Աստվածաշունչը մեկ տարում
Ապրիլ 19

1. Ասոնք են այն ազգերը որոնք Տէրը թողուց, որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը, այսինքն Քանանացիներուն բոլոր պատերազմները չգիտցողները փորձէ.
2. (Միայն ասոր համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն սերունդը, մանաւանդ նախապէս չգիտցողները, պատերազմ սորվին ու գիտնան.)
3. Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները եւ բոլոր Քանանացիները ու Սիդոնացիները, Լիբանանի լեռը բնակող Խեւացիները, Բաաղհերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։
4. Ասոնցմով պիտի փորձէր Իսրայէլը, որպէս զի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՞ն Տէրոջը պատուիւանքներուն, որոնք Մովսէսին միջոցով անոնց հայրերուն տուեր էր։
5. Իսրայէլին որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։
6. Անոնց աղջիկները իրենց կին առին ու իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին։ Անոնց աստուածները պաշտեցին։
7. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին եւ իրենց Տէր Աստուածը մոռնալով Բահաղիմը ու Աստարովթը պաշտեցին։
8. Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլին որդիները ութ տարի ծառայութիւն ըրին Քուսարսաթեմին։
9. Ետքը Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։
10. Տէրոջը Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր ու երբ պատերազմի ելաւ, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորը անոր ձեռքը տուաւ եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթեմի դէմ զօրացաւ։
11. Երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Կենեզեան Գոթոնիէլը մեռաւ։
12. Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելնուն համար Տէրը Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլին դէմ ուժովցուց։
13. Անիկա Ամմոնի ու Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց եւ գնաց Իսրայէլը զարկաւ ու Արմաւենիներուն քաղաքին տիրեց։
14. Եւ Իսրայէլին որդիները Մովաբի Էգղոն թագաւորին տասնըութը տարի ծառայուիթւն ըրին։
15. Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերային որդին Աւովդը, որ ահեկագործ էր ու Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ ղրկեցին։
16. Աւովդ մէկ կանգնաչափ երկայնութեամբ երկսայրի սուր մը շինեց իրեն ու զանիկա լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ կապեց։
17. Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ. (Էգղոն խիստ գէր մարդ մըն էր.)
18. Երբ ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց։
19. Ինք Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Լուռ կեցիր»։ Անոր քով եղողները դուրս ելան։
20. Աւովդ անոր մօտեցաւ։ Անիկա նստեր էր իրեն յատկացեալ ամառնային վերնատանը մէջ։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծոյ կողմանէ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա աթոռին վրայէն ելաւ։
21. Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկնցնելով սուրը իր աջ ազդրին վրայէն քաշեց ու թագաւորին փորը խոթեց,
22. Այնպէս որ երկաթին ետեւէն կոթն ալ ներս մտաւ ու գիրուցը երկաթը բռնեց, այնպէս որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ հանել ու աղբը դուրս ելաւ։
23. Աւովդ սրահը ելաւ ու վերնատանը դռները անոր վրայէն գոցեց ու փականքը զարկաւ։
24. Ինք ելաւ գնաց ։ Էգղոնին ծառաները գացին նայեցան, որ ահա վերնատանը դռներուն փականքը գոցուած էր ու ըսին. «Անիկա անտարակոյս իր ամառնային սենեակին մէջ հարկաւորութեան գացած է՝ ՝»։
25. Բաւական սպասեցին՝ մինչեւ որ ամչցան, բայց ահա վերնատանը դռները չէին բացուեր։ Բանալին առին, բացին, ահա իրենց տէրը գետնին վրայ ինկած մեռած էր։
26. Քանի որ անոնք կը տընտընային՝ Աւովդ փախաւ եւ քարահանքէն անցնելով ողջ առողջ Սէիր հասաւ։
27. Երբ հասաւ, Եփրեմին լերանը վրայ փող հնչեցուց եւ Իսրայէլի որդիները անոր հետ այն լեռնէն վար իջան ու ինք անոնց առջեւէն կ’երթար ։
28. Անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք, քանզի Տէրը ձեր թշնամիները, Մովաբացիները, ձեր ձեռքը տուաւ»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան եւ Մովաբի առջեւէն ՝ ՝ Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու չթողուցին, որ մարդ մը անցնի։
29. Այն ժամանակ Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ կոտորեցին, որոնց ամէնքն ալ յաղթանդամ ու զօրաւոր մարդիկ էին եւ մէ՛կը չկրցաւ փախչիլ։
30. Ու այն օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ նուաճուեցաւ ու երկիրը ութսուն տարի հանգստացաւ։
31. Եւ անկէ յետոյ Անաթի որդին Սամեգար ելաւ ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ կոտորեց եւ Իսրայէլը ազատեց։
1. Աւովդի մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ նորէն չարութիւն ըրին։
2. Տէրը մատնեց զանոնք Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին ձեռքը, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր եւ անոր զօրագլուխը Սիսարա էր, որ Արիսօթի մէջ կը բնակէր։
3. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին. քանզի անիկա ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու անիկա քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ նեղեց։
