Աստվածաշունչը մեկ տարում Ապրիլ 9Հեսու 7:1-261. Բայց Իսրայէլի որդիները նզովուած բաներու պատճառով յանցանք գործեցին. քանզի Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիին որդիին Քարմիին որդին Աքար նզովուածէն առաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի որդիներուն վրայ բորբոքեցաւ։2. Յեսու Երիքովէն մարդիկ ղրկեց դէպի Գայի, որ Բեթաւանի մօտ է՝ Բեթէլի արեւելեան կողմը եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու այն երկիրը լրտեսեցէ՛ք»։ Անոնք ելան ու Գային լրտեսեցին։3. Եւ Յեսուին դարձան ու անոր ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը պէտք չէ ելլէ, միայն երկու կամ երեք հազար մարդ կը բաւէ Գային զարնելու համար։ Բոլոր ժողովուրդը հոն տանելով մի՛ յոգնեցներ. քանզի անոնք քիչուոր են»։4. Ուստի ժողովուրդէն երեք հազարի չափ մարդ հոն գացին, բայց Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։5. Եւ Գայիի մարդիկը անոնցմէ երեսունըվեց մարդու չափ զարկին, քանզի զանոնք դրանը առջեւէն մինչեւ Սեբարիմ հալածեցին ու զառիվայրին վրայ զանոնք զարկին. ուստի ժողովուրդին սիրտը հալեցաւ ու ջուրի պէս եղաւ։6. Յեսու իր հանդերձները պատռելով Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկաւ մինչեւ իրիկուն, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Իսրայէլի ծերերը ու իրենց գլխուն վրայ հող ցանեցին։7. Յեսու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ինչո՞ւ համար այս ժողովուրդը Յորդանանի ասդիի կողմը անցուցիր, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնես ու մեզ կորսնցնե՞ս. երանի՜ թէ գոհ ըլլալով Յորդանանի անդիի կողմը մնայինք։8. Ո՜հ, Տէ՛ր, Իսրայէլ իր թշնամիներուն առջեւ կռնակ դարձնելէ յետոյ՝ ալ ես ի՞նչ ընեմ.9. Որովհետեւ Քանանացիները ու երկրին բոլոր բնակիչները լսելով՝ մեզ պիտի պաշարեն ու մեր անունը երկրի վրայէն բոլորովին պիտի վերցնեն. այն ատեն քու մեծ անունդ ի՞նչ պիտի ընես»։10. Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքի վրայ ելի՛ր. ինչո՞ւ համար այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես.11. Իսրայէլ մեղք գործեց եւ իմ հրամայած ուխտս զանց ըրին. քանզի նզովուածէն առին ու գողութիւն ըրին եւ սուտ խօսեցան ու իրենց կարասիներուն մէջ դրին։12. Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկրնան իրենց թշնամիներուն առջեւ կենալ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն, քանզի նզովուած եղան եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ, եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն բնաջինջ չընէք»։13. «Ելի՛ր, ժողովուրդը սրբէ՛ ու ըսէ՛ ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ով Իսրայէլ, ձեր մէջ նզովուած կայ. մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք, ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի չկրնաք կենալ»։14. Ուստի առտուն ձեր ցեղերով մօտեցէք ու Տէրը ո՛ր ցեղը վիճակով բռնէ, անիկա իր ազգատոհմերով թող մօտենայ եւ Տէրը ո՛ր ազգատոհմը բռնէ, անիկա իր տուներով թող մօտենայ ու Տէրը ո՛ր տունը բռնէ, անիկա իր մարդոցմով թող մօտենայ15. Եւ ով որ նզովուած բռնուի, կրակով թող այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամէն ունեցածը. քանզի Տէրոջը ուխտը զանց ըրաւ ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ»։16. Ուստի Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու Իսրայէլը իր ցեղերովը մօտեցուց։ Յուդայի ցեղը բռնուեցաւ։17. Յուդայի ազգատոհմերը մօտեցուց, Զարայեաններու ազգատոհմը բռնուեցաւ ու Զարայեաններու տոհմը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Զարդի բռնուեցաւ.18. Ետքը անոր տունը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ։19. Այն