1. Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ։
2. Երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ենգադդիի մէջ է»։
3. Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէն երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէս զի Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ։
4. Ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ ու հոն քարայր մը կար։ Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ։ Դաւիթ իր մարդոցմով ներսը նստեր էր։
5. Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ ‘Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’։ Քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Դաւիթ ելաւ եւ Սաւուղին վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց։
6. Բայց յետոյ Դաւիթին սիրտը զղջաց, Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրելուն համար։
7. Իր մարդոցը ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։
8. Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց ու չթողուց որ Սաւուղին վրայ յարձակին։ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց։
9. Անոր ետեւէն Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ ու Սաւուղին ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր»։ Երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ
10. Եւ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքին մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն թէ՝ ‘Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընել կը ջանայ’։
11. Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, թէ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի ու ըսի. ‘Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է’։
12. Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրեցի բայց քեզի չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, թէ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ ու քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ’աշխատիս՝ ՝։
13. Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
14. Ինչպէս հին առակը կ’ըսէ՝ ‘Անօրէններէն անօրէնութիւն կ’ելլէ’, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
15. Իսրայէլի թագաւոր, որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շա՞ն ետեւէն, լուի՞ մը ետեւէն ելար ։
16. Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ եւ իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ եւ տեսնէ՛ ու պաշտպանէ՛ զիս եւ քու ձեռքէդ ազատէ»։
17. Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղին խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ
18. Ու Դաւիթին ըսաւ. «Դուն ինծմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։
19. Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։
20. Վասն զի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ։
21. Հիմա գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։
22. Հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինծմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես»։
1. Սամուէլ մեռաւ ու բոլոր Իսրայէլ հաւաքուեցան ու անոր համար սուգ ըրին ու զանիկա Ռամայի մէջ իր տունը թաղեցին։ Դաւիթ Փառան անապատը իջաւ։
2. Մաոնի մէջ մարդ մը կար, որուն գործը Կարմեղոսի մէջ էր։ Անիկա խիստ մեծ մարդ էր ու երեք հազար ոչխար եւ հազար այծ ունէր ու իր ոչխարները ասրակտուր ընելու համար Կարմեղոսի մէջ կը գտնուէր։
3. Այն մարդուն անունը Նաբաղ էր ու անոր կնոջ անունը Աբիգիա։ Կինը ողջամիտ ու գեղեցկադէմ էր, բայց այրը խստաբարոյ ու չարագործ էր։ Անիկա Քաղեբեան էր։
4. Դաւիթ անապատին մէջ լսեց թէ Նաբաղ իր ոչխարները ասրակտուր կ’ընէ։
5. Դաւիթ տասը մանչ ղրկեց եւ մանչերուն ըսաւ. «Կարմեղոս ելէ՛ք ու Նաբաղին գացէ՛ք եւ իմ անունովս անոր ողջութիւնը հարցուցէ՛ք
6. Ու անոր այսպէս ըսէք. ‘Ո՛ղջ կեցիր. քեզի եւ քու տանդ ու քու բոլոր ստացուածքիդ խաղաղութիւն ըլլայ։
7. Լսեցի թէ ոչխարներդ ասրակտուր կ’ընես. քու հովիւներդ մեզի հետ էին. անոնց վնաս չտուինք որչափ ատեն որ Կարմեղոսի մէջ կեցան, անոնց մէ՛կ բանը չկորսուեցաւ։
8. Քու մանչերուդ հարցուր ու քեզի թող ըսեն, ուստի անոնք թող քու առջեւդ շնորհք գտնեն, քանզի բարի օր եկանք. շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ ու քու որդիիդ Դաւիթին ձեռքէդ եկածը տուր’»։
