Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 152 Սամուել 1:1-271. Սաւուղին մեռնելէն ետքը, երբ Դաւիթ Ամաղեկացիները զարնելէն դարձեր էր ու երկու օր Սիկելակի մէջ նստեր էր,2. Երրորդ օրը բանակէն՝ Սաւուղին քովէն՝ մէկը եկաւ, որուն հանդերձները պատռուած էին ու գլխուն վրայ հող կար։ Անիկա Դաւիթին քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։3. Դաւիթ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Իսրայէլի բանակէն փախայ»։4. Դաւիթ ըսաւ անոր. «Բանը ի՞նչպէս եղաւ, պատմէ՛ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ ու ժողովուրդէն շատ մարդիկ ինկան մեռան»։5. Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին մեռնիլը ուրկէ՞ գիտես»։6. Անոր լուր բերող պատանին ըսաւ. «Դիպուածով Գեղբուէ լերան վրայ գտնուեցայ եւ ահա Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթներ էր ու կառքերը եւ ձիաւորները անոր կը մօտենային։7. Այն ատեն ետեւը դառնալով զիս տեսաւ ու զիս կանչեց։ Ես ալ ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։8. Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Դուն ո՞վ ես’։ Ես ալ անոր ըսի թէ՝ Ամաղեկացի եմ։9. Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, իմ վրաս ելիր ու զսի մեռցուր. քանզի վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին հոգիս վրաս է’։10. Այն ատեն անոր վրայ ելայ ու զանիկա մեռցուցի. քանզի ես հասկցայ թէ անիկա իյնալէն ետքը պիտի չապրի։ Անոր գլխուն թագը եւ անոր թեւին ապարանջանը առի ու զանոնք հոս իմ տիրոջս բերի»։11. Այն ատեն Դաւիթ իր հանդերձները պատռեց, նոյնպէս ալ անոր հետ եղող բոլոր մարդիկը։12. Անոնք Սաւուղին համար ու անոր որդիին Յովնաթանին համար եւ Տէրոջը ժողովուրդին համար ու Իսրայէլի տանը համար սուգ բռնեցին ու լացին ու մինչեւ իրիկուն ծոմ բռնեցին, քանի որ սրով ինկած էին։13. Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Դուն ո՞ր տեղացի ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես պանդուխտ Ամաղեկացիի մը զաւակ եմ»։14. Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկնցնելու եւ Տէրոջը օծեալը մեռցնելու»։15. Դաւիթ մանչերէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. «Մօտեցի՛ր, ասիկա մեռցո՛ւր»։ Զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։16. Ու Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու արիւնդ քու գլուխդ ըլլայ, քանզի քու բերանդ քեզի համար վկայութիւն տուաւ՝ ըսելով. ‘Տէրոջը օծեալը ես մեռցուցի’»։17. Դաւիթ Սաւուղին ու Յովնաթանին վրայ այս ողբը ըսաւ18. Ու պատուիրեց որ Աղեղը Յուդային որդիներուն սորվեցնեն։ Անիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած է.19. «Ո՛վ Իսրայէլի փառքը, Քու բարձր տեղերուդ վրայ վրաւորուած ինկար ։ Զօրաւորները ի՛նչպէս ինկան։20. Գէթի մէջ մի՛ պատմէք, Ասկաղոնի ճամբաներուն մէջ աւետիս մի՛ տաք. Չըլլայ թէ Փղշտացիներուն աղջիկները ուրախանան, Չըլլայ թէ անթլփատներուն աղջիկները ցնծութիւն ընեն։21. Ո՛վ Գեղբուէի լեռներ, Ձեր վրայ ո՛չ ցօղ գայ եւ ո՛չ անձրեւ Ու երախայրի ընծաներու անդաստաններ չգտնուին. Քանզի զօրաւորներուն վահանը հոն ձգուեցաւ, Սաւուղին վահանը կարծես թէ իւղով չէր օծուած։22. Վիրաւորուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝ Յովնաթանին աղեղը ետ չքաշուեցաւ Ու Սաւուղին սուրը պարապ չդարձաւ։23. Սաւուղ ու Յովնաթան Իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով, Իրենց մահուան ժամանակ ալ իրարմէ չզատուեցան։ Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ Ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։24. Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար, Որ ձեզի վայելուչ կարմիրներ կը հագցնէր Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր։25. Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան։ Ո՛վ Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ մեռցուեցար։26. Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, Ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. Դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, Կանանց սէրէն աւելի էր։27. Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան Ու պատերազմի զէնքