Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 21Դատավորներ 7:1-251. Եւ Յերոբաաղ, այսինքն Գեդէօն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը կանուխ ելան, Հարօդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակը անոր հիւսիսային կողմը, դէպի Մօրէի բլուրը, հովիտին մէջ էր։2. Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը տալ, չըլլայ որ Իսրայէլ ինծի դէմ պարծենայ ու ըսէ թէ ‘Իմ ձեռքս զիս ազատեց’։3. Ուստի հիմա քարոզ կարդայ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ ու ըսէ՛՝ ‘Ով որ վատասիրտ ու երկչոտ է, թող ետ դառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն երթայ’»։ Ժողովուրդէն քսանըերկու հազար հոգի ետ դարձան ու տասը հազար մնացին։4. Եւ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք ու հոն զանոնք փորձեմ եւ որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող երթայ’, անիկա քեզի հետ թող երթայ ու որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող չերթայ’, անիկա թող չերթայ»։5. Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց եւ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Ով որ շունի լափելուն պէս ջուրը լեզուովը լափէ, զանիկա առանձինն կեցուր ու ով որ խմելու համար իր ծունկերուն վրայ ծռի, զանիկա ալ առանձինն կեցուր»։6. Ձեռքը բերանը տանելով լափողներուն թիւը երեք հարիւր էր եւ բոլոր մնացած ժողովուրդը իրենց ծունկերուն վրայ ծռեցան ջուր խմելու համար։7. Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որոնք ջուրը լափեցին, ձեզ պիտի ազատեմ եւ Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ ու բոլոր մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր տեղը թող երթայ»։8. Ուստի ժողովուրդը իրենց ձեռքը պաշար առին եւ իրենց փողերն ալ։ Եւ Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց։ Մադիամի բանակը հովիտին մէջն էր։9. Նոյն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու ասկէ բանակը իջի՛ր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ մատնեցի։10. Եթէ դուն իջնելու կը վախնաս, նախ դուն քու ծառայիդ Փուրային հետ բանակը իջիր11. Եւ լսէ թէ անոնք ի՞նչ կը խօսին, անկէ յետոյ քու ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէս զի բանակին դէմ իջնես։ Ուստի ինք եւ իր ծառան Փուրա բանակին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։12. Մադիամ եւ Ամաղէկ ու բոլոր արեւելքցիները մարախներու պէս բազմութեամբ հովիտին մէջ պառկեր էին եւ անոնց ուղտերը անթիւ էին ու ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։13. Գեդէօն հոն երթալով՝ լսեց որ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր ու կ’ըսէր. «Ես երազ մը տեսայ։ Գարեղէն հաց մը դէպի Մադիամի բանակը կը գլորուէր, վրանին հասնելով անոր զարկաւ, ձգեց ու գլխիվար դարձուց եւ վրանը ինկաւ»։14. Անոր ընկերը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն Իսրայելացի Յովասի որդիին Գեդէօնին սուրը։ Աստուած Մադիամն ու բոլոր բանակը անոր ձեռքը մատներ է»։15. Երբ Գեդէօն երազին պատմութիւնն ու անոր մեկնութիւնը լսեց, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ եւ Իսրայէլի բանակը դարձաւ ու ըսաւ. «Ոտքի ելէ՛ք, քանզի Տէրը Մադիամի բանակը ձեր ձեռքը տուեր է»։16. Այն երեք հարիւր մարդը երեք գունդի բաժնելով, ամենուն ձեռքը փողեր ու պարապ սափորներ տուաւ եւ սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ17. Ու անոնց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք ու երբ բանակին եզերքը հասնիմ, ես ի՛նչպէս որ ընեմ, դուք ալ այնպէս ըրէք։18. Երբ ես ու բոլոր ինծի հետ եղողները փողը հնչեցնենք, այն ատեն դուք ալ բոլոր բանակին չորս կողմը փողերը հնչեցուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. ‘Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը ’»։19. Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։20. Այն ատեն երեք գունդն ալ փողերը հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին ու ձախ ձեռքով ջահերը ու աջ ձեռքով փողերը բռնած էին եւ հնչեցնելով կը պոռային ու կ’ըսէին. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։21. Ամէն մարդ բանակին բոլորտիքը իր տեղը կայներ էր ու բոլոր բանակը վազելով եւ աղաղակելով կը փախչէին։22. Երբ այն երեք հարիւր մարդիկը իրենց փողերը հնչեցուցին, Տէրը բոլոր բանակին մէջ գտնուող ամէն մարդու սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց եւ զօրքը մինչեւ Բեթասետա դէպի Սարերա ու մինչեւ Աբէլմաուլայի սահմանը եւ Տաբէթ փախաւ։23. Իսրայելացիները Նեփթաղիմէն, Ասերէն եւ բոլոր Մանասէէն հաւաքուեցան ու Մադիանացիներուն ետեւէն ինկան։24. Գեդէօն Եփրեմի բոլոր լեռնակողմը պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Մադիանացիները դիմաւորելու իջէք եւ անոնց առջեւէն ջուրերը բռնեցէ՛ք մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը»։ Ուստի Եփրեմի բոլոր մարդիկը հաւաքուեցան ու ջուրերը բռնեցին մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը։25. Եւ Մադիամի երկու իշխանները, Օրէբն ու Զէբը բռնեցին։ Օրէբը՝ Օրէբի վէմին քով մեռցուցին ու Զէբը՝ Զէբի հնձանին քով մեռցուցին։ Եւ Մադիանացիները հալածեցին ու Օրէբի եւ Զէբի գլուխները Գեդէօնին բերին Յորդանանի անդիի կողմէն։Դատավորներ 8:1-351. Եփրեմեանները Գեդէօնին ըսին. «Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ Մադիամի դէմ պատերազմելու գացիր եւ մեզ չկանչեցիր»։ Անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին։2. Եւ անիկա անոնց ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։3. Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ Երբ այս խօսքը ըսաւ՝ անոնց սիրտը հանդարտեցաւ։4. Գեդէօն Յորդանան եկաւ ու ինք եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտեւ նուաղած էին, բայց թշնամին կը հալածէին։5. Սոկքովթի մարդոցը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛ք, ետեւէս եկող ժողովուրդին հացի նկանակներ տուէ՛ք, քանզի նուաղած են ու ես Մադիամի թագաւորներուն՝ Զեբէէի ու Սաղմանայի՝ ետեւէն ինկեր կը հալածեմ»։6. Բայց Սոկքովթի իշխանները ըսին. «Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք քու զօրքիդ հաց տանք»։7. Ու Գեդէօն ըսաւ. «Ուրեմն, երբ Տէրը Զեբէէն ու Սաղմանան ձեռքս տայ, ձեր մարմինները անապատին փուշերովն ու տատասկներովը պիտի ծեծեմ»։8. Անկէ Փանուէլ ելաւ ու անոնց ալ նոյնը ըսաւ. Փանուէլի մարդիկն ալ Սոկքովթի մարդոց տուած պատասխանին պէս պատասխան տուին։9. Ան Փանուէլի մարդոցն ալ ըսաւ. «Երբ խաղաղութեամբ դառնամ, այդ աշտարակը պիտի փլցնեմ»։10. Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան եւ անոնց հետ իրենց բանակն ու արեւելքի բնակիչներուն բոլոր բանակէն մնացած զօրքը, ամէնքը տասնըհինգ հազարի չափ մարդ, Կարկարի մէջ էին, իսկ ինկած մեռածները հարիւր քսան հազար սուսերամերկ մարդիկ էին։11. Գեդէօն Նոբահին ու Յօգբէհային արեւելեան կողմէն վրանաբնակներուն ճամբովը ելաւ ու բանակը զարկաւ, քանզի բանակը անհոգ կը կենար։12. Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան փախան ու Գեդէօն անոնց ետեւէն իյնալով, Մադիամի երկու թագաւորները՝ Զեբէէն ու Սաղմանան՝ բռնեց ու բոլոր բանակը տակնուվրայ ըրաւ։13. Յովասին որդին Գեդէօն արեւը չելած՝ ՝ պատերազմէն ետ դարձաւ14. Ու Սոկքովթի մարդոցմէն երիտասարդ մը բռնեց եւ զայն հարցուփորձեց ու անիկա Սոկքովթի իշխաններէն ու ծերերէն, եօթանասունըեօթը մարդու անուն գրեց տուաւ անոր։15. Եւ Գեդէօն Սոկքովթի բնակիչներուն եկաւ ու ըսաւ. «Ահա Զեբէէն ու Սաղմանան, որոնց համար զիս նախատեցիք ու ըսիք. ‘Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէջ ե՞ն, որ մենք քու նուաղած մարդոցդ հաց տանք’»։16. Ուստի քաղաքին ծերերը առաւ եւ անապատէն փուշեր ու տատասկներ քաղեց եւ անոնցմով Սոկքովթի մարդիկը պատժեց։17. Ու Փանուէլի աշտարակը փլցուց եւ քաղաքին մարդիկը կոտորեց։18. Զաբէէին ու Սաղմանային ըսաւ. «Թաբօրի մէջ մեռցուցած մարդիկնիդ ի՞նչպէս մարդիկ էին»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս որ դուն ես, անոնք ալ այնպէս էին. ամէն մէկը թագաւորի տղու կը նմանէր»։19. Եւ անիկա ըսաւ. «Անոնք իմ եղբայրներս, մօրս տղաքներն էին։ Կենդանի է Տէրը, եթէ դուք զանոնք ողջ թողէիք, ես ձեզ չէի մեռցներ»։20. Ու իր անդրանիկ տղուն Յեթերին ըսաւ. «Ելի՛ր, ասոնք մեռցուր»։ Բայց պատանին իր սուրը չքաշեց. քանզի մանկահասակ ըլլալով վախցաւ։21. Ուստի Զեբէէն ու Սաղմանան ըսին. «Դուն ելի՛ր ու մեզ սպաննէ, քանզի մարդուս ոյժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»։ Գեդէօն ոտքի ելաւ ու Զեբէէն եւ Սաղմանան մեռցուց եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մահիկները առաւ։22. Իսրայէլի մարդիկը Գեդէօնին ըսին. «Մեր վրայ թագաւորէ դուն ու քու որդիդ եւ քու թոռդ, որովհետեւ մեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեցիր»։23. Բայց Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ես ձեր վրայ չեմ թագաւորեր, ո՛չ ալ իմ որդիս ձեր վրայ պիտի թագաւորէ, ձեր թագաւորը Տէրը թող ըլլայ»։24. Ապա Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ձեզմէ բան մը պիտի խնդրեմ։ Ամէն մարդ իր աւարին օղերը թող ինծի տայ»։ (Քանզի անոնք Իսմայելացի ըլլալով ոսկի օղեր ունէին։)25. Ու անոնք ըսին. «Բոլոր սրտով կու տանք»։ Ուստի լաթ մը փռեցին ու ամէն մարդ իր աւարին օղերը հոն ձգեց։26. Հաւաքուած ոսկի օղերուն կշիռքը հազար եօթը հարիւր սիկղ ոսկի եղաւ, մահիկներէն, գինտերէն ու Մադիամի թագաւորներուն վրայի ծիրանի պատմուճաններէն եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մանեակներէն զատ։27. Ու Գեդէօն անոնցմով եփուտ մը շինեց եւ իր Եփրա քաղաքին մէջ դրաւ ու բոլոր Իսրայէլ հոն անոր ետեւէն երթալով պոռնկացաւ։ Ատիկա Գեդէօնին ու անոր տանը որոգայթ եղաւ։28. Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներէն նուաճուեցաւ եւ այնուհետեւ չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Ու Գեդէօնին ժամանակ երկիրը քառասուն տարի խաղաղեցաւ։29. Յովասին որդին՝ Յերոբաաղ՝ գնաց ու իր տանը մէջ նստաւ։30. Եւ Գեդէօն եօթանասուն տղայ ունէր իր երանքէն ելած, քանզի շատ կիներ ունէր։31. Սիւքէմի մէջ ունեցած հարճն ալ անոր տղայ մը ծնաւ, որուն անունը Աբիմելէք դրաւ։32. Յովասին որդին Գեդէօն բարի ծերութեամբ մեռաւ եւ Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ իր հօրը Յովասին գերեզմանը թաղուեցաւ։33. Գեդէօն մեռածին պէս՝ Իսրայէլի որդիները դարձան ու Բահաղիմի ետեւէն երթալով պոռնկացան ու Բահաղ-Բերիթը իրենց աստուած ըրին։34. Իսրայէլի որդիները չյիշեցին իրենց Տէր Աստուածը, որ զիրենք ազատեր էր իրենց շուրջի բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն։35. Յերոբաաղի (այսինքն Գեդէօնի) տանը, անոր Իսրայէլին ըրած բոլոր բարութեանը համեմատ, երախտագիտութիւն չցուցուցին։Սաղմոսներ 49:10-2010. Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։11. Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ. Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։12. Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար, Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։13. Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է, Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)14. Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։ Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։ Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ. Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի. Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։15. Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)16. Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ Ու անոր տանը փառքը շատնայ.17. Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։18. Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։ (Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)19. Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։20. Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝ Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։Առակներ 14:22-2422. Չարութիւն մտածողները կը մոլորին, Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կը հանդիպի։23. Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, Բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը ։24. Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է, Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է։Ղուկասը 15:11-3211. Ապա ըսաւ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր.12. Անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը։13. Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց։14. Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։15. Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։16. Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր։17. Այն ատեն ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. ‘Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։18. Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ,19. Ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ’»։20. Ու ելաւ իր հօրը գնաց։ Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա։21. Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’։22. Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. ‘Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը23. Եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք.24. Վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’։ Սկսան ուրախութիւն ընել։25. Անոր մեծ որդին ագարակն էր, երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։26. Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։27. Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։28. Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։29. Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։30. Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’։31. Եւ հայրը ըսաւ անոր. ‘Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։32. Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981