9. Դաւիթին մանչերը գացին ու այս բոլոր խօսքերուն համեմատ Դաւիթին անունովը Նաբաղին ըսին ու կայնեցան։
10. Նաբաղ Դաւիթին ծառաներուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դաւիթը ո՞վ է ու Յեսսէին որդին ո՞վ է։ Այս օրերս իրենց տէրերուն երեսէն փախչող ծառաները շատցեր են։
11. Ես իմ հացս, ջուրս ու ասրակտուր ընողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ ու այնպիսի՞ մարդոց տամ, որոնց ուրկէ ըլլալը չեմ գիտեր»։
12. Դաւիթին մանչերը իրենց ճամբան դարձան ու գացին այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեցին։
13. Դաւիթ իր մարդոցը ըսաւ. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը կապեց, Դաւիթ ալ իր սուրը մէջքը կապեց ու Դաւիթին ետեւէն չորս հարիւրի չափ մարդ ելաւ, իսկ երկու հարիւր մարդ հոն կարասիներուն մօտ մնացին։
14. Ծառաներէն մէկը Նաբաղին կնոջ Աբիգիային իմացուց ու ըսաւ. «Ահա Դաւիթ անապատէն մարդիկ ղրկեց մեր տէրը օրհնելու համար. իսկ անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ՝ ՝։
15. Բայց այն մարդիկը մեզի հետ շատ աղէկ էին ու մեզի վնաս մը չտուին որչափ ատեն որ դաշտի մէջ անոնց հետ պտըտեցանք, մեզմէ բա՛ն մը չկորսուեցաւ։
16. Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ՛ ցորեկը, որչափ ատեն որ անոնց քով ոչխարները կ’արածէինք։
17. Հիմա մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ընես, քանզի մեր տիրոջը վրայ եւ անոր բոլոր տանը վրայ չարիքը հասած է. որովհետեւ անիկա այնպիսի չար մարդ մըն է, որ անոր հետ մարդ չի կրնար խօսիլ»։
18. Աբիգիա շուտով երկու հարիւր հաց ու երկու տիկ գինի եւ հինգ եփած ոչխար ու հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց թուզ առաւ ու զանոնք էշերու վրայ դրաւ։
19. Եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Առջեւս անցէ՛ք, ահա ես ձեր ետեւէն կու գամ»։ Բայց իր էրկանը՝ Նաբաղին չմացուց։
20. Երբ կինը էշու վրայ հեծած՝ լերանը գոց տեղէն կ’իջնէր, Դաւիթ ու անոր մարդիկը անոր առջեւ կ’իջնէին ու իրարու հանդիպեցան։
21. Դաւիթ ըսեր էր. «Ուրեմն անապատին մէջ այս մարդուն բոլոր ունեցած բաները պարապ տեղը պահեր եմ ու անոր բոլոր ունեցածէն բա՛ն մը չկորսուեցաւ եւ անիկա ինծի աղէկութեան փոխարէն գիշութիւն ըրաւ։
22. Աստուած Դաւիթին թշնամիներուն այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ մինչեւ վաղը առտու անոր մարդոցմէն այր մարդ՝ ՝ մը ողջ թողում»։
23. Աբիգիա Դաւիթը տեսածին պէս շուտով իշուն վրայէն իջաւ եւ Դաւիթին առջեւ երեսի վրայ իյնալով մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ։
24. Անոր ոտքը ինկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ։
25. Կ’աղաչեմ, որ իմ տէրս այս չար մարդուն Նաբաղին համար իր սրտին մէջ բան մը չդնէ, քանզի իր անունին պէս ինք ալ այնպէս է. անոր անունը Նաբաղ է ու անզգամութիւնը իրեն հետ է. բայց ես, քու աղախինդ, իմ տիրոջս ղրկած մանչերը չտեսայ։
26. Հիմա, ո՛վ տէր իմ, Տէրը կենդանի է ու քու հոգիդ ալ կենդանի է, որ Տէրը քեզ չթողուց որ արիւն թափես ու քու վրէժդ քու ձեռքովդ առնես։ Հիմա քու թշնամիներդ ու իմ տիրոջս գիշութիւն ուզողները Նաբաղին պէս ըլլան։
27. Հիմա այս ընծան, որ քու աղախինդ իմ տիրոջս բերաւ, թող իմ տիրոջս ետեւէն եկող մանչերուն տրուի։
28. Կ’աղաչեմ, քու աղախինիդ յանցանքը ներէ. քանզի Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջը պատերազմները պատերազմեցաւ ու քու օրերուդ մէջ քու վրադ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։
29. Բայց՝ թէեւ քեզ հալածելու ու քու հոգիդ փնտռելու համար մարդ մը ոտքի ելած է, իմ տիրոջս հոգին քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ՝ կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած պիտի ըլլայ. բայց Անիկա քու թշնամիներուդ հոգիները պարսատիկի մէջէ ելած քարի պէս պիտի նետէ։
30. Երբ Տէրը բոլոր քեզի համար ըսած աղէկութիւնները իմ տիրոջս ընէ ու քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ,
31. Ասիկա քեզի գայթակղութիւն մը ու իմ տիրոջս սրտին խղճի խայթ մը չըլլայ, որ առանց պատճառի արիւն թափեցիր, կամ թէ իմ տէրս իր վրէժը ինք առաւ ու երբ Տէրը իմ տիրոջս բարութիւն ընէ, քու աղախինդ միտքդ բերես»։
32. Եւ Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ զրկեց զիս դիմաւորելու
33. Ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ
