1. Հռութին կեսուրը՝ Նոեմի՝ անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի տուն մը չփնտռե՞մ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։
2. Հիմա Բոոս մեր ազգականը չէ՞, որուն աղջիկներուն քով կեցար դուն. ահա անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։
3. Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր։
4. Երբ քնանայ, անոր պառկած տեղը իմացիր եւ գնա անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բաց ու պառկէ եւ անիկա քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՞նչ ընելու ես»։
5. Ու Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։
6. Կալը իջաւ ու կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ։
7. Բոոս ուտելէն, խմելէն ու սիրտը զուարճանալէն ետքը՝ դիզուած գարիին եզերքը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամացուկ մը գնաց ու անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։
8. Կէս գիշերին մարդը վախցաւ ու ծռելով տեսաւ որ ահա իր ոտքերուն քով կին մը պառկեր էր, ըսաւ.
9. «Դուն ո՞վ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես քու աղախինդ Հռութն եմ եւ քու քղանցքդ քու աղախինիդ վրայ տարածէ, քանզի դուն մօտ ազգականս ես»։
10. Ան ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։
11. Հիմա, ո՛վ աղջիկս, մի՛ վախնար, դուն ինծի ինչ որ ըսես, պիտի ընեմ. քանզի իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը՝ ՝ գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես։
12. Իրաւցընէ ես քու ազգականդ եմ, բայց ինծմէ աւելի մօտ ուրիշ ազգական մըն ալ կայ։
13. Այս գիշեր հոս կեցիր ու եթէ անիկա առաւօտուն իր ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել ուզէ, աղէ՛կ, թո՛ղ հատուցանէ. բայց եթէ անիկա ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել չուզէ, այն ատեն ես կը հատուցանեմ։ Կենդանի է Տէրը՝ մինչեւ առաւօտ հոս պառկէ »։
14. Ուստի մինչեւ առաւօտ անոր ոտքերուն քով պառկեցաւ ու մութին, երբ մարդիկ դեռ չէին կրնար մէկզմէկ ճանչնալ, ելաւ եւ Բոոս ըսաւ. «Մարդ թող չգիտնայ թէ կալին մէջ կին մտեր է»։
15. Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բեր ու զանիկա բռնէ»։ Հռութ զանիկա բռնեց ու անոր վեց չափ գարի չափեց ու անոր վրայ դրաւ։ Անիկա քաղաք գնաց։
16. Ու Հռութ իր կեսրոջ քով գնաց, որ իրեն ըսաւ. «Ո՛վ աղջիկս, ի՞նչպէս ես»։ Անիկա անոր պատմեց ինչ որ այն մարդը ըրաւ իրեն։
17. Եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. ‘Քու կեսրոջդ պարապ մի՛ երթար’»։
18. Եւ Նոեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, նստէ՛, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս գործը ի՛նչպէս պիտի լմննայ. քանզի այն մարդը մինչեւ որ այս գործը այսօր չլմնցնէ, չի հանգստանար»։
1. Բոոս դուռը ելաւ ու հոն նստաւ։ Քիչ վերջ Բոոսի յիշած ազգականը կ’անցնէր։ Բոոս անունովը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, հոս նստէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու նստաւ։
2. Այն ատեն անիկա քաղաքին ծերերէն տասը մարդ առաւ ու անոնց ըսաւ. «Այստեղ նստեցէք»։ Անոնք նստան։
3. Ետքը այն ազգականին ըսաւ. «Մովաբի երկրէն դարձող Նոեմին մեր եղբօրը Ելիմելէքի արտին բաժինը ծախելու վրայ է։
4. Ես մտածեցի, որ քեզի իմացնեմ ու ըսեմ. ‘Զանիկա այս նստողներուն առջեւ ու իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ծախու ա՛ռ։ Եթէ ազգականութեան իրաւունքով զանիկա ծախու առնել կ’ուզես, ծախու ա՛ռ. բայց եթէ ծախու առնել չես ուզեր, ինծի իմացուր որպէս զի գիտնամ, քանզի քեզմէ զատ ազգականութեան իրաւունքը կատարելու մէկը չկայ։ Քեզմէ ետքը ես եմ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ազգականութեան իրաւունքը կը կատարեմ»։
5. Ու Բոոս ըսաւ. «Դուն Նոեմիի ձեռքէն արտը ծախու առած օրդ՝ մեռնողին կնոջմէն, Մովաբացի Հռութն ալ ծախու առնելու ես, որպէս զի մեռնողին անունը պահես իր ժառանգութեանը մէջ»։
6. Եւ ազգականը ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ։ Իմ ունեցած ազգականութեան իրաւունքս դուն կատարէ, քանզի ես չեմ կրնար կատարել»։
7. Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու ու ծախու առնելու գործերուն մէջ՝ ամէն բան հաստատելու համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար։ Ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։
8. Ուստի ազգականը Բոոսին ըսաւ. «Դուն ծախու առ» ու իր կօշիկը հանեց։
9. Բոոս ծերերուն ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք, որ ես Ելիմելէքի բոլոր ստացուածքը ու Քելլոնի եւ Մաալոնի բոլոր ստացուածքը Նոեմիին ձեռքէն ծախու առի։
10. Ու Մաալոնի կինը, Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կին առի, որպէս զի մեռնողին անունը իր եղբայրներէն ու իր բնակարանին դռնէն չվերնայ. դուք այս բանին համար այսօր վկայ էք»։