ատեն Յեսու Աքարին ըսաւ. «Որդի՛ս, հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ փառք տուր ու քու մեղքդ անոր խոստովանէ՛ եւ քու ըրածդ հիմա ինծի յայտնէ՛, ինծմէ մի՛ պահեր»։20. Աքար պատասխան տուաւ Յեսուին եւ ըսաւ. «Իրաւցընէ ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի. ահա ըրածս։21. Այսինքն աւարին մէջ աղուոր բանուած Բաբելոնի վերարկու մը ու երկու հարիւր սիկղ արծաթ եւ յիսուն սիկղի ծանրութեամբ ոսկի լեզու մը տեսայ ու ցանկանալով առի եւ ահա անոնք իմ վրանիս մէջ հողին տակ պահուած են ու արծաթը անոր տակն է»։22. Ուստի Յեսու մարդիկ ղրկեց ու անոնք վրանը վազեցին եւ ահա վրանին մէջ պահուած գտան ու արծաթը անոր տակն էր.23. Զանոնք վրանին մէջէն առնելով Յեսուին ու Իսրայէլի բոլոր որդիներուն բերին եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ դրին։24. Այն ատեն Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ՝ Զարայեան Աքարը ու այն արծաթը եւ վերարկուն ու ոսկի լեզուն եւ անոր տղաքը, աղջիկները, արջառները, էշերը, ոչխարները, վրանն ու անոր ամէն բանը առին եւ զանոնք Աքովրի ձորը հանեցին։25. Յեսու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն մեզ նեղեցիր. Տէրը այսօր քեզ պիտի նեղէ», ուստի բոլոր Իսրայէլ զանոնք քարկոծելէ յետոյ կրակով այրեցին։26. Ետքը անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դադրեցաւ։ Այս պատճառով այն տեղին անունը Աքովրի ձոր կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։Հեսու 8:1-351. Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Մի վախնար ու մի՛ զարհուրիր. բոլոր պատերազմիկները քեզի հետ ա՛ռ ու դէպի Գայի գնա՛, քանզի Գայիի թագաւորն ու անոր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի։2. Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրածիդ պէս Գայիի ու անոր թագաւորին ալ ըրէ, միայն անոր աւարն ու անասունները ձեզի առէ՛ք։ Քաղաքին ետեւի կողմէն դարաններ պատրաստէ»։3. Յեսու ու բոլոր պատերազմողները ոտքի ելան, որպէս զի Գայիի վրայ երթան. Յեսու երեսուն հազար զօրաւոր մարդ ընտրեց ու զանոնք գիշերով ղրկեց։4. Անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, դուք քաղաքին ետեւէն այն քաղաքին համար դարանի մէջ պիտի նստիք, քաղաքէն շատ մի հեռանաք եւ ամէնքդ ալ պատրաստ եղէ՛ք.5. Ես ինծի հետ եղող բոլոր ժողովուրդով քաղաքին պիտի մօտենամ ու երբ անոնք՝ առաջին անգամուան պէս՝ մեզի դէմ ելլեն, անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։6. Անոնք մեր ետեւէն պիտի գան, մինչեւ որ զանոնք քաղաքէն զատենք, որովհետեւ անոնք պիտի ըսեն՝ ‘Մեր առջեւէն փախան առաջին անգամուան պէս’։ Մենք անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։7. Այն ատեն դուք դարանէն կ’ելլէք ու քաղաքը կ’առնէք, քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանիկա ձեր ձեռքը պիտի տայ։8. Երբ քաղաքը առնէք, քաղաքը կրակով այրեցէ՛ք. Տէրոջը ըսածին պէս։ Ահա ձեզի պատուիրեցի»։9. Յեսու զանոնք ղրկեց ու անոնք գացին դարանը նստան Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Գայիի արեւմտեան կողմը։ Յեսու այն գիշերը ժողովուրդին մէջ մնաց։10. Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու ժողովուրդը աչքէ անցուց եւ ինք Իսրայէլի ծերերուն հետ ժողովուրդին առջեւէն դէպի Գայի գնաց.11. Իրեն հետ մնացող բոլոր պատերազմիկներն ալ ելան ու մօտենալով՝ քաղաքին առջեւ գացին ու Գայիի հիւսիսային կողմը բանակեցան։ Անոնց ու Գայիի մէջտեղ ձոր մը կար։12. Յեսու հինգ հազարի չափ մարդ առաւ ու զանոնք դարանի մէջ նստեցուց Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ քաղաքին արեւմտեան կողմը։13. Ու ժողովուրդը քաղաքին հիւսիսային կողմը կեցուց բոլոր բանակը։ Քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ դարանակալները։ Յեսու այն գիշեր ձորին մէջ մնաց։14. Երբ Գայիի թագաւորը զանիկա տեսաւ, քաղաքին մարդոցմով շուտով ու կանուխ դուրս ելաւ, որպէս զի ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը որոշ ժամանակով մը դաշտի վրայ Իսրայէլի դէմ պատերազմին ու չէր գիտեր թէ քաղաքին ետեւը իրեն համար դարան պատրաստուած էր ։15. Յեսու եւ բոլոր Իսրայէլ անոնց առջեւ զիրենք ծեծուածի պէս ցուցնելով՝ անապատին ճամբան փախան։16. Քաղաքին մէջ եղող բոլոր ժողովուրդը հաւաքուեցաւ, որպէս զի զանոնք հալածեն ու Յեսուին ետեւէն իյնալով քաղաքէն հեռացան։17. Գայիի ու Բեթէլի մէջ մարդ չմնաց, որ Իսրայէլի ետեւէն չերթայ, ուստի քաղաքը բաց թողուցին ու Իսրայէլի ետեւէն ինկան։18. Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ձեռքդ եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Յեսու ձեռքը եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուց19. Ու դարանակալները շուտով իրենց տեղէն ելան եւ անիկա իր ձեռքը երկնցուցածին պէս, վազեցին քաղաքը մտան ու առին զանիկա եւ շուտով քաղաքը կրակով բռնկցուցին։20. Գայիի բնակիչները ետեւնին դարձան ու տեսան, որ քաղաքին ծուխը մինչեւ երկինք կ’ելլէր եւ իրենք հոս կամ հոն փախչելու կարողութիւն չունէին. քանզի անապատը փախչող ժողովուրդն ալ իր ետեւէն ինկողներուն վրայ դարձաւ։21. Յեսու ու բոլոր Իսրայէլ երբ տեսան, որ դարանակալները քաղաքը առին ու քաղաքին ծուխը վեր կ’ելլէր, իրենք ալ ետ դարձան ու Գայիի մարդիկը զարկին։22. Միւսներն ալ քաղաքէն անոնց դէմը ելան, ուստի մէկ կողմէ ասոնք ու միւս կողմէ ալ անոնք ըլլալով, Գայիի մարդիկը Իսրայելացիներուն մէջտեղ մնացին։ Զանոնք զարկին մինչեւ որ անոնցմէ մարդ մը ողջ չմնաց ու չազատեցաւ։23. Գայիի թագաւորը ողջ բռնեցին ու զանիկա Յեսուին բերին։24. Երբ Իսրայելացիները Գայիի բոլոր բնակիչները՝ զիրենք հալածողները՝ դաշտին ու անապատին մէջ ջարդեցին ու ամէնքն ալ սուրի բերնէ իյնալով հատան, բոլոր Իսրայելացիները Գայի դարձան ու զանիկա սուրի բերնէ անցուցին։25. Այն օրը ինկածները, թէ՛ այր մարդ եւ թէ՛ կին մարդ, տասներկու հազար էին, այսինքն Գայիի բոլոր մարդիկը։26. Յեսու նիզակով երկնցուցած ձեռքը ետ չքաշեց մինչեւ որ Գայիի բոլոր բնակիչները բնաջինջ ըրաւ։27. Իսրայելացիները անասուններն ու քաղաքին աւարը իրենց առին, Տէրոջը Յեսուին հրամայած խօսքին համեմատ։28. Եւ Յեսու Գային այրեց։ Անիկա մշտնջենական աւերակներու դէզ եղաւ մինչեւ այսօր։29. Եւ Գայիի թագաւորը ծառէ մը կախեցին մինչեւ իրիկուն ու արեւին մտնելու ատենը՝ Յեսու հրամայեց որ անոր մեռած մարմինը ծառէն վար իջեցնեն եւ զանիկա քաղաքին դրանը առջեւ նետեցին ու անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։30. Այն ատեն Յեսու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սեղան մը շինեց Գեբաղ լերան վրայ,31. Ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեր էր ու Մովսէսի օրէնքներու գրքին մէջ գրուածին պէս՝ Յեսու այս սեղանը ամբողջ քարերէ շինեց, որոնց վրայ երկաթ չէր դպած եւ անոր վրայ Տէրոջը ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։32. Եւ հոն այն քարերուն վրայ գրեց Մովսէսին օրէնքներու գրքին օրինակը, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գրեց։33. Ու բոլոր Իսրայէլ եւ անոնց ծերերն ու ոստիկանները եւ դատաւորները տապանակին մէկ կողմը ու միւս կողմը՝ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, թէ՛ օտարականները եւ թէ՛ բնիկները. անոնց կէսը Գարիզին լերանը կողմը ու կէսն ալ Գեբաղ լերանը կողմը կայնեցան, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը օրհնեն։34. Անկէ յետոյ օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ։35. Մովսէսի բոլոր պատուէրներէն բնաւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու զանիկա Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ չկարդայ։Սաղմոսներ 43:1-51. Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛ Անաստուած ազգէն։ Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,2. Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։ Ինչո՞ւ զիս կը մերժես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն։3. Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի Անոնք առաջնորդէն ինծի ու զիս հանեն Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։4. Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ, Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։ Քեզ քնարով պիտի գովեմ, Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։5. Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ. Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։Առակներ 13:22-2322. Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։23. Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ, Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։Ղուկասը 9:37-6237. Հետեւեալ օրը, երբ անոնք լեռնէն վար իջան, շատ ժողովուրդ անոր դէմը ելաւ։38. Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, կ’աղաչեմ քեզի, նայէ իմ որդիիս, քանզի իմ մէկ հատիկս է.39. Ոգի մը կը բռնէ զանիկա. տղաս ալ յանկարծ կը կանչուըռտէ եւ ոգին զանիկա ցնցելով կը փրփրցնէ ու հազիւ կը զատուի անկէ՝ ջարդուբուրդ ընելով զանիկա։40. Քու աշակերտներուդ աղաչեցի որ հանեն զանիկա, բայց չկրցան»։41. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի հանբերեմ։ Հո՛ս բեր քու որդիդ»։42. Երբ կը մօտենար, դեւը զանիկա գետինը զարկաւ ու սաստիկ ցնցեց։43. Իսկ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին եւ բժշկեց տղան ու զանիկա իր հօրը տուաւ։44. Ամէնքը կը զարմանային Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն վրայ։ Քանի որ ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի ըրած բոլոր գործերուն վրայ, անիկա ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք այս խօսքերը մի՛ մոռնաք, վասն զի Որդի մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»։45. Բայց անոնք չէին իմանար այս խօսքը եւ անոնցմէ ծածկուած էր որպէս զի չհասկնան ու կը վախնային որ այն խօսքին համար իրեն հարցնեն։46. Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։47. Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց48. Եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։49. Եւ խօսեցաւ Յովհաննէս ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր»։50. Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ արգիլէք, քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր՝ ՝ կողմէն է»։51. Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ հաստատ որոշեց՝ ՝ Երուսաղէմ երթալ։52. Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։53. Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։54. Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։55. Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք.56. Վասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու՝ ՝»։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։57. Երբ անոնք ճամբան կ’երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քու ետեւէդ գամ՝ ուր որ երթաս»։58. Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։59. Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։60. Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»։61. Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։62. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981