Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 27Դատավորներ 20:1-481. Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները ելան ու ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ եւ Գաղաադի երկիրը, Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքուեցան։2. Բոլոր ժողովուրդին, Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն, գլխաւոր մարդիկը չորս հարիւր հազար սուր քաշող հետեւակ զօրք ըլլալով, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովին ներկայացան։3. Բենիամինին որդիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփա ելեր են։ Իսրայէլի որդիները ըսին. « Մեզի պատմեցէ՛ք թէ այս չարութիւնը ի՛նչպէս եղաւ»։4. Այն Ղեւտացի մարդը, մեռցուած կնոջ այրը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ու իմ հարճս Բենիամինի Գաբաան եկանք, որպէս զի գիշերը հոն մնանք։5. Գաբաայի բնակիչները ինծի դէմ ոտքի ելան ու գիշերով իմ եղած տունս պաշարեցին եւ զիս մեռցնել կ’ուզէին ու իմ հարճս լլկեցին եւ մեռաւ։6. Ես ալ իմ հարճս առի ու զանիկա կտոր կտոր ըրի եւ Իսրայէլի ժառանգութեանը բոլոր երկիրը ղրկեցի, քանզի անոնք Իսրայէլի մէջ մեծ յանցանք ու անզգամութիւն ըրին։7. Ահա դուք ամէնքդ ալ Իսրայէլի որդիներ էք, հոս ձեր մէջ խօսեցէ՛ք ու խորհուրդ ըրէ՛ք»։8. Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ ու ըսաւ. «Մեզմէ բնաւ մէկը իր վրանը պիտի չերթայ ու բնաւ մէկը իր տունը պիտի չդառնայ։9. Ահա թէ Գաբաայի ինչ պիտի ընենք։ Անոր վրայ վիճակով երթանք10. Ու Իսրայէլի ամէն ցեղէ հարիւրէն՝ տասը՝ հազարէն՝ հարիւր ու տասը հազարէն հազար մարդ առնենք, որպէս զի ժողովուրդին պաշար տանին։ Անոնք ալ Բենիամինի Գաբաան մտնելով, անոր բնակիչներուն Իսրայէլի մէջ ըրած բոլոր անզգամութեանը փոխարէնը հատուցանեն»։11. Այն քաղաքին վրայ երթալու համար ՝ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը մէկ մարդու պէս միաբանութեամբ հաւաքուեցան։12. Իսրայէլի ցեղերը Բենիամինին ցեղին մարդիկը ղրկեցին ու ըսին. «Այս ի՞նչ չարութիւն է ձեր մէջ եղաւ։13. Հիմա Գաբաայի մէջ եղող այն չար մարդիկը տուէք, որպէս զի զանոնք մեռցնենք ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցնենք»։ Բայց Բենիամինեանները իրենց եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, խօսքին մտիկ ընել չուզեցին։14. Բենիամինին որդիները Իսրայէլի որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար, իրենց քաղաքներէն Գաբաայի մէջ հաւաքուեցան։15. Այն օրը իրենց քաղաքներէն եկող Բենիամինին որդիները համրուեցան ու քսանըվեց հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, բացի Գաբաայի բնակիչներէն, որոնք եօթը հարիւր ընտիր մարդիկ էին։16. Այս բոլոր ժողովուրդին մէջ եօթը հարիւր ընտրուած ահեկագործ մարդիկ կային, որոնց ամէնքն ալ պարսատիկով մազի վրայ քար կը նետէին առանց վրիպելու։17. Իսրայէլի մարդիկն ալ համրուեցան ու Բենիամինէն զատ չորս հարիւր հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, որոնց բոլորն ալ պատերազմող մարդիկ էին։18. Գացին Բեթէլ։ Իսրայէլի որդիները Աստուծոյ հարցուցին ու ըսին. «Բենիամինին հետ պատերազմելու համար ո՞վ մեզի առաջնորդ ըլլայ»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդան առաջնորդ թող ըլլայ»։19. Իսրայէլի որդիները առաւօտուն ելան եւ Գաբաայի դիմաց բանակեցան։20. Իսրայելացիները Բենիամինին հետ պատերազմ ընելու ելան եւ Գաբաայի քով անոնց դէմ շարուեցան պատերազմի համար։21. Բենիամինին որդիները Գաբաայէն ելան եւ այն օրը Իսրայէլէն քսանըերկու հազար մարդ գետինը փռեցին։22. Ժողովուրդը, այսինքն Իսրայելացիները, ուժովցան եւ նորէն գացին պատերազմելու համար շարուեցան նոյն տեղը, ուր առջի օր շարուեր էին։23. (Ու Իսրայէլի որդիները ելան եւ Տէրոջը առջեւ մինչեւ իրիկուն լացին ու Տէրոջը հարցնելով՝ ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին հետ պատերազմելու համար նորէն ելլե՞նք»։ Տէրը ըսաւ. «Անոր դէմ ելէք»։)24. Երկրորդ օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինին որդիներուն մօտեցան։25. Երկրորդ օրը Բենիամինեանները Գաբաայէն անոնց դէմ ելան պատերազմելու համար եւ Իսրայէլի որդիներէն նորէն տասնըութը հազար մարդ գետինը փռեցին։ Ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։26. Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները, այսինքն բոլոր ժողովուրդը, ելան Բեթէլ գացին ու հոն Տէրոջը առջեւ նստան լացին եւ այն օրը մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին ու Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։27. Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին. (ու այն օրերը Աստուծոյ ուխտին տապանակը հոն էր28. Եւ այն օրերը անոր առջեւ Ահարոնեան Եղիազարին որդին Փենէհէս կը կենար.) ու ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին որդիներուն հետ պատերազմելու համար նորէն անգամ մըն ալ ելլե՞նք, թէ ետ քաշուինք»։ Տէրը ըսաւ. «Ելէ՛ք, քանզի վաղը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնեմ»։29. Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դարանակալներ դրին։30. Եւ Իսրայէլի որդիները երրորդ օրը Բենիամինին որդիներուն վրայ գացին ու նախորդին պէս Գաբաայի դիմացը շարուեցան։31. Այն ատեն Բենիամինին որդիները ժողովուրդին դէմ ելան եւ քաղաքէն զատուեցան ու նախորդին պէս սկսան ժողովուրդը զարնել ու երեսունի չափ Իսրայելացի մեռցուցին այն ճամբաներուն մէջ, որոնցմէ մէկը Բեթէլ կ’ելլէր ու միւսը՝ դաշտի Գաբաան։32. Բենիամինին որդիները ըսին. «Ահա անոնք մեր առջեւ առաջին անգամներուն պէս կը կոտորուին»։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Փախչինք ու զանոնք քաղաքէն դուրս ճամբաները հանենք»։33. Իսրայէլի բոլոր մարդիկը իրենց տեղէն ելան ու Բաալթամարի առջեւ շարուեցան։ Իսրայէլի դարանակալները յանկարծ իրենց տեղէն, Գաբաայի դաշտէն, դուրս ելան։34. Ու Գաբաայի առջեւ բոլոր Իսրայէլէն տասը հազար ընտրուած մարդ եկան եւ պատերազմը սաստկացաւ ու անոնք չէին գիտեր թէ իրենց վրայ չարիք հասեր է։35. Եւ Տէրը Իսրայէլի առջեւ Բենիամինը զարկաւ ու այն օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինէն քսանըհինգ հազար հարիւր մարդ կոտորեցին։ Անոնց ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։36. Բենիամինին որդիները իրենց յաղթուիլը տեսան։ Քանզի Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դրած դարանակալներուն ապաւինելով՝ Բենիամինեաններուն տեղի տուին։37. Եւ դարանակալները շուտով Գաբաայի վրայ յարձակեցան ու դարանակալները չորս կողմը տարածուեցան եւ բոլոր քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին։38. Իսրայելացիները դարանակալներուն հետ ժամանակ մը որոշեր էին, որպէս զի քաղաքէն մեծ կրակով ծուխ հանեն։39. Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը պատերազմին մէջ փախուստ կեղծեցին ու Բենիամինեանները սկսան Իսրայելացիները զարնել ու երեսուն մարդու չափ մեռցուցին. քանզի ըսին թէ՝ ‘Անտարակոյս անոնք մեր առջեւ առաջին պատերազմին պէս պիտի կոտորուին’։40. Բայց երբ քաղաքէն կրակին ծուխը սիւնի պէս բարձրանալ սկսաւ, Բենիամինեանները ետեւնին դառնալով՝ տեսան թէ քաղաքին հրդեհը երկինք կ’ելլէր։41. Երբ Իսրայելացիները նորէն ետ դարձան, Բենիամինեանները ապշեցան մնացին, քանզի տեսան թէ չարիքը իրենց վրայ հասեր էր։42. Ուստի անոնք Իսրայելացիներու առջեւէն դէպի անապատին ճամբան դարձան. բայց պատերազմը անոնց հասաւ ու քաղաքներէն ելլողները զանոնք մեռցուցին։43. Ու այսպէս Բենիամինեանները պաշարեցին, զանոնք հալածեցին ու զանոնք դիւրութեամբ մինչեւ Գաբաայի դիմաց արեւելեան կողմը զարկին։44. Բենիամինէն տասնըութը հազար մարդ ինկաւ։ Ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։45. Մնացածները դարձան դէպի անապատը եւ Ռեմօնի վէմը փախան։ Անոնցմէ ճամբաներուն մէջ հինգ հազար մարդ ճռաքաղ եղան եւ զանոնք մինչեւ Գեդոմ հալածելով՝ անոնցմէ երկու հազար մարդ ալ զարկին։46. Բենիամինէն այն օրը բոլոր ինկածները քսանըհինգ հազար սուր քաշող մարդ էին։ Անոնց ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։47. Վեց հարիւր մարդ դարձան ու անապատը, Ռեմօնի վէմը, փախան ու հոն չորս ամիս կեցան։48. Իսրայելացիները Բենիամինին որդիներուն դառնալով՝ զանոնք սուրի բերնէ անցուցին, քաղաքներուն մէջի մարդոցմէ մինչեւ անասունները ու ինչ որ գտնուեցաւ։ Բոլոր գտնուած քաղաքներն ալ կրակով այրեցին։Դատավորներ 21:1-251. Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին ու ըսեր էին թէ՝ ‘Մեզմէ բնաւ մարդ մը իր աղջիկը Բենիամինին կին ըլլալու պիտի չտայ’։2. Ժողովուրդը Բեթէլ երթալով՝ հոն Աստուծոյ առջեւ մինչեւ իրիկուն նստան ու ձայներնին վերցնելով՝ մեծ լացով մը լացին3. Եւ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի Տէր Աստուած, ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը կը պակսի»։4. Հետեւեալ օրը ժողովուրդը կանուխ ելաւ եւ հոն սեղան մը շինեցին ու ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։5. Իսրայէլի որդիները ըսին. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ժողովուրդին հետ Տէրոջը առջեւ չելլողը ո՞վ կայ»։ Քանզի Տէրոջը առջեւ Մասփա չելլող մարդուն համար մեծ երդում ըրեր էին՝ ըսելով թէ՝ ‘Անիկա անպատճառ պիտի մեռնի’։6. Այն ատեն Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօրը Բենիամինին համար ցաւելով ըսին. «Այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ եղաւ։7. Այս մնացածներուն ի՞նչ ընենք, որ անոնց կիներ առնենք. քանզի մենք Տէրոջը անունովը երդում ըրինք, որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք»։8. Ու ըսին. «Իսրայէլի ցեղերէն ո՞րը Տէրոջը առջեւ Մասփա չելաւ»։ Ահա Գաղաադի Յաբիսէն բնաւ մարդ մը եկած չէր բանակը ու ժողովի։9. Ժողովուրդը աչքէ անցուցին եւ ահա անոնց մէջ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն մարդ մը չգտնուեցաւ։10. Այն ատեն ժողովը խիստ զօրաւորներէն տասներկու հազար մարդ ղրկեցին ու անոնց պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք եւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները սուրի բերնէ անցուցէ՛ք, կիներն ալ ու տղաքներն ալ»։11. Եւ ահա ձեր ընելիքը. «Ամէն այր մարդ ու այր մարդու անկողին գիտցող ամէն կին կորսնցուցէ՛ք»։12. Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս աղջիկներ գտան, որոնք արուի հետ պառկած չէին ու այր մարդ չէին գիտեր։ Զանոնք Քանանի երկրին մէջ Սելովի բանակը տարին։13. Ու բոլոր ժողովը մարդ ղրկելով, Ռեմօնի վէմը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսեցան եւ զանոնք խաղաղութեան հրաւիրեցին։14. Այն ատեն Բենիամինեանները դարձան եւ անոնց այն կիները տուին, որոնք Գաղաադի Յաբիսի կիներէն ողջ թողուցեր էին, բայց անոնց բաւական չեղան։15. Ժողովուրդը Բենիամինին համար ցաւեցաւ. քանզի Տէրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ խրամատ մը բացաւ։16. Ժողովին ծերերը ըսին. «Մնացածներուն ի՞նչպէս կին ճարենք. որովհետեւ Բենիամինի ցեղէն կիները կոտորուեցան»։17. Եւ ըսին. «Ողջ մնացող Բենիամինեաններուն ժառանգութիւն թող մնայ, որպէս զի Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ չըլլայ։18. Ու մենք անոնց մեր աղջիկներէն կին չենք կրնար տալ, քանզի Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին թէ՝ ‘Բենիամինին կին տուողը անիծեալ ըլլայ’։19. Եւ ըսին. «Ահա տարուէ տարի Տէրոջը տօնախմբութիւն կ’ըլլայ Սելովի մէջ, այն տեղը ՝ որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը ու Բեթէլէ Սիւքէմ ելլող ճամբուն արեւելեան կողմը, Ղեբօնայի հարաւային կողմը կ’իյնայ։20. Բենիամինին որդիներուն պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք, այգիներուն մէջ պահուեցէ՛ք21. Ու երբ տեսնէք թէ Սելովի աղջիկները պար բռնելով խաղալու ելեր են, այն ատեն այգիներէն ելէ՛ք եւ ամէն մէկդ Սելովի աղջիկներէն