1. Ասոնք են այն ուխտին խօսքերը, որոնք Տէրը Մովսէսին հրամայեց որ ընէ Իսրայէլի որդիներուն հետ Մովաբի երկրին մէջ, անոնց հետ Քորեբի վրայ ըրած ուխտէն զատ։
2. Ուստի Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչելով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք տեսաք այն ամէնը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ ըրաւ Փարաւոնին եւ անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր բոլոր երկրին։
3. Այսինքն այն մեծ փորձութիւնները, նշաններն ու մեծ հրաշքները, որոնք դուն քու աչքերովը տեսար։
4. Բայց Տէրը մինչեւ այսօր չտուաւ ձեզի այնպիսի սիրտ մը, որ իմանաք եւ ո՛չ աչքեր, որ տեսնէք, ո՛չ ալ ականջներ, որ լսէք։
5. Ես քառասուն տարի անապատին մէջ ձեզ պտըտցուցի. ձեր վրայի լաթերը չհինցան ու ոտքերնուդ կօշիկները չմաշեցան։
6. Հաց չկերաք ու գինի կամ օղի չխմեցիք, որպէս զի գիտնաք թէ ես ձեր Տէր Աստուածն եմ։
7. Ու երբ այստեղ եկաք, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը եւ Բասանի Ովգ թագաւորը մեր առջեւ ելան մեզի հետ պատերազմելու ու մենք զարկինք զանոնք
8. Եւ անոնց երկիրը առինք ու զանիկա Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուինք։
9. Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէ՛ք, որպէս զի ամէն գործի մէջ յաջողութիւն գտնէք։
10. «Այսօր դուք ամէնքդ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ կը կայնիք. ձեր ցեղերուն իշխանները՝ ՝, ձեր ծերերը, ձեր ոստիկաններն ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը,
11. Ձեր տղաքները, ձեր կիները եւ քու բանակիդ մէջ եղող օտարականը, քու փայտ կտրողէդ մինչեւ քու ջրկիրդ.
12. Որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ ուխտին ու անոր երդումին մէջ մտնես, որ այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ կ’ընէ,
13. Որպէս զի քեզ այսօր իրեն ժողովուրդ հաստատէ եւ ինք քեզի Աստուած ըլլայ, ինչպէս քեզի ըսաւ ու ինչպէս քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։
14. Ու ես այս ուխտը եւ այս երդումը միայն ձեզի հետ չեմ ըներ,
15. Հապա այսօր մեզի հետ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս կեցողներուն հետ եւ այսօր մեզի հետ հոս չեղողներուն հետ ալ.
16. Քանզի դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս բնակեցանք Եգիպտոսի երկրին մէջ եւ ի՛նչպէս անցանք այն գետերուն մէջէն, որոնցմէ դուք անցաք
17. Ու անոնց քով եղած անոնց գարշելի բաները եւ անոնց փայտէ, քարէ, արծաթէ ու ոսկիէ կուռքերը տեսաք։
18. Չըլլայ որ ձեր մէջ այր մարդ կամ կին մարդ կամ ազգատոհմ կամ ցեղ մը գտնուի, որ իր սիրտը մեր Տէր Աստուծմէն խոտորեցնելով երթայ այն ազգերուն աստուածներուն ծառայութիւն ընէ. չըլլայ որ ձեր մէջ թոյն ու դառնութիւն բերող արմատ մը գտնուի։
19. Չըլլայ որ մէկը այս անէծքին խօսքերը լսելով՝ սրտին մէջ իրեն օրհնութիւն տալով ըսէ. ‘Թէեւ իմ սրտիս յամառութեամբ քալեմ, ինծի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ եւ այսպէս անիկա իր ծարաւութեանը վրայ գինովութիւն աւելցնէ.
20. Տէրը պիտի չուզէ անոր խնայել, հապա այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնն ու նախանձը այն մարդու վրայ պիտի բորբոքի եւ այս գրքին մէջ գրուած ամէն անէծք անոր վրայ պիտի իջնէ ու Տէրը անոր անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընէ։
21. Տէրը այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած ուխտին բոլոր անէծքներուն համեմատ անոր վրայ չարիք հասցնելու համար՝ զանիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի զատէ։
22. Պիտի ըսէ յետագայ ազգը, այսինքն ձեզմէ ետքը ելլող սերունդը ու հեռու երկրէ եկող օտարականը, երբ տեսնեն այն երկրին հարուածներն ու անոր հիւանդութիւնները, որոնցմով Տէրը զանիկա պիտի նեղէ
23. Եւ երբ տեսնեն թէ այն բոլոր երկիրը ծծումբ, աղ ու այրած ըլլալով, հոն բան մը չի ցանուիր ու պտուղ չի բերեր եւ խոտ չի բուսնիր՝ Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի ու Սեբոյիմի աւերումին պէս, որոնք Տէրը իր բարկութիւնովն ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ,
24. Նաեւ բոլոր ազգերը պիտի ըսեն. ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին այսպէս ըրաւ. այս մեծ սրտմտութեան ու բարկութեան պատճառը ի՞նչ է’։
25. Անոնց պիտի ըսեն. ‘Պատճառը այն է՝ որ անոնք մերժեցին իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ուխտը, որ անոնց հետ ըրեր էր՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած ատեն
26. Եւ գացին ուրիշ աստուածներու ծառայեցին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին, այնպիսի աստուածներու՝ որոնք իրենք բնաւ չէին ճանչցած եւ որոնք Տէրը որոշած չէր անոնց։
27. Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը այն երկրին դէմ բորբոքեցաւ, որ այս գրքին մէջ գրուած բոլոր անէծքները անոր վրայ բերէ։
28. Տէրը բարկութեամբ, սրտմտութեամբ ու մեծ զայրացմամբ զանոնք իրենց երկրէն արմատախիլ ընելով՝ ուրիշ երկիր մը նետեց, ինչպէս այսօր կը տեսնուի ’։
29. Ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյն կը վերաբերին բայց յայտնուած բաները մեզի ու մեր որդիներուն տրուած են յաւիտեան, որպէս զի այս օրէնքին բոլոր խօսքերը կատարենք»։
1. «Երբ այս քեզի յայտնած բաներս, թէ՛ անէծքը եւ թէ՛ օրհնութիւնը, քու վրադ գան ու դուն զանոնք քու սրտիդ մէջ նորէն յիշես այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր քու Տէր Աստուածդ քեզ պիտի քշէ
2. Եւ դուն քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ անոր խօսքին հնազանդիս, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, ինչպէս ես այսօր քեզի յայտնեցի,
3. Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի ու նորէն պիտի հաւաքէ քեզ այն բոլոր ազգերէն, որոնց մէջ քու Տէր Աստուածդ քեզ ցրուեր էր։
4. Եթէ մինչեւ երկնքին ծայրը քշուած ալ ըլլաս, քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ պիտի հաւաքէ ու անկէ պիտի առնէ քեզ
5. Եւ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ ժառանգած երկիրը պիտի դարձնէ քեզ ու զանիկա պիտի ժառանգես եւ քեզի յաջողութիւն տալով քու հայրերէդ աւելի պիտի շատցնէ քեզ։
6. Քու Տէր Աստուածդ քու սիրտդ եւ քու որդիներուդ սիրտը պիտի թլփատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ սիրես, որպէս զի ապրիս։
7. Քու Տէր Աստուածդ այն բոլոր անէծքները քու թշնամիներուդ վրայ, քեզ ատողներուն ու հալածողներուն վրայ պիտի դարձնէ։
8. Եթէ դուն դառնաս ու Տէրոջը խօսքին հնազանդիս ու կատարես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։
9. Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը շատցնելով քեզի յաջողութիւն պիտի տայ. քանզի Տէրը աղէկութիւն ընելով նորէն պիտի ուրախանայ քեզի համար, ինչպէս քու հայրերուդ համար ուրախացաւ,
10. Երբ դուն քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս ու այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած անոր պատուիրանքներն ու կանոնները պահես եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս։
11. «Քանզի այս պատուիրանքը որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ։
12. Անիկա երկինքը չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ո՞վ պիտի ելլէ երկինքը եւ զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’
13. Եւ անիկա ծովուն անդիի կողմն ալ չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ծովուն անդիի կողմը ո՞վ պիտի անցնի ու զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’.
14. Քանզի այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, քու բերնիդ ու սրտիդ մէջ է, որպէս զի դուն զանիկա կատարես։
15. «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի։
16. Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի երթաս ժառանգելու համար։
17. Բայց եթէ քու սիրտդ դառնայ ու չհնազանդիս, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ընես ու զանոնք պաշտես,
18. Ձեզի այսօր կը ծանուցանեմ, թէ անշուշտ պիտի կորսուիք ու երկար կեանք պիտի չունենաք այն երկրին մէջ, ուր մտնելու եւ զանիկա ժառանգելու համար Յորդանանէն կ’անցնիք։
19. Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ.
20. Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, (վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է,) որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու»։
1. Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս
2. Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց
3. Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
4. Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։
5. Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. Պիտի պատմէի ու խօսէի, Բայց համրանքէն աւելի շատ են։
9. Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
10. Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
1. Երբ իր բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն խօսիլը լմնցուց, մտաւ Կափառնայում։
2. Հարիւրապետի մը ծառան, որ սիրելի էր իրեն, հիւանդացած, մօտ էր մեռնելու։
3. Երբ Յիսուսի մասին լսեց, Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց անոր որ գայ իր ծառան ապրեցնէ։
4. Անոնք ալ եկան Յիսուսին եւ թախանձանքով կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին թէ՝ «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես,
5. Վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։
6. Յիսուս գնաց անոնց հետ ու երբ տան մօտեցան՝ հարիւրապետը քանի մը բարեկամներ ղրկեց ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։
7. Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։
8. Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։
9. Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։
10. Ու պատգամաւորները նորէն տուն դարձան եւ հիւանդ ծառան առողջացած գտան։
11. Հետեւեալ օրը քաղաք մը կ’երթար, որուն անունը Նային էր։ Անոր հետ կ’երթային իր աշակերտներէն շատերը ու մեծ բազմութիւն մը։
12. Երբ քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւարի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։
14. Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։
15. Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։
16. Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։
17. Եւ այս ձայնը անոր վրայով բոլոր Հրէաստան ելաւ ու բոլոր շրջակայ տեղերը։
18. Այս բաները Յովհաննէսին պատմեցին աշակերտները։
19. Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիսուսին ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
20. Աշակերտները գացին անոր ու ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի ու կը հարցնէ. ‘Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք’»։
21. Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց հիւանդութեններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց։
22. Ապա Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
23. Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
24. Երբ Յովհաննէսին ղրկած մարդիկը գացին, Յիսուս ժողովուրդին ըսաւ Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։
25. Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը։ Ահա անոնք որ փառաւոր հագուստներով ու փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են։