Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 18Դատավորներ 1:1-361. Յեսուին մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին ու ըսին. «Մեզմէ ո՞վ առաջ Քանանացիներուն վրայ պէտք է ելլէ՝ անոնց հետ պատերազմելու»։2. Տէրը ըսաւ. «Յուդան թող ելլէ։ Ահա երկիրը անոր ձեռքը տուի»։3. Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին ըսաւ. «Ինծի հետ իմ երկիրս ելի՛ր ու Քանանացիներուն հետ պատերազմինք։ Ես ալ քեզի հետ քու երկիրդ երթամ»։ Շմաւոն անոր հետ գնաց։4. Յուդան ելաւ ու Տէրը Քանանացիներն ու Փերեզացիները անոնց ձեռքը տուաւ։ Անոնցմէ Բեզեկի մէջ տասը հազար մարդ կոտորեցին։5. Բեզեկի մէջ Ադոնիբեզեկը գտնելով անոր հետ պատերազմեցան ու Քանանացիները եւ Փերեզացիները զարկին։6. Ադոնիբեզեկ փախաւ, բայց անոնք անոր ետեւէն իյնալով զանիկա բռնեցին ու անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն մեծ մատերը կտրեցին։7. Ադոնիբեզեկ ըսաւ. «Ձեռքերնուն ու ոտքերնուն մեծ մատերը կտրուած եօթանասուն թագաւորներ իմ սեղանիս տակ ինկած փշրանքները կը հաւաքէին. ես ինչպէս որ ըսի, Աստուած ալ ինծի այնպէս հատուցում ըրաւ»։ Զանիկա Երուսաղէմ տարին ու հոն մեռաւ։8. Յուդային որդիները Երուսաղէմին հետ պատերազմ ընելով զանիկա առին ու սուրի բերնէ անցնելով քաղաքը կրակով այրեցին։9. Անկէ յետոյ Յուդային որդիները վար իջան, որպէս զի լեռնակողմը ու հարաւային կողմը ու դաշտի մէջ բնակող Քանանացիներուն դէմ պատերազմին։10. Յուդան Քեբրոնին մէջ բնակող Քանանացիներուն վրայ գնաց. (Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր.) եւ անոնք Սէսին, Աքիմանը ու Թոլմին զարկին։11. Անկէ Դաբիրին բնակիչներուն վրայ գնաց. (Դաբիրին անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)12. Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ աղջիկս Աքսան անոր կնութեան պիտի տամ»։13. Ուստի Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը զարկաւ առաւ զանիկա եւ Քաղէբ իր աղջիկը Աքսան անոր կնութեան տուաւ։14. Երբ աղջիկը անոր կ’երթար, զանիկա յորդորեց որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ։ Աղջիկը էշէն վար իջաւ։ Քաղէբ ըսաւ անոր. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։15. Աղջիկը հօրը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր։ Ինծի հարաւային երկիր մը տուիր։ Ջուրի աղբիւրներ ալ տուր»։ Ուստի Քաղէբ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ անոր։16. Մովսէսին աներոջ Կենեցիին որդիները Յուդային որդիներուն հետ Արմաւենիներուն քաղաքէն Արադին հարաւային կողմը եղող Յուդային անապատը ելան ու գացին ժողովուրդին հետ բնակեցան։17. Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին հետ գնաց ու Սեփաթի մէջ բնակող Քանանացիները զարկին եւ զանիկա նզովեցին ու այն քաղաքին անունը Հօրմա կոչեցին։18. Ետքը Յուդայեաններուն Գազան ու անոր սահմանը եւ Ասկաղոնն ու անոր սահմանը առին։19. Տէրը Յուդային հետ էր ու անիկա լերանը տիրեց, բայց հովիտներուն բնակիչները չկրցաւ վռնտել, քանզի անոնք երկաթէ կառքեր ունէին։20. Քեբրոնը Քաղէբին տուին, ինչպէս Մովսէս ըսեր էր, որը անկէ Ենակին երեք որդիները վռնտեց։21. Բենիամինին որդիները Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները չվռնտեցին։ Յեբուսացիները Բենիամինին որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ բնակեցան մինչեւ այսօր։22. Յովսէփին տունն ալ Բեթէլի վրայ ելան ու Տէրը անոնց հետ էր։23. Յովսէփին տունը Բեթէլը լրտեսեցին. (այն քաղաքին անունը առաջ Լուզ էր.)24. Եւ պահապանները մարդ մը տեսան, որ այն քաղաքէն կ’ելլէր ու անոր ըսին. «Շնորհք ըրէ՛. քաղաքը մտնելու կողմը մեզի ցուցուր ու քեզի ողորմութիւն ընենք»։25. Անիկա քաղաքը մտնելու կողմը ցուցուց անոնց։ Քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին, բայց այն մարդը եւ անոր բոլոր ազգատոհմը թող տուին։26. Այն մարդը Քետացիներուն երկիրը գնաց եւ հոն քաղաք մը շինեց ու անոր անունը Լուզ կոչեց։ Մինչեւ այսօր անոր անունը այդ է։27. Մանասէն Բեթսանը եւ անոր գիւղաքաղաքները, Թանաքն ու անոր գիւղաքաղաքները, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Յեբղաամի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները չզարկաւ եւ Քանանացիները շարունակեցին այս երկրին մէջ բնակիլ։28. Երբ Իսրայէլ ուժովցաւ, Քանանացիները հարկատու ըրաւ, բայց զանոնք բոլորովին չվռնտեց։29. Եփրեմն ալ Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեց ու Քանանացիները անոր հետ Գազերի մէջ բնակեցան։30. Զաբուղոն Կեթրոնի բնակիչները եւ Նաաղօլի բնակիչները չվռնտեց ու Քանանացիները անոնց մէջ բնակելով հարկատու եղան։31. Ասեր Ակքովին բնակիչները՝ Սիդոնի, Աքղաբի, Աքեզիբի, Ելբայի, Ափէկի ու Րոոբի բնակիչները՝ չվռնտեց.32. Հապա Ասերեանները այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցան, որովհետեւ զիրենք չվռնտեցին։33. Նեփթաղիմ՝ Բեթսամիւսի բնակիչներն ու Բեթանաթի բնակիչները չվռնտեց, հապա այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցաւ եւ Բեթսամիւսի ու Բեթանաթի բնակիչները անոր հարկատու եղան։34. Ամօրհացիները Դանի որդիները լերան վրայ նեղը ձգեցին, քանզի անոնց չթողուցին որ հովիտները իջնեն։35. Ամօրհացիները հաստատամտութեամբ Հարէս լեռը, Այեղօն ու Սաղաբինի մէջ բնակեցան. բայց երբ Յովսէփին տանը ձեռքը ուժովցաւ, անոնք հարկատու եղան։ Ամօրհացիներուն սահմանը Ակրաբիմի զառիվերէն, Վէմէն վեր էր։36. Դատավորներ 2:1-231. Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ. «Ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի եւ ձեզ այն երկիրը բերի, որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի ու ըսի թէ՝ ‘Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ։2. Այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի՛ ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէ՛ք’. բայց դուք իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք։ Ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք։3. Ես ալ ըսի. ‘Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան’»։4. Երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ։5. Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցանեցին։6. Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց՝ երկիրը ժառանգելու համար։7. Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։8. Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ։9. Զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ-Հարեսի մէջ թաղեցին։10. Այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան ու անոնցմէ յետոյ ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։11. Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին12. Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր ու օտար աստուածներու ետեւէն գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն ու անոնց երկրպագութիւն ըրին եւ Տէրը սրդողցուցին։13. Անոնք Տէրը թողուցին եւ Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին։14. Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն դէմ կենալ։15. Ուր որ երթային՝ Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր, որով խիստ մեծ նեղութեան մէջ ինկան։16. Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։17. Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին։18. Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար։19. Երբ դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար։20. Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Որովհետեւ այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին,21. Ես ալ այսուհետեւ անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտմ այն ազգերէն, որոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց։22. Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՞ն Տէրոջը ճամբէն քալելու, թէ ոչ»։23. Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ եւ շուտով չվռնտեց ու զանոնք Յեսուին ձեռքը չմատնեց։Սաղմոսներ 48:1-81. Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ, Իր սուրբ լերանը վրայ։2. Գեղեցիկ բարձրութիւնով, Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝ Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է, Մեծ Թագաւորին քաղաքը։3. Աստուած անոր պալատներուն մէջ Իբր ապաւէն ճանչցուած է։4. Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան, Անոնք միացան իրարու։5. Անոնք տեսան ու զարմացան. Զարհուրեցան ու շուտով փախան։6. Հոն դող մը բռնեց զանոնք Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։7. Արեւելեան հովով Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։8. Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ, Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ. Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)Առակներ 14:15-1715. Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։16. Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի, Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ։17. Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ Իսկ իմաստուն մարդը կը համբերէ։Ղուկասը 14:1-241. Յիսուս շաբաթ օր մը փարիսեցիներուն գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ուր անոնք իրեն կը սպասէին։2. Հոն ջրգողեալ մարդ մը ելաւ իր առջեւը։3. Յիսուս խօսեցաւ օրինականներուն ու փարիսեցիներուն՝ ըսելով. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։4. Անոնք լուռ կեցան։ Ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց.5. Եւ դառնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։6. Անոնք չկրցան պատասխան տալ։7. Առակ մը ըսաւ հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին.8. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ,9. Եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել։10. Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ։11. Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։12. Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։13. Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ14. Ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։15. Սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց այս խօսքը, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։16. Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։17. Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. «Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է»։18. Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. «Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։19. Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։20. Միւսը ըսաւ. «Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ»։21. Ծառան եկաւ ու իր տիրոջը պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն բարկացաւ տանտէրը ու ըսաւ իր ծառային. «Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր»։22. Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ»։23. Տէրը ըսաւ ծառային. «Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։24. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981