Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 7Հեսու 3:1-171. Յեսու առտուն կանուխ ելաւ։ Ինք ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէն չուեցին ու մինչեւ Յորդանան եկան եւ անցնելէ առաջ հոն իջեւանեցան։2. Երեք օր յետոյ ոստիկանները բանակին մէջէն անցան3. Եւ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսին. «Երբ ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք ու Ղեւտացի քահանաները՝ որոնք զանիկա կը տանին, դուք ալ ձեր տեղերէն ելէք ու անոր ետեւէն գացէք։4. Բայց ձեր ու անոր մէջտեղ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պէտք է ըլլայ։ Անոր չմօտենաք, որպէս զի երթալու ճամբանիդ գիտնաք. քանզի ասկէ առաջ այս ճամբայէն անցած չէք»։5. Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ»։6. Անկէ յետոյ Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ուխտին տապանակը վերցուցէ՛ք ու ժողովուրդին առջեւէն քալեցէ՛ք» Անոնք ուխտին տապանակը վերցուցին ու ժողովուրդին առջեւէն գացին։7. Տէրը ըսաւ Յեսուին. «Այսօր պիտի սկսիմ բոլոր Իսրայէլի աչքին առջեւ քեզ մեծցնել, որպէս զի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսին հետ էի, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի ըլլամ։8. Հիմա դուն ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. ‘Երբ Յորդանանի ջուրին եզերքը հասնիք, Յորդանանի մէջ կայնեցէ՛ք’»։9. Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Հոս մօտեցէք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքերը լսեցէք»։10. Ու Յեսու ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք, թէ կենդանի Աստուածը ձեր մէջն է ու ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիներն ու Յեբուսացիները պիտի վռնտէ։11. Ահա բոլոր երկրի Տէրոջը ուխտին տապանակը ձեր առջեւ պիտի մտնէ Յորդանանի մէջ։12. Հիմա դուք Իսրայէլի ցեղերէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ։13. Ու երբ բոլոր երկրի Եհովա Տէրոջը տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը Յորդանանի ջուրին մէջ մտնեն, Յորդանանի ջուրը պիտի կտրի ու վերէն իջնող ջուրը կարկառակոյտի մը պէս պիտի կայնի»։14. Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային ։15. Երբ տապանակը վերցնողները Յորդանան հասան ու տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան՝ (վասն զի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանի ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,)16. Վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը կտրեցաւ, լմնցաւ։ Եւ ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։17. Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ։Հեսու 4:1-241. Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին ու ըսաւ.2. «Ժողովուրդէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ3. Ու անոնց պատուիրելով ըսէք. ‘Ասկէ Յորդանանի մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասներկու քար վերցուցէք եւ զանոնք ձեզի հետ տարէք ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք’»։4. Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ5. Ու Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջեւ անցէք ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէկմէկ քար վերցուցէք անկէ.6. Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի’,7. Անոնց ըսէք. ‘Քանի որ Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրը կտրուեցաւ. այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան’»։8. Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին ու Յորդանանի մէջէն տասներկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր եւ զանոնք իրենց հետ իջեւանին տեղը տարին ու հոն դրին։9. Եւ Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց Յորդանանի մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, որոնք մինչեւ այսօր հեն են։10. Տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը, որ Տէրը Յեսուին պատուիրեց, որ ժողովուրդին ըսէ, ինչպէս Մովսէս Յեսուին պատուիրեր էր ժողովուրդը արտորալով անցաւ։11. Ու երբ ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակն ու քահանաները ժողովուրդին առջեւ անցան։12. Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր.13. Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջեւ՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։14. Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն որքան Մովսէսէն կը վախնային, այնքան Յեսուէն վախցան,15. Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.16. «Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէն ելլեն»։17. Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ. «Յորդանանէն ելէք»։18. Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջէն ցամաք ելան եւ քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանի ջուրը իր տեղը դարձաւ ու առաջուան պէս իր բոլոր եզերքները ողողեց։19. Առաջին ամսուան տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։20. Այն տասներկու քարը, որոնք Յորդանանէն առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց21. Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ են’,22. Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ Յորդանանէն ցամաքով անցաւ’։23. Որովհետեւ ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, որը ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչեւ որ մենք անցանք.24. Որպէս զի երկրի բոլոր ազգերը գիտնան թէ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է։ Դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախցէք»։Սաղմոսներ 42:1-51. Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։2. Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն, Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։3. Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան, Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։4. Այս բաները միտքս կը բերեմ Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս, Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ, Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝ Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով, Տօնախմբող բազմութեան հետ։5. Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար ։Առակներ 13:17-1817. Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։18. Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։Ղուկասը 9:1-171. Իր տասներկու աշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։2. Ու զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն։3. Ըսաւ անոնց. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։4. Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք։5. Եթէ անոնք ձեզ չընդունին, երբ այն քաղաքէն ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին անգամ թօթուեցէք՝ իրենց դէմ վկայութիւն ըլլալու համար»։6. Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին ու բժշկութիւն կ’ընէին։7. Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսին գործերը լսելով՝ տարակուսանքի մէջ էր, որովհետեւ ոմանք ըսած էին8. Թէ ‘Յովհաննէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ եւ ոմանք՝ թէ ‘Եղիա յայտնուեցաւ’ եւ ուրիշներ ալ՝ թէ ‘Առաջուան մարգարէներէն մէկը յարութիւն առաւ’։9. Հերովդէս ըսաւ. «Յովհաննէսը ես գլխատեցի, հապա ասիկա ո՞վ պիտի ըլլայ, որուն մասին այսպիսի բաներ կը լսեմ»։ Ու կ’ուզէր որ տեսնէ զանիկա։10. Առաքեալները դարձան ու պատմեցին անոր ինչ որ ըրին։ Յիսուս առաւ զանոնք, առանձին անապատ տեղ մը քաշուեցաւ քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր։11. Ժողովուրդը երբ իմացաւ՝ անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր։12. Իրիկունը, տասներկուքը եկան ու ըսին անոր. «Արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի շրջակայ գիւղերը ու ագարակները երթան իջեւանին ու կերակուր գտնեն, վասն զի հոս անապատի մէջ ենք»։13. Ըսաւ անոնց. «Դուք անոնց ուտելիք տուէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ բոլոր ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք»14. (Քանզի հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային։) Ան ալ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ատոնք դաս դաս, յիսուն յիսուն, նստեցուցէք»։15. Այնպէս ըրին ու ամէնքն ալ նստեցուցին։16. Յիսուս հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ՝ դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն։17. Եւ կերան ու կշտացան ամէնքն ալ ու աւելցած կտորուանքները՝ տասներկու կողով՝ վերցուցին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981