Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 16Հեսու 21:1-451. Ղեւտացիներուն նահապետները Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներու ցեղերուն նահապետներուն մօտեցան2. Ու Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ խօսեցան անոնց ըսելով. «Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեց որ մեզի բնակելու համար քաղաքներ ու մեր անասուններուն համար անոնց արուարձաններ տրուին»։3. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հրամանով իրենց ժառանգութիւններէն հետեւեալ քաղաքներն ու անոնց արուարձանները Ղեւտացիներուն տուին։4. Առաջին վիճակը Կահաթեաններու ազգատոհմերուն ելաւ ու Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիներուն վիճակով տասներեք քաղաք ելաւ, Յուդայի ցեղէն, Շմաւոնի ցեղէն ու Բենիամինի ցեղէն։5. Եւ Կահաթի միւս որդիներուն՝ Եփրեմի ցեղին ազգատոհմերէն, Դանին ցեղէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ ։6. Ու Գերսոնին որդիներուն՝ Իսաքարին ցեղին ազգատոհմերէն եւ Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմին ցեղէն եւ Բասանին մէջ եղող Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասներեք քաղաք տրուեցաւ ։7. Մերարիին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Ռուբէնին ցեղէն ու Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու քաղաք տրուեցաւ ։8. Ու Իսրայէլի որդիները այս քաղաքներն ու անոնց արուարձանները վիճակով Ղեւտացիներուն տուին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին միջոցով։9. Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն իրենց անունովը յիշուած քաղաքները տուին10. Ու Ահարոնին որդիներուն եղան, որոնք Ղեւիին որդիներէն եղող Կահաթեաններու ազգատոհմերէն էին. քանզի առաջին վիճակը անոնցն էր։11. Անոնց Յուդայի լերանը վրայ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը, տուին անոր շրջակայ արուարձաններովը12. Եւ քաղաքին ագարակներն ու գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին իբր կալուածք։13. Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Քեբրոնը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Լեբնան իր արուարձաններովը14. Եւ Յաթիրը իր արուարձաններովը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը15. Եւ Քօղօնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը16. Եւ Այինը իր արուարձաններովը ու Յետտան իր արուարձաններովը եւ Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը։ Այս երկու ցեղէն ինը քաղաք տուին ։17. Ու Բենիամինին ցեղէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններովը, Գաբան իր արուարձաններովը,18. Անաթովթը իր արուարձաններովը ու Գաղմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։19. Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։20. Եւ Կահաթի որդիներէն մնացած Ղեւտացի Կահաթեաններու ազգատոհմերն ալ Եփրեմին ցեղէն վիճակով քաղաքներ առին։21. Անոնց՝ Եփրեմի լեռնակողմը սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Սիւքէմը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Գազերը իր արուարձաններովը22. Եւ Կաբսեմը իր արուարձաններովը ու Բեթորոնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։23. Եւ Դանին ցեղէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններովը, Գաբաթոնը իր արուարձաններովը,24. Այեղոնը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։25. Եւ Մանասէին կէս ցեղէն՝ Թանաքը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։26. Կահաթին որդիներուն մնացած ազգատոհմերուն բոլոր քաղաքները տասն էին եւ անոնց արուարձանները։27. Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն եղող Գերսոնին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաքը ըլլալու որոշուած Բասանին մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը, նաեւ Բեեստարան իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին ։28. Եւ Իսաքարին ցեղէն՝ Կեսիօնը իր արուարձաններովը, Դարաբաթը իր արուարձաններովը,29. Յերիմութը իր արուարձաններովը եւ Ենգանիմը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։30. Եւ Ասերին ցեղէն՝ Մասաղը իր արուարձաններովը,31. Աբդօնը իր արուարձաններովը, Քեղկաթը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։32. Ու Նեփթաղիմին ցեղէն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը, նաեւ Եմաթդովրը իր արուարձաններովը ու Կարթանը իր արուարձաններովը։ Երեք քաղաք տուին ։33. Գերսոնեաններուն բոլոր քաղաքները անոնց ազգատոհմերուն համեմատ տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։34. Մնացած Ղեւտացիներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն ազգատոհմերուն՝ Զաբուղոնին ցեղէն Յեկնամը իր արուարձաններովը, Կարթան իր արուարձաններովը,35. Դեմնան իր արուարձաններովը ու Նաաղօլը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։36. Եւ Ռուբէնին ցեղէն՝ Բոսորը իր արուարձաններովը, Յասսան իր արուարձաններովը,37. Կադեմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։38. Եւ Գադին ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գաղաադին մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը, նաեւ Մանայիմը իր արուարձաններովը,39. Եսեբոնը իր արուարձաններովը ու Յազերը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։40. Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն մնացած Մերարիին որդիներուն բոլոր քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ իրենց վիճակովը տասներկու քաղաք եղան։41. Իսրայէլի որդիներուն կալուածներուն մէջ Ղեւտացիներուն բոլոր քաղաքները քառասունըութը քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։42. Այս քաղաքներուն ամէն մէկը իր բոլորտիքը արուարձաններ ունէր. այս քաղաքներուն ամէնքն ալ այնպէս էին։43. Եւ Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր եւ զանիկա ժառանգեցին ու անոր մէջ բնակեցան։44. Եւ Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց, ինչպէս անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր ու անոնց բոլոր թշնամիներէն բնաւ մէկը չկրցաւ անոնց դէմ դնել. քանզի Տէրը անոնց բոլոր թշնամիները անոնց ձեռքը տուաւ։45. Եւ Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան։Հեսու 22:1-341. Այն ատեն Յեսու իրեն կանչեց Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը2. Եւ անոնց ըսաւ. «Տէրոջը ծառան Մովսէս ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց ամէնքն ալ պահեցիք ու իմ խօսքիս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ, որ ձեզի պատուիրեցի։3. Այսչափ շատ օրեր մինչեւ այսօր ձեր եղբայրները չթողուցիք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները ամբողջ՝ ՝ պահեցիք։4. Հիմա ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուց, ինչպէս անոնց ըսաւ. ուստի դարձէք, ձեր վրանները ու ձեր սեփական երկիրը գացէք, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը ձեզի տուաւ։5. Միայն թէ աղէկ զգուշութեամբ գործադրեցէք այն պատուիրանքն ու օրէնքը, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք, անոր պատուիրանքները պահէք, անոր յարիք ու ձեր բոլոր սրտովը եւ բոլոր հոգիովը զանիկա պաշտէք»։6. Յեսու օրհնեց զանոնք եւ արձակեց ու անոնք իրենց վրանները գացին։7. (Եւ Մանասէին կէս ցեղին Մովսէս կալուածք տուեր էր Բասանի մէջ ու Յեսու միւս կէսին՝ անոնց եղբայրներուն հետ՝ Յորդանանի անդիի կողմը տուաւ դէպի արեւմուտք։) Ու երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց8. Եւ անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Շատ հարստութիւնով ու խիստ շատ անասուններով, արծաթով, ոսկիով, պղնձով, երկաթով ու խիստ շատ հանդերձներով ձեր վրանները դարձէք ու ձեր թշնամիներուն աւարը ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք»։9. Ուստի Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ Իսրայէլին որդիներէն զատուեցան գացին, որպէս զի իրենց ժառանգութեան երկիրը՝ այսինքն Գաղաադի երկիրը՝ երթան, որ Տէրոջը հրամանով Մովսէսին միջոցով առեր էին։10. Երբ Յորդանանի մօտ տեղերը եկան, այն կողմը որ Քանանի երկրին մէջ է, Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը հոն Յորդանանի քով սեղան մը շինեցին, երեւոյթով մեծ սեղան մը։11. Ու Իսրայէլի որդիները լսեցին թէ Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկրին կողմը Յորդանանի մօտ, ուրկէ Իսրայէլի որդիները անցեր էին, սեղան մը շիներ են։12. Երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, բոլոր Իսրայէլի որդիները Սելովին մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի անոնց վրայ երթան պատերազմելու համար։13. Իսրայէլի որդիները Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին՝ Գաղաադի երկիրը ղրկեցին Եղիազարին որդին Փենէհէս քահանան14. Եւ անոր հետ տասը իշխան, այսինքն Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն նահապետականներէն մէկմէկ իշխան, որոնց ամէն մէկը Իսրայէլի հազարաւորներու նահապետութիւններուն իշխաններ էին։15. Անոնք Գաղաադի երկիրը գացին Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին կէս ցեղին եւ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով.16. «Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդ ի՞նչ մեղք է, որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյ դէմ գործեցիք՝ Տէրոջմէն խոտորելով եւ Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ընելու համար ձեզի սեղան շինեցիք։17. Միթէ Փեգովրին անօրէնութիւնը պզտի՞կ բան մըն էր մեզի, որմէ մինչեւ այսօր չմաքրուեցանք, որ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածն ալ եկաւ։18. Դուք Տէրոջմէն խոտորեցաք. ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջմէ ապստամբիք, ան ալ վաղը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի բարկանայ։19. Սակայն եթէ ձեր սեփական երկիրը անմաքուր կը համարէք, Տէրոջը սեփական երկիրը անցէք, ուր Տէրոջը վկայութեան խորանը կանգնած է ու մեր մէջ ժառանգութիւն առէք եւ մեր Տէր Աստուծոյ սեղանէն տարբեր սեղան շինելով Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք ու մեզ ալ ապստամբ մի՛ ներկայացնէք։20. Երբ Զարայեան Աքար նզովուածէն առնելով մեղք գործեց, միթէ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ չեկա՞ւ ու այն մարդը իր անօրէնութեանը մէջ մինակ ինք չմեռաւ’»։21. Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը պատասխան տուին ու Իսրայէլի հազարապետներուն ըսին.22. « Աստուածներուն Եհովա Աստուածը, աստուածներուն Եհովա Աստուածը՝ ՝ ինք գիտէ ու Իսրայէլն ալ թող գիտնայ, եթէ այս բանը ապստամբութեան համար կամ Տէրոջը դէմ յանցանք գործելու համար ըրինք, մեզ այսօր թող չ’ապրեցնէ.23. Եթէ մեզի սեղան շինեցինք Տէրոջմէ հեռանալու համար կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար եւ կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընելու համար, Տէրը ինք թող վրեժը առնէ։24. Մենք ասիկա մեր վախէն շինեցինք, մտածելով թէ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն խօսին ու ըսեն թէ՝ «Դուք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք.25. Ո՛վ Ռուբէնեաններ ու Գադեաններ, Տէրը մեր ու ձեր մէջ Յորդանանը սահման դրաւ, դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք»։ Այս կերպով ձեր որդիները ստիպեն որ մեր որդիները Տէրոջը երկիւղը մոռնան։26. Այս պատճառով ըսինք. «Հիմա մեզի սեղան մը շինենք, բայց ո՛չ թէ ողջակէզի համար, կամ զոհի համար,27. Այլ որպէս զի անիկա մեր ու ձեր մէջ եւ մեզմէ ետքը մեր սերունդներուն մէջ վկայութիւն ըլլայ, որպէս զի մեր ողջակէզներովը, մեր պատարագներովը ու մեր խաղաղութեան զոհերովը Տէրոջը ծառայութիւնը Անոր առջեւ ընենք ու վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն թէ ‘Դուք Տէրոջմէն բաժին չունիք’։28. Ու ըսինք. «Եթէ մեզի կամ մեր սերունդին վաղը այս բանը ըսելու ըլլան, պիտի ըսենք թէ՝ ‘Տեսէք Տէրոջը սեղանին օրինակը, որ մեր հայրերը շինեցին, ո՛չ թէ ողջակէզի համար կամ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր մէջ վկայութիւն մը ըլլալու համար’։29. Քա՜ւ լիցի որ մենք Տէրոջմէն ապստամբինք, Տէրոջմէն հեռանալով վկայութեան խորանէն զատ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար եւ զոհի համար սեղան շինենք»։30. Երբ Փենէհէս քահանան եւ անոր հետ եղող իշխաններն ու Իսրայէլի հազարապետները Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն եւ Մանասէին որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց հաճոյ երեւցաւ։31. Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին որդիներուն ըսաւ. «Այսօր գիտցանք թէ Տէրը մեր մէջ է, որովհետեւ դուք Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեցիք եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ձեռքէն ազատեցիք»։32. Այսպէս Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան եւ իշխանները Ռուբէնին որդիներուն ու Գադին որդիներուն քովէն, Գաղաադի երկրէն, Քանանի երկիրը Իսրայէլի որդիներուն դարձան եւ անոնց լուր բերին։33. Այս բանը Իսրայէլի որդիներուն հաճոյ երեւցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Աստուած օրհնեցին եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Գադին որդիներուն բնակած երկրին դէմ պատերազմի երթալու մասին չխօսեցան։34. Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները այն սեղանին անունը Վկայութիւն դրին, որովհետեւ ըսին. «Անիկա մեր մէջ վկայ է, թէ մեր Աստուածը Եհովան է»։Սաղմոսներ 46:7-117. Զօրաց Տէրը մեզի հետ է. Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)8. Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։9. Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։10. Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։11. Զօրաց Տէրը մեզի հետ է, Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)Առակներ 14:12-1312. Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։13. Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ։Ղուկասը 13:1-221. Ոմանք այն ատեն ներկայ գտնուելով՝ պատմեցին անոր Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց։2. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։3. Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։4. Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։5. Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։6. Այս առակն ալ ըսաւ. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։7. Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։8. Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ9. Եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։10. Շաբաթ օրը ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։11. Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնըութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։12. Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։13. Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։14. Ժողովարանին իշխանը բարկացաւ, որ Յիսուս շաբաթ օրը բժշկեց եւ ըսաւ ժողովուրդին. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։15. Այն ատեն Տէրը պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. « Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։16. Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։17. Երբ այս բանը ըսաւ, իրեն հակառակ կեցողները ամօթով մնացին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ուրախանար այն ամէն փառաւոր գործերուն համար՝ որոնք ան կը կատարէր։18. Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։19. Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։20. Դարձեալ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնեմ։21. Խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ ամբողջը խմորուեցաւ»։22. Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ, Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981