11. Այն ատեն դուռը եղող բոլոր ժողովուրդը ու ծերերը ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլին եւ Լիային պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը շինեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ զօրացի՛ր ու Բեթլէհէմի մէջ անուն վաստկէ՛։
12. Ու քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն»։
13. Բոոս Հռութը առաւ, որ իրեն կին եղաւ ու անոր մտաւ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։
14. Կիները Նոեմիին ըսին. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէս զի անոր անունը Իսրայէլի մէջ յիշուի։
16. Ու Նոեմի տղան առաւ՝ իր գիրկը դրաւ եւ անոր դայեակը եղաւ։
17. Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ» եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր։
18. Եւ Փարէսի ծնունդները ասոնք են։ Փարէս ծնաւ Եսրոնը
19. Ու Եսրոն ծնաւ Արամը եւ Արամ՝ ՝ ծնաւ Ամինադաբը
20. Ու Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը եւ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը
21. Ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը
22. Ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։
6. Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7. «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ, Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։
8. Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ. Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։
9. Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, Որ այս բանը կատարեցիր Ու քու անուանդ պիտի յուսամ, Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։
6. Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։
7. Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն, Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։
1. Օր մը, երբ տաճարին մէջ ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ աւետարանը կը քարոզէր, քահանայապետներն ու դպիրները ծերերուն հետ մէկտեղ վրայ հասան
2. Եւ անոր հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Ըսէ մեզի, ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները. կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»։
3. Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ եւ ըսէք ինծի.
4. ‘Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկնքէ՞ն էր թէ մարդոցմէ’»։
5. Անոնք իրենց մէջ խորհեցան ու ըսին.
6. «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկնքէն’, պիտի ըսէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’. իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, բոլոր ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծեն, վասն զի հաստատ համոզուած էին թէ՝ Յովհաննէս մարգարէ էր»։
7. Պատասխան տուին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր։
8. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։
9. Յիսուս այս առակը ըսաւ ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր երթալով՝ շատ ժամանակ մնաց։
10. Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի այգիին պտուղէն անոր տան. իսկ մշակները ծեծեցին զանիկա ու պարապ ճամբեցին։
11. Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ ծեծեցին, անարգեցին ու պարապ ճամբեցին։
12. Երրորդ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ վիրաւորեցին ու դուրս հանեցին։
13. Այն ատեն այգիին տէրը ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, իմ սիրելի որդիս ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան’։
14. Բայց մշակները երբ տեսան զանիկա, իրարու հետ խորհուրդ ըրին՝ ըսելով. ‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնա’։
15. Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց։
16. Պիտի գայ ու կորսնցնէ այն մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ»։
17. Երբ այս լսեցին, ըսին. «Քա՛ւ լիցի»։ Ինք անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այս գրուածը, թէ ‘Այն քարը որ շինողները մերժեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։
18. Ամէն ով որ այն քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ, պիտի փսորէ զանիկա»։
19. Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս նոյն ժամուն ձեռք զարնեն անոր, բայց ժողովուրդէն վախցան. քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ։
20. Ետքը յարմար ատենի սպասելով, ղրկեցին քանի մը խաբեբայ մարդիկ, որոնք կեղծաւորութեամբ ինքզինքնին արդար կը ձեւացնէին, որպէս զի զանիկա խօսքով բռնեն՝ տէրութեան եւ կուսակալին իշխանութեանը մատնելու համար։
21. Անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։