1. Դաւիթ անկէ գնաց ու ողջ առողջ Ոդողոմի քարայրը հասաւ։ Իր եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը լսեցին ու անոր գացին։
2. Բոլոր նեղութեան մէջ եղող, պարտք ունեցող ու սիրտը վիրաւորուած՝ ՝ մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան եւ անիկա անոնց վրայ զօրագլուխ եղաւ ու անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ հաւաքուեցան։
3. Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց ու Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող կենան, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
4. Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ բերել տուաւ եւ անոնք անոր քով բնակեցան որչափ ժամանակ որ Դաւիթ բերդին մէջ էր։
5. Գադ մարգարէն Դաւիթին ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ նստիր, ելի՛ր Յուդայի երկիրը գնա»։ Դաւիթ գնաց Հարեթի անտառը մտաւ։
6. Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ ու անոր հետ եղող մարդիկը գտնուեր են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ Ռամայի ծառին տակ նստեր էր ու նիզակը իր ձեռքն էր եւ իր բոլոր ծառաներն ալ իր բոլորտիքը կեցեր էին։
7. Սաւուղ իր քովի ծառաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որդիներ Բենիամինի, մտիկ ըրէ՛ք. միթէ Յեսսէին որդին ամենուդ ալ արտեր ու այգինե՞ր պիտի տայ. ամէնքդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի ընէ,
8. Որ ամէնքդ ինծի դէմ միաբաներ էք ու Յեսսէին որդիին իմ որդիիս հետ ըրած դաշնակցութիւնը իմ ականջիս ըսող մը չկայ եւ ձեր մէջ մարդ մը չկայ, որ ինծի համար ցաւի ու ինծի յայտնէ թէ իմ որդիս իմ ծառաս ինծի դէմ հանեց, որպէս զի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս դուք այսօր կը տեսնէք »։
9. Սաւուղին ծառաներուն վերակացուն, Եդովմայեցի Դովեկը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յեսսէին որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին Աքիմելէքին։
10. Անիկա Դաւիթին համար Տէրոջը հարցուց ու անոր պաշար տուաւ եւ անոր Փղշտացի Գողիաթին սուրը տուաւ»։
11. Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Աքիտովբի որդին Աքիմելէք քահանան ու անոր հօրը բոլոր տունը, Նոբի մէջ եղող քահանաները, կանչեց ու ամէնքն ալ թագաւորին եկան։
13. Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ու Յեսսէին որդին ինծի դէմ միաբանեցաք ու դուն անոր հաց ու սուր տուիր եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէս զի անիկա ելլէ ինծի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ »։
14. Աքիմելէք պատասխան տուաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթին պէս հաւատարիմ է, որ թագաւորի՝ փեսայ, քու ատեանիդ՝ վերակացու՝ ՝ ու քու տանդ մէջ պատուաւոր է։
15. Միթէ այսօ՞ր սկսայ անոր համար հարցնելու, քա՜ւ լիցի. թագաւորը իր ծառային վրայ ու իմ հօրս բոլոր տանը վրայ այսպիսի բան մը թող չվերագրէ, քանզի քու ծառադ այս բոլոր բաներէն պզտիկ կամ մեծ բան մը չէր գիտեր»։
16. Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Աքիմելէք, անպատճառ պիտի մեռնիք, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու հօրդ բոլոր տունը»։
17. Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք, Տէրոջը քահանաները մեռցուցէ՛ք, քանզի անոնց ձեռքն ալ Դաւիթին հետ է, որովհետեւ անոր փախչիլը գիտնալով՝ ինծի չյայտնեցին»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկնցնել՝ Տէրոջը քահանաները զարնելու։
18. Թագաւորը Դովեկին ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր ու քահանաները զա՛րկ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ եւ քահանաները զարկաւ ու այն օրը անիկա ութսունըհինգ մարդ մեռցուց, որոնք քթանէ եփուտ կը հագնէին։
19. Քահանաներուն Նոբ քաղաքը սուրի բերնէ անցուց. այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, տղայէն մինչեւ կաթնկեր մանուկը ու մինչեւ արջառը, էշն ու ոչխարը սուրի բերնէ անցուց ։
20. Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, ազատեցաւ ու փախաւ Դաւիթին ետեւէն գնաց ։
21. Աբիաթար Դաւիթին պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջը քահանաները մեռցուց։
22. Եւ Դաւիթ Աբիաթարին ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ Եդովմայեցի Դովեկ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղին պիտի պատմէ։ Քու հօրդ տանը բոլոր մարդոց մահուանը ես պատճառ եղայ։
23. Իմ քովս նստէ, մի՛ վախնար. քանզի իմ հոգիս փնտռողը քու հոգիդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն իմ քովս ապահով ես։
1. Դաւիթին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա Փղշտացիները Կէիլայի հետ պատերազմ կ՛ընեն ու կալերը կը կողոպտեն»։
2. Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Երթամ այս Փղշտացիները զարնե՞մ»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ Փղշտացիները զա՛րկ ու Կէիլան ազատէ»։
3. Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա մենք հոս Յուդայի մէջ կը վախնանք. ալ ո՜րչափ աւելի՝ եթէ Կէիլա երթանք Փղշտացիներուն գունդերուն դէմ»։
4. Դաւիթ նորէն Տէրոջը հարցուց։ Տէրը անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, Կէիլա իջի՛ր, քանզի ես Փղշտացիները քու ձեռքդ պիտի տամ»։
5. Եւ Դաւիթ իր մարդոցմով Կէիլա գնաց ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց անասունները առաւ եւ զանոնք մեծ հարուածով մը զարկաւ ու Դաւիթ Կէիլայի բնակիչները ազատեց։
6. Եւ Աքիմելէքին որդին Աբիաթար Դաւիթին քով Կէիլա փախած ատեն եփուտը ձեռքը բռնած իջաւ։
7. Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Կէիլա մտեր է, Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած իմ ձեռքս մատներ է զանիկա, քանզի դռներ ու նիգեր ունեցող քաղաքի մը մէջ մտեր գոցուեր է»։
8. Սաւուղ բոլոր ժողովուրդը պատերազմի կանչեց, որպէս զի Կէիլա իջնէ ու Դաւիթը եւ անոր մարդիկը պաշարէ։
9. Իսկ Դաւիթ իմանալով, որ Սաւուղ իրեն համար գաղտուկ չարութիւն մը կը ծրագրէ, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր»։
10. Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, քու ծառադ ստոյգ լսեց թէ Սաւուղ Կէիլայի վրայ գալ կ’ուզէ, որպէս զի քաղաքը իմ պատճառովս աւերէ.
