Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 22Դատավորներ 9:1-571. Յերոբաաղի որդին Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց իր մօրն ու եղբայրներուն քով եւ անոնց հետ ու իր մօրը ազգատոհմին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.2. «Շնորհք ըրէ՛ք, Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսէ՛ք՝ ‘Ձեզի ո՞րը աղէկ է. Յերոբաաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց՝ ձեր վրայ թագաւորե՞լը, թէ մէկ մարդու ձեր վրայ թագաւորելը’։ Մտքերնիդ բերէք, թէ՝ ես ձեր ոսկորն ու ձեր մարմինն եմ»։3. Ուստի իր մօրը եղբայրները այս խօսքը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին ու անոնց սիրտը Աբիմելէքին կողմը դարձաւ, քանզի ըսին թէ՝ ‘Անիկա մեր եղբայրն է’։4. Եւ Բահաղ-Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր ու Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձքով բռնեց, որոնք իր ետեւէն գացին։5. Եփրայի մէջ իր հօրը տունը մտաւ եւ իր եղբայրները, Յերոբաաղի որդիները, եօթանասուն հոգի, մէկ քարի վրայ սպանեց. բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամը՝ պահուելով ողջ մնաց։6. Ետքը բոլոր Սիւքէմի բնակիչները եւ Մելօնի բոլոր տունը մէկտեղ հաւաքուեցան ու գացին Սիւքէմի մէջ պահապաններու կաղնիին քով Աբիմելէքը թագաւոր ըրին։7. Ու երբ այս բանը Յովաթամին իմացուցին, անիկա գնաց Գարիզին լերանը գլուխը կայնեցաւ եւ ձայնը վերցնելով պոռաց ու անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք եւ Աստուած ձեզի մտիկ պիտի ընէ։8. Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն ու ձիթենիին ըսին՝ ‘Մեր վրայ թագաւոր եղիր’։9. Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ պարարտութիւնս թողում, որ ինծմով Աստուած ու մարդիկը կը պատուեն՝ ՝ ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ՝ ՝։10. Եւ ծառերը թզենիին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։11. Եւ թզենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ քաղցրութիւնս ու աղէկ պտուղս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։12. Այն ատեն ծառերը որթատունկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։13. Որթատունկն ալ ըսաւ. ‘Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։14. Այն ատեն բոլոր ծառերը դժնիկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։15. Դժնիկը ծառերուն ըսաւ.’Եթէ դուք իրաւցընէ զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէք իմ հովանիիս տակ նստեցէք, եթէ ոչ դժնիկէն կրակ թող ելլէ ու Լիբանանի եղեւինները այրէ’։16. Եթէ դուք Աբիմելէքը թագաւոր ընելով ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք եւ եթէ Յերոբաաղի ու անոր տանը բարութիւն ըրիք եւ եթէ անոր գործերուն համեմատ անոր հատուցում ըրիք.17. (Քանզի իմ հայրս ձեզի համար պատերազմ ըրաւ ու իր անձը վտանգի մէջ դրաւ՝ ՝ եւ ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց.18. Իսկ դուք այսօր իմ հօրս տանը դէմ ելաք ու անոր որդիները՝ եօթանասուն մարդ՝ մէկ քարի վրայ սպաննեցիք ու անոր աղախինին տղան Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ թագաւոր ըրիք.)19. Ուստի եթէ այսօր Յերոբաաղին ու անոր տանը հետ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքին վրայ ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեր վրայ թող ուրախանայ.20. Ապա թէ ոչ՝ թող Աբիմելէքէն կրակ ելլէ եւ Սիւքէմին բնակիչներն ու Մելօնին տունը այրէ եւ Սիւքէմին բնակիչներէն ու Մելօնին տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը այրէ»։21. Ետքը Յովաթամ փախաւ ազատեցաւ ու Բէեր գնաց եւ իր Աբիմելէք եղբօրմէն վախնալուն համար հոն բնակեցաւ։22. Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց։23. Աստուած Աբիմելէքին եւ Սիւքէմին բնակիչներուն մէջ չար ոգի մը ղրկեց ու Սիւքէմին բնակիչները Աբիմելէքին հետ նենգութեամբ վարուեցան.24. Որպէս զի Յերոբաաղին եօթանասուն որդիներուն եղած անիրաւութիւնը գայ եւ անոնց թափուած արիւնը անոնց եղբօրը Աբիմելէքին վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր ու Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ, որոնք անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին իր եղբայրները սպաննելու։25. Ուստի Սիւքէմին բնակիչները լեռներուն գլուխները անոր դարաններ պատրաստեցին եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Այս բանը Աբիմելէքին իմացուցին։26. Եւ Աբեդին որդին Գաաղն ու անոր եղբայրները եկան, Սիւքէմի մէջ մտան եւ Սիւքէմին բնակիչները անոր ապաւինեցան27. Ու դաշտը ելլելով իրենց այգիներուն խաղողները քաղեցին եւ կոխելով ուրախութիւն ըրին ու իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը անիծեցին։28. Ու Աբեդեան Գաաղը ըսաւ. «Աբիմելէքը ո՞վ է եւ Սիւքէմը ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայ ըլլանք։ Անիկա Յերոբաաղին տղան չէ՞ ու Զեբուղ անոր փոխանորդը չէ՞ ։ Սիւքէմին հօրը Եմովրին մարդոցը ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ համար անոր պիտի ծառայենք։29. Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ անցնէր ու ես Աբիմելէքը վերցնէի եւ Աբիմելէքին ըսաւ. ‘Զօրքերդ շատցուր ու ելիր’։30. Եւ քաղաքին իշխանը Զեբուղ, երբ Աբեդեան Գաաղին խօսքերը լսեց, խիստ բարկացաւ31. Եւ ծածուկ կերպով մը Աբիմելէքին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա Աբեդեան Գաաղն ու իր եղբայրները Սիւքէմ կու գան։ Անոնք քեզի դէմ քաղաքը ոտքի պիտի հանեն։32. Ուստի դուն գիշերով ելի՛ր ու դաշտը դարանի մէջ նստէ՛ քեզի հետ եղող ժողովուրդով։33. Առաւօտուն արեւը ծագածին պէս կանուխ ելի՛ր ու եկուր քաղաքին վրայ յարձակէ՛, քանզի անիկա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը քեզի դէմ պիտի ելլեն, ուստի ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ անոնց»։34. Ուստի Աբիմելէք եւ անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը գիշերով ելան ու չորս գունդի բաժնուելով ՝ Սիւքէմին դէմ դարանի մէջ նստան։35. Աբեդեան Գաաղը ելաւ ու քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցաւ եւ Աբիմելէք իրեն հետ եղող ժողովուրդով դարաններէն դուրս ելաւ։36. Գաաղ այն ժողովուրդը տեսնելով Զեբուղին ըսաւ. «Ահա լեռներուն գլխէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։37. Գաաղ դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ահա երկրին բարձր տեղերէն՝ ՝ ժողովուրդ կ’իջնէ եւ գունդ մըն ալ Մէօնէնիմին կաղնիին ճամբով կու գայ»։38. Ու Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է այն քու բերանդ, որով կ’ըսէիր թէ ‘Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայութիւն ընենք’։ Քու վար զարկած ժողովուրդդ ատիկա չէ՞. հիմա ելի՛ր ու անոր հետ պատերազմ ըրէ՛»։39. Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն ելելով՝ Աբիմելէքին հետ պատերազմ ըրաւ։40. Աբիմելէք զանիկա հալածեց ու անիկա անոր առջեւէն փախաւ ու մինչեւ դրանը առջեւ շատերը մեռած ինկան։41. Աբիմելէք Արումայի մէջ նստաւ ու Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէս զի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։42. Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դաշտը ելաւ ու երբ Աբիմելէք իմացաւ,43. Իր ժողովուրդը առաւ, երեք գունդի բաժնեց եւ դաշտին մէջ դարանամուտ եղաւ ու երբ տեսաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոնց վրայ յարձակելով զանոնք զարկաւ։44. Աբիմելէք ու անոր հետ եղող գունդը յարձակելով քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցան ու երկու գունդերը բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։45. Աբիմելէք այն բոլոր օրը քաղաքին հետ պատերազմեցաւ ու քաղաքը առաւ եւ մէջը եղող մարդիկը կոտորեց ու քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։46. Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները երբ այս բանը լսեցին, Բերիթ աստուծոյն տանը բերդը մտան։47. Աբիմելէքին իմացուցին թէ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։48. Այն ատեն Աբիմելէք իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով Սելմօն լեռը ելաւ։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով ծառի ճիւղ մը կտրեց ու զանիկա վերցուց իր ուսին վրայ դրաւ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա տեսաք ինչ որ ես ըրի, շուտով դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։49. Ուստի բոլոր ժողովուրդը մէկմէկ ճիւղ կտրեցին ու Աբիմելէքին ետեւէն գացին։ Ճիւղերը բերդին քով դրին ու անոնցմով բերդը կրակով այրեցին։ Այսպէս, Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկը, որոնք հազարի չափ այր ու կին էին, մեռան։50. Ապա Աբիմելէք Թեբէս գնաց ու Թեբէսը պաշարեց ու զանիկա առաւ։51. Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին հոն փախան, դուռը ներսէն գոցեցին ու աշտարակին տանիքը ելան։52. Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց ու անոր դէմ պատերազմեցաւ եւ աշտարակին դրանը մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա կրակով այրէ։53. Կին մը Աբիմելէքին գլխուն վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը կոտրեց։54. Աբիմելէք իր զէնքերը կրող երիտասարդը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու զիս մեռցուր, որպէս զի ինծի համար չըսեն թէ ‘Զանիկա կին մը մեռցուց’։ Երիտասարդը զանիկա սրով խոցեց ու մեռցուց։55. Իսրայէլի մարդիկը Աբիմելէքին մեռնիլը տեսնելով՝ ամէն մարդ իր տունը գնաց։56. Այսպէս Աստուած Աբիմելէքին հատուցանեց այն չարութիւնը, որ անիկա իր հօրը ըրեր էր իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։57. Եւ Սիւքէմի մարդոց բոլոր չարութիւնը Աստուած անոնց հատուցանեց ու Յերոբաաղի որդիին Յովաթամին անէծքը անոնց վրայ եկաւ։Դատավորներ 10:1-181. Աբիմելէքէն յետոյ Իսաքարեան Դովդայի որդիին Փուայի որդին Թովղա ելաւ Իսրայէլը ազատելու համար։ Անիկա Եփրեմին լեռը Սամիրի մէջ կը բնակէր։2. Իսրայէլի մէջ քսանըերեք տարի դատաւորութիւն ըրաւ ու մեռաւ եւ Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։3. Անկէ յետոյ Գաղաադացի Յայիր ելաւ եւ Իսրայէլի մէջ քսանըերկու տարի դատաւորութիւն ըրաւ։4. Անիկա երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին եւ անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որոնք մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։5. Յայիր մեռաւ ու Կամօնի մէջ թաղուեցաւ։6. Եւ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը եւ Աստարովթը ու Ասորիներու աստուածները եւ Սիդոնի աստուածները ու Մովաբի աստուածները եւ Ամմոնի որդիներուն աստուածները ու Փղշտացիներու աստուածները պաշտեցին եւ Տէրը թողուցին ու անոր ծառայութիւն չըրին։7. Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքն ու Ամմոնի որդիներուն ձեռքը մատնեց։8. Անոնք տասնըութը տարի Իսրայէլին որդիները նեղեցին ու հարստահարեցին, այսինքն բոլոր Իսրայէլի որդիները, որոնք Յորդանանի անդիի կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամօրհացիներուն երկրին մէջ կը բնակէին ։9. Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէս զի Յուդային հետ, Բենիամինի հետ ու Եփրեմին տանը հետ ալ պատերազմին։ Իսրայէլ խիստ մեծ նեղութեան մէջ էր։10. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու ըսին. «Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, քանզի մեր Աստուածը թողուցինք ու Բահաղիմը պաշտեցինք»։11. Եւ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ ձեզ ազատեցի Եգիպտացիներէն, Ամօրհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն ու Փղշտացիներէն.12. Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ նեղեցին ու դուք ինծի աղաղակեցիք, ես ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։13. Բայց դուք զիս թողուցիք եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ըրիք. անոր համար ես անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։14. Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներուն աղաղակեցէք. ձեր նեղութեանը ատեն թող անոնք ձեզ ազատեն»։15. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ըսին. «Մեղք գործեցինք. քու աչքիդ առջեւ ինչ որ հաճելի է, ըրէ մեզի. բայց միայն կ’աղաչենք, ազատէ մեզ այսօր»։16. Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները վերցուցին ու Տէրոջը ծառայութիւն ըրին եւ Անոր սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար։17. Ամմոնի որդիները հաւաքուեցան ու Գաղաադի մէջ բանակեցան։ Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան ու Մասփայի մէջ բանակեցան։18. Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանները իրարու ըսին. «Ով որ Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընելու սկսի, անիկա Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն գլուխը թող ըլլայ»։Սաղմոսներ 50:1-61. Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։2. Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն, Աստուած փայլեցաւ։3. Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ. Անոր առջեւ մաշող կրակ, Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։4. Վերէն պիտի կանչէ երկինքը Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։5. «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։6. Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն, Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)Առակներ 14:25-2725. Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ, Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ։26. Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։27. Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։Ղուկասը 16:1-311. Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։2. Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’։3. Տնտեսը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինծմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել՝ ՝ մուրալու կ’ամչնամ։4. Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին։5. Իր տիրոջը պարտականները մէկիկ մէկիկ իրեն կանչելով՝ ըսաւ առաջինին. ‘Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս’։6. Ան ալ ըսաւ. ‘Հարիւր մար ձէթ’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն գրէ’։7. Ետքը միւսին ըսաւ. ‘Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս’։ Անիկա ըսաւ. ‘Հարիւր քոռ ցորեն’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ’։8. Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են»։9. Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի՝ ՝ ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։10. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ։11. Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։12. Եթէ օտարին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձերը ո՞վ պիտի տայ ձեզի։13. Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։14. Փարիսեցիներն ալ, որոնք արծաթասէր էին, այս ամէնը լսելով կը քամահրէին զանիկա։15. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է։16. Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։17. Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ։18. Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։19. «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։20. Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։21. Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին։22. Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։23. Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած ։24. Այն ատեն աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ’։25. Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։26. Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները ՝ անցնին’։27. Ան ալ ըսաւ. ‘Ուրեմն կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես,28. Քանզի հինգ եղբայր ունիմ, որպէս զի երթայ անոնց վկայութիւն տայ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ այս չարչարանքին տեղը գան’։29. Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’։30. Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն’։31. Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին’»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981