Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 6Հեսու 1:1-181. Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.2. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։3. Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝4. Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։5. Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։6. Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։7. Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես՝ ՝։8. Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։9. Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։10. Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ.11. «Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։12. Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ.13. «Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։14. Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք15. Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։16. Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։17. Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։18. Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։Հեսու 2:1-241. Նաւէի որդին Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ ծածկաբար երկիրը լրտեսելու համար ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք»։ Անոնք գացին ու Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան եւ հոն մնացին։2. Այն ատեն Երիքովի թագաւորին լուր տրուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա այս գիշեր երկիրը լրտեսելու համար Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկեր են հոս»։3. Երիքովի թագաւորը Ռախաբին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դուրս հանէ՛. քանզի անոնք այս բոլոր երկիրը լրտեսելու եկեր են»։4. Կինը այն երկու մարդը առաւ պահեց ու ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ5. Ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք»։6. Իսկ ինք տանիքը հանելով զանոնք, պահեր էր վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։7. Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ Յորդանանի անցքերը անոնց ետեւէն գացին։ Լրտեսներուն ետեւէն գացողներուն դուրս ելլելէն ետքը՝ դուռը գոցեցին։8. Լրտեսները դեռ չէին քնացած, երբ կինը տանիք ելաւ անոնց քով9. Եւ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ ու ձեր վախը մեր վրայ ինկաւ եւ ձեր պատճառով այս երկրին բնակիչները հալեցան։10. Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։11. Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած։12. Հիմա կ’աղաչեմ, Տէրոջմով երդում ըրէք ինծի, որ ես ձեզի ողորմութիւն ընելուս համար, դուք ալ իմ հօրս տանը ողորմութիւն պիտի ընէք եւ ինծի վստահելի նշան մը տուէք,13. Որ իմ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք եւ մեր անձը մահուանէ պիտի ազատէք»։14. Լրտեսները անոր ըսին. «Եթէ այս մեր բանը չյայտնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի ողորմութիւն ու հաւատարմութիւն պիտի ընենք»։15. Այն ատեն զանոնք պարանով մը պատուհանէն վար իջեցուց. (քանզի իր տունը բերդին պարսպին վրայ էր ու ինք պարսպին վրայ կը բնակէր.)16. Եւ անոնց ըսաւ. «Լեռը գացէ՛ք, չըլլայ որ հալածողները ձեզի հանդիպին ու հոն երեք օր պահուեցէ՛ք, մինչեւ որ հալածողները ետ դառնան, անկէ յետոյ ձեր ճամբան գացէ՛ք»։17. Լրտեսները անոր ըսին. « Ահա մենք այդ մեզի ընել տուած երդումէդ այս կերպով անպարտ ըլլանք.18. Երբ մենք այս երկիրը մտնենք, այս կարմիր պարանը այն պատուհանին վրայ կապէ, ուրկէ մեզ իջեցուցիր եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու քու հօրդ բոլոր տունը քու քովդ այս տանը մէջ հաւաքէ ու մենք քեզի հետ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի վարուինք։19. Բայց անոնցմէ ով որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլխուն վրայ ըլլայ. մենք անպարտ պիտի ըլլանք. բայց քու քովդ այս տանը մէջ բոլոր եղողներուն եթէ ձեռք մը դպչի, անոնց արիւնը մեր գլխուն վրայ ըլլայ։20. Եւ եթէ այս մեր բանը մէկուն յայտնես, այն ատեն քու մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։21. Կինը ըսաւ. «Ձեր խօսքերուն պէս թող ըլլայ»։ Թողուց զանոնք ու անոնք գացին։ Այն կարմիր պարանը պատուհանին վրայ կապեց։22. Եւ անոնք անկէ լեռնակողմը գացին ու հոն երեք օր նստան, մինչեւ որ հալածողները ետ դարձան։ Հալածողները զանոնք ամէն ճամբու մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։23. Այն ատեն այն երկու մարդիկը ետ դառնալով՝ լեռնէն վար իջան եւ անցնելով՝ Նաւէի որդիին Յեսուին գացին ու իրենց պատահած բոլոր բաները անոր պատմեցին։24. Եւ ըսին. «Իրաւցընէ Տէրը այն բոլոր երկիրը մեր ձեռքը տուաւ ու այն երկրին բոլոր բնակիչները մեր երեսէն հալեցան»։Սաղմոսներ 41:1-131. Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։2. Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։3. Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։4. Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։5. Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս, Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։6. Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ։ Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար, Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։7. Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները, Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին.8. Կ’ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ Ու հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։9. Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի, Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։10. Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս Ու ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։11. Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս, Անոր համար թշնամիս յաղթական չըլլար։12. Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես Ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։13. Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝ Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։Առակներ 13:15-1615. Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։16. Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։Ղուկասը 8:26-5626. Ու նաւելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլիայի դիմացի կողմն է։27. Ինք ցամաքը ելլելուն պէս՝ այն քաղաքէն մարդ մը ելաւ դէմը, որուն ներսը շատ ատենէ ի վեր դեւեր կային ու անիկա հանդերձ չէր հագներ, ոչ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա գերեզմաններու մէջ։28. Ան՝ Յիսուսը տեսնելով՝ աղաղակեց ու ինկաւ անոր առջեւ ու բարձր ձայնով ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալն Աստուծոյ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս մի տանջեր»։29. (Վասն զի հրամայեց պիղծ ոգիին որ այն մարդէն ելլէ. որովհետեւ շատ ատեն էր որ զանիկա գրաւած էր եւ անիկա շղթաներով ու ոտնակապերով կապուած կը պահուէր, բայց կապերը կը կոտրտէր ու դեւէն անապատը կը քշուէր։)30. Հարցուց անոր Յիսուս ու ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. ‘Լէգէոն’. վասն զի շատ մը դեւեր մտեր էին անոր ներսիդին,31. Անոնք կ’աղաչէին անոր որ անդունդը երթալու հրաման չընէ իրենց։32. Հոն խոզերու երամակ մը կար, որոնք լեռը կ’արածուէին։ Աղաչեցին որ իրենց հրաման տայ անոնց մէջ մտնելու։ Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։33. Դեւերը մարդէն ելլելով՝ խոզերուն մէջ մտան։ Երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց ու խեղդուեցաւ։34. Խոզարածները ասիկա տեսնելով փախան ու պատմեցին քաղաքը ու ագարակները։35. Մարդիկ ելան եղած բանը տեսնելու։ Եկան Յիսուսին, գտան այն մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, հագուած ու խելքը վրան Յիսուսին ոտքերուն քով նստած ու վախցան։36. Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչպէս դիւահարը ազատեցաւ։37. Գադարացիներու շրջակայքը գտնուող բոլոր բազմութիւնը կ’աղաչէր անոր, որ իրենցմէ երթայ, վասն զի մեծ վախով բռնուած էին։ Ան ալ նաւը մտնելով ետ դարձաւ։38. Մարդը՝ որմէ դեւերը ելեր էին, կ’աղաչէր անոր որ իրեն ընկերանայ, բայց Յիսուս ըսաւ.39. «Դարձիր քու տունդ ու պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ»։ Ան ալ գնաց ու բոլոր քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։40. Երբ Յիսուս ետ դարձաւ, ժողովուրդը զանիկա ընդունեց, վասն զի ամէնքը իրեն կը սպասէին։41. Ահա Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանին իշխանն էր, Յիսուսին ոտքը իյնալով կ’աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ,42. Վասն զի մէկ հատիկ աղջիկ մը ունէր, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մեռնելու մօտ էր։ Երբ Յիսուս կ’երթար, բազմութիւնը կը նեղէր զինք։43. Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու իր բոլոր ունեցածը բժիշկներուն ծախսած էր բայց ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր,44. Ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ իսկոյն իր արիւնին հոսումը դադրեցաւ։45. Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Երբ ամէնքը կ’ուրանային, ըսին Պետրոս ու իրեն հետ եղողները. «Վարդապետ, բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։46. Յիսուս ըսաւ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինծմէ զօրութիւն մը ելաւ»։47. Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։48. Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։49. Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ վարդապետը մի յոգնեցներ»։50. Բայց Յիսուս երբ լսեց ատիկա, ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։51. Երբ տունը մտաւ, ուրիշ մէ՛կը թող չտուաւ որ մտնէ, բայց միայն Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու աղջկան հայրն ու մայրը։52. Ամէնքն ալ կու լային ու կ’ողբային անոր վրայ. եւ ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։53. Անոնք ծաղր կ’ընէին զանիկա, քանզի գիտէին թէ մեռաւ։54. Ինք ամէնքն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց աղջկան ձեռքէն ու կանչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ելիր»։55. Անոր հոգին դարձաւ ու իսկոյն ոտքի ելաւ։ Յիսուս հրաման ըրաւ, որ ուտելիք տան անոր։56. Անոր ծնողքը ապշած մնացին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ եղածը մարդո՛ւ չըսեն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981