Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 5Օրենք 33:1-291. Այս է այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը՝ Մովսէս՝ իր մեռնելէն առաջ Իսրայէլի որդիները օրհնեց2. Ու ըսաւ. «Տէրը Սինայէն եկաւ Ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ Եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց։3. Այո՛, անիկա ժողովուրդները կը սիրէ։ Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են։ Անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար Քու ոտքերուդ քով կը նստին։4. Մովսէս մեզի տուաւ օրէնքը, Յակոբին ժողովուրդին ժառանգութիւնը։5. Երբ ժողովուրդին գլխաւորները Իսրայէլի ցեղերուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցան, Ինք Իսրայէլի մէջ իշխան՝ ՝ եղաւ։6. Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի Եւ անոր ժողովուրդը թող շատնայ»։7. Եւ Յուդային համար այս բանը ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Յուդային ձայնը լսէ Ու զանիկա իր ժողովուրդին բեր. Անոր ձեռքերը իրեն թող բաւականանան Եւ անոր թշնամիներուն դէմ օգնական եղիր»։8. Ու Ղեւիին համար ըսաւ. «Քու Թումիմդ եւ Ուրիմդ թող քու սուրբ մարդուդ ըլլան, Որ Մասսայի մէջ փորձեցիր Ու Մերիպայի ջուրին վրայ անոր հետ վիճեցար։9. Ան որ իր հօրն ու մօրը համար ‘Զանիկա չտեսայ’ ըսաւ Եւ իր եղբայրները չճանչցաւ Ու իր որդիները չգիտցաւ. Քանզի անոնք քու խօսքիդ զգուշութիւն ըրին Ու քու ուխտդ պահեցին։10. Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին Ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին. Քու առջեւդ խունկ պիտի մատուցանեն Ու քու սեղանիդ վրայ՝ ողջակէզ։11. Ո՛վ Տէր, անոր զօրութիւնը օրհնէ Ու անոր ձեռքին գործը ընդունէ. Անոր վրայ ելլողներուն ու անոր թշնամիներուն մէջքը կոտրէ, Որպէս զի անգամ մըն ալ չելլեն»։12. Բենիամինին համար ըսաւ. «Տէրոջը սիրելին անոր քով թող ապահովութեամբ բնակի. Աստուած միշտ զանիկա պաշտպանէ Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի»։13. Ու Յովսէփին համար ըսաւ. «Անոր երկիրը թող Տէրոջմէն օրհնուի, Երկնքի ընտիր պարգեւներովը, ցօղովը Ու վարը պառկող անդունդներովը14. Եւ արեգակէն յառաջ եկած ընտիր բերքերովը Ու ամիսներուն ընտիր արդիւնքներովը15. Եւ հին լեռներու ընտիր պտուղներովը՝ ՝ Ու մշտնջենաւոր բլուրներուն ընտիր պարգեւներովը16. Եւ երկրի ու անոր առատութեանը ընտիր պարգեւներովը Ու մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութիւնովը։ Ասոնք Յովսէփին գլխուն վրայ, Իր եղբայրներուն մէջ երեւելի եղողին գագաթին վրայ թող գան։17. Անիկա իր ցուլին անդրանիկին պէս գեղեցիկ է Ու իր եղջիւրները միեղջերուի եղջիւրներուն կը նմանին ։ Անոնցմով պիտի զարնէ ժողովուրդները Մինչեւ երկրին ծայրերը։ Ասոնք են Եփրեմին բիւրաւորները Ու Մանասէին հազարաւորները»։18. Եւ Զաբուղոնին համար ըսաւ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ Զաբուղոն, քու ելած ատենդ Ու դո՛ւն, ո՛վ Իսաքար՝ քու վրաններուդ մէջ։19. Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝ Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն. Քանզի անոնք ծովերուն առատութիւնը Ու աւազին ծածուկ գանձերը պիտի ծծեն»։20. Ու Գադին համար ըսաւ. «Գադը ընդարձակողը թող օրհնեալ ըլլայ։ Մատակ առիւծի պէս կը նստի Ու թեւեր ու գլուխներ կը գիշատէ։21. Եւ անիկա երկրին առաջին մասը իրեն յարմար տեսաւ, Քանզի հոն օրէնսդիրին տուած բաժինին մէջ պահուեցաւ Եւ ժողովուրդին գլխաւորներովը գալով՝ Տէրոջը արդարութիւնն ու անոր օրէնքները Իսրայէլին հետ գործադրեց»։22. Եւ Դանին համար ըսաւ. «Դան առիւծի ձագ է, Անիկա Բասանէն պիտի ցատկէ»։23. Ու Նեփթաղիմին համար ըսաւ. «Նեփթաղիմ, Աստուծոյ շնորհքովը կշտացած Եւ Տէրոջը օրհնութիւնովը լեցուած, Արեւմուտքը ու հարաւը պիտի ժառանգէ»։24. Ու Ասերին համար ըսաւ. «Ասերը որդիներէ օրհնուի. Իր եղբայրներուն հաճոյ ըլլայ, Ու ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։25. Քու կօշիկներդ երկաթէ ու պղնձէ ըլլան Եւ քու ոյժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ։26. Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ, Անիկա քեզի օգնութիւն ընելու համար Իր մեծավայելչութիւնովը երկինքներու Եւ ամպերու վրայ կը նստի։27. Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են՝ ՝. Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ Ու ‘ Զանոնք կոտրէ’ պիտի ըսէ։28. Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ առանձին պիտի բնակի. Յակոբին աղբիւրը ցորենի ու գինիի երկրին մէջ պիտի ըլլայ Ու անոր երկնքէն ցօղ պիտի կաթի։29. Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. Վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը Ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է. Քու թշնամիներդ քու առջեւդ պիտի խոնարհին Ու անոնց բարձր տեղերուն վրայ պիտի կոխես»։Օրենք 34:1-121. Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լերանը վրայ Երիքովի դիմացի Փասգայի գագաթը ելաւ եւ Տէրը անոր ցուցուց բոլոր Գաղաադի երկիրը մինչեւ Դան,2. Նաեւ բոլոր Նեփթաղիմը ու Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը ու Յուդայի բոլոր երկիրը մինչեւ արեւմտեան ծովը3. Եւ հարաւային կողմն ու Երիքովի հովիտին դաշտը ու Արմաւենիներու քաղաքը մինչեւ Սեգովր։4. Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։5. Այսպէս Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջը ըսածին պէս մեռաւ։6. Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։7. Եւ Մովսէս իր մեռած ատենը հարիւր քսան տարեկան էր. անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց։8. Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ Մովսէսին համար երեսուն օր լացին ու Մովսէսին համար սուգի եւ լացի օրերը լմնցան։9. Եւ Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր ու Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, այնպէս ըրին։10. Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չեղաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ11. Եւ Տէրոջ կողմէ Եգիպտոս ղրկուեցաւ նշաններով ու հրաշքներով Փարաւոնին, ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու12. Եւ որը զօրաւոր ձեռքով եւ մեծ սոսկումով ըրաւ Իսրայելացիներուն աչքին առջեւ։Սաղմոսներ 40:13-1713. Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։14. Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարութիւն ուզողները։15. Թող ամչնալով կործանին Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։16. Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։ Քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։17. Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ, Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։ Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։Առակներ 13:13-1413. Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։14. Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։Ղուկասը 8:1-251. Անկէ յետոյ՝ ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին,2. Նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բժշկուեր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր3. Եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին։4. Երբ մեծ բազմութիւն ժողվուեցաւ եւ շատ քաղաքներէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց.5. «Սերմ ցանող մը ելաւ իր սերմը ցանելու։ Ցանած ատենը մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ ոտքի տակ կոխկռտուեցան ու երկնքի թռչունները կերան զանոնք։6. Ուրիշներ ապառաժի վրայ ինկան ու բուսածին պէս չորցան, հողին հիւթ չունենալուն համար։7. Եւ ուրիշներ փուշերու մէջ ինկան ու փուշերը անոնց հետ բուսնելով խեղդեցին զանոնք։8. Եւ ուրիշներ աղէկ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»։ Երբ այս բաները կ’ըսէր, կ’աղաղակէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։9. Իր աշակերտները հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս առակը»։10. Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն առակներով կը խօսիմ. որպէս զի տեսնելով՝ չտեսնեն եւ լսելով՝ չիմանան»։11. Արդ, առակին իմաստը այս է. «Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։12. Ճամբուն քովինները անոնք են՝ որ կը լսեն ու ետքը Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին։13. Ապառաժին վրայինները անոնք են ՝ որ երբ լսեն, ուրախութեամբ կ’ընդունին խօսքը, բայց արմատ չունին։ Ատեն մը կը հաւատան ու փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։14. Փուշերուն մէջ ինկածները անոնք են՝ որ կը լսեն, բայց հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով՝ կը խեղդուին եւ անպտուղ կ’ըլլան։15. Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։16. «Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ ու ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։17. Վասն զի չկայ ծածուկ բան մը, որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտուկ բան մը, որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ։18. Ուստի նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. քանզի ով որ ունի՝ անոր պիտի տրուի եւ ով որ չունի՝ այն ալ որ ինք կը կարծէ թէ ունի, ան ալ անկէ պիտի առնուի»։19. Անոր մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց բազմութենէն չէին կրնար անոր քով երթալ։20. Անոր իմացուցին՝ ըսելով. ‘Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են ու քեզ տեսնել կ’ուզեն’։21. Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զանիկա կը կատարեն»։22. Օր մը նաւը մտան Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ ու ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս կողմը անցնինք»։ Ճամբայ ելան։23. Երբ նաւով կ’երթային ինք քնացաւ։ Զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ ծովակին վրայ։ Նաւը ջուրով կը լեցուէր ու իրենք վտանգի մէջ էին։24. Մօտեցան, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Վա՛րդապետ, վա՛րդապետ, ահա կը կորսուինք»։ Ան ալ ելաւ սաստեց հովին ու ջուրերուն խռովութեանը եւ հանդարտեցաւ ու խաղաղութիւն եղաւ։25. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Անոնք վախի մէջ ինկած՝ զարմացան ու իրարու կ’ըսէին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա՝ որ հովերուն ու ջուրին ալ հրաման կու տայ եւ կը հնազանդին իրեն»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981