լեռնավայրի վրայ՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով,
49. Դաննա, Կարիաթ-Սաննա, այսինքն Դաբիր,
50. Անաբ, Եսթեմով, Անիմ,
51. Գոսոմ, Քօղօն ու Գեղոն. տասնըմէկ քաղաք ու անոնց գիւղերը։
52. Երեբ, Դումա, Եսան,
53. Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա,
54. Քամմատա, Կարիաթ-Արբա, այսինքն Քեբրոն ու Սիովր. ինը քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
55. Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա,
56. Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով,
57. Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
58. Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր,
59. Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
60. Կարիաթ-Բաաղ, այսինքն Կարիաթարիմ ու Ռաբբա. երկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
61. Անապատին մէջ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա,
62. Նեբսան, աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
63. Բայց Յուդայի որդիները կարող չեղան Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները վռնտել. ուստի Յեբուսացիները Յուդայի որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր։
1. Յովսէփի որդիներուն վիճակը այսպէս ելաւ։ Անոնց սահմանը Երիքովի դէմ Յորդանանէն Երիքովի ջուրին արեւելեան կողմէն այն անապատը կ’երթայ, որ Երիքովէն լեռնակողմը՝ Բեթէլ կ’ելլէ
2. Ու Բեթէլէն Լուզ կ’ելլէ եւ Արքի-Ատարօթի սահմանէն կ’անցնի
3. Ու արեւմտեան կողմէն Յեփալթիին սահմանը կ’իջնէ, մինչեւ վարի Բեթորոնին սահմանը ու մինչեւ Գազեր եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։
4. Յովսէփին որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ ժառանգութիւն առին։
5. Եփրեմի որդիներուն սահմանը իրենց տոհմերուն համեմատ այս եղաւ՝ այսինքն անոնց ժառանգութեան սահմանը արեւելեան կողմէն Ատարօթ-Ադար եղաւ մինչեւ վերի Բեթերոնը
6. Եւ այս սահմանը հիւսիսային կողմէն դէպի Մաքմեթաթ՝ ծովը կ’ելլէ ու այս սահմանը արեւելեան կողմէն մինչեւ Թէանթսելով կը պտըտի ու ետքը արեւելեան կողմէն Յանովէ կը մտնէ
7. Եւ Յանովէէն Ատարովթ ու Նաարա կ’իջնէ ու Երիքովին քովէն անցնելով Յորդանան կ’ելլէ։
8. Այս սահմանը Թափուայէն Կանա հեղեղատը կ’երթայ արեւմտեան կողմէն ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Եփրեմի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
9. Նաեւ Եփրեմի որդիներուն համար զատուած քաղաքները Մանասէին որդիներուն ժառանգութեանը մէջ են, բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը։
10. Անոնք Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեցին ու Քանանացիները մինչեւ այսօր Եփրեմի մէջ բնակելով, հարկատու ծառաներ եղան։
1. Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխի Շարադրածս թագաւորին համար է, Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։
2. Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես. Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի. Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։
3. Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։
4. Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։ Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։
5. Քու նետերդ սուր են Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են ։ Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։
4. Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ, Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն յառաջ կու գայ։
5. Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր, Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերնէն ։
29. Երբ ժողովուրդը անոր վրայ կը դիզուէր, ինք ըսաւ. «Այս ազգը չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը։
30. Քանզի ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, այնպէս Որդին մարդոյ այս ազգին՝ պիտի ըլլայ։
31. Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին մարդոցը դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, վասն զի երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս։
32. Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանին քարոզութիւնով զղջացին եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս»։
33. «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
34. Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, բայց երբ աչքդ վատ է, մարմինդ ալ մութ կ’ըլլայ։
35. Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։
36. Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։
37. Երբ այս բաները կը խօսէր, փարիսեցի մը կ’աղաչէր անոր, որ իր քով ճաշ ուտէ։ Անիկա ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ։
38. Փարիսեցին երբ տեսաւ, զարմացաւ, որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։
39. Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։
40. Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ։
41. Սակայն անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։
42. «Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։
43. Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։
44. Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։
45. Օրինականներէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։
46. Անիկա ըսաւ. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։
47. Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք։
48. Ուրեմն կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն ըրածներուն. վասն զի իրենք սպաննեցին զանոնք ու դուք անոնց գերեզմաններ կը շինէք։
49. Անոր համար ալ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըսաւ. ‘Պիտի ղրկեմ անոնց մարգարէներ ու առաքեալներ։ Անոնցմէ ոմանքը պիտի սպաննեն ու ոմանքը հալածեն,
50. Որպէս զի աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն պահանջուի։
51. Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի’։
52. Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։
53. Երբ այս բաները անոնց կ’ըսէր, դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խիստ նեղանալ եւ շատ բաներու վրայով անոր բերնէն խօսք փնտռել։
54. Անոր դարան պատրաստելով, կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս անոր բերնէն բան մը որսան, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981