Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 4Օրենք 31:1-301. Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլին յայտնեց այս խօսքերը2. Ու անոնց ըսաւ. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։3. Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ պիտի անցնի ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ եւ դուն անոնց երկիրը պիտի ժառանգես։ Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի երթայ քու առջեւէդ։4. Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն եւ անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով։5. Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պէտք է ընէք անոնց։6. Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։7. Մովսէս Յեսուն կանչեց ու բոլոր Իսրայէլի առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։8. Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։9. Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ։10. Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին,11. Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու անոր ընտրած տեղը այն ատեն բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։12. Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներդ ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։13. Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ, որ ժառանգելու համար Յորդանանէն պիտի անցնիք»։14. Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան. Յեսուն կանչէ ու վկայութեան խորանը ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին վկայութեան խորանը ներկայացան։15. Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ ու ամպի սիւնը վկայութեան խորանին դրանը վրայ կեցաւ։16. Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ եւ զիս պիտի թողու ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։17. Այն օրը իմ բարկութիւնս իր վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի լքեմ ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, որ բնաջինջ ըլլան։ Շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ պիտի ըսեն. ‘Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք’։18. Բայց ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։19. Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։20. Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որուն համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի եւ անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան եւ գիրնան ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով եւ անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։21. Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց դէմ պիտի վկայէ. որովհետեւ անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի. վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ որ այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք»։22. Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը գրեց ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։23. Տէրը Նաւէի որդիին Յեսուին պատուիրելով ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որուն համար անոնց երդում ըրի ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։24. Երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գրքի մը մէջ գրեց լմնցուց,25. Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ.26. «Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն ձեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ.27. Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Այսօր, երբ տակաւին ես ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք, ա՛լ որչա՜փ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։28. Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս հաւաքեցէ՛ք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը յայտնեմ, որ լսեն եւ երկինքն ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց.29. Քանզի գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք՝ ՝ ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք ու չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջը առջեւ չարութիւն պիտի ընէք ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սրդողեցնէք»։30. Ուստի այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ականջներուն խօսեցաւ։Օրենք 32:1-521. «Ո՛վ երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ Ու երկիրը բերնիս խօսքերուն թող մտիկ ընէ։2. Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ Ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ,3. Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք4. Աստուծոյ գործը կատարեալ է Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար եւ ուղիղ է։5. Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ. Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։6. Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։7. Հին օրերը միտքդ բեր, Անցած դարերուն տարիները յիշէ՛, Քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։ Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն։8. Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւնը բաժնեց Ու Ադամի որդիները տարածեց, Ազգերուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ։9. Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։10. Զանիկա ամայի երկրի մէջ, Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ. Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։11. Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, Կը շարժի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերովը կը վերցնէ,12. Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։13. Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց, Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ Ու անոր վէմէն՝ մեղր Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ։14. Անոր կովերուն իւղ ու ոչխարներուն կաթ կերցուց, Գառներու ու Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով Ու ցորենի ընտիր ալիւրով՝ ՝ Եւ խաղողին արիւնով՝ գինի խմեցիր։15. Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց (Գիրցար, հաստըցար, իւղ կապեցիր.) Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։16. Օտար աստուած ներով անոր նախանձը գրգռեցին Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին։17. Դեւերուն զոհ մատուցանեցին, բայց ո՛չ Աստուծոյ Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նոր ու մօտերս եղողներուն, Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։18. Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար Ու քեզ ստեղծող Աստուածը մտքէդ հանեցիր։19. Տէրը տեսնելով զզուեցաւ Որովհետեւ իր տղաքներն ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։20. Ուստի ըսաւ. ‘Անոնցմէ երեսս պիտի ծածկեմ Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են, Անհաւատարիմ որդիներ են։21. Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին. Ես ալ անպիտան ժողովուրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։22. Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ Եւ դժոխքէն մինչեւ ներքին տեղերը պիտի այրէ, Երկիրը եւ անոր արմտիքը պիտի ուտէ Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկեցնէ։23. Անոնց վրայ չարիք պիտի դիզեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։24. Անօթութեամբ պիտի մաշին Ու հրատագնապ տենդով՝ ՝ եւ դառն ժանտախտով պիտի հատնին Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Ու գետնին վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։25. Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը՝ Երիտասարդներն ու կոյս աղջիկները, Կաթնկեր տղաքները Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։26. Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը պիտի ցրուեմ, Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն պիտի վերցնեմ,27. Ոչ թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, այլ Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան, Չըլլայ որ ըսեն թէ ‘Այս բոլոր բանը ընողը Մեր բարձր ձեռքն է եւ ոչ թէ Տէրը’։28. Քանզի անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։29. Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային Եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին։30. Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնային փախցնել, Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։31. Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ Եթէ նոյնիսկ մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան.32. Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է Ու Գոմորի արտէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են Ու անոնց ողկոյզները դառն են.33. Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։34. Ասիկա իմ քովս պահուած Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։35. Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը։ Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի. Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան։36. Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ, Որովհետեւ պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը, Երբ բանտարկուած կամ ազատ չըլլայ։37. Եւ պիտի ըսէ. ‘Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին,38. Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները Ու ըմպելի նուէրներուն գինին խմողները։ Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն Եւ ձեզի պաշտպան ըլլան»։39. «Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ՝ ՝ Ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։40. Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ. ‘Ես յաւիտեան կենդանի եմ’։41. Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ, Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ Եւ զիս ատողներուն հատուցում պիտի ընեմ։42. Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն, Թշնամիներու իշխաններուն գլխէն Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ։43. Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք, Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։44. Ուստի Մովսէս Նաւեան Յեսուին հետ եկաւ ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն լսցուց։45. Երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը լմնցուց,46. Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։47. Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։48. Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.49. «Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովին դիմացի Նաբաւ լեռը ու տես Քանանի երկիրը որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուածք պիտի տամ։50. Սակայն այդ լերան վրայ պիտի մեռնիս ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լերան վրայ մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ.51. Որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։52. Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։Սաղմոսներ 40:6-126. Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր։ Ոզջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։7. Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես. Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,8. Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։9. Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի, Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։10. Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։ Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։11. Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։12. Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։Առակներ 13:11-1211. Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։12. Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։Ղուկասը 7:31-5031. Արդ որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգին մարդիկը եւ որո՞ւ կը նմանին։32. Կը նմանին տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրարու կը կանչեն ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք։ Ողբ կարդացինք ձեզի ու չլացիք’։33. Վասն զի Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ, ո՛չ հաց կ’ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր ու կ’ըսէիք. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։34. Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսէք. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ’։35. Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն»։36. Փարիսեցիներէն մէկը կ’աղաչէր անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ։ Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։37. Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։38. Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր։39. Ու երբ տեսաւ փարիսեցին, որ զանիկա հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։40. Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։ Ան ալ ըսաւ. «Ըսէ՛, վարդապետ»։ Յիսուս ըսաւ.41. «Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։42. Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։43. Պատասխան տուաւ Սիմոն ու ըսաւ. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ուղիղ դատեցիր»։44. Ու դառնալով դէպի այն կինը՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր մազերովը սրբեց։45. Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։46. Դուն իմ գլուխս ձեթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց։47. Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’.48. Ու ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»։49. Անոր հետ սեղան նստողները սկսան իրենց մէջ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ մեղքերու թողութիւն ալ կու տայ»։50. Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981