Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 23Դատավորներ 11:1-401. Գաղաադացի Յեփթայէն զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, բայց անիկա պոռնիկ կնոջ մը զաւակն էր։ Գաղաադ Յեփթայէին հայրն էր։2. Գաղաադին կինը անոր զաւակներ ծնաւ ու երբ կնոջը զաւակները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին ու անոր ըսին. «Դուն մեր հօրը տանը մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանզի դուն օտար կնոջ մը զաւակն ես»։3. Ու Յեփթայէն իր եղբայրներուն երեսէն փախչելով՝ Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ։ Յեփթայէին քով սրիկայ մարդիկ հաւաքուեցան ու անոր հետ կը պտըտէին։4. Ատեն մը ետքը Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ պատերազմ ըրին։5. Երբ Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ կը պատերազմէին, Գաղաադի ծերերը գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն բերեն։6. Եւ Յեփթայէին ըսին. «Եկո՛ւր, մեզի զօրագլուխ եղիր, որպէս զի Ամմոնին որդիներուն հետ պատերազմինք»։7. Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Դուք զիս ատեցիք եւ իմ հօրս տունէն զիս վռնտեցիք ու հիմա որ նեղութեան մէջ էք, ինչո՞ւ համար ինծի եկաք»։8. Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Անոր համար հիմա քեզի դիմեցինք, որ մեզի հետ երթաս ու Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմիս եւ մեր՝ Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն՝ գլուխ ըլլաս»։9. Ու Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Եթէ դուք զիս տանիք Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնէ, այն ատեն ես ձեզի գլուխ ըլլա՞մ»։10. Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Տէրը մեր մէջ վկայ թող ըլլայ, որ ըսածիդ պէս պիտի ընենք»։11. Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն հետ գնաց։ Ժողովուրդը զանիկա իրենց վրայ գլուխ ու զօրապետ դրին։ Յեփթայէն Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ իր բոլոր խօսքերը ըսաւ։12. Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի եկար իմ երկրիս մէջ պատերազմ ընելու համար»։13. Եւ Ամմոնին որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին պատգամաւորներուն ըսաւ. «Որովհետեւ Իսրայէլ Եգիպտոսէն ելած ատենը Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու մինչեւ Յորդանան իմ երկիրս առաւ։ Հիմա զանիկա խաղաղութեամբ ետ դարձուր»։14. Ու Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին նորէն պատգամաւորներ ղրկեց15. Եւ անոր ըսաւ. «Յեփթայէն այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլ Մովաբին երկիրն ու Ամմոնին որդիներուն երկիրը չառաւ.16. Քանզի Եգիպտոսէն ելած ատենը Իսրայէլ մինչեւ Կարմիր ծովը անապատէն գնաց ու Կադէս եկաւ17. Եւ Իսրայէլ Եդովմին թագաւորին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ», բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ։ Նոյնպէս ալ Մովաբին թագաւորին ղրկեց, ան ալ թող չտուաւ։ Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց18. Եւ անապատին մէջէն գնաց ու Եդովմին երկրին ու Մովաբին երկրին բոլորտիքը պտըտեցաւ։ Մովաբին երկրին արեւելեան կողմէն երթալով Առնոնին անդիի կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբին սահմանին մէջ չմտաւ. քանզի Մովաբին սահմանը Առնոնն էր»։19. Ու Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիններուն Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) եւ Իսրայէլ անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէս զի իմ տեղս երթամ»։20. Բայց Սեհոն Իսրայէլին հրաման չտուաւ՝ ՝, որ իր սահմանէն անցնի ու Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ Յասսայի մէջ բանակեցան ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։21. Իսրայէլին Տէր Աստուածը Սեհոնն ու անոր բոլոր ժողովուրդը Իսրայէլին ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք զարկին։ Իսրայէլ այն երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիներուն բոլոր երկիրը առաւ։22. Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր սահմանը, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու անապատէն մինչեւ Յորդանան ժառանգեց։23. Ուստի հիմա որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Ամօրհացիները իր Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւէն վռնտեր է, դո՞ւն պիտի ժառանգես այն երկիրը ։24. Քու աստուծոյդ Քամովսին քեզի ժառանգութիւն տուածը դուն չե՞ս ժառանգեր. մենք ալ մեր Եհովա Աստուծոյն մեր առջեւէն վռնտած ազգերուն երկիրը կը ժառանգենք։25. Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն, Սեպփօրեան Բաղակէն, աւելի՞ զօրաւոր ես. միթէ անիկա Իսրայէլին հետ կռուեցա՞ւ, կամ անոնց հետ պատերազմ ըրա՞ւ։26. Իսրայէլ Եսեբոնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Արոէրին ու անոր գիւղերուն մէջ եւ Առնոնին եզերքին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է, որ կը բնակի։ Ինչո՞ւ համար զանոնք այնքան ատենի մէջ չազատեցիք։27. Ուստի ես քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած եւ դուն ինծի հետ պատերազմ ընելով ինծի չարութիւն կ’ընես։ Այսօր Իսրայէլի որդիներուն ու Ամմոնի որդիներուն մէջ Դատաւոր եղող Տէրը թող դատաստան ընէ»։28. Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին խօսքերուն մտիկ չըրաւ։29. Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ու անիկա Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ ու Գաղաադի Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց։30. Յեփթայէն Տէրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես31. Ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։32. Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց որպէս զի անոնց հետ պատերազմի։ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք։33. Արոէրէն մինչեւ Մեննիթ քսան քաղաք ու մինչեւ Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք ու Ամմոնին որդիները Իսրայէլին որդիներուն առջեւ նուաճուեցան։34. Յեփթայէն Մասփա իր տունը եկաւ ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով եւ պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու ելաւ։ Անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր։35. Յեփթայէն, երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց ու ըսաւ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր եւ դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։36. Աղջիկը անոր ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տէրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնին որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ»։37. Եւ իր հօրը ըսաւ. «Միայն այս բանն ըրէ ինծի։ Զիս երկու ամիս թող տուր, որպէս զի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ ու ես իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ»։38. Հայրը ըսաւ. «Գնա՛»։ Զանիկա երկու ամիս թող տուաւ եւ անիկա իր ընկերներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ։39. Երկու ամիսը լմննալէն յետոյ իր հօրը դարձաւ ու անիկա իր ըրած ուխտը կատարեց։ Անիկա այր մարդ չճանչցաւ։40. Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան։Դատավորներ 12:1-151. Եփրեմին մարդիկը հաւաքուեցան եւ դէպի հիւսիսային կողմը անցան ու Յեփթայէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմելու գացած ատենդ մեզ չկանչեցիր, որպէս զի քեզի հետ երթայինք, հիմա մենք ալ քու տունդ քու վրադ կրակով պիտի այրենք»։2. Յեփթայէն անոնց ըսաւ. «Ես ու իմ ժողովուրդս Ամմոնի որդիներուն հետ մեծ կռիւներ ունեցանք եւ ձեզ կանչեցի, բայց դուք զիս անոնց ձեռքէն չազատեցիք։3. Ես ալ երբ տեսայ թէ դուք զիս չէք ազատեր, հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով Ամմոնի որդիներուն վրայ գացի ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնեց։ Ինչո՞ւ համար դուք այսօր ինծի դէմ պատերազմելու եկաք»։4. Յեփթայէն Գաղաադի բոլոր մարդիկը հաւաքելով Եփրեմին հետ պատերազմ ըրաւ։ Գաղաադի մարդիկը Եփրեմեանները զարկին. քանզի ըսեր էին թէ «Դուք, Գաղաադացիներդ, Եփրեմի մէջ ու Մանասէի մէջ փախստականներ էք»։5. Գաղաադացիները Եփրեմին առջեւէն Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու երբ Եփրեմէն փախստական մը «Թող տուէք, անցնիմ» ըսէր, Գաղաադի մարդիկը անոր կ’ըսէին. «Եփրեմեա՞ն ես»։ Անիկա «Ո՛չ» կ’ըսէր6. Եւ անոնք անոր կ’ըսէին. «Ուրեմն Շիպպօլէթ ըսէ»։ Անիկա եթէ Սիպպօլէթ ըսէր, (քանզի չէր կրնար շիտակ արտասանել,) զանիկա կը բռնէին եւ Յորդանանի անցքերուն մէջ կը սպաննէին։ Այն ատեն Եփրեմէն քառասունըերկու հազար մարդ ինկաւ։7. Եւ Յեփթայէն Իսրայէլի մէջ վեց տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Գաղաադացի Յեփթայէն մեռաւ, Գաղաադի քաղաքներէն մէկուն մէջ թաղուեցաւ։8. Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ Բեթլեհեմացի Աբեսսան դատաւորութիւն ըրաւ։9. Անիկա երեսուն տղայ ունէր ու երեսուն աղջիկ, որոնք դուրս տուաւ ու դուրսէն ալ իր տղոցը երեսուն աղջիկ ներս առաւ։ Ինք Իսրայէլի մէջ եօթը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։10. Երբ Աբեսսան մեռաւ՝ Բեթլեհէմի մէջ թաղուեցաւ։11. Անկէ յետոյ Զաբուղոնացի Ելօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ ու Իսրայէլի մէջ տասը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։12. Երբ Զաբուղոնացի Ելօն մեռաւ, Զաբուղոնի երկիրը՝ Այեղոնի մէջ թաղուեցաւ։13. Անկէ յետոյ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ։14. Անիկա քառասուն տղայ ու երեսուն թոռ ունէր, որոնք եօթանասուն աւանակներու վրայ կը հեծնէին։ Ինք Իսրայէլի մէջ ութը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։15. Երբ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն մեռաւ, Ամաղեկացիներու լերանը վրայ, Եփրեմի երկիրը, Փարաթոնի մէջ թաղուեցաւ։Սաղմոսներ 50:7-177. «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ, Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ, Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։8. Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։9. Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ, Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։10. Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները, Հազարաւոր լեռներուն անասունները։11. Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները Ու դաշտի գազանները իմ քովս են՝ ՝»։12. «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ. Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։13. Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։14. Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն15. Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։16. Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ. «Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։17. Վասն զի դուն խրատը ատեցիր Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.Առակներ 14:28-2828. Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւ է, Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է։Ղուկասը 17:1-191. Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չի գան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։2. Աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ։3. Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։4. Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։5. Առաքեալները ըսին Տէրոջը. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։6. Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։7. «Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։8. Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։9. Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։10. Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։11. Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։12. Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան,13. Ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։14. Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։15. Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ16. Ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։17. Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։18. Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։19. Եւ ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981