34. Բայց Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ զիս արգիլեց քեզի չարութիւն ընելէ, կենդանի է, եթէ դուն շուտով չգայիր ու առջեւս չելլէիր, մինչեւ վաղը առտու Նաբաղէն մէկ այր մարդ պիտի չմնար»։
35. Դաւիթ անոր բերած ընծա ները ձեռքէն առաւ ու անոր ըսաւ. «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛. ահա խօսքիդ մտիկ ըրի ու քու խնդիրքդ ընդունեցի»։
36. Աբիգիա Նաբաղին գնաց ու ահա անիկա իր տանը մէջ թագաւորական կոչունքի պէս կոչունք կ’ընէր եւ Նաբաղին սիրտը զուարթացեր էր ու անիկա շատ գինովցեր էր. ուստի կինը մինչեւ առտու բնաւ բան մը չպատմեց անոր։
37. Առաւօտուն, երբ Նաբաղ գինիէն զգաստացաւ, այն ատեն անոր կինը այս բաները անոր պատմեց ու անոր սիրտը իր ներսիդին մեռաւ ու քարի պէս եղաւ։
38. Եւ տասը օր յետոյ Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ։
39. Դաւիթ Նաբաղին մեռնիլը լսելով՝ ըսաւ. «Օրհնեալ է Տէրը, որ Նաբաղի ձեռքէն քաշած նախատինքիս վրէժը ինք լուծեց ու իր ծառան չարութենէ ետ պահեց եւ Տէրը Նաբաղին չարութիւնը անոր գլուխը դարձուց»։ Դաւիթ մարդ ղրկեց եւ Աբիգիային խօսեցաւ, որ զանիկա իրեն կին առնէ։
40. Ու Դաւիթին ծառաները Կարմեղոս գացին Աբիգիային ու անոր հետ խօսեցան ու ըսին. «Դաւիթ մեզ քեզի ղրկեց, որպէս զի քեզ իրեն կին առնէ»։
41. Անիկա ելաւ ու երեսի վրայ մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրկութիւն թող ընէ»։
42. Աբիգիա շուտով ոտքի ելաւ ու իրեն սպասաւորութիւն ընող հինգ աղջիկներուն հետ էշը հեծաւ ու Դաւիթին պատգամաւորներուն ետեւէն գնաց եւ անոր կինը եղաւ։
43. Դաւիթ Յեզրայէլէն ալ Աքինոամը առաւ ու ասոնց երկուքն ալ անոր կիները եղան։
44. Բայց Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը, որ Դաւիթին կինն էր, Գաղղիմացի Լայիսի որդիին Փաղտիէլին տուաւ։
1. Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր, Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։ Մեզի դարձիր։
4. Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր, Ճշմարտութեան համար վերցնելու՝ ՝,
5. Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։ Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։
3. Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։
29. Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։
30. Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։
31. Ու ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի»։
32. Եւ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ ըսելով՝ թէ ‘Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր’։
33. Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։
34. Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։
35. Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայներ էր երկու աշակերտներու հետ։
36. Նայելով Յիսուսին կողմը, որ կը պտըտէր, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։
37. Այս լսելով երկու աշակերտները գացին Յիսուսին ետեւէն։
38. Յիսուս երբ դարձաւ ու տեսաւ զանոնք որ իր ետեւէն կու գային, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռա՛բբի, (որ թարգմանուելով վարդապետ ըսել է,) ո՞ւր է քու օթեւանդ»։
39. Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք»։ Գացին ու տեսան, ուր որ էր իր օթեւանը։ Այն օրը անոր քով կեցան. վասն զի ժամը տասնի ատեններն էր։
40. Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս այն երկուքէն մէկն էր, որոնք լսեցին Յովհաննէսէն եւ անոր ետեւէն գացին։
41. Անիկա նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. «Գտանք Մեսիան», (որ Քրիստոս կը թարգմանուի.)
42. Ու տարաւ զանիկա Յիսուսին քով։ Յիսուս անոր նայելով՝ ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս, որ Պետրոս կը թարգմանուի»։
43. Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։
44. Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին ու Պետրոսին քաղաքէն։
45. Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։
46. Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։
47. Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցընէ Իսրայէլացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։
48. Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։
49. Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։
50. Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։
51. Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981