1. Ասիկա եղաւ Մանասէին ցեղին վիճակը, քանզի անիկա Յովսէփին անդրանիկն էր։ Մանասէին անդրանիկը Մաքիր, Գաղաադին հայրը, պատերազմող մարդ մը ըլլալուն համար, Գաղաադ ու Բասան անորը եղան։
2. Մանասէին միւս որդիներն ալ, Աբիեզերին որդիները, Քեղեքին որդիները, Ասրիէլին որդիները, Սիւքէմին որդիները, Ոփերին որդիները ու Սեմիդային որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Յովսէփեան Մանասէին արու զաւակները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։
3. Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիին Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունէր, բայց միայն աղջիկներ։ Անոր աղջիկներուն անունները ասոնք են՝ Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։
4. Ասոնք Եղիազար քահանային առջեւ, Նաւեան Յեսուին առջեւ ու իշխաններուն առջեւ ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսին հրամայեց, որ մեր եղբայրներուն մէջ մեզի ժառանգութիւն տրուի»։ Եւ Յեսու Տէրոջը հրամանով անոնց հօրը եղբայրներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տուաւ։
5. Մանասէին Յորդանանի անդիի կողմը եղող Գաղաադին ու Բասանին երկրէն զատ՝ տասը բաժին ինկաւ.
6. Քանզի Մանասէին աղջիկները անոր տղոցը հետ ժառանգութիւն առին ու Գաղաադին երկիրը Մանասէին միւս որդիներուն եղաւ։
7. Մանասէին սահմանը ասիկա եղաւ՝ Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ, որ Սիւքէմին դէմն է։ Այս սահմանը աջ կողմը դառնալով՝ մինչեւ Թափուային աղբիւրին քով բնակողներուն կը հասնի։
8. Թափուային երկիրը Մանասէին եղաւ ու Մանասէին սահմանին մէջ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմին որդիներուն եղաւ։
9. Այս սահմանը Կանա հեղեղատը կ’իջնէ, հեղեղատին հարաւային կողմէն։ Մանասէին քաղաքներուն մէջ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են եւ Մանասէին սահմանը հեղեղատին հիւսիսային կողմն է ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։
10. Հարաւային կողմը Եփրեմին ու հիւսիսային կողմը Մանասէին ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ եւ հիւսիսային կողմէն Ասերին ու արեւելեան կողմէն Իսաքարին հետ կը միանան։
11. Եւ Իսաքարին ու Ասերին սահմաններուն մէջ՝ Բեթսան ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Յեբղաամ ու անոր գիղաքաղաքները եւ Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները. այս երեք գաւառը Մանասէին եղան։
12. Մանասէին որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները դուրս վռնտել, ուստի Քանանացիները կամակորութեամբ այն երկրին մէջ բնակեցան։
13. Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ հարկատու ըրին Քանանացիները, բայց զանոնք իսպառ չվռնտեցին։
14. Յովսէփին որդիները Յեսուին հետ խօսեցան ու ըսին. «Ինչո՞ւ համար ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին ժառանգութիւն տուիր։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանզի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։
15. Յեսու անոնց ըսաւ. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտառը ելի՛ր ու զանիկա կտրէ՛ եւ Փերեզացիներուն ու Ռափայիններուն երկրին մէջ քեզի տեղ ըրէ, եթէ Եփրեմին լեռը քեզի նեղ կու գայ»։
16. Յովսէփին որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար չէ ու հովիտին երկրին մէջ՝ Բեթսանին մէջ ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ եւ Յեզրայէլին հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։
17. Յեսու Յովսէփին տանը, այսինքն Եփրեմին ու Մանասէին հետ խօսելով ըսաւ. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես ու շատ ոյժ ունիս. քեզի միայն մէկ վիճակ չի բաւեր.
18. Լեռն ալ թող քուկդ ըլլայ եւ որովհետեւ անիկա անտառ է, զանիկա կտրէ՛ ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. քանզի դուն Քանանացիները անկէ պիտի վռնտես, թէեւ անոնք երկաթէ կառքեր ունին ու զօրաւոր են»։
1. Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սելովի մէջ հաւաքուեցան եւ հոն վկայութեան խորանը կանգնեցուցին ու երկիրը անոնց առջեւ նուաճուեցաւ։
2. Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը ցեղ մնացեր էր, որոնք իրենց ժառանգութիւնը առած չէին։
3. Եւ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ անհոգութիւն պիտի ընէք ու պիտի չերթաք ժառանգելու այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։
4. Ամէն մէկ ցեղէ երեք մարդ ընտերցէք ու զանոնք ղրկեմ, որպէս զի ելլեն այն երկրին մէջ պտըտին ու զանիկա իրենց ժառանգութեանը համեմատ գրեն ու ետքը ինծի դառնան
5. Եւ զանիկա եօթը մասերու բաժնեն։ Յուդան իր սահմանին մէջ հարաւային կողմը թող կենայ ու Յովսէփին տունը իրենց սահմաններուն մէջ հիւսիսային կողմը թող կենան։
6. Դուք երկիրը եօթը բաժին ըրէք ու հոս ինծի բերէք եւ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս ձեզի համար վիճակ ձգեմ։
7. Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետեւ անոնց ժառանգութիւնը Տէրոջը քահանայութիւնն է եւ Գադ ու Ռուբէն եւ Մանասէի կէս ցեղը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ իրենց ժառանգութիւնները առած են, որոնք Տէրոջը ծառան Մովսէս անոնց տուաւ»։
8. Այն մարդիկը գացին ու Յեսու այն երկիրը գրելու գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Գացէ՛ք եւ այն երկրին մէջ պտըտելով զանիկա գրեցէք. ետքը ինծի դարձէք, որպէս զի հոս Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ ձեզի համար վիճակ ձգեմ»։
9. Այն մարդիկը գացին ու այն երկրին մէջ պտըտեցան եւ զանիկա իր քաղաքներովը եօթը բաժին ընելով ՝ գրքի մը մէջ գրեցին ու Սելով՝ բանակը՝ եկան Յեսուին։
10. Յեսու Սելովին մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց համար վիճակ ձգեց ու երկիրը բաժնեց Իսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։
11. Նախ ՝ Բենիամինին որդիներուն ցեղին վիճակը ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Իրենց վիճակին սահմանը Յուդայի որդիներուն ու Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։
12. Անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէն եղաւ ու այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կ’ելլէ եւ դէպի արեւմուտք լեռը վեր կ’ելլէ ու Բեթաւանի անապատին մէջ կը վերջանայ։
13. Սահմանը անկէ ելլելով Լուզէ կ’անցնի, Լուզին, այսինքն Բեթէլին հարաւային կողմէն. այս սահմանը Ատարօթ-Ադար կ’իջնէ, որ վարի Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լերանը քովն է։
14. Այս սահմանը արեւմտեան ծայրը հասնելով, դէպի հարաւ կը դառնայ հարաւային կողմէն Բեթորոնին դիմացի լեռնէն ու կը վերջանայ Կարիաթ-Բաաղի մէջ, որ է Կարիաթարիմ, Յուդային որդիներուն քաղաքը։ Արեւմտեան ծայրը ասիկա է։
15. Հարաւային կողմը Կարիաթարիմին ծայրէն սկսելով, սահմանը դէպի արեւմուտք կ’երթայ ու Նափթովային ջուրին աղբիւրը կ’ելլէ։
16. Այս սահմանը Ռափայիններուն հովիտին մէջ, հիւսիսային կողմը եղող Ենովմին որդիին ձորին դիմացի լերանը եզերքը կ’իջնէ ու Յեբուսին քովէն դէպի հարաւ Ենովմին ձորէն իջնելով Ռովգելին աղբիւրը կ’իջնէ
17. Եւ հիւսիսային կողմէն նշան կտրելով Ենսամիւս կ’ելլէ ու անկէ Եդովմինին զառիվերին դէմ եղող Գալիլովթ կ’ելլէ եւ Ռուբէնեան Բաանին վէմը կ’իջնէ.
19. Ետքը այս սահմանը դէպի հիւսիս Բեթագղայի քովէն կ’անցնի ու այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանի հարաւային ծայրը կը վերջանայ։ Հարաւային սահմանը ասիկա է։
20. Արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանանն է։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը շուրջանակի իր սահմաններովը անոնց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
21. Եւ ասոնք են Բենիամինին որդիներուն ցեղին քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Երիքով, Բեթագղա, Եմեկկասիս,
22. Բեթարաբա, Սեմարիմ, Բեթէլ,
23. Աւիմ, Փարա, Եփրա,
24. Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
25. Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ,
26. Մասփա, Կեփիրա, Մոսա,
27. Ռէկեմ, Յերփայէլ, Թարաղա,
28. Սելա, Էլեփ, Յեբուս, այսինքն Երուսաղէմ, Գաբաաթ ու Կարիաթ։ Տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
6. Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։ Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։
7. Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես. Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ, Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։
8. Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն. Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը՝ ՝ քեզ ուրախացուցին։
9. Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են. Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած ։
10. Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛. Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։
11. Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ, Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։
12. Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները Ընծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։
13. Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է, Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։
14. Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին. Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։
15. Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին, Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։
16. Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան. Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։
17. Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ. Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։
6. Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու չի գտներ, Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է։
1. Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ամենէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։
2. Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։
3. Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։
4. «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։
5. Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. Անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք’։
6. Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։
7. Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։
8. «Եւ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։
9. Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ’։
10. ‘Ամէն ով որ Որդին մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն ընէ, պիտի չներուի անոր’։
11. Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան, հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք,
12. Վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։
13. Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։
14. Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։
15. Եւ աւելցուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։
16. Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։
17. Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ.
18. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’.
19. Եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’։
20. Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Անմի՛տ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։
21. Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։
22. Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք.
23. Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։
24. Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։
25. Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։
26. Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։
27. Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։
28. Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։
29. Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք.
30. Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։
31. Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981