Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 20Դատավորներ 5:1-311. Այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին.2. «Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդներուն Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք։3. Ո՜վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք, Ո՜վ նախարարներ, ակա՛նջ դրէք. Ես Տէրոջը պիտի երգեմ, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։4. Ո՜վ Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար Ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր, Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց, Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին։5. Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան, Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինան ալ հալեցաւ ։6. Անաթի որդիին Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Մեծ ճամբաները անկոխ էին՝ ՝ Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային։7. Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին, Չմնացին, մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, Մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու։8. Նոր աստուածներ ընտրեցին. Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ, Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ։9. Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է. Ո՛վ ժողովուրդին անձնուէր եղողներ, Տէրը օրհնեցէ՛ք։10. «Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ, Դատաստանի ատեանը նստողներ Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, խօսեցէ՛ք։11. Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած ՝ Ջուր հանելու տեղերուն մէջ, Հոն Տէրոջը արդարութիւնները Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները թող պատմեն. «Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան։12. «Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբօրա, Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու երգէ՛. Ո՛վ Բարակ, ելի՛ր. Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ՛։13. Այն ատեն փախստականները Ժողովուրդին զօրավարներուն վրայ յարձակեցան. Տէրը ինծի հետ Զօրավարներուն դէմ իջաւ։14. Եփրեմին արմատէն եղողները Ամաղէկի վրան ելան. Բենիամինը քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ. Մաքիրէն՝ իշխաններ Ու Զաբուղոնէն դպիրի գրիչ բռնողներ իջան։15. Եւ Իսաքարին զօրավարները Դեբօրային հետ Ու Իսաքար ալ Բարակին պէս Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ. Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ յուզմունք կար.16. Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար, Որ հօտերուն մայե՞լը՝ ՝ լսես։ Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ տարակուսանք կար։17. Գաղաադ Յորդանանին անդիի կողմը կը բնակէր Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց։ Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր, Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։18. Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է, Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգին մէջ կը դնէ։19. Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին. Այն ատեն Քանանացիներու թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին. Ստակ չշահեցան։20. Երկնքէն պատերազմ ըրին. Աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։21. Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը, Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ։ Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր։22. Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սաստիկ վազելուն համար կտոր կտոր եղան, Զօրավարներուն վազցնելովը։23. Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Մարովզը նզովեցէ՛ք, Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք, Քանզի Տէրոջը օգնութեան, Զօրաւոր թշնամի ներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան»։24. Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ Կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեալ ըլլայ։25. Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ, Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուցանեց։26. Անիկա իր ձեռքը ցիցին Ու իր աջ ձեռքը հիւսնի ուռին երկնցուց Ու Սիսարային զարնելով գլուխը ճեղքեց Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց։27. Անիկա ծռեցաւ, Յայէլին ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ, Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ։28. Սիսարային մայրը պատուհանէն նայեցաւ Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց. ‘Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան’։29. Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին, Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար.30. ‘Անշուշտ անոնք աւար գտան, Զանիկա բաժնելու վրայ են. Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ, Իսկ Սիսարային համար գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը, Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան’ ։31. Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս թող կորսուին. Իսկ զանիկա սիրողները Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան»։ Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։Դատավորներ 6:1-401. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։2. Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլին վրայ ուժովցաւ ու Իսրայէլին որդիները Մադիանացիներուն պատճառով իրենց համար լեռներու մէջ խոռոչներ, քարայրներ, պատնէշներ շինեցին։3. Երբ Իսրայելացիները սերմ կը ցանէին, Մադիանացիները անոնց վրայ կ’ելլէին եւ Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչներն ալ կ’ելլէին4. Եւ անոնց դէմ բանակ կազմելով գետնին բերքը կ’աւերէին մինչեւ Գազա ու Իսրայէլին ապրուստ մը չէին թողուր, ո՛չ ոչխար, ո՛չ արջառ եւ ո՛չ էշ.5. Քանզի անոնք իրենց հօտերովն ու վրաններովը կ’ելլէին եւ մարախի պէս բազմութեամբ կու գային. թէ՛ անոնք եւ թէ՛ անոնց ուղտերը չէին համրուեր ու Իսրայէլի երկիրը կու գային զանիկա աւերելու համար։6. Իսրայէլ Մադիանացիներուն պատճառով շատ աղքատացաւ։ Այն ատեն Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին։7. Երբ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին Մադիանացիներուն պատճառով,8. Տէրը Իսրայէլին որդիներուն մարգարէ մը ղրկեց ու անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ ծառայութեան տունէն դուրս բերի9. Եւ ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու բոլոր ձեզի նեղութիւն տուողներուն ձեռքէն ազատեցի եւ զանոնք ձեր առջեւէն վռնտելով անոնց երկիրը ձեզի տուի10. Ու ձեզի ըսի՝ ‘Ես եմ ձեր Եհովա Աստուածը. մի՛ վախնաք Ամօրհացիներուն աստուածներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիք’։ Բայց դուք իմ խօսքիս մտիկ չըրիք’»։11. Տէրոջը հրեշտակը եկաւ ու Աբիեզերեան Յովասին բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր ու Յովասին որդին Գեդէօն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր՝ Մադիանացիներուն երեսէն փախցնելու համար։12. Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։13. Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան։ Ո՞ւր են անոր հրաշքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն հանեց’. բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգեց ու մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց»։14. Տէրը անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛, որպէս զի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի»։15. Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։16. Տէրը անոր ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։17. Եւ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ ես քու աչքիդ առջեւ շնորհք գտայ, ինծի նշան մը ցուցուր, որպէս զի գիտնամ թէ ինծի հետ խօսողը դուն ես։18. Կ’աղաչեմ որ ասկէ չերթաս, մինչեւ ես քեզի գամ, իմ ընծաս բերեմ ու քու առջեւդ դնեմ»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Ես կ’սպասեմ մինչեւ որ դուն դառնաս»։19. Գեդէօն ներս մտաւ, այծերէն ուլ մը եւ մէկ արդու ալիւրէ բաղարջ շօթեր պատրաստեց. միսը սակառի մը մէջ դրաւ ու արգանակն ալ պտուկի մը մէջ դրաւ եւ հրեշտակին առջեւ հանեց բեւեկնիին տակ ու անոր մատուցանեց։20. Աստուծոյ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Միսն ու բաղարջ շօթերը ա՛ռ այս վէմին վրայ դիր ու արգանակը թափէ՛»։ Անիկա այնպէս ըրաւ։21. Այն ատեն Տէրոջը հրեշտակը իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու միսին եւ բաղարջ շօթերուն դպաւ ու վէմէն կրակ ելլելով միսը եւ բաղարջ շօթերը այրեց։ Տէրոջը հրեշտակը անոր աչքերուն առջեւէն գնաց։22. Գեդէօն հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն էր։ Գեդէօն ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա Տէրոջը հրեշտակը երես առ երես տեսայ»։23. Բայց Տէրը անոր ըսաւ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, մի՛ վախնար. պիտի չմեռնիս»։24. Գեդէօն հոն Տէրոջը սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովա-Շալօմ կոչեց, որ մինչեւ այսօր Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ կեցած է։25. Այն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Քու հօրդ զուարակը՝ եօթը տարեկան երկրորդ զուարակը՝ ա՛ռ եւ քու հօրդ ունեցած Բահաղին սեղանը փլցուր ու քովի Աստարովթը կոտրէ։26. Եւ այս ապառաժ քարին գլուխը օրինաւոր կերպով՝ ՝ քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ ու երկրորդ զուարակը ա՛ռ եւ քու կոտրած Աստարովթիդ փայտերովը ողջակէզ ըրէ»։27. Գեդէօն իր ծառաներէն տասը մարդ առաւ եւ Տէրոջը իրեն ըսածին պէս ըրաւ ու իր հօրը տունէն եւ քաղաքին մարդոցմէն վախնալով այս բանը ցորեկը ընելու տեղ՝ գիշերը ըրաւ։28. Երբ քաղաքին մարդիկը առաւօտուն կանուխ ելան, տեսան որ Բահաղին սեղանը փլած եւ անոր քովի Աստարովթը կոտրած ու երկրորդ զուարակը շինուած սեղանին վրայ ողջակէզ եղած էր։29. Ուստի իրարու ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ» եւ փնտռեցին ու քննեցին ու ըսուեցաւ թէ այս բանը Յովասին որդին Գեդէօնը ըրաւ։30. Քաղաքին մարդիկը Յովասին ըսին. «Որդիդ դուրս հանէ, որպէս զի մեռցնենք, քանզի Բահաղին սեղանը փլցուցեր ու անոր քովի Աստարովթը կոտրեր է»։31. Յովաս իր վրայ եկող բոլոր մարդոցը ըսաւ. «Միթէ Բահաղի իրաւունքը դո՞ւք պիտի պաշտպանէք, կամ թէ զանիկա դո՞ւք պիտի ազատէք. ով որ անոր իրաւունքը պաշտպանէ, թող մեռցուի մինչեւ առտու։ Եթէ անիկա աստուած է, թող ինք իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։32. Եւ նոյն օրը զանիկա Յերոբաաղ անուանեց, քանզի ըսաւ. «Թող Բահաղ իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։33. Եւ բոլոր Մադիանացիները, Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչները մէկտեղ հաւաքուեցան ու Յորդանանէն անցնելով՝ Յեզրայէլի հովտին մէջ բանակեցան։34. Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ ու անիկա փող հնչեցուց եւ Աբիեզերեանները անոր քով հաւաքուեցան։35. Մանասէին պատգամաւորներ ղրկեց, ան ալ անոր քով հաւաքուեցաւ եւ Ասերին, Զաբուղոնին ու Նեփթաղիմին ալ պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնք գացին զանոնք դիմաւորելու։36. Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես,37. Ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։38. Եւ այնպէս եղաւ, վասն զի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ։39. Այն ատեն Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ իմ վրաս չբորբոքի ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ։ Այս անգամ գզաթովը փորձեմ. հիմա միայն գզաթը թող չորնայ ու բոլոր գետնին վրայ ցօղ ըլլայ»։40. Այն գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ։ Միայն գզաթը չոր էր, բայց բոլոր գետնին վրայ ցօղ իջած էր։Սաղմոսներ 49:1-91. Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր, Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,2. Ռամիկներ ու ազնուականներ, Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։3. Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։4. Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ, Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։5. Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։6. Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն7. Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,8. (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)9. Որպէս զի ապրի յաւիտեան Ու ապականութիւն չտեսնէ։Առակներ 14:20-2120. Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, Բայց հարուստին բարեկամները շատ են։21. Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ, Բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։Ղուկասը 15:1-101. Շատ մը մաքսաւորներ ու մեղաւորներ անոր կը մօտենային իրմէ լսելու համար։2. Իսկ փարիսեցիներ ու դպիրներ տրտունջ կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ»։3. Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով.4. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։5. Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա6. Եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։7. Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։8. «Կամ թէ ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։9. Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’։10. Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981