Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 121 Սամուել 26:1-251. Զիփացիները Գաբաա գացին Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրին վրայ պահուեր է»։2. Ու Սաւուղ ելաւ Զիփի անապատը գնաց, Իսրայէլացի երեք հազար ընտրուած մարդոցմով, որպէս զի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ։3. Սաւուղ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրը՝ ճամբուն վրայ բանակեցաւ։ Դաւիթ ալ անապատին մէջ նստեր էր։ Երբ տեսաւ թէ Սաւուղ իր ետեւէն անապատը կու գայ,4. Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց ու Սաւուղին գալը ստոյգ իմացաւ։5. Դաւիթ գաղտուկ ելաւ եւ Սաւուղին բանակ դրած տեղը գնաց։ Դաւիթ Սաւուղին ու անոր զօրավարին, Ներեան Աբեններին պառկած տեղը տեսաւ։ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր էր ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը բանակեր էին։6. Դաւիթ Քետացի Աքիմելէքին ու Յովաբին եղբօրը Շահուրեան Աբեսսային ըսաւ. «Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղին քով բանակը կ’իջնէ»։ Աբեսսա ըսաւ. «Ես քեզի հետ կ’իջնեմ»։7. Դաւիթ Աբեսսային հետ գիշերով ժողովուրդին մէջ մտաւ եւ ահա Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր կը քնանար։ Անոր նիզակը գլխուն քով գետինը ցցուած էր։ Աբեններ եւ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը պառկեր էին։8. Աբեսսա Դաւիթին ըսաւ. «Աստուած այսօր քու թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց ու հիմա թող տուր, որ նիզակով մէկ անգամէն գետինը ցցեմ զանիկա ու չկրկնեմ հարուածը »։9. Բայց Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Զանիկա մի՛ մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ»։10. Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու զանիկա Տէրը պիտի զարնէ կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։11. Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ, միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը ու ջուրին կուժը ա՛ռ ու երթանք»։12. Եւ Դաւիթ Սաւուղին գլխուն քովէն նիզակն ու ջուրին կուժը առաւ ու գացին եւ տեսնող, իմացող կամ արթնցող չեղաւ. որովհետեւ ամէնքը կը քնանային, քանզի Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ քուն մը ինկեր էր։13. Դաւիթ անդիի կողմը անցաւ ու լերանը գլխուն վրայ հեռուն կայնեցաւ ու անոնց մէջտեղ մեծ միջոց մը կար։14. Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբեններին կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, պատասխան չե՞ս տար»։ Աբեններ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես որ թագաւորը կը կանչես»։15. Դաւիթ Աբեններին ըսաւ. «Դուն այր մարդ չե՞ս ու Իսրայէլի մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Ինչո՞ւ համար քու տիրոջդ, թագաւորին պահպանութիւն չես ըներ. քանզի ժողովուրդէն մէկը քու տէրդ՝ թագաւորը՝ մեռցնելու եկաւ։16. Այդ քու ըրածդ աղէկ չէ. կենդանի է Տէրը, որ դուք մեռնելու արժանի էք, քանզի Տէրոջը օծեալին, ձեր տիրոջը, պահպանութիւն չէք ըներ։ Հիմա նայէ, թագաւորին նիզակն ու անոր գլխուն քովի ջուրին կուժը ո՞ւր են»։17. Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթին ձայնը ճանչցաւ ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, իմ ձայնս է»18. Ու աւելցուց. «Իմ տէրս ինչո՞ւ համար այդպէս իր ծառային ետեւէն ինկեր է։ Ի՞նչ ըրի ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ։19. Եւ հիմա իմ տէրս՝ թագաւորը՝ իր ծառային խօսքերը թող լսէ։ Եթէ Տէրը քեզ իմ վրաս ոտքի հանեց, թող զոհ մը ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները ոտքի հանեցին, անոնք Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլան, քանզի այսօր վռնտեցին, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութեանը չտիրանամ ու ինծի ըսին՝ ‘Գնա օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրէ՛’։20. Եւ հիմա Տէրոջը առջեւ իմ արիւնս գետինը չիյնայ. քանզի Իսրայէլի թագաւորը լու մը փնտռելու ելաւ, ինչպէս մարդ մը լեռներու վրայ կաքաւի մը ետեւէն կ’իյնայ»։21. Ու Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. դարձի՛ր, որդեա՛կ իմ Դաւիթ. իմ հոգիս այսօր քու աչքերուդ պատուական երեւնալուն համար՝ քեզի անգամ մըն ալ չարութիւն պիտի չընեմ. ահա յիմարութիւն ըրի ու մեծապէս սխալեցայ»։22. Դաւիթ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա թագաւորին նիզակը. մանչերէն մէկը թող գայ ու զանիկա առնէ։23. Տէրը ամէն մարդու իր արդարութեանն ու հաւատարմութեանը փոխարէնը թող հատուցանէ. որովհետեւ Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս տուաւ, բայց ես Տէրոջը օծեալին վրայ ձեռքս երկնցնել չուզեցի։24. Ահա ինչպէս քու հոգիդ այսօր իմ աչքերուս պատուական երեւցաւ, իմ հոգիս ալ Տէրոջը առջեւ այնպէս պատուական թող երեւնայ ու զիս ամէն նեղութենէ ազատէ»։25. Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, օրհնեալ ըլլաս. քու գործերուդ մէջ յաջողութիւն պիտի գտնես, նաեւ յաղթող պիտի ըլլաս»։ Դաւիթ իր ճամբան գնաց ու Սաւուղ իր տեղը դարձաւ։1 Սամուել 27:1-121. Դաւիթ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Վերջապէս օր մը Սաւուղին ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի համար Փղշտացիներուն երկիրը փախչելէն աղէկը չկայ, որպէս զի Սաւուղ ինծմէ յոյսը կտրէ ու զիս անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չփնտռէ ու անոր ձեռքէն ազատիմ։2. Դաւիթ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդով ելաւ ու Գէթի թագաւորին Մաովքին որդիին Անքուսին քով գնաց։3. Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը, իւրաքանչիւր մարդ իր տնովը, Դաւիթ ալ իր երկու կիներովը, Յեզրայելացի Աքինոամին հետ ու Կարմելացի Նաբաղին կնոջ Աբիգիային հետ Անքուսին քով Գէթի մէջ բնակեցան։4. Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, անգամ մըն ալ զանիկա չփնտռեց։5. Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, գիւղաքաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ տուր, որպէս զի հոն նստիմ. քանզի քու ծառադ ինչո՞ւ համար քեզի հետ թագաւորանիստ քաղաքին մէջ նստի»։6. Այն օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր։ Այս պատճառով Սիկելակ մինչեւ այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ։7. Ու Փղշտացիներու երկրին մէջ Դաւիթին նստած օրերուն թիւը մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ։8. Դաւիթ ու անոր մարդիկը ելան եւ Գեսուրացիներուն, Գազերացիներուն ու Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակեցան, քանզի անոնք երկար ատենէ ի վեր այն երկրին մէջ կը բնակէին, Սուրէն մինչեւ Եգիպտոսի երկիրը։9. Դաւիթ այն երկիրը զարկաւ ու ամենեւին այր մարդ մը կամ կին մարդ մը ողջ չթողուց եւ ոչխարներն ու արջառներն ու էշերը եւ ուղտերն ու հանդերձները առաւ եւ դարձաւ Անքուսին եկաւ։10. Անքուս ըսաւ. «Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք»։ Դաւիթ ըսաւ. «Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացիներուն հարաւային կողմը ու Կենեցիներուն հարաւային կողմը»։11. Դաւիթ մէկ այր կամ կին մարդ ողջ չթողուց, որ Գէթ լուր բերէ. քանզի ըսաւ. «Չըլլայ թէ մեզի համար պատմեն ու ըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ»։ Ու անոր սովորութիւնը այսպէս էր, քանի որ Փղշտացիներու երկրին մէջ կը նստէր՝ ՝։12. Անքուս Դաւիթին հաւատալով՝ ըսաւ. « Այս մարդը ՝ իր ժողովուրդին, Իսրայէլին քով ինքզինք խիստ ատելի ընելուն համար, ինծի յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ»։Սաղմոսներ 60:6-126. Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ, ուստի Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։7. Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն, Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է. Յուդան իմ օրէնսդիրս է։8. Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է. Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։ Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։9. Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։10. Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։11. Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր. Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։12. Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք. Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։Առակներ 16:4-54. Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։5. Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան։Ջոն 2:1-251. Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը եւ Յիսուսին մայրը հոն էր։2. Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ։3. Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսին մայրը ըսաւ անոր. «Գինի չունին»։4. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։5. Իր մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։6. Հոն վեց հատ քարէ կարասներ դրուած էին Հրէից մաքրուելու սովորութեանը համեմատ, որոնց ամէն մէկը երկու կամ երեք մար բան կ’առնէր։7. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Անոնք լեցուցին զանոնք մինչեւ բերանը։8. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։ Անոնք ալ տարին։9. Սեղանապետը երբ գինի դարձած ջուրին համը առաւ, ինք չէր գիտեր ուրկէ ըլլալը, (բայց սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցեր էին, գիտէին,)10. Ըսաւ փեսային. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։11. Յիսուս հրաշքներուն սկիզբը այս ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաք ին մէջ եւ իր փառքը յայտնեց ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն։12. Յետոյ Յիսուս Կափառնայում իջաւ, ինք եւ իր մայրը ու իր եղբայրները եւ իր աշակերտները, բայց շատ օրեր հոն չկեցան։13. Հրէից զատիկը մօտ էր, ուստի Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։14. Տաճարին մէջ գտաւ արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ՝ որոնք նստեր էին։15. Չուանէ խարազան մը շինելով՝ ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց։16. Աղաւնի ծախողներուն ըսաւ. «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»։17. Իր աշակերտները մտքերնին բերին որ գրուած է. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։18. Այն ատեն Հրեաները եկան ու ըսին անոր. «Ի՞նչ նշան կը ցուցնես մեզի՝ որ այդ բաները ընելու իրաւունք ունիս»։19. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնէմ»։20. Հրեաները ըսին. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։21. Բայց ինք իր մարմնին տաճարին համար կ’ըսէր։22. Ուստի երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, իր աշակերտները մտքերնին բերին այս ըսածը ու հաւատացին գրքին եւ Յիսուսին ըսած խօսքին։23. Երբ զատկի տօնին Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ անոր ըրած հրաշքները տեսնելով՝ հաւատացին անոր անուանը։24. Բայց ինք՝ Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, վասն զի ինք կը ճանչնար ամէն մարդ։25. Պէտք չկար որ ոեւէ մէկը ուրիշ մարդու համար վկայութիւն տար իրեն, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981