Աստվածաշունչը մեկ տարում
Ապրիլ 24

1. Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին, ուստի Տէրը զանոնք քառասուն տարի Փղշտացիներուն ձեռքը մատնեց։
2. Դանի ցեղէն Մանուէ անունով Սարաացի մարդ մը կար, որուն կինը ամուլ էր եւ զաւակ չէր ծնաներ։
3. Տէրոջը հրեշտակը այս կնոջ երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա ամուլ ես ու չես ծնանիր, բայց պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։
4. Ուստի զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ գինի կամ օղի խմես, ո՛չ ալ անմաքուր բան մը ուտես,
5. Քանզի դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել»։
6. Կինը գնաց եւ իր էրկանը պատմեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ մարդ մը ինծի եկաւ ու անոր դէմքը Աստուծոյ հրեշտակին դէմքին պէս խիստ ահարկու էր եւ անոր ուրկէ ըլլալը չհարցուցի, ո՛չ ալ անիկա իր անունը ինծի յայտնեց,
7. Բայց ինծի ըսաւ. ‘Ահա դուն պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ Ասկէ վերջ գինի ու օղի պիտի չխմես ու անմաքուր բան մը պիտի չուտես. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն մինչեւ իր մահուան օրը Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ’»։
8. Մանուէ Տէրոջը աղաչելով՝ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք»։
9. Աստուած Մանուէի ձայնը լսեց ու հրեշտակը նորէն կնոջը եկաւ՝ երբ արտին մէջ նստեր էր, բայց այրը՝ Մանուէ՝ անոր հետ չէր։
10. Կինը շուտով վազեց ու էրկանը ըսաւ. «Ահա այն օրը ինծի եկող մարդը նորէն ինծի երեւցաւ»։
11. Մանուէ ելաւ իր կնոջ ետեւէն գնաց եւ այն մարդուն քով մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Կնոջս հետ խօսող մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։
12. Մանուէ ըսաւ. «Երբ քու ըսածդ ըլլայ, տղուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք ու ի՞նչ ընելու է՝ ՝»։
13. Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Կինը ամէն ըսածէս թող զգուշանայ,
14. Որթատունկէն ելած բան մը թող չուտէ եւ գինի ու օղի թող չխմէ եւ անմաքուր բան մը բնաւ թող չուտէ ու իմ ամէն պատուիրածս պահէ»։
15. Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քիչ մը մեր քով նստէ։ Այծերէն ուլ մը պատրաստենք ու քու առջեւդ դնենք »։
16. Եւ Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Եթէ ես քու քովդ նստիմ անգամ՝ քու հացէդ պիտի չուտեմ, բայց եթէ ողջակէզ պիտի ընես՝ զանիկա Տէրոջը ընծայէ»։ Քանզի Մանուէ չգիտցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։
17. Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է, որպէս զի երբ խօսքդ կատարուի, քեզ պատուենք»։
18. Տէրոջը հրեշտակը անոր ըսաւ. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, որովհետեւ անիկա սքանչելի է»։
19. Եւ Մանուէ ուլն ու հացի ընծան առաւ եւ ապառաժին վրայ Տէրոջը ընծայեց։ Ու հրեշտակը Մանուէին ու անոր կնոջը աչքերուն առջեւ հրաշք մը ըրաւ,
20. Քանզի երբ բոցը սեղանէն դէպի երկինք վեր կ’ելլէր, Տէրոջը հրեշտակն ալ սեղանին բոցովը վեր ելաւ եւ Մանուէ ու իր կինը ապշեցան։
21. Տէրոջը հրեշտակը անգամ մըն ալ Մանուէին ու անոր կնոջը չերեւցաւ։ Այն ատեն Մանուէ հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։
22. Մանուէ իր կնոջ ըսաւ. «Անշուշտ պիտի մեռնինք, քանզի Աստուած տեսանք»։
23. Կինը անոր ըսաւ. «Եթէ Տէրը մեզ մեռցնել ուզէր, մեր ձեռքէն ողջակէզն ու հացի ընծան չէր ընդուներ ու այս բոլոր բաները մեզի չէր ցուցներ եւ այս միջոցին մէջ այսպիսի խօսքեր մեզի լսել չէր տար»։
24. Ու կինը որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սամփսոն կոչեց ու տղան մեծցաւ եւ Տէրը զանիկա օրհնեց։
25. Ու Տէրոջը Հոգին Սարաայի ու Եսթաւուղի միջեւ՝ Դանի բանակին մէջ զինք զօրացուց։
1. Սամփսոն Թամնաթա իջաւ ու Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ
2. Եւ իր տունը դարձաւ ու իր հօրը եւ մօրը պատմեց ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք»։
3. Անոր հայրն ու մայրը անոր ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօրը ըսաւ. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ»։
4. Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ այս բանը Տէրոջմէն է, քանզի անիկա Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր, քանզի Փղշտացիները Իսրայէլի վրայ կ’իշխէին։
5. Սամփսոնն իր հօրը ու մօրը հետ Թամնաթա իջաւ ու մինչեւ Թամնաթայի այգիները գացին եւ ահա առիւծի կորիւն մը մռնչելով անոր դէմը ելաւ։
6. Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար եւ ըրածը իր հօրն ու մօրը չպատմեց։
7. Իջաւ ու կնոջ հետ խօսեցաւ ու կինը Սամփսոնին աչքերուն հաճելի երեւցաւ։
8. Ժամանակ մը ետքը, երբ դարձաւ կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար իր ճամբայէն խոտորեցաւ եւ առիւծին դիակին մէջ մեղուներու գունդ մը կար եւ մեղր։
