1. Փղշտացիները իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ հաւաքեցին, իսկ Իսրայելացիները Յեզրայէլի մէջ եղող աղբիւրին քով բանակեցան։
2. Եւ Փղշտացիներուն նախարարները իրենց հարիւրաւորներովը ու հազարաւորներովը կ’անցնէին։ Դաւիթ ու իր մարդիկն ալ անոնց ետեւէն ու Անքուսի հետ կ’անցնէին։
3. Փղշտացիներուն իշխանները ըսին. «Այս Եբրայեցիները ի՞նչ պիտի ըլլան»։ Անքուս Փղշտացիներուն իշխաններուն ըսաւ. «Ասիկա Իսրայէլի թագաւորին Սաւուղին ծառան Դաւիթը չէ՞ որ այսչափ օրերէ՝ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է ու ինծի եկած օրէն մինչեւ այսօր անոր վրայ ամենեւին յանցանք մը չգտայ»։
4. Փղշտացիներուն իշխանները անոր սրդողեցան ու ըսին. «Այդ մարդը ետ ղրկէ, որ երթայ իր տեղը, ուր զանիկա դրիր, որ մեզի հետ չպատերազմի եւ չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեզի թշնամութիւն ընէ. քանզի անիկա ինչո՞վ պիտի հաշտուի իր տիրոջը հետ, չէ՞ որ այս մարդոց գլուխներովը։
5. Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որուն համար կիները պար բռնելով կ’ըսէին. ‘Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները’»։
6. Անքուս Դաւիթը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ դուն շիտակ մարդ մըն ես եւ ինծի հետ բանակին մէջ մտնելդ ու ելլելդ իմ աչքիս աղէկ կ’երեւնայ. քանզի ինծի եկած օրէդ մինչեւ այսօր քու վրադ չարութիւն մը չգտայ, բայց դուն նախարարներուն աչքին աղէկ չես երեւնար,
7. Ուստի հիմա դարձիր եւ խաղաղութեամբ գնա՛ ու Փղշտացիներուն նախարարներուն աչքին գէշ երեւցածը մի՛ ըներ»։
8. Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Բայց ես ի՞նչ ըրի ու առաջին օրէն մինչեւ այսօր ծառայիդ վրայ ի՞նչ սխալ գտար, որ ես չերթամ ու իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ թշնամիներուն հետ պատերազմ չընեմ»։
9. Անքուս պատասխան տուաւ ու Դաւիթին ըսաւ. «Գիտեմ որ դուն իմ աչքերուս Աստուծոյ հրեշտակին պէս աղէկ կ’երեւնաս, բայց Փղշտացիներուն իշխանները ըսին թէ ‘Անիկա մեզի հետ թող չպատերազմի’,
10. Ուստի առտուն կանուխ ելիր քու տիրոջդ ծառաներուն հետ ու լուսցածին պէս գացէ՛ք»։
11. Դաւիթ ու իր մարդիկը առտուն կանուխ ելան, որպէս զի երթան ու Փղշտացիներուն երկիրը դառնան. իսկ Փղշտացիները Յեզրայէլ ելան։
1. Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ մտան, ահա Ամաղեկացիները հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր ու զայն այրեր էին.
2. Հոն եղած կիները գերի առեր էին եւ բոլորը, որ հոն կը գտնուէին, պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ մարդ մը չէին մեռցուցեր, հապա զանոնք իրենց հետ տանելով ճամբանին գացեր էին։
3. Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա անիկա կրակով այրուած էր ու իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները գերի առնուած էին։
4. Ուստի Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու այնքան լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց։
5. Դաւիթին երկու կիները, Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան ալ գերի առնուած էին։
6. Դաւիթ մեծ տագնապի մէջ էր, քանզի ժողովուրդը զանիկա քարկոծել կ’ուզէր, որովհետեւ բոլոր ժողովուրդին սիրտը կը կսկծար իրենց տղոցը ու աղջիկներուն համար. բայց Դաւիթ իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ։
8. Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Այս գունդը հալածե՞մ, անոնց կը հասնի՞մ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Հալածէ՛, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու բոլորը պիտի ազատես»։
9. Դաւիթ ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը գացին ու մինչեւ Բոսոր հեղեղատը հասան ու ետ մնացողները հոն կեցան։
10. Եւ Դաւիթ չորս հարիւր մարդով թշնամին հալածեց. (սակայն երկու հարիւր մարդիկը շատ յոգնած ըլլալնուն համար՝ Բոսոր հեղեղատին անդիի կողմը մնացին ու չկրցան անցնիլ։)
11. Դաշտին մէջ Եգիպտացի մը գտան եւ զանիկա Դաւիթին բերին։ Անոր հաց տուին ու կերաւ, անոր ջուր խմցուցին
12. Եւ անոր քիչ մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին, որ կերաւ ու ոգին վրան եկաւ. քանզի երեք օր ու երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած։
13. Դաւիթ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւն մարդն ես եւ ուրկէ՞ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես Եգիպտացի պատանի մըն եմ ու Ամաղեկացի մարդու մը ծառան։ Երեք օր է, որ հիւանդ ըլլալուս համար իմ տէրս զիս հոս թողուց։
14. Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք ու Սիկելակը կրակով այրեցինք»։
15. Դաւիթ անոր ըսաւ. «Զիս այն գունդին կրնա՞ս հասցնել»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն ինծի Աստուծմով երդում ըրէ, որ զիս պիտի չմեռցնես ու զիս իմ տիրոջս ձեռքը պիտի չտաս, ես ալ քեզ այն գունդին կը հասցնեմ»։
16. Երբ զանիկա հոն տարաւ, ահա անոնք բոլոր գետնին վրայ ցրուած էին, կ’ուտէին ու կը խմէին եւ Փղշտացիներու երկրէն ու Յուդայի երկրէն առած այն բոլոր մեծ աւարին համար ուրախութիւն կ’ընէին։
17. Դաւիթ արշալոյսէն մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը՝ ՝ զանոնք զարկաւ ու անոնցմէ մարդ չազատեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան։
18. Դաւիթ Ամաղեկացիներուն առած բոլոր բաները ազատեց։ Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատեց։
19. Ոեւէ մէկ բան պակաս չէր՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը, թէ՛ տղայ, թէ՛ աղջիկ եւ թէ՛ աւար, ինչ որ անոնք առեր տարեր էին, Դաւիթ ամէնքն ալ ետ բերաւ։
20. Դաւիթ բոլոր ոչխարներն ու արջառները առաւ եւ զանոնք իրենց հօտերուն առջեւէն կը տանէին ու կ’ըսէին. «Դաւիթին աւարը ասիկա է»։
21. Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոցը քով եկաւ, որոնք շատ յոգնած ըլլալնուն համար չէին կրցեր Դաւիթին ետեւէն երթալ ու զանոնք Բոսոր հեղեղատը նստեցուցեր էր։ Անոնք ելան Դաւիթն ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու։ Դաւիթ երբ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց առողջութիւնը հարցուց։
22. Դաւիթին հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար ու անզգամ մարդիկը ըսին. «Քանի որ ասոնք մեզի հետ չեկան՝ մենք ալ անոնց մեր ազատած աւարէն չենք տար։ Ամէն մարդ միայն իր կինն ու տղաքները թող առնէ ու երթայ»։
23. Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ. «Այդպէս մի՛ ընէք, եղբայրնե՛ր։ Տէրը մեզի տուաւ ասիկա եւ ինք մեզ պահեց ու մեր վրայ եկող գունդը մեր ձեռքը մատնեց։
24. Այս բանին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ կ’ընէ. քանզի կարասիներուն քով նստողներուն բաժինը պատերազմի գացողներուն բաժինին հետ հաւասար պէտք է ըլլայ, հաւասարապէս պէտք է բաժնեն»։
25. Այն օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ կանոն ու օրէնք եղաւ ու կը կենայ մինչեւ այսօր։
26. Դաւիթ Սիկելակ եկաւ ու այն աւարէն Յուդային ծերերուն՝ իր բարեկամներուն ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա ձեզի Տէրոջը թշնամիներուն աւարէն ընծայ կը ղրկեմ ։
27. Այսինքն Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն,
28. Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն,
29. Րաքայի մէջ եղողներուն, Յերամելացիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն,
30. Հօրմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանի մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն,
31. Քեբրոնի մէջ եղողներուն եւ այն բոլոր տեղերուն, ուր Դաւիթ իր մարդոցմով պտըտեր էր»։
1. Փղշտացիները Իսրայէլին հետ պատերազմ կ’ընէին։ Իսրայէլացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։
2. Ու Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն ետեւէն հասան ու Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբինադաբն ու Մեղքիսաւէն՝ զարկին։
3. Պատերազմը Սաւուղին վրայ երթալով սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան ու աղեղնաւորներէն սաստիկ վիրաւորուեցաւ։
4. Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ՛ ու անով զիս խոցէ. չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս խոցեն եւ զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։
5. Անոր կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու անոր հետ մեռաւ։
6. Սաւուղ ու անոր երեք որդիներն ու կապարճակիրը եւ անոր բոլոր մարդիկը նոյն օրը մէկտեղ մեռան։
7. Հովիտին անդիի կողմը եւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Իսրայէլի մարդիկը Իսրայելացիներու փախչիլը ու Սաւուղին եւ անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։
8. Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան, որ մեռելները մերկացնեն ու Սաւուղը եւ անոր երեք որդիները Գեղբուէ լերան վրայ ինկած գտան։
9. Այն ատեն անոր գլուխը կտրեցին ու անոր վրայի զէնքերը հանեցին եւ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կռատուներուն ու ժողովուրդին՝ այս բաներուն աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին,
10. Անոր զէնքերը Աստարովթի տունը դրին ու անոր մարմինը Բեթսանի պարիսպէն կախեցին։
11. Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած էին,
12. Բոլոր կտրիճ մարդիկը ոտքի ելան ու բոլոր գիշերը գացին ու Բեթսանի պարիսպէն Սաւուղին մարմինը ու անոր որդիներուն մարմինները առին եւ Յաբիս դարձան ու հոն զանոնք այրեցին։
13. Անոնց ոսկորները առին ու Յաբիսի մէջ ծառին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։
7. Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։ Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8. Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։
7. Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։
8. Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։
9. Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։
19. Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։
20. Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։
21. Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։
22. Այս բաներէն ետքը Յիսուս եւ իր աշակերտները Հրէաստանի երկիրը եկան։ Ինք կը կենար անոնց հետ մէկտեղ ու մկրտութիւն կ’ընէր։
23. Յովհաննէս ալ Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ’ընէր, որովհետեւ հոն շատ ջուր կար ու կու գային եւ կը մկրտուէին.
24. Վասն զի Յովհաննէս դեռ բանտը դրուած չէր։
25. Այն ատեն վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսին աշակերտներուն եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով։
26. Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ անոր ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր, ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։
27. Պատասխան տուաւ Յովհաննէս եւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար բան մը առնել, եթէ երկնքէն տրուած չըլլայ անոր։
28. Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։
29. Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։
30. Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։
31. Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է. ան որ երկրէն է՝ երկրաւոր է ու երկրէն կը խօսի. ան որ երկնքէն կու գայ՝ ամենէն վեր է։
32. Եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց, զայն կը վկայէ ու անոր վկայութիւնը մէ՛կը չընդունիր։
33. Ան որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, կ’ապացուցանէ թէ Աստուած ճշմարիտ է։
34. Վասն զի ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի, վասն զի Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին։
35. Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։
36. Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981