Աստվածաշունչը մեկ տարում
Ապրիլ 26

1. Եփրեմին լեռնէն Միքա անունով մարդ մը կար։
2. Անիկա իր մօրը ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անէծք տուիր, ահա այն արծաթը իմ քովս է, զանիկա ես առի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզ օրհնէ»։
3. Եւ անիկա հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօրը դարձուց. բայց անոր մայրը ըսաւ. «Ես այն արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջը նուիրեցի իմ տղուս համար, անով քանդակուած ու թափծու կուռք շինելու համար. ուստի հիմա զանիկա քեզի կու տամ»։
4. Իսկ Միքա այն արծաթը իր մօրը դարձուց։ Մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ ու զանոնք ոսկերիչին տուաւ, ան ալ անոնցմով քանդակուած ու թափծու կուռք շինեց եւ անոնք Միքայի տունը դրուեցան։
5. Ու Միքան աստուածներու տուն մը ունեցաւ ու եփուտ եւ թերափիմ շինեց ու իր տղաքներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։
6. Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար։ Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։
7. Յուդային ազգատոհմէն ու Յուդային Բեթլեհէմէն պատանի մը կար։ Անիկա Ղեւտացի էր ու հոն կը բնակէր պանդուխտի պէս։
8. Այս մարդը Յուդային Բեթլեհէմէն ելաւ, որպէս զի ապրուստ գտած տեղը պանդխտութիւն ընէ ու ճամբորդութիւն ընելով մինչեւ Եփրեմի լեռը ու մինչեւ Միքայի տունը գնաց։
9. Միքա անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու անիկա անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ ու Յուդային Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։
10. Միքա անոր ըսաւ. «Իմ քովս բնակէ եւ ինծի հայր ու քահանայ եղիր եւ ես քեզի տարուէ տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելու հանդերձ ու քու ուտելիքդ տամ»։
11. Ղեւտացին հոն մնաց։ Ղեւտացին այն մարդուն հետ բնակելու հաւանութիւն տուաւ եւ այս պատանին անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։
12. Ու Միքա Ղեւտացին օրհնեց եւ պատանին անոր քահանայ եղաւ ու Միքայի տունը կը բնակէր։
13. Եւ Միքա ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, քանզի այս Ղեւտացին իմ քահանաս եղաւ»։
1. Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար ու Դանին ցեղը իրեն ժառանգութիւն մը կը փնտռէր բնակելու համար, քանզի մինչեւ այն օրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ անոր բաւական ժառանգութիւն ինկած չէր։
2. Դանի որդիները իրենց ազգատոհմերէն ու իրենց սահմաններէն, Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, հինգ զօրաւոր մարդ ղրկեցին, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու քննեն եւ անոնց ըսին. «Գացէք երկիրը քննեցէք»։ Անոնք Եփրեմին լեռը մինչեւ Միքային տունը գացին եւ գիշերը հոն մնացին։
3. Երբ անոնք Միքային տանը քովն էին, Ղեւտացի պատանիին ձայնը ճանչցան եւ հոն դարձան ու ըսին. «Ո՞վ քեզ հոս բերաւ եւ դուն հոս ի՞նչ կ’ընես ու ինչո՞ւ համար հոս կեցեր ես՝ ՝»։
4. Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Միքան ինծի այսպէս այսպէս ըրաւ ու զիս վարձքով բռնեց, որպէս զի իրեն քահանայ ըլլամ»։
5. Անոր ըսին. «Հիմա Աստուծոյ հարցուր, որպէս զի գիտնանք թէ արդեօք մեր գացած ճամբուն մէջ պիտի յաջողի՞նք»։
6. Ու քահանան անոնց ըսաւ. «Խաղաղութեամբ գացէք. ձեր երթալու ճամբան Տէրոջը առջեւ հաճելի է»։
7. Այն ատեն այն հինգ մարդիկը գացին Լայիս մտան եւ անոր մէջ բնակող ժողովուրդը տեսան, որոնք Սիդոնացիներուն պէս անհոգութեամբ հանգիստ ու ապահով կը բնակէին եւ այն երկրին մէջ վնաս տուող մը չկար, որ իշխէր անոնց վրայ ու՝ ՝ Սիդոնացիներէն հեռու ըլլալով՝ բնաւ մարդու մը հետ գործ չունէին։
8. Եւ այն հինգ մարդիկը Սարաա եւ Եսթաւուղ դարձան իրենց եղբայրներուն, որոնք իրենց հարցուցին. «Դուք ի՞նչ ըրիք »։
9. Անոնք ըսին. «Ելէ՛ք, անոնց վրայ երթանք, քանզի մենք երկիրը տեսանք, ահա շատ աղէկ է. բայց դուք թոյլ մի՛ կենաք։ Երթալու ու երկիրը ժառանգելու եւ հոն մտնելու անհոգութիւն մի՛ ընէք։
10. Երբ հոն երթաք, անհոգ ժողովուրդ մը ու շատ ընդարձակ երկիր մը պիտի գտնէք, որը Աստուած ձեր ձեռքը տուեր է ու այնպիսի տեղ մըն է, ուր երկրի վրայ եղող բաներէն մէ՛կը պակաս չէ»։
11. Դանին ազգատոհմէն, անկէ՝ այսինքն Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ գացին։
12. Ելան Յուդայի Կարիաթարիմը բանակեցան։ Անոր համար այն տեղը մինչեւ այսօր Մահանէ-Դան կը կոչուի։ Ահա անիկա Կարիաթարիմի ետեւն է։
13. Անկէ Եփրեմին լեռը անցան ու մինչեւ Միքային տունը գացին։
14. Լայիսի երկիրը լրտեսելու գացող այն հինգ մարդիկը իրենց եղբայրներուն ըսին. «Գիտէ՞ք թէ այս տուներուն մէջ եփուտ, թերափիմ եւ քանդակուած ու թափծու կուռք կայ. ուստի ձեր ընելու բանը գիտցէք»։
15. Այն ատեն անոնք դէպի հոն դառնալով այն Ղեւտացի պատանիին՝ Միքային տունը մտան ու անոր ողջութիւնը հարցուցին։
16. Եւ Դանին որդիներէն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ դրանը բերանը կեցան։
17. Երկիրը լրտեսելու գացող հինգ մարդիկը հոն մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին եւ քահանան այն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդոց հետ դրանը բերանը կեցեր էր։
