Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 28Ռութը 1:1-221. Դատաւորներու կառավարութեան օրերը երկրին վրայ սով եղաւ։ Յուդայի Բեթլէհէմէն մարդ մը իր կնոջ ու երկու որդիներուն հետ Մովաբի երկիրը պանդխտանալու գնաց2. Եւ այն մարդուն անունը Ելիմելէք ու կնոջ անունը Նոեմի ու երկու որդիներուն անունները Մաալոն ու Քելլոն էին։ Անոնք Եփրաթացի էին Յուդայի Բեթլէհէմէն եւ Մովաբի երկիրը գացին, հոն բնակեցան։3. Նոեմիին այրը Ելիմելէք մեռաւ ու Նոեմի իր երկու որդիներովը մնաց,4. Որոնք իրենց Մովաբացի կիներ առին։ Մէկուն անունը՝ Որփա ու միւսին անունը Հռութ էր։ Անոնք հոն տասը տարիի չափ նստան։5. Մաալոն եւ Քելլոն երկուքն ալ մեռան։ Կինը իր երկու որդիներէն ու այրէն զուրկ մնաց։6. Անիկա իր երկու հարսերովը ելաւ, որ Մովաբի երկրէն դառնայ, քանզի Մովաբի երկրին մէջ լսեր էր թէ Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով։7. Անիկա իր եղած տեղէն իր երկու հարսերուն հետ ելաւ եւ Յուդայի երկիրը դառնալու համար ճամբորդեց։8. Նոեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք.9. Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ»։ Զանոնք համբուրեց եւ անոնք ձայներնին վերցնելով լացին10. Ու անոր ըսին. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք»։11. Բայց Նոեմի ըսաւ. «Ո՛վ իմ աղջիկներս, ե՛տ դարձէք. ինչո՞ւ համար ինծի հետ պիտի երթաք. միթէ իմ արգանդիս մէջ ուրիշ տղաքներ կա՞ն, որ ձեզի այր ըլլան։12. Ե՛տ դարձէք, իմ աղջիկներս ու գացէ՛ք. քանզի ես պառաւեր եմ ու նորէն պիտի չկարգուիմ։ Եթէ յոյս ունենալով՝ այս գիշեր կարգուելու ըլլայի ու տղաքներ ալ ծնանէի,13. Դուք մինչեւ անոնց մեծնալը պիտի սպասէի՞ք եւ դուք ասոր համար պիտի չկարգուէի՞ք ու այսպէ՞ս պիտի մնայիք։ Ո՛չ, աղջիկներս, քանզի ձեզի համար շատ՝ ՝ կը ցաւիմ. որովհետեւ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։14. Ու անոնք նորէն ձայներնին վերցնելով լացին։ Եւ Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ։15. Սակայն Նոեմի ըսաւ. «Ահա քու ներդ իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ. դուն ալ ներոջդ ետեւէն դարձիր»։16. Բայց Հռութ ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։17. Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։18. Երբ Նոեմի տեսաւ, որ անիկա միտքը դրեր է իրեն հետ երթալ, ա՛լ չխօսեցաւ անոր։19. Երկուքը մէկտեղ գացին, մինչեւ որ Բեթլէհէմ հասան։ Երբ Բեթլէհէմ մտան, իրենց պատճառով բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու կ’ըսէին. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։20. Անիկա անոնց ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։21. Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ՝ ՝ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։22. Այսպէս Նոեմի իր հարսին, Մովաբացի Հռութին հետ Մովաբի երկրէն ետ դարձաւ ու գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլէհէմ հասան։Ռութը 2:1-231. Նոեմի՝ իր էրկանը կողմանէ՝ ազգական մը ունէր։ Անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր։ Անոր անունը Բոոս էր։2. Մովաբացի Հռութ Նոեմիին ըսաւ. «Արտերը երթամ եւ որուն աչքին առջեւ ողորմութիւն գտնելու ըլլամ, անոր ետեւէն երթամ ու հասկեր ժողվեմ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Գնա՛, աղջիկս»։3. Հռութ գնաց եւ արտի մը մէջ մտնելով հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէր։ Այնպէս պատահեցաւ, որ անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն եղող Բոոսի արտին մէջ մտած էր։4. Բոոս Բեթլէհէմէն եկաւ ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։5. Բոոս հնձողներուն վրայ կեցող իր մանչուն ըսաւ. «Այս աղջիկը որո՞ւնն է»։6. Հնձողներուն վերակացու մանչը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Նոեմիին հետ Մովաբի երկրէն դարձող Մովաբացի աղջիկն է,7. Որ մեզի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, որաներուն մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ ու ժողվեմ’։ Անիկա առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կեցաւ, միայն հիմա՛ քիչ մը նստաւ»։8. Բոոս ըսաւ Հռութին. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս, հասկ հաւաքելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար ու այս տեղէն ալ մի՛ զատուիր, հապա հոս իմ աղջիկներուս քով կեցիր.9. Քու աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ ըլլան ու անոնց ետեւէն գնա։ Ես մանչերուն ապսպրեր եմ, որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւիս՝ ամաններուն քով գնա ու մանչերուն քաշած ջուրէն խմէ»։10. Եւ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ ու գետնէն երկրպագութիւն ընելով՝ անոր ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ»։11. Եւ Բոոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Քու էրկանդ մեռնելէն ետքը դուն քու կեսրոջդ ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի եւ թէ ի՞նչպէս քու հայրդ ու մայրդ եւ ծննդեանդ երկիրը թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ նախապէս չէիր ճանչնար։12. Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։13. Հռութ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ. քանզի դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտեւ ես քու աղախիններէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։14. Եւ Բոոս կերակուրի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս եկուր ու հացէն կեր եւ պատառդ քացախին մէջ թաթխէ»։ Ուստի անիկա հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուին։ Ան ալ կերաւ կշտացաւ եւ աւելցածը պահեց։15. Երբ հասկ հաւաքելու ելաւ, Բոոս իր մանչերուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք։16. Խուրձերէն ալ անոր համար գետինը ձգեցէք ու թող տուէք որ հաւաքէ եւ զանիկա մի՛ յանդիմանէք»։17. Անիկա մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց ու երբ հաւաքուածը ծեծեց, մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։18. Եւ զանիկա առաւ ու քաղաքը մտաւ եւ կեսուրը անոր հաւաքածը տեսաւ։ Հռութ հանեց իր կշտացածէն աւելցածը անոր տուաւ։19. Կեսուրը անոր ըսաւ. «Այսօր ուրկէ՞ հասկ հաւաքեցիր եւ ո՞ւր բանեցար. քեզի ճանչուորութիւն ընողը օրհնեալ ըլլայ»։ Այն ատեն անիկա իր կեսրոջ իմացուց թէ որո՛ւ քով բաներ է ու ըսաւ. «Այն մարդը, որուն քով ես այսօր բանեցայ, Բոոս կը կոչուի»։20. Նոեմի իր հարսին ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց»։ Նոեմի անոր ըսաւ. «Այն մարդը մեր ազգատոհմէն է, անիկա մօտ ազգական է մեզի»։21. Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Անիկա նաեւ ինծի ըսաւ թէ՝ ‘Իմ մանչերուս քովէն մի՛ զատուիր, մինչեւ որ անոնք իմ բոլոր հունձքս լմնցնեն’»։22. Նոեմի իր հարսին Հռութին ըսաւ. «Աղէկ է, աղջի՛կս, որ դուն անոր աղջիկներուն հետ դուրս ելլես ու քեզ ուրիշ արտի մէջ թող չտեսնեն»։23. Անիկա Բոոսի աղջիկներէն չզատուեցաւ ու մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը հասկ հաւաքեց ու իր կեսրոջ քով կը բնակէր։Սաղմոսներ 52:1-51. Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր. Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։2. Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։3. Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)4. Ամէն կործանման խօսք Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։5. Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ, Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)Առակներ 15:4-54. Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։5. Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։Ղուկասը 19:28-4828. Այս բաները խօսելէն յետոյ՝ յառաջ գնաց Երուսաղէմ երթալու։29. Երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ՝ դէպի այն լեռը որ Ձիթենեաց լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց30. Եւ ըսաւ. «Գացէք մեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։31. Եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ ‘Ինչո՞ւ կ’արձակէք’, ըսէք անոր թէ ‘Տէրոջը պէտք է’»։32. Գացին անոնք որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց ըսած էր՝ գտան։33. Երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։34. Անոնք ալ ըսին. «Տէրոջը պէտք է»։35. Զանիկա Յիսուսին բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով՝ Յիսուսը հեծցուցին։36. Երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին։37. Երբ աւելի մօտեցաւ եւ Ձիթենեաց լերան զառիվարէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ Աստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին.38. Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։39. Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։40. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։41. Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.42. «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ։43. Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն44. Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։45. Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները46. Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։47. Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ’ուզէին կորսնցնել զանիկա։48. Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981