ձեզի մէկմէկ կին յափշտակեցէ՛ք ու Բենիամինին երկիրը դարձէք։22. Եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով՝ գանգատ ընեն, անոնց կ’ըսենք թէ ‘Մեր սիրոյն համար շնորհք ըրէք անոնց. քանզի մենք պատերազմին մէջ անոնց ամենուն մէկմէկ կին չպահեցինք’ ու հիմա դուք չտուիք անոնց որ յանցաւոր ըլլաք»։23. Բենիամինին որդիները այնպէս ըրին ու իրենց թիւին չափ պար բռնողներէն կիներ յափշտակելով՝ առին ու գացին իրենց ժառանգութիւնը դարձան ու քաղաքներ շինեցին եւ անոնց մէջ բնակեցան։24. Այն ատեն Իսրայէլի որդիները՝ ամէն մարդ՝ իր ցեղին ու իր ազգատոհմին գնաց։ Ամէն մարդ անկէ իր ժառանգութիւնը գնաց։25. Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։Սաղմոսներ 51:12-1912. Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։13. Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։14. Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը, Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ. Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։15. Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։16. Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։ Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։17. Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։18. Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։19. Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն, Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն. Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։Առակներ 15:1-31. Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։2. Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ, Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։3. Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։Ղուկասը 19:1-271. Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։2. Ահա մարդ մը, Զաքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր,3. Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։4. Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։5. Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։6. Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։7. Երբ ամէնքն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ՝ ‘Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու’։8. Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր »։9. Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։10. Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։11. Երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն եւ անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի։12. Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու եւ դառնալու։13. Իր տասը ծառաները կանչելով՝ իւրաքանչիւրին տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’։14. Անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’։15. Բայց երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։16. Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ»։17. Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր»։18. Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ»։19. Եւ ըսաւ անոր. «Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր»։20. Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի.21. Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես»։22. Անիկա ըսաւ անոր. «Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ,23. Ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա»։24. Հոն կայնողներուն ըսաւ. «Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի».25. (Եւ ըսին իրեն, Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի.)26. «Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։27. Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981