9. Մեղրը առաւ եւ ուտելով քալեց ու իր հօրն ու մօրը գնաց։ Անոնց ալ տուաւ ու կերան. բայց անոնց չըսաւ թէ մեղրը առիւծին դիակէն հանեց։
10. Հայրը այն կնոջ քով իջաւ ու Սամփսոն հոն խնճոյք մը ըրաւ, քանզի երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։
11. Ու երբ զանիկա տեսան, երեսուն ընկեր բերին, որպէս զի անոր հետ ըլլան։
12. Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Հիմա ձեզի հանելուկ մը պիտի ըսեմ. եթէ զանիկա այս խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ ինծի բացատրէք ու գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տամ.
13. Բայց եթէ չկարենաք զանիկա ինծի բացատրել, այն ատեն դուք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տաք»։ Անոնք ըսին. «Քու հանելուկդ մեզի ըսէ՛, որպէս զի լսենք»։
14. Անոնց ըսաւ. «Կերողէն կերակուր ելաւ ու հզօրէն անոյշ ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան լուծել։
15. Եօթներորդ օրը Սամփսոնին կնոջը ըսին. «Այրդ խաբէ՛, որպէս զի հանելուկը մեզի բացատրէ, որ չըլլայ թէ քեզ ու քու հօրդ տունը կրակով այրենք։ Մեզ թալլելո՞ւ համար կանչեցիք. այնպէս չէ՞»։
16. Սամփսոնի կինը անոր քով լալով՝ ըսաւ. «Անշուշտ դուն զիս կ’ատես ու չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը ըսիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Սամփսոն ըսաւ անոր. «Ահա իմ հօրս ու մօրս ալ չյայտնեցի ու քեզի՞ պիտի յայտնեմ»։
17. Բայց կինը իրենց խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ անոր քով լացաւ ու Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանզի իրեն նեղութիւն կու տար։ Անիկա ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։
18. Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը արեւին մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն անոյշ ու առիւծէն զօրաւոր ի՞նչ կայ»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, իմ հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։
19. Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ եւ անիկա Ասկաղոն իջաւ ու անոնցմէ երեսուն մարդ մեռցուց եւ անոնց հանդերձները առաւ ու հանելուկը բացատրողներուն տուաւ եւ սաստիկ բարկանալով իր հօրը տունը դարձաւ։
20. Ու Սամփսոնին կինը անոր փեսայութեան ընկերին տրուեցաւ։
16. Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ. «Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։
17. Վասն զի դուն խրատը ատեցիր Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.
18. Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.
19. Քու բերանդ չարութեան տուիր, Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.
20. Կը նստիս եղբորդ դէմ կը խօսիս, Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։
21. Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի. Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ, Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ ։
22. Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ. Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։
23. Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ. Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։
29. Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է, Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ։
30. Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, Բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է։
20. Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ», պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։
21. Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսի դին է»։
22. Աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք։
23. Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։
24. Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը։
25. Միայն թէ պէտք է որ ինք առաջ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն.
26. Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։
27. Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։
28. Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին.
29. Բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։
30. Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի։
31. Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։
32. Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը։
33. Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել՝ պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ կը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա։
34. Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի.
35. Եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի’»։
36. Պատասխան տալով՝ ըսին անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը »։
37. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981