Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 17Հեսու 23:1-161. Բաւական ժամանակ անցած էր այն օրէն, երբ Տէրը հանգստացուց Իսրայէլը անոր բոլորտիքի բոլոր թշնամիներէն։2. Յեսու, որ ծերացած ու տարիքը առած էր, կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ըսաւ.3. «Ես ծերացայ ու տարիքս առի։ Դուք տեսաք այն ամէնը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար ըրաւ այս բոլոր ազգերուն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը ձեզի համար պատերազմ ըրաւ։4. Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնեցի՝ ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէն, իմ կոտորած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչեւ մեծ ծովը դէպի արեւմուտք։5. Ձեր Տէր Աստուածը ինքը ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ եւ անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ։6. Ուստի խիստ ժի՛ր եղէք, որպէս զի Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ գործադրէք ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք.7. Որպէս զի ձեր քով մնացած այս ազգերուն հետ չխառնուիք՝ ՝ ու անոնց աստուածներուն անունները չյիշէք եւ անոնցմով երդում չընէք ու անոնց չծառայէք եւ անոնց երկրպագութիւն չընէք.8. Հապա ձեր Տէր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչեւ այսօր ըրիք։9. Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու զօրաւոր ազգեր վռնտեց ու մինչեւ այսօր բնաւ մէկը չկրցաւ ձեզի դէմ դնել։10. Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը հալածեց, քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը՝ ձեզի համար պատերազմեցաւ, ինչպէս ձեզի խոստացած էր։11. «Ուստի աղէկ զգուշութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ձեր Տէր Աստուածը սիրէք։12. Բայց եթէ անկէ դառնալու ըլլաք ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք եւ անոնց հետ խնամութիւն ընէք ու դուք անոնց հետ խառնուիք եւ անոնք ալ ձեզի հետ,13. Ստոյգ գիտցէք, որ ձեր Տէր Աստուածը անգամ մըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվռնտէ. հապա անոնք ձեզի որոգայթ ու գայթակղութիւն պիտի ըլլան եւ ձեր կողերուն՝ խթաններ ու ձեր աչքերուն՝ փուշեր, մինչեւ որ բնաջինջ ըլլաք այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։14. Ահա ես այսօր երկրին ճամբան կ’երթամ ու դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ։15. Ու ինչպէս ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի համար ըրած բոլոր բարի խօսքերը ձեր վրայ կատարուեցան, նոյնպէս Տէրը բոլոր չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ ձեզ այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։16. Եթէ ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի պատուիրած ուխտը զանց ընէք ու երթաք օտար աստուածներ պաշտէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ պիտի բորբոքի ու ձեզի տուած ընտիր երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք»։Հեսու 24:1-331. Յեսու Իսրայէլի բոլոր ցեղերը Սիւքէմի մէջ հաւաքեց ու Իսրայէլի ծերերը, իշխանները, դատաւորները եւ ոստիկանները կանչեց ու անոնք Աստուծոյ առջեւ կեցան։2. Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Առաջ ձեր հայրերը, Աբրահամին հայրը ու Նաքովրին հայրը Թարա, Գետին անդիի կողմը բնակեցան եւ օտար աստուածներ պաշտեցին։3. Ու ես ձեր հայրը Աբրահամը Գետին անդիի կողմէն առի ու զանիկա Քանանի բոլոր երկրին մէջ պտըտցուցի եւ անոր սերունդը շատցուցի ու Իսահակը անոր տուի։4. Եւ Իսահակին՝ Յակոբն ու Եսաւը տուի։ Եսաւին Սէիր լեռը ժառանգութիւն տուի։ Յակոբ ու անոր որդիները Եգիպտոս իջան։5. Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկելով Եգիպտոսը զարկի, (ինչպէս անոր մէջ ըրի,) ետքը ձեզ հանեցի։6. Ուստի ես ձեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցի եւ դուք ծովը եկաք։ Եգիպտացիները կառքերով ու ձիաւորներով մինչեւ Կարմիր ծովը ձեր հայրերուն ետեւէն ինկան։7. Այն ատեն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին։ Տէրը ձեր ու Եգիպտացիներուն մէջտեղ խաւար ձգեց ու ծովը Եգիպտացիներուն վրայ բերելով՝ զանոնք ծածկեց։ Ձեր աչքերը Եգիպտոսի մէջ ըրած բաներս տեսան ու շատ ժամանակ անապատին մէջ բնակեցաք։8. Ետքը ձեզ բերի Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկիրը, որոնք ձեզի հետ պատերազմ ըրին։ Զանոնք ձեր ձեռքը տուի ու անոնց երկիրը ժառանգեցիք եւ զանոնք ձեր առջեւէն բնաջինջ ըրի։9. Ետքը Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակ ելաւ ու Իսրայէլի դէմ պատերազմ ըրաւ եւ մարդ ղրկեց Բէովրեան Բաղաամը կանչելու, որպէս զի ձեզ նզովէ,10. Բայց չուզեցի Բաղաամին մտիկ ընել ու անիկա ընդհակառակը ձեզ օրհնեց։ Անոր ձեռքէն ձեզ ազատեցի։11. Ետքը Յորդանանէն անցնելով Երիքով եկաք։ Երիքովի բնակիչները՝ Ամօրհացիները, Փերեզացիները, Քանանացիները, Քետացիները, Գերգեսացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները ձեզի դէմ պատերազմ ըրին։ Ես զանոնք ձեր ձեռքը տուի։12. Ձեր առջեւէն իշամեղուներ ղրկեցի, որոնք զանոնք, այսինքն Ամօրհացիներուն երկու թագաւորները, ձեր առջեւէն վռնտեցին։ Ո՛չ քու սրովդ եւ ո՛չ քու աղեղովդ վռնտուեցան ։13. Ձեզի երկիր մը տուի, որուն մէջ դուք չաշխատեցաք եւ քաղաքներ՝ որոնք դուք չշինեցիք, որոնց մէջ կը բնակիք, կ’ուտէք այն այգիներէն ու ձիթենիներէն, որոնք դուք չտնկեցիք’։14. «Ուստի հիմա Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք եւ այն աստուածները, որոնց ձեր հայրերը Գետին անդիի կողմը ու Եգիպտոսի մէջ ծառայութիւն ըրին, մէկդի ձգեցէ՛ք եւ Տէրը պաշտեցէ՛ք։15. Բայց եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չերեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։16. Այն ատեն ժողովուրդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք.17. Քանզի Եհովան՝ ինքն է մեր Աստուածը՝ ՝, որ մեզ ու մեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեց եւ ինք մեր աչքերուն առջեւ մեծ նշաններ ըրաւ ու մեզ պահեց մեր գացած ճամբուն մէջ եւ բոլոր ազգերուն մէջ, որոնց մէջէն անցանք։18. Եհովան բոլոր ազգերը ու այս երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիները մեր առջեւէն վռնտեց. մենք ալ Եհովան պիտի պաշտենք, որովհետեւ մեր Աստուածը ինքն է»։19. Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք չէք կրնար Եհովան պաշտել, քանզի անիկա սուրբ Աստուած է ու անիկա նախանձոտ Աստուած ըլլալով՝ ձեր յանցանքներն ու մեղքերը չի ներեր։20. Քանզի երբ Եհովան թողուք ու օտար աստուածներ պաշտէք, այն ատեն պիտի դառնայ ու ձեզի բարիք ընելու տեղ՝ ՝ ձեզ չարչարելով բնաջինջ պիիտ ընէ»։21. Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մենք Եհովան պիտի պաշտենք»։22. Այն ատեն Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր անձերուն դէմ վկայ էք, որ դուք ձեզի Եհովան ընտրեցիք՝ զանիկա պաշտելու համար։ Ու անոնք ըսին՝ «Վկայ ենք»։23. Ուրեմն հիմա ձեր մէջ եղած օտար աստուածները վերցուցէ՛ք եւ ձեր սիրտը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դարձուցէ՛ք»։24. Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Մենք մեր Տէր Աստուածը պիտի պաշտենք ու անոր խօսքին պիտի հնազանդինք»։25. Նոյն օրը Յեսու ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ ու Սիւքէմի մէջ կանոն ու օրէնք դրաւ։26. Յեսու այս խօսքերը Աստուծոյ օրէնքներու գրքին մէջ գրեց ու մեծ քար մը առաւ եւ զանիկա Տէրոջը սրբարանին քով եղած բեւեկնիին տակ կանգնեցուց։27. Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա այս քարը մեզի վկայ ըլլայ, քանզի ասիկա Տէրոջը մեզի հետ խօսած բոլոր խօսքերը լսեց. ուստի ասիկա ձեզի վկայ ըլլայ, որպէս զի չըլլայ թէ ձեր Աստուածը ուրանաք»։28. Ետքը Յեսու ժողովուրդը արձակեց ու ամէն մարդ իր ժառանգութեանը գնաց ։29. Այս բաներէն ետքը Տէրոջը ծառան Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։30. Ու զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերան հիւսիսային կողմը՝ Եփրեմի լեռը Թամնաթ-Սարայի մէջ թաղեցին։31. Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ։32. Յովսէփին ոսկորները, որոնք Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հաներ էին, Սիւքէմի մէջ թաղեցին՝ ագարակին այն մասին մէջ, որ Յակոբ Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն հարիւր կտոր արծաթի՝ ՝ ծախու առեր էր։ Անիկա Յովսէփի որդիներուն ժառանգութիւնը եղաւ։33. Ահարոնի որդին Եղիազարն ալ մեռաւ ու զանիկա Եփրեմի լեռը, անոր որդիին Փենէհէսին տրուած բլուրին վրայ թաղեցին։Սաղմոսներ 47:1-91. Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։2. Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է. Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։3. Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։4. Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)5. Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։6. Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք. Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.7. Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։ Երգ երգեցէ՛ք անոր ։8. Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։9. Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են. Ինք խիստ բարձրացած է։Առակներ 14:14-1414. Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն, Իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ։Ղուկասը 13:23-3523. Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։24. Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։25. Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։26. Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. ‘Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք եւ դուն մեր փողոցներուն մէջ սորվեցուցիր’։27. Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։28. Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել, երբ տեսնէք Աբրահամը ու Իսահակը եւ Յակոբը ու բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ու դուք դուրս մնացած։29. Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ։30. Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիներ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։31. Նոյն օրը մէկ քանի փարիսեցիներ եկան ու ըսին անոր. «Ելիր ու գնա ասկէ, վասն զի Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ»։32. Ինք ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ։33. Միայն թէ պէտք է որ այսօր ու վաղը եւ միւս օրը պտըտիմ, վասն զի կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի։34. ‘Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կ’սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։35. Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ’։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ, թէ ‘Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք’, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981