4. Այն ատեն Դեբօրա մարգարէուհին՝ Ղաբիդօթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր։
5. Անիկա Եփրեմի լերանը վրայ, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբօրային արմաւենիին տակ կը բնակէր։ Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին։
6. Դեբօրան մարդ ղրկեց եւ Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին Բարակը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի չհրամայե՞ց ըսելով. ‘Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ
7. Ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’»։
8. Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։
9. Դեբօրա ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի երթամ, բայց քու երթալու ճամբադ քեզ քու փառքիդ պիտի չառաջնորդէ. քանզի Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ»։ Դեբօրան ելաւ ու Բարակին հետ Կադէս գնաց։
10. Բարակ Զաբուղոնն ու Նեփթաղիմը Կադէսի մէջ հաւաքեց եւ տասը հազար մարդով ելաւ։ Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ։
11. Մովսէսին աներոջ Յոբաբին որդիներէն Կենեցի Քաբերը Կենեցիներէն զատուեր էր ու իր վրանը Կադէսի մօտ Սանանիմի Կաղնիին քով կանգնեցուցեր էր։
12. Այն ատեն Սիսարային իմացուցին թէ Աբինոամի որդին Բարակ Թաբօր լեռը ելեր է։
13. Սիսարան իր բոլոր կառքերը, ինը հարիւր երկաթէ կառքերը ու իրեն հետ եղող բոլոր զօրքը Արիսօթէն Կիսոն հեղեղատը հաւաքեց։
14. Դեբօրա ըսաւ Բարակին. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար։
15. Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը Բարակին առջեւ սուրի բերնով խորտակեց։ Սիսարան կառքէն վար իջաւ ու ոտքով փախաւ։
16. Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ Արիսօթը հալածեց ու Սիսարային բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ ու մարդ մը չմնաց։
17. Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերին կնոջ Յայէլին վրանը փախաւ. քանզի Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերին տանը մէջտեղ խաղաղութիւն կար։
18. Ուստի Յայէլ Սիսարան դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, դարձի՛ր, ինծի՛ դարձիր, մի՛ վախնար»։ Ուստի անիկա դէպի վրանը անոր դարձաւ։ Կինը զանիկա վերմակով մը ծածկեց։
19. Անիկա կնոջը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի քիչ մը ջուր տուր որ խմեմ, քանզի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ ու անոր խմցուց. ետքը զանիկա ծածկեց։
20. Անիկա կնոջը ըսաւ. «Վրանին դուռը կեցի՛ր ու եթէ մարդ մը գայ, քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ ‘Այս տեղ մարդ կա՞յ’, ‘Չկայ’, ըսէ՛»։
21. Քաբերին կինը Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, ուռն ալ ձեռքը բռնելով՝ կամացուկ մը անոր քով գնաց, ցիցը անոր ծամելիքը մխելով մինչեւ գետինը գամեց։ Անիկա յոգնած ըլլալուն համար խորունկ քունի մէջ էր։ Այսպէս մեռաւ։
22. Բարակ Սիսարային ետեւէն կը վազէր եւ Յայէլ զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Անիկա կնոջը հետ ներս մտաւ եւ ահա Սիսարան մեռած պառկեր էր ու ցիցը անոր ծամելիքին մէջն էր։
23. Աստուած այն օրը Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ կորագլուխ ըրաւ։
24. Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը օրէ օր կը զօրանար, մինչեւ որ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը բնաջինջ եղաւ։
9. Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք Քու տաճարիդ մէջ։
10. Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած, Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է. Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։
11. Սիօն լեռը թող ուրախանայ, Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան Քու դատաստաններուդ համար։
12. Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք Ու աշտարակները համրեցէ՛ք.
13. Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները, Անոր պալատները զննեցէ՛ք, Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։
14. Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։
18. Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն, Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին։
19. Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով։
25. Իրեն հետ շատ ժողովուրդ կ’երթային եւ դառնալով անոնց՝ ըսաւ.
26. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։
27. Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։
28. Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞.
29. Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել
30. Եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։
31. Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։
32. Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։
33. Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։
34. «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։
35. Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981