Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 301 Սամուել 1:1-281. Եփրեմի լեռնէն Արիմաթէմ-Սօփիմէ Եղկանա անունով Եփրաթացի մարդ մը կար, որ Սուփիի որդիին Թովայի որդիին Եղիուսի որդիին Յերոամի որդին էր։2. Անիկա երկու կին ունէր, մէկուն անունը՝ Աննա ու միւսին անունը Փենանա էր։ Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր։3. Այն մարդը տարուէ տարի իր քաղաքէն կ’ելլէր, որպէս զի Սելովի մէջ զօրութիւններու Տէրոջը երկրպագութիւն ու զոհ մատուցանէ։ Հոն Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Տէրոջը քահանաներն էին։4. Եղկանա իր զոհ մատուցած օրը իր կնոջ Փենանային եւ անոր տղաքներուն ու աղջիկներուն մէկմէկ բաժին տուաւ,5. Իսկ Աննային կրկին բաժին տուաւ, քանզի անիկա Աննան կը սիրէր. բայց Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։6. Անոր նախանձորդը՝ Փենանա ՝ զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց, որովհետեւ Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։7. Եւ Աննա ամէն տարի՝ Տէրոջը տունը ելած ատենը՝ Եղկանա այնպէս կ’ընէր. Փենանա ալ նոյնպէս Աննան կը վշտացնէր ու անիկա կու լար եւ չէր ուտեր։8. Այրը՝ Եղկանա՝ անոր ըսաւ. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս եւ ինչո՞ւ չես ուտեր ու ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։9. Աննա Սելովի մէջ ուտելէն ու խմելէն ետքը ոտքի ելաւ. (Հեղի քահանան Տէրոջը տաճարին սեմերուն քով աթոռի մը վրայ նստեր էր.)10. Եւ տրտմալից հոգիով Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ։11. Ուխտ ընելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը՝ ՝ տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի»։12. Երբ անիկա Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց, Հեղի անոր բերնին կը նայէր։13. Աննա իր սրտին մէջէն կը խօսէր, միայն շրթունքները կը շարժէին, բայց ձայնը չէր լսուեր. անոր համար Հեղի զանիկա գինով կարծեց։14. Եւ Հեղի անոր ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛»։15. Աննա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ. այդպէս չէ. ես վշտացած սրտով կին մըն եմ եւ գինի կամ օղի չեմ խմած. սակայն Տէրոջը առջեւ իմ սիրտս բացի՝ ՝։16. Քու աղախինդ չար կին մը մի՛ կարծեր, քանզի իմ վշտերուս ու նեղութեանս շատութեանը համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։17. Այն ատեն Հեղի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։18. Աննա ըսաւ. «Քու աղախինդ թող քու առջեւդ շնորհք գտնէ» եւ իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ։19. Անոնք առաւօտուն կանուխ ելան ու Տէրոջը առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ Ռամա դարձան ու իրենց տունը գացին։ Եղկանա իր Աննա կնոջ մօտեցաւ եւ Տէրը զանիկա յիշեց։20. Աննա յղացաւ եւ երբ ժամանակը հասաւ, տղայ մը ծնաւ։ Անոր անունը Սամուէլ կոչեց՝ ըսելով. «Քանզի զանիկա Տէրոջմէն խնդրեցի»։21. Եւ անոր այրը Եղկանա իր բոլոր ընտանիքովը Սելով ելաւ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ տարեկան զոհը մատուցանէ ու իր ուխտը կատարէ ։22. Բայց Աննա չգնաց, քանզի իր էրկանը ըսաւ. «Մինչեւ տղուն կաթէ կտրուիլը պիտի նստիմ. ետքը զանիկա պիտի տանիմ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ երեւնայ ու միշտ հոն մնայ»։23. Եւ այրը Եղկանա անոր ըսաւ. «Աչքերուդ հաճելի եղածը ըրէ՛. մինչեւ զանիկա կաթէն կտրես՝ նստէ՛. միայն թէ Տէրը իր խօսքը հաստատէ»։ Ուստի կինը նստաւ ու մինչեւ իր տղան կաթէն կտրելը զանիկա կը սնուցանէր։24. Զանիկա կաթէն կտրածին պէս տղուն հետ առաւ երեք զուարակ, մէկ արդու ալիւր ու մէկ տիկ գինի եւ Տէրոջը տունը տարաւ, որ Սելովի մէջ էր, թէեւ տղան դեռ փոքրիկ էր։25. Եւ մէկ զուարակը մորթեցին ու տղան Հեղիին տարին։26. Եւ Աննա ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։27. Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։28. Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ»։ Ու հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։1 Սամուել 2:1-361. Աննա աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ, Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ. Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ բացուեցաւ, Քանզի քու փրկութիւնովդ ուրախացայ։2. Տէրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ, Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ։3. Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք, Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։ Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուածն է Ու անիկա ամենուն գործը կը կշռէ։4. Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցան Ու տկարները ոյժ հագան։5. Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղան Եւ անօթի եղողները կշտացան ու աշխատանքը թողուցին, Ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ Ու շատ զաւակ ունեցողը տկարացաւ։6. Մեռցնողն ու կենդանացնողը, Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է։7. Աղքատացնողն ու հարստացնողը, Ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։8. Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ Ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, Որպէս զի իշխաններուն հետ նստեցնէ Ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ. Քանզի երկրի հիմերը Տէրոջն են Ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։9. Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ Ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. Քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել։10. Տէրոջը դէմ հակառակողները պիտի կոտորուին, Երկնքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ. Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ, Իր թագաւորին ոյժ պիտի տայ Ու իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ»։11. Ու Եղկանա Ռամա իր տունը գնաց եւ Սամուէլ մանուկը Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։12. Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար։13. Քահանաներուն սովորութիւնը այս էր, որ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը քահանային սպասաւորը ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած կու գար14. Ու զանիկա կաթսային կամ սանին կամ եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր ու մսահանը ինչ որ հանելու ըլլար, քահանան զանիկա իրեն կ’առնէր։ Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ’ընէին։15. Նաեւ ճարպը այրելէ առաջ քահանային սպասաւորը կու գար ու զոհ ընող մարդուն կ’ըսէր. «Քահանային համար խորովելու միս տուր, քանզի անիկա քեզմէ եփած միս չառներ, այլ հում միս կ’ուզէ »։16. Եւ այն մարդը, երբ ըսէր թէ «Թող հիմա ճարպը այրեն ու ետքը սրտիդ ուզածին չափ առ», այն ատեն կ’ըսէր. «Ո՛չ, հիմա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ’առնեմ»։17. Այսպէս այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջը առջեւ շատ մեծ էր, քանզի մարդիկ Տէրոջը զոհը կ’արհամարհէին։18. Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտը հագած՝ Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր։19. Ու անոր մայրը մէկմէկ պզտիկ պատմուճան կը շինէր անոր ու ամէն տարի երբ իր էրկանը հետ տարեկան զոհը ընելու կ’ըլլէր, անոր կը տանէր։20. Եւ Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ. «Տէրը քեզի այս կնոջմէն զաւակներ տայ, Տէրոջը փոխ տրուած տղուն տեղ» ու անոնք իրենց տեղը գացին։21. Եւ Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննային, որ յղացաւ ու երեք տղայ ու երկու աղջիկ ծնաւ։ Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջեւ մեծցաւ։22. Եւ Հեղի խիստ ծերացեր էր ու անոր որդիները ինչ որ կ’ընէին բոլոր Իսրայէլի եւ ի՛նչպէս անոնք վկայութեան խորանին առջեւ խումբերով հաւաքուած կիներուն հետ կը պառկէին, բոլորն ալ կը լսէր։23. Անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այսպիսի բաներ կ’ընէք. քանզի ես այս բոլոր ժողովուրդին բերնէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ։24. Մի՛ ընէք, տղա՛քս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը, որոնք ես կը լսեմ. դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք։25. Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կը կտրէ՝ ՝. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ»։ Սակայն անոնք իրենց հօրը խօսքին մտիկ չէին ըներ, ուստի Տէրը զանոնք մեռցնել կ’ուզէր։26. Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր։27. Աստուծոյ մարդը Հեղիին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ ‘Քու հօրդ տանը յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին տանը ծառայ էին28. Ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն զանիկա ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէս զի իմ սեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ ու իմ առջեւս եփուտ հագնի։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տանը տուի։29. Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ’անարգես եւ քու որդիներդ ինծմէ աւելի կը փառաւորես, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը ձեզ գիրցնէք’։30. Ասոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իրաւցընէ ըսեր էի որ քու քու տունդ ու քու հօրդ տունը իմ առջեւս յաւիտեան պտըտին’, բայց Տէրը կ’ըսէ. ‘Քա՜ւ լիցի, քանզի ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին։31. Ահա օրեր պիտի գան, որ քու թեւդ ու քու հօրդ տանը թեւը պիտի կտրեմ, որպէս զի քու տանդ մէջ ծեր չգտնուի։32. Եւ Իսրայէլի ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատենը, դուն իմ տանս մէջ դժբաղդութիւն պիտի տեսնես ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի։33. Եւ քու սերունդէդ մնացած մարդը, որ իմ սեղանէս չեմ կտրեր, քու աչքերդ նուաղեցնելու ու քու սիրտդ վշտացնելու համար պիտի մնայ եւ քու տանդ բոլոր զաւակները երիտասարդութեան մէջ՝ ՝ պիտի մեռնին։34. Ու քու երկու որդիներուդ՝ Ոփնիին ու Փենէհէսին՝ գլուխը գալիքը քեզի նշան ըլլայ, այսինքն երկուքն ալ մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնին։35. Ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ բոլոր իմ սրտիս եւ հոգիիս մէջ եղածը կատարէ։ Անոր հաւատարիմ տուն մը պիտի շինեմ ու միշտ իմ օծեալիս առջեւ պիտի պտըտի։36. Քու տունէդ ով որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ անոր երկրպագութիւն ընէ՛։ Ան պիտի ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ դիր, որպէս զի պատառ մը հաց ուտեմ’»։1 Սամուել 3:1-211. Սամուէլ մանուկը Հեղիին առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ Այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր ու յայտնի տեսիլք չկար։2. Օր մը՝ ՝ Հեղի իր տեղը պառկեր էր (անոր աչքերը սկսեր էին ծանրանալ ու չէր կրնար տեսնել)3. Եւ Աստուծոյ կանթեղը տակաւին մարած չէր ու Սամուէլ Տէրոջը տաճարին մէջ կը քնանար, ուր Աստուծոյ տապանակը կար։4. Տէրը կանչեց Սամուէլը ու անիկա «Հոս եմ», ըսաւ5. Եւ Հեղիին վազելով՝ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Ան ալ դարձաւ պառկեցաւ։6. Տէրը անգամ մըն ալ կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։7. Եւ Սամուէլ տակաւին Տէրոջը ձայնը չէր ճանչնար ու Տէրոջը խօսքը դեռ անոր յայտնուած չէր։8. Նորէն երրորդ անգամ Տէրը կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Հեղի իմացաւ թէ Տէրն է մանուկը կանչողը9. Ուստի Սամուէլին ըսաւ. «Գնա՛ պառկէ ու եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛՝ ‘Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ’»։ Սամուէլ գնաց իր տեղը պառկեցաւ։10. Տէրը եկաւ կայնեցաւ ու առաջին անգամներուն պէս՝ «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ», կանչեց ու Սամուէլ ըսաւ. «Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»։11. Այն ատեն Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ահա ես Իսրայէլի մէջ այնպիսի բան մը պիտի ընեմ, որ զանիկա ամէն լսողին երկու ականջները պիտի խօսին։12. Այն օրը Հեղիին վրայ պիտի կատարեմ ամէն ինչ որ անոր տանը համար ըսեր եմ։ Պիտի սկսիմ ու լմնցնեմ։13. Ես իրեն իմացուցեր եմ թէ իր տունը պիտի դատեմ մինչեւ յաւիտեան, իր գիտցած անօրէնութեանը համար. քանզի անոր որդիները իրենց վրայ անէծք բերին ու անիկա չյանդիմանեց զանոնք։14. Այս պատճառով Հեղիի տանը անօրէնութեանը՝ զոհերով ու ընծաներով յաւիտեան քաւութիւն չըլլայ»։15. Սամուէլ մինչեւ առտու պառկեցաւ։ Առտուն Տէրոջը տանը դռները բացաւ. Սամուէլ վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ։16. Բայց Հեղի Սամուէլը կանչեց ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Սամուէլ» ու անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։17. Եւ Հեղի ըսաւ. «Քեզի ըսած խօսքը ի՞նչ է. ինծմէ մի՛ պահեր. Աստուած քեզի այդպէս ու անկէ աւելին ընէ, եթէ քեզի ըսած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինծմէ պահես»։18. Սամուէլ բոլոր խօսքերը անոր պատմեց, անկէ չպահեց։ Հեղի ըսաւ. «Անիկա Տէրն է. իր աչքերուն հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։19. Սամուէլ մեծցաւ ու Տէրը անոր հետ էր եւ անոր ըսած խօսքերէն մէ՛կը գետին չձգեց։20. Ու Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ բոլոր Իսրայէլ իմացաւ, թէ Սամուէլ հաստատուած է Տէրոջը մարգարէ ըլլալու։21. Տէրը նորէն Սելովի մէջ երեւցաւ, ինքզինք Սամուէլին յայտնելու համար Տէրոջը խօսքովը։ Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել։Սաղմոսներ 53:1-61. Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։2. Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։3. Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։4. Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։5. Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։6. Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։Առակներ 15:8-118. Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։9. Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի, Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։10. Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ ՝ ՝ Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։11. Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։Ղուկասը 20:27-4727. Սադուկեցիներէն ոմանք եկան (որոնք կ’ըսէին թէ յարութիւն չկայ,) եւ անոր հարցուցին՝28. Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս մեզի գրեց. ‘Եթէ մէկուն եղբայրը ամուսնանայ ու մեռնի ու մեռած ատենը զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ այն կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։29. Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին մը առնելով՝ զաւակ չունեցած մեռաւ։30. Երկրորդն ալ առաւ այն կինը եւ ինք ալ մեռաւ առանց զաւակի։31. Երրորդն ալ առաւ զանիկա. նմանապէս եօթն ալ ու զաւակ չձգեցին ու մեռան։32. Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։33. Ուրեմն յարութեան ատենը անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։34. Յիսուս պատասխան տալով անոնց՝ ըսաւ. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։35. Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին.36. Որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են։37. Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։38. Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։39. Դպիրներէն մէկ քանին պատասխան տուին ու ըսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։40. Ու ա՛լ մէկը չէր համարձակիր անոր բան մը հարցնել։41. Բայց ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։42. Երբ Դաւիթ սաղմոսներու գրքին մէջ կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ իմ աջ կողմս,43. Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։44. Ուրեմն քանի որ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա իր որդին կ’ըլլայ»։45. Բոլոր ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն.46. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները.47. Անոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն. անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981