Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 11 Սամուել 4:1-211. Իսրայէլ պատերազմելու ելաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Աբենեզերի մէջ բանակեցաւ, իսկ Փղշտացիները Ափէկի մէջ բանակեցան։2. Փղշտացիները Իսրայէլի առջեւ շարուեցան։ Երբ պատերազմը տարածուեցաւ, Իսրայէլ յաղթուեցաւ Փղշտացիներէն, որոնք պատերազմի ասպարէզին մէջ չորս հազար մարդու չափ կոտորեցին։3. Ժողովուրդը բանակը դարձաւ։ Իսրայէլի ծերերը ըսին. «Ինչո՞ւ համար Տէրը Փղշտացիներուն առջեւ այսօր մեզ կոտորեց։ Տէրոջը ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն։4. Ուստի ժողովը մարդիկ ղրկեց դէպի Սելով, որոնք քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը ուխտին տապանակը անկէ բերին ու Հեղիին երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Աստուծոյ ուխտին տապանակին հետ էին։5. Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը բանակին մէջ եկաւ, բոլոր Իսրայէլ մեծ ձայնով մը աղաղակեց, այնպէս որ գետինը ձայն տուաւ։6. Փղշտացիները այն աղաղակի ձայնը լսելով՝ ըսին. «Եբրայեցիներուն բանակին այս բարձրաձայն աղաղակը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Երբ իմացան թէ Տէրոջը տապանակը բանակը եկեր է,7. Փղշտացիները վախցան, քանզի ըսին. «Վա՜յ մեզի, քանզի մինչեւ հիմա այսպիսի բան եղած չէ.8. Վա՜յ մեզի, այս զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն ո՞վ մեզ պիտի ազատէ։ Ասոնք այն աստուածներն են, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ հարուածներով զարկին անապատին մէջ։9. Ուժովցէ՛ք ու կտրիճ եղէք, ո՛վ Փղշտացիներ, չըլլայ թէ Եբրայեցիներուն ծառայ ըլլաք, ինչպէս անոնք ձեզի ծառայ եղան. ուստի կտրիճ եղէ՛ք եւ անոնց հետ պատերազմեցէ՛ք»։10. Ու երբ Փղշտացիները պատերազմեցան, Իսրայէլ յաղթուեցաւ եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ ու շատ մեծ կոտորած եղաւ եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ,11. Նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան։12. Բենիամինեան մը բանակէն վազելով՝ նոյն օրը Սելով հասաւ։ Իր լաթերը պատռեր էր եւ իր գլխուն վրայ հող ցաներ էր ։13. Ու երբ հոն հասաւ, ահա Հեղի աթոռի մը վրայ ճամբուն մէջ նստած կը սպասէր, քանզի Աստուծոյ տապանակին համար սիրտը կը դողար։ Երբ այն մարդը քաղաք մտնելով եղածը պատմեց, բոլոր քաղաքը աղաղակեց։14. Հեղի այդ աղաղակին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Այս աղմուկին ձայնը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Այն մարդը շուտով վազեց եկաւ ու եղած բաները Հեղիին պատմեց։15. Հեղի իննսունըութ տարեկան էր ու աչքերը այնպէս տկարացած էին, որ չէր կրնար տեսնել։16. Այն մարդը Հեղիին ըսաւ. «Զօրքին մէջէն եկողը ես եմ։ Պատերազմէն այսօր փախայ»։ Հեղի ըսաւ. «Որդեա՛կ, ի՞նչ եղաւ»։17. Լուր բերողը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ ու ժողովուրդին մէջ մեծ կոտորած եղաւ եւ քու երկու որդիներդ՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան ու Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։18. Երբ անիկա Աստուծոյ տապանակը յիշեց, Հեղի աթոռէն՝ կռնակի վրայ՝ ինկաւ դրանը քով եւ վզին ոսկորը կոտրեցաւ ու մեռաւ, քանզի ծեր ու ծանրացած մարդ մըն էր։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւորութիւն ըրած էր։19. Անոր հարսը՝ Փենէհէսի կինը՝ յղի ու ծնանելու մօտ ըլլալով, երբ Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն ու իր կեսրայրին ու էրկանը մեռնելուն լուրը լսեց, ծունկ ծռելով ծնաւ, քանզի ցաւերը անոր վրայ կոխեցին։20. Ու երբ կը մեռնէր, քովը կայնող կիները անոր ըսին. «Մի՛ վախնար, քանզի քու ծնածդ տղայ է»։ Բայց անիկա պատասխան չտուաւ եւ ուշադրութիւն չըրաւ։21. Տղուն անունը Իքաբօդ կոչեց, ըսելով՝ «Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ (Քանզի Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ անոր կեսրայրն ու այրը մեռան ։)1 Սամուել 5:1-121. Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Աբենեզերէն Ազովտոս տարին։2. Եւ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Դագոնի տունը տարին եւ Դագոնին քով դրին։3. Հետեւեալ օրը Ազովտացիները առտուն կանուխ ելլելով, տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Անոնք Դագոնը վերցուցին իր տեղը դրին։4. Հետեւեալ օրը դարձեալ առտուն կանուխ եկան ու տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Դագոնին գլուխն ու ձեռքերուն երկու թաթերը կոտրած ու սեմին վրայ ինկած էին եւ միայն Դագոնին մարմինը մնացեր էր։5. (Այս պատճառով Դագոնին քուրմերը ու Դագոնին տունը բոլոր մտնողները մինչեւ այսօր Ազովտոս եղող Դագոնին սեմին վրայ չեն կոխեր։)6. Անկէ յետոյ Տէրոջը ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ ու զանոնք կորսնցուց։ Զանոնք Ազովտոսին ու անոր սահմաններուն մէջ թանչքի ուռեցքներով զարկաւ։7. Ազովտոսին բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը պէտք չէ մեր քով մնայ. քանզի անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն Դագոնին վրայ ծանրացաւ»։8. Եւ մարդ ղրկեցին ու Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ի՞նչ ընենք»։ Անոնք ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։9. Հոն փոխադրելէ ետքը, Տէրոջը ձեռքը այն քաղաքին վրայ ըլլալով՝ մեծ խռովութիւն եղաւ ու քաղաքին մարդիկը պզտիկէն մինչեւ մեծը զարնուեցան։ Անոնց վրայ թանչքի ուռեցքներ երեւցան։10. Այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն մտաւ, Ակկարոնացիները կանչուըռտելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի բերին, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։11. Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը թող տուէք որ երթայ եւ իր տեղը դառնայ, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ», քանզի բոլոր քաղաքին մէջ մահառիթ սոսկում մը կար ու Աստուծոյ ձեռքը խիստ ծանրացեր էր։12. Չմեռած մարդիկը թանչքի ուռեցքներով զարնուեցան ու քաղաքին աղաղակը երկինք հասաւ։Սաղմոսներ 54:1-71. Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։2. Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,3. Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)4. Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։5. Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։6. Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,7. Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։Առակներ 15:12-1312. Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր Եւ իմաստուններուն քով չերթար։13. Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։Ղուկասը 21:1-191. Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։2. Տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։3. Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց.4. Վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։5. Երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ՝ ‘Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է’,6. Ըսաւ. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։7. Հարցուցին իրեն ու ըսին. «Վա՛րդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ է նշանը՝ երբ այդ բաները պիտի ըլլան»։8. Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի երթաք։9. Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։10. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ.11. Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։12. Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։13. Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։14. Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։15. Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։16. Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանքը պիտի սպաննուին։17. Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք.18. Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։19. Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981