Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 25Դատավորներ 15:1-201. Ժամանակէ մը ետքը ցորենի հունձքի օրերը՝ Սամփսոն այծերէն ուլ մը առաւ ու իր կնոջ այցելութեան գնաց ու ըսաւ. «Ներքին սենեակին մէջ կնոջս քով պիտի մտնեմ», բայց կնոջը հայրը զայն չթողուց որ մտնէ։2. Անոր հայրը ըսաւ. «Իրաւցընէ կարծեցի թէ դուն զանիկա բոլորովին ատեցիր ու զանիկա քու ընկերիդ տուիր. ահա անոր պզտիկ քոյրը անկէ գեղեցիկ է, հիմա անոր տեղ անիկա քեզի ըլլայ»։3. Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Այս անգամ Փղշտացիներէն անպարտ պիտի ըլլամ, եթէ անոնց չարութիւն մը ընեմ»։4. Սամփսոն գնաց երեք հարիւր աղուէս բռնեց եւ ջահեր առաւ։ Աղուէսները պոչ պոչի կապեց ու երկու պոչերուն մէջտեղ ջահ մը դրաւ։5. Ջահերը կրակով բռնկեցնելէն յետոյ՝ զանոնք Փղշտացիներուն հունձքին մէջ ձգեց ու դիզուած եւ չկտրուած հունձքերն ու մինչեւ անգամ այգիներն ու ձիթենիները այրեց։6. Փղշտացիները ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ»։ Ու ըսին. «Թամնաթացիին փեսան Սամփսոն. քանզի անոր կինը առաւ՝ անոր ընկերին տուաւ»։ Փղշտացիները ելան եւ կինն ու անոր հայրը կրակով այրեցին։7. Իսկ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Թէեւ դուք այսպէս ըրիք, բայց ես վրէժս պիտի առնեմ ձեզմէ ու ետքը պիտի դադարիմ»։8. Եւ զանոնք սրունքէն մինչեւ երանքը զարկաւ ու իջաւ Ետամ խոռոչը բնակեցաւ։9. Փղշտացիները ելան ու Յուդայի դէմ բանակեցան ու Լեքիի մէջ տարածուեցան։10. Յուդայեանները ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր վրայ ելաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Սամփսոնը կապելու ելանք, որպէս զի մեզի ըրածին պէս մենք ալ անոր ընենք»։11. Յուդայէն երեք հազար մարդ Ետամ ապառաժին խոռոչը իջան եւ Սամփսոնին ըսին. «Չե՞ս գիտեր թէ փղշտացիները մեր վրայ կ’իշխեն. ինչո՞ւ համար այս բանը մեզի ըրիր»։ Անիկա անոնց ըսաւ. «Անոնք ինծի ինչպէս ըրին, ես ալ անոնց այնպէս ըրի»։12. Անոր ըսին. «Մենք իջանք որ քեզ կապենք ու Փղշտացիներուն ձեռքը տանք»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէք, թէ դուք զիս պիտի չմեռցնէք»։13. Եւ անոնք անոր ըսին. «Ո՛չ, քեզ պիտի չմեռցնենք, բայց քեզ պիտի կապենք ու անոնց ձեռքը տանք»։ Զանիկա երկու նոր չուանով կապեցին եւ ապառաժէն դուրս հանեցին։14. Երբ անիկա մինչեւ Լեքի գնաց, Փղշտացիները աղաղակելով զանիկա դիմաւորեցին։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ անոր թեւերուն վրայ եղող չուանները կրակով այրուած քթանի պէս եղան ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան։15. Իշու ծնօտ մը գտաւ, որ դեռ չորցած չէր ու ձեռքը երկնցուց զանիկա առաւ եւ անով հազար մարդ մեռցուց։16. Սամփսոն ըսաւ. «Իշու ծնօտով դէզ դէզ ձգեցի զանոնք, իշու ծնօտով հազար մարդ մեռցուցի»։17. Ու երբ իր խօսքը լմնցուց, ծնօտը ձեռքէն նետեց եւ այն տեղին անունը Ռամաթ-Լեքի կոչեց։18. Եւ խիստ շատ ծարաւնալով՝ Տէրոջը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ ձեռքով այս մեծ փրկութիւնը յաջողցուցիր. հիմա ծարա՞ւ մեռնիմ, կամ անթլփատներուն ձե՞ռքը իյնամ»։19. Աստուած Լեքիի մէջ եղած փոսը բացաւ ու անկէ ջուր ելաւ եւ Սամփսոն խմեց ու ոգին իրեն դարձաւ եւ ապրեցաւ. անոր համար անոր անունը Ենգօրէ ըսուեցաւ, որ Լեքիի մէջ է մինչեւ այսօր։20. Սամփսոն Փղշտացիներուն օրերուն Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։Դատավորներ 16:1-311. Սամփսոն Գազա գնաց ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ ու անոր մտաւ։2. Գազացիներուն ըսուեցաւ թէ Սամփսոն հոս եկեր է։ Պաշարեցին ու բոլոր գիշերը անոր դարանակալ եղան քաղաքին դրանը քով ու բոլոր գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առաւօտուն զանիկա կը մեռցնենք»։3. Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց։4. Անկէ ետքը Սովրեկ հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր։5. Փղշտացիներու նախարարները կնոջ քով գացին ու անոր ըսին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել, որպէս զի զանիկա կապենք ու հնազանդեցնենք։ Ատոր համար քեզի ամէն մէկս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։6. Ու Դալիլա Սամփսոնին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է եւ քեզ հնազանդեցնելու համար ի՞նչ բանով կապել պէտք է»։7. Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլերով՝ ՝ կապեն, կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։8. Փղշտացիներու նախարարները անոր եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլեր բերին։ Զանիկա անոնցմով կապեց։9. Ներքին սենեակին մէջ դարանակալ մարդիկ նստեր էին։ Ու կինը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Այն ատեն անիկա ջիլերը կրակի հոտէն փրթած խծուծէ լարի պէս փրցուց։ Ասով ալ անոր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։10. Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Ահա զիս խաբեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։11. Ան ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու չգործածուած չուաններով աղէկ մը կապեն, այն ատեն կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։12. Դալիլա նոր չուաններ առաւ եւ անոնցմով զանիկա կապեց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ (Դարանակալ մարդիկ ներքին սենեակին մէջ նստեր էին։) Սամփսոն զանոնք իր թեւերէն դերձանի պէս փրցուց։13. Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Մինչեւ հիմա զիս խաբեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար։ Ըսէ՛ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ու անիկա ըսաւ անոր. «Եթէ գլխուս եօթը բաժին մազերը աղբով հիւսես»։14. Անիկա այնպէս ըրաւ, ու գործարանին ցիցովը ամուրցուց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթնցաւ ու ոստայնին ցիցը աղբովը մէկտեղ քաշեց տարաւ ։15. Այն ատեն Դալիլա անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ ինծի հետ չէ։ Ի՞նչպէս կ’ըսես թէ ‘Քեզ կը սիրեմ’։ Երեք անգամ է, որ զիս կը խաբես ու ինծի չըսիր թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է»։16. Որովհետեւ ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն կու տար ու զանիկա կը բռնադատէր, այնպէս որ անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ։17. Ուստի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր պատմեց ու ըսաւ անոր. «Իմ գլխուս վրայ ածելի չէ դպած. քանզի իմ մօրս արգանդէն ես Աստուծոյ ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինծմէ կ’երթայ ու կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։18. Երբ Դալիլա տեսաւ որ անիկա բոլոր իր սրտին մէջ եղածը իրեն պատմեց, նախարարները կանչել տուաւ ու ըսաւ. «Այս անգամ ելէ՛ք. քանզի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը ինծի յայտնեց։ Այն ատեն նախարարները անոր քով ելան ու արծաթն ալ իրենց հետ բերին։19. Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն եօթը բաժին մազերը ածիլել տուաւ ու սկսաւ զանիկա նեղել եւ անոր ոյժը իրմէ գացած էր։20. Կինը ըսաւ. «Ո՛վ Սամփաոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթննալով ըսաւ. «Ելլեմ ու միւս անգամներուն պէս ցնցուիմ»։ Անիկա չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ գացեր էր։21. Փղշտացիները զանիկա բռնեցին եւ անոր աչքերը փորեցին ու զանիկա Գազա իջեցուցին եւ ոտնակապերով կապեցին ու բանտին մէջ աղօրիքի քար կը դարձնէր։22. Անոր գլխուն մազը սկսաւ բուսնիլ։23. Փղշտացիներու նախարարները հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնին՝ մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախութիւն ընեն ու ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամի Սամփսոնը»։24. Ու ժողովուրդը զանիկա տեսնելով՝ իրենց աստուածը գովեցին. քանզի ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւրողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։25. Երբ անոնց սիրտը ուրախ էր, ըսին. «Սամփսոնը կանչեցէք, որ մեր առջեւ խաղայ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին ու անոնց առջեւ խաղաց եւ զանիկա սիւներուն մէջտեղ կայնեցուցին։26. Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, որ այս տունը վերցնող սիւները բռնեմ ու անոնց վրայ կռթնիմ»։27. Տունը այր եւ կիներով լեցուն էր ու Փղշտացիներու բոլոր նախարարները հոն էին եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնին խաղալը կը դիտէին։28. Սամփսոն Տէրոջը աղաղակելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր, որպէս զի Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։29. Ու Սամփսոն այն տունը վերցնող երկու միջին սիւները, մէկը աջ ձեռքովը ու միւսը ձախ ձեռքովը բռնելով, անոնց վրայ կռթնեցաւ30. Եւ Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի» ու բոլոր ուժովը ծռեցաւ եւ տունը՝ նախարարներուն ու իր մէջը եղող բոլոր ժողովուրդին վրայ ինկաւ։ Իր մեռած ատենը մեռցուցածները իր կենդանութեան ատենը մեռցուցածներէն աւելի էին։31. Այն ատեն եղբայրները եւ բոլոր հօրը տունը իջան ու զանիկա վերցուցին եւ հանեցին իր հօրը Մանուէին գերեզմանը թաղեցին՝ Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։Սաղմոսներ 51:1-61. Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ, Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։2. Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։3. Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։4. Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի, Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։5. Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։6. Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ. Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։Առակներ 14:31-3231. Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, Բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ։32. Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը կործանի, Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապահովութիւն կ’ունենայ։Ղուկասը 18:1-231. Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։2. Ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։3. Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։4. Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար,5. Գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։6. Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։7. Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։8. Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։9. Մէկ քանիներուն՝ որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին՝ այս առակը ըսաւ.10. «Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։11. Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս,12. Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։13. Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’։14. Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։15. Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի։ Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք։16. Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։17. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։18. Իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։19. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։20. Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։21. Ան ալ ըսաւ. «Ատոնք մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։22. Այս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր. «Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։23. Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981