18. Ու երբ անոնք Միքային տունը մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին, քահանան անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ կ’ընէք»
19. Անոնք ըսին անոր. «Լո՛ւռ կեցիր, ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ու մեզի հետ եկո՛ւր եւ մեզի հայր ու քահանայ եղիր։ Մէկ մարդու տա՞նը քահանայ ըլլալ աղէկ է, թէ Իսրայէլի մէկ ցեղին ու մէկ ազգատոհմին քահանայ ըլլալը»։
20. Քահանան սրտին մէջէն ուրախանալով՝ եփուտը, թերափիմը եւ քանդակուած կուռքը առաւ ու ժողովուրդին մէջ մտաւ։
21. Եւ անոնք դարձան գացին ու ընտանիքները եւ անասուններն ու թանկագին կարասիները իրենց առջեւ դրին։
22. Երբ անոնք Միքային տունէն հեռացան, Միքային տանը մօտ եղող տուներուն մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանին որդիներուն ետեւէն հասան։
23. Դանին որդիներուն ետեւէն կանչուըռտեցին, անոնք ալ երեսնին դարձուցին ու Միքային ըսին. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, որ այսպէս բազմութիւնով կու գաս՝ ՝»։
24. Անիկա ըսաւ. «Իմ շինած աստուածներս ու քահանան առած կ’երթաք, ալ ինծի ի՞նչ կը մնայ։ Ինծի ինչո՞ւ համար կ’ըսէք թէ ‘Քեզի ի՞նչ եղաւ’»։
25. Դանին որդիները անոր ըսին. «Մեր մէջ քու ձայնդ չլսուի. չըլլայ որ բարկացոտ մարդիկ քու վրադ յարձակին ու քու կեանքդ եւ քու ընտանիքիդ կեանքը կորսնցնեն»։
26. Դանին որդիները իրենց ճամբան գացին։ Միքա տեսնելով որ անոնք իրմէ զօրաւոր են, դարձաւ իր տունը։
27. Անոնք Միքային շինածները եւ անոր քահանան առին ու Լայիսի վրայ, հանգիստ եւ անհոգ կեցող ժողովուրդի մը վրայ գացին ու զանոնք սուրի բերնէ անցընելով քաղաքը կրակով այրեցին։
28. Անոնք Սիդոնէն հեռու ըլլալնուն ու մարդու մը հետ գործ չունենալուն համար, զանոնք ազատող մը չկար։ Այն քաղաքը Բեթրոոբի հովիտին մէջ էր։ Քաղաքը շինեցին եւ անոր մէջ բնակեցան։
29. Քաղաքին անունը իրենց հօրը Իսրայելեան Դանին անունովը Դան կոչեցին, բայց քաղաքին անունը նախապէս Լայիս էր։
30. Դանին որդիները քանդակուած կուռքը կանգնեցուցին իրենց համար։ Ու Մանասէի որդիին Գերսոնին որդին Յովնաթան, ինք ու իր որդիները, մինչեւ երկրին գերութեան օրը՝ Դանի ցեղին քահանաներն էին։
7. Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։ Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։
8. Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։ Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։
9. Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛ Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։
10. Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։
11. Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ։
33. Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի, Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը չի ճանչցուիր։
34. Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է։
35. Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի, Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ։
24. Յիսուս, երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին։
25. Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
26. Անոնք, որ լսեցին, ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։
27. Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։
28. Պետրոս ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։
29. Անիկա ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար,
30. Եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։
31. Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ մարգարէներուն ձեռքով Որդի մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին։
32. Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի ու ծաղր պիտի ըլլայ եւ պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ
33. Եւ պիտի ծեծեն ու սպաննեն զանիկա, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
34. Անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան։ Ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր եւ ըսած բաները չէին իմանար։
35. Օր մը երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։
36. Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ ‘Ի՞նչ է այն’։
37. Իրեն ըսին թէ ‘Յիսուս Նազովրեցին կ’անցնի’։
38. Ան ալ աղաղակեց ու ըսաւ. «Յիսո՛ւս, Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ ինծի»։
39. Անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ, բայց անիկա ալ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։
40. Յիսուս կանգ առնելով՝ հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ.
41. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Տէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։
42. Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։
43. Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով՝ Աստուած կը գովաբանէին։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981