Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 8Հեսու 5:1-151. Երբ լսեցին Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք Յորդանանի ասդին արեւմտեան կողմը կը բնակէին ու Քանանացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք ծովեզերքին քով կը բնակէին, թէ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն, մինչեւ անոնց անցնիլը, Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուցեր է, անոնց սիրտը հալեցաւ ու Իսրայէլի որդիներուն երեսէն անոնց վրայ համարձակութիւն չմնաց։2. Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Քեզի գայլախազէ դանակներ շինէ ու դարձիր Իսրայէլի որդիները նորէն թլփատէ»։3. Յեսու իրեն գայլախազէ դանակներ շինեց ու Բլուր Անթլփատութեան ըսուած տեղը Իսրայէլի որդիները թլփատեց։4. Այս է պատճառը, որուն համար Յեսու զանոնք թլփատեց։ Ժողովուրդին բոլոր արուները, որոնք Եգիպտոսէն ելան եւ բոլոր պատերազմող մարդիկը, Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան՝ մեռան։5. Այդ բոլոր ժողովուրդը թլփատուած էր. բայց Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան ծնած ժողովուրդը չէր թլփատուած։6. Քանզի Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտեցան, մինչեւ որ Տէրոջը խօսքին անհնազանդ եղող բոլոր ազգը, այսինքն Եգիպտոսէն ելլող պատերազմիկները սպառեցան, որովհետեւ Տէրը անոնց համար երդում ըրաւ որ այն երկիրը անոնց չցուցնէ՝ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ մեզի տալու։7. Ուստի անոնց տեղ անոնց զաւակները հանեց ու զանոնք թլփատեց Յեսու. քանզի անթլփատ էին, որովհետեւ ճամբուն մէջ թլփատած չէին զանոնք։8. Երբ բոլոր ժողովուրդին թլփատուիլը լմնցաւ, բանակին մէջ իրենց տեղը նստան մինչեւ որ առողջացան։9. Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Այսօր Եգիպտոսին նախատինքը ձեր վրայէն վերցուցի»։ Ուստի այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Գաղգաղա ըսուեցաւ։10. Իսրայէլի որդիները Գաղգաղայի մէջ բնակեցան ու ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Երիքովի դաշտերուն մէջ զատիկը ըրին։11. Զատկին հետեւեալ օրը կերան այն երկրին պտուղէն ու բաղարջ. նոյն օրը բոհրած ցորեն ալ կերան ։12. Հետեւեալ օրը, երբ այն երկրին պտուղէն կերան, մանանան դադրեցաւ։ Անկէ ետքը Իսրայէլի որդիները ա՛լ մանանայ չստացան։ Այն տարին Քանանի երկրին պտուղէն կերան։13. Երբ Յեսու Երիքովի մօտ էր, աչքերը վերցնելով տեսաւ որ ահա իր դէմ մարդ մը կայներ էր, որուն ձեռքը մերկ սուր մը կար։ Յեսու անոր մօտենալով՝ անոր ըսաւ. «Մեզմէ՞ ես թէ մեր թշնամիներէն ես»։14. Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Իմ Տէրս իր ծառային ի՞նչ կը հրամայէ»։15. Տէրոջը զօրավարը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքերէդ կօշիկներդ հանէ, քանզի կայնած տեղդ սուրբ է»։ Յեսու հանեց կօշիկները։Հեսու 6:1-271. Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։2. Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի։3. Ուստի բոլոր պատերազմիկները ա՛ռ եւ վեց օր՝ օրական մէկ անգամ քաղաքին բոլորտիքը դարձէք4. Եւ տապանակին առջեւ եօթը քահանայ՝ եօթը Յոբելեան փողերը առնեն ու եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։5. Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն եւ դուք փողերուն ձայնը լսէք, բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան ու ժողովուրդը շիտակ յառաջ երթալով ներս թող մտնէ»։6. Նաւէի որդին Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ուտին տապանակը վերցուցէք ու Տէրոջը տապանակին առջեւէն եօթը քահանայ եօթը Յոբելեան փողեր թող առնեն»։7. Ետքը ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէք ու քաղաքին բոլորտիքը պտըտեցէք։ Զինուորները Տէրոջը տապանակին առջեւէն թող քալեն»։8. Երբ Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց, եօթը քահանաները, որոնք եօթը Յոբելեան փողերը ունէին, Տէրոջը առջեւ անցնելով փողերը հնչեցուցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը անոնց ետեւէն կ’երթար։9. Զինուորները փողերը հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, բայց վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն ու քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։10. Յեսու ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. « Բնաւ աղաղակ մի՛ հանէք, թող ձայներնիդ չլսուի ու ձեր բերնէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ այն օրը որ ես ձեզի ըսեմ թէ ‘Աղաղակեցէք’. այն ատեն աղաղակեցէք»։11. Տէրոջը տապանակին քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելէն յետոյ, դարձան ու գիշերը բանակին մէջ մնացին։12. Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու քահանաները Տէրոջը տապանակը վերցուցին։13. Եօթը Յոբելեան փողերը կրող եօթը քահանաները Տէրոջը տապանակին առջեւէն կ’երթային՝ փողերը հնչեցնելով ու զինուորները անոնց առջեւէն կ’երթային ու վերջապահները՝ Տէրոջը տապանակին ետեւէն եւ քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։14. Երկրորդ օրն ալ քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելով բանակը դարձան։ Վեց օր այսպէս ըրին։15. Եօթներորդ օրը կանուխ ելան՝ արշալոյսին ծագած ատենը ու քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան նոյն կերպով, միայն այդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան։16. Ու եօթներորդ անգամին երբ քահանաները փողերը հնչեցուցին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Աղաղակեցէք, քանզի Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը տուաւ։17. Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղածները Տէրոջմէ նզովուած ըլլան, միայն Ռախաբ պոռնիկը մեր ղրկած լրտեսները պահելուն համար ողջ թող մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն հետ տանը մէջ բոլոր եղողները։18. Բայց դուք ամէն կերպով զգուշացէ՛ք նզովուածէն. չըլլայ որ նզովուածէն առնելով դուք ալ նզովուած ըլլաք ու Իսրայէլի բանակը նզովքի մէջ ձգելով՝ զանիկա նեղութեան մէջ ձգէք։19. Բոլոր արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը համար սուրբ ըլլան. Տէրոջը գանձը մտնեն»։20. Ժողովուրդը աղաղակեց, որովհետեւ փողերը հնչուեցան։ Երբ ժողովուրդը փողերուն ձայնը լսեց ու բարձրաձայն աղաղակեց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը շիտակ յառաջ քաղաքը մտնելով՝ քաղաքը առին։21. Ու քաղաքին մէջի բոլոր այր եւ կին, երիտասարդ եւ ծեր, արջառ, ոչխար ու էշ սուրի բերնէ անցընելով կորսնցուցին։22. Յեսու այն երկիրը լրտեսող երկու մարդոցն ըսաւ. «Այն պոռնիկ կնոջ տունը գացէք ու ինչպէս անոր երդում ըրիք, կինն ու անոր ամէն ունեցածը անկէ դուրս հանեցէք»։23. Ուստի այն լրտես երիտասարդները գացին ու Ռախաբը եւ անոր հայրն ու մայրը ու եղբայրները եւ անոր ամէն ունեցածը դուրս հանեցին ու անոր բոլոր ազգատոհմն ալ դուրս հանեցին եւ զանոնք Իսրայէլի բանակէն դուրս կեցուցին։24. Քաղաքը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը կրակով այրեցին, միայն արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը տանը գանձին մէջ դրին։25. Այսպէս Յեսու ողջ պահեց Ռախաբ պոռնիկն ու անոր հօրը տունը եւ անոր ամէն ունեցածը ու անիկա Իսրայէլի մէջ կը բնակի մինչեւ այսօր. քանզի անիկա պահեց այն լրտեսները, որոնք Յեսու ղրկեր էր Երիքովը լրտեսելու համար։26. Եւ այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. «Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ»։27. Եւ Տէրը Յեսուին հետ էր ու անոր համբաւը բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ։Սաղմոսներ 42:6-116. Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ. Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։7. Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը. Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։8. Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։9. Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս. «Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն»։10. Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝ Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։11. Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։ Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։Առակներ 13:19-2119. Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։20. Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։21. Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ, Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։Ղուկասը 9:18-3618. Օր մը, երբ ինք առանձին աղօթք կ’ընէր, աշակերտներն ալ իրեն հետ էին, հարցուց անոնց. «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ»։19. Անոնք ալ պատասխան տալով՝ ըսին. « Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ առաջուան մարգարէներէն մէկը, որ յարութիւն առեր է»։20. Ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ. «Աստուծոյ Քրիստոսը»։21. Յիսուս խիստ կերպով պատուիրեց անոնց, որ այս բանը մարդո՛ւ չըսեն։22. Ու ըսաւ. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։23. Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։24. Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։25. Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։26. Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։27. Բայց ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս կայնողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։28. Այս խօսքերէն գրեթէ ութ օր ետքը՝ Պետրոսը ու Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը առնելով, լեռը ելաւ աղօթք ընելու։29. Երբ ինք աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։30. Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին,31. Փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր։32. Պետրոս եւ անոր հետ եղողները քունով ծանրացած էին, երբ արթնցան, տեսան անոր փառքը եւ այն երկու մարդիկը, որոնք անոր քով կեցեր էին։33. Երբ անոնք զատուեցան Յիսուսին քովէն, Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային, վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։34. Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ամպ մը եկաւ ու անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։35. Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։36. Երբ այն ձայնը լսեցին, Յիսուս մինակ մնաց։ Իրենք ալ լուռ կեցան եւ իրենց տեսածներէն այն օրերը մարդո՛ւ բան մը չպատմեցին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981