11. Արդեօք Կէիլայի բնակիչները զիս անոր ձեռքը պիտի մատնե՞ն ու ծառայիդ լսածին պէս Սաւուղ հոս պիտի իջնէ՞. ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, կ’աղաչեմ, ծառայիդ յայտնէ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Պիտի իջնէ»։
12. Դաւիթ ըսաւ. «Կէիլայի բնակիչները զիս ու իմ մարդիկս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի մատնեն»։
13. Ուստի Դաւիթ ու իր մարդիկը, վեց հարիւր մարդու չափ, ելան Կէիլայէն գացին եւ ո՛ւր որ կրնային երթալ՝ գացին։ Երբ Դաւիթին Կէիլայէն ելլելը Սաւուղին իմացուցին, Սաւուղ հոն երթալէն ետ կեցաւ։
14. Դաւիթ անապատին մէջ ամուր տեղեր կը նստէր ու Զիփի անապատին մէջ լերան մը վրայ նստաւ։ Սաւուղ ամէն օր զանիկա կը փնտռէր, բայց Աստուած անոր ձեռքը չմատնեց զանիկա։
15. Դաւիթ տեսնելով որ Սաւուղ իր անձը փնտռելու ելեր է, Զիփի անապատէն անտառի մը մէջ քաշուեցաւ։
16. Սաւուղին որդին Յովնաթան ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց։
17. Եւ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։
18. Ու երկուքը Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրին եւ Դաւիթ անտառին մէջ մնաց, բայց Յովնաթան իր տունը դարձաւ։
19. Զիփացիք Գաբաա ելան Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ մեր քով ամուր տեղերը անտառին մէջ, Եքեղա բլուրին վրայ, Եսիմոնի հարաւային կողմը պահուած է։
20. Հիմա, ո՛վ թագաւոր, եթէ քու անձդ իջնելու կը փափաքի՝ իջի՛ր ու զանիկա թագաւորին ձեռքը մատնելը մեր գործն է»։
22. Ուրեմն գացէ՛ք ու աւելի աղէկ գիտցէ՛ք եւ անոր ոտքին կոխած տեղը դիտեցէ՛ք ու տեսէ՛ք եւ թէ ո՞վ զանիկա հոն տեսեր է. քանզի ինծի ըսած են թէ անիկա շատ խորամանկ է։
23. Ուստի նայեցէ՛ք ու անոր բոլոր պահուելու տեղերը իմացէ՛ք եւ այսպէս ստուգելով ինծի դարձէ՛ք, որպէս զի ձեզի հետ երթամ ու եթէ անիկա այն երկրին մէջ է, զանիկա Յուդայի հազարաւորներուն մէջ աղէկ մը պիտի փնտռեմ»։
24. Անոնք ելան եւ Սաւուղին առջեւէն Զիփ գացին։ Դաւիթ իր մարդոցմով Մաոնի անապատը դաշտին մէջ, Եսիմոնի հարաւային կողմը, նստեր էր ։
25. Սաւուղ իր մարդոցմով զանիկա փնտռելու գնաց։ Երբ Դաւիթին իմացուցին՝ վէմը իջաւ եւ Մաոնի անապատին մէջ նստաւ։
26. Երբ Սաւուղ լերանը այս կողմէն կ’երթար, Դաւիթ ալ իր մարդոցմով լերանը անդիի կողմէն կ’երթար ։ Դաւիթ կը փութար որ Սաւուղին երեսէն փախչի, բայց Սաւուղ ու իր մարդիկը Դաւիթին ու անոր մարդոցը չորս կողմը շրջապատեցին, որպէս զի զանոնք բռնեն։
27. Լրաբեր մը եկաւ ու Սաւուղին ըսաւ. «Շուտով եկո՛ւր, քանզի Փղշտացիները երկիրը կոխեցին»։
28. Ուստի Սաւուղ Դաւիթը հալածելէն դարձաւ գնաց, որպէս զի Փղշտացիներուն դէմ դնէ. անոր համար այն տեղը Սելա-Մահլէգօթ կոչուեցաւ։
29. Անոնք իրիկունը ետ կու գան, Շան պէս կ’ոռնան Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
6. Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն, Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան, Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։
7. Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։ Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։
8. Ո՛վ իմ զօրութիւնս՝ ՝, քեզի պիտի սպասեմ, Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։
9. Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի. Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը ։