Աստվածաշունչը մեկ տարում
Ապրիլ 15

1. Երկրորդ վիճակը Շմաւոնին ելաւ։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին իրենց տոհմերուն համեմատ ու անոնց ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն ժառանգութեան մէջտեղը եղաւ։
2. Իրենց ժառանգութեան մէջ այս քաղաքները ունեցան. Բերսաբէէ, (Սաբէէ,) Մօլադա,
3. Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ,
4. Էլթուղադ, Բաթուլ, Հօրմա,
5. Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասերսուսա,
6. Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք քաղաք ու անոնց գիւղերը։
7. Ային, Ռեմօն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք ու անոնց գիւղերը։
8. Եւ այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը՝ մինչեւ Բաաղեթ-Բէեր ու հարաւային Ռաման՝ ՝։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
9. Շմաւոնին որդիներուն ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն բաժինէն եղաւ, քանզի Յուդային որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց. անոր համար Շմաւոնին որդիները անոնց ժառանգութեանը մէջ ժառանգութիւն առին։
10. Երրորդ վիճակը Զաբուղոնին որդիներուն ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց ժառանգութեանը սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ
11. Ու անոնց սահմանը դէպի ծովը ու Մարաղա կ’ելլէ եւ Դաբասէթ կը հասնի ու Յեկնամին դէմ եղող ձորը կը հասնի
12. Եւ Սարիդէն դէպի արեւելեան կողմը՝ Քասղովթ-Թաբօրին սահմանը կը դառնայ ու Դաբարաթէն ելլելով՝ վեր Յափիէ կ’ելլէ
13. Եւ անկէ դէպի արեւելք անցնելով Գեթքոփեր եւ Իթագասին կ’անցնի ու Ռեմօն-Մեթօար եւ Նուա կ’ելլէ.
14. Ետքը այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Ենաթօն կը պտըտի ու Յեփթայէլի ձորին մէջ կը վերջանայ
15. Եւ Կատտաթ ու Նաաղօլ եւ Սամրօն ու Յադելա եւ Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
16. Զաբուղոնին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
17. Չորրորդ վիճակը Իսաքարին ելաւ։ Իսաքարին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ
18. Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յեզրայէլ ու Քասելովթ եւ Սունամ,
19. Ու Ափերէմ եւ Սիան ու Անարէթ
20. Եւ Ռաբբիթ ու Կէսիօն ու Աբէս
21. Եւ Ռամաթ ու Ենգանիմ եւ Ենքադդա ու Բեթփասես
22. Եւ այս սահմանը Թաբօր, Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի ու անոնց սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ. տասնըվեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
23. Իսաքարին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
24. Հինգերորդ վիճակը Ասերին որդիներուն ցեղին ելաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։
25. Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Քեղկաթ ու Աղի եւ Բետէն ու Աքսափ
26. Եւ Ալամելէք ու Ամադ եւ Մասաղ ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս եւ Սիօր-Լեբնաթ կը հասնի։
27. Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ ու հիւսիսային կողմէն Զաբուղոն, Յեփթայէլի ձորը, Բեթամէկ ու Նէիէլ կը հասնի եւ ձախ կողմէն Քաբօղ կ’ելլէ
28. Ու Եբրոն եւ Րոոբ ու Համմօն եւ Կանա, մինչեւ մեծ Սիդոն.
29. Ետքը այս սահմանը Ռամա կը դառնայ մինչեւ Տիւրոս ամուր քաղաքը եւ այս սահմանը Ուսա դառնալով ծովուն մէջ՝ Աքեզիբին վիճակին մէջ կը վերջանայ
30. Ու Ամմա եւ Ափէկ ու Րոոբ. քսաներկու քաղաքներ ու անոնց գիւղերը։
31. Ասերին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
32. Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմին որդիներուն ելաւ, այսինքն Նեփթաղիմին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ։
33. Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Հելեփէն ու Ալօնէն մինչեւ Սանանիմ ու Ադամի-Նագեբ եւ Յաբնէլ մինչեւ Լակում ու սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ։
34. Եւ այս սահմանը արեւմտեան կողմէն Ազանօթ-Թաբօր կը դառնայ ու անկէ Հուկօկ կ’ելլէ եւ հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր եւ արեւելեան կողմէն մինչեւ Յուդա ու Յորդանան կը հասնի։
35. Եւ պարսպապատ քաղաքները՝ Ասեդիմ, Սէր, Ամաթ, Ռեկկաթ,
36. Քեներեթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր,
37. Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարօն,
38. Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնըինը քաղաք եւ անոնց գիւղերն են։
39. Նեփթաղիմին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
40. Եօթերորդ վիճակը Դանին որդիներուն ցեղին ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։
41. Եւ անոնց ժառանգութեան սահմանը ասիկա եղաւ՝ Սարաա ու Եսթաւուղ եւ Իրսամէս
42. Ու Սաղաբին եւ Այեղոն ու Յեթլա
43. Եւ Ելօն ու Թամնաթա եւ Ակկարոն
44. Ու Ելթեկէ եւ Գաբաթոն ու Բաալօթ
45. Ու Եհուդ եւ Բանէ-Բարակ ու Գեթրեմօն
46. Եւ Մէարկօն ու Ռակկոն, Յոպպէի դիմացը եղած սահմանովը մէկտեղ։
47. Եւ Դանին որդիներուն սահմանը իրենց պզտիկ եկաւ. ուստի Դանին որդիները ոտքի ելան ու Լէսէմի հետ պատերազմեցան եւ զանիկա առնելէն ետքը սուրի բերնէ անցուցին ու զանիկա ժառանգելով անոր մէջ բնակեցան եւ Լէսէմը իրենց հօրը Դանի անունով Դան կոչեցին։
48. Դանին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
49. Ու երկիրը իր սահմաններովը բաժնելը լմնցնելէն ետքը, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուին իրենց մէջ ժառանգութիւն տուին.
50. Տէրոջը հրամանով անոր ուզած քաղաքը, Թամնաթ-Սարան, իրեն տուին Եփրեմի լերանը վրայ ու անիկա քաղաքը շինեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։
51. Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսուն ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետները Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ, վկայութեան խորանին դրանը քով, վիճակով բաժնեցին ու լմնցուցին։
1. Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.
2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք,
3. Որպէս զի սխալմամբ ու անգիտութեամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի ու անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն
4. Եւ անգիտութեամբ սպաննողը այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի ու քաղաքին դուռը կայնի եւ այն քաղաքին ծերերուն իր պարագան յայտնէ, որպէս զի լսեն ու անոնք զանիկա քաղաքին մէջ իրենց քով առնելով՝ անոր տեղ մը տան, որպէս զի իրենց հետ բնակի։
5. Երբ արեան վրէժխնդիրը անոր ետեւէն իյնայ, սպաննողը անոր ձեռքը թող չտան. քանզի անիկա իր դրացին անգիտութեամբ մեռցուցեր է։ Նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն ունեցած չէ։
6. Եւ անիկա այն քաղաքին մէջ պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի ու մինչեւ որ այն օրուան քահանայապետը մեռնի։ Անկէ ետքը սպաննողը կրնայ դառնալ իր քաղաքը ու իր տունը երթալ՝ այսինքն այն քաղաքը ուրկէ փախեր էր։
7. Ուստի Գալիլիայի մէջ Կադէսը զատեցին Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը եւ Կարիաթ-Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը։
8. Ու Երիքովի դէմը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ Ռուբէնին ցեղէն՝ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադի ցեղէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասէին ցեղէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը տուին։
9. Բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ բնակող օտարականին համար որոշուած քաղաքները ասոնք են. որպէս զի ամէն ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ, հոն փախչի ու արեան վրէժխնդրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի’»։
1. Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։
2. Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,
3. Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
4. Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։
5. Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի. Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։
6. Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին. Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։
7. Յիմար մարդէն հեռացիր, Երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի։
8. Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է. Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է։
9. Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն, Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։
10. Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, Ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չըլլար։
11. Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի, Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։
32. «Մի՛ վախնար, պզտկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։
33. Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։
34. Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
35. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։
36. Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։
37. Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։
38. Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։
39. Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։
40. Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։
41. Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։
42. Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։
43. Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։
44. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։
45. Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։
46. Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ։
47. Այն ծառան որ իր տիրոջը կամքը գիտէ ու չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ։
48. Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։
49. «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է։
50. Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի։
51. Կը կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն ընելու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ո՛չ, հապա բաժանում’։
52. Վասն զի ասկէ ետք մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը՝ երկուքէն ու երկուքը՝ երեքէն։
53. Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն»։
54. Ըսաւ ժողովուրդին. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։
55. Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։
56. Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։
57. «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը։
58. Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջեւ քաշէ ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ ու դահիճն ալ բանտը դնէ։
59. Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչեւ վերջին լուման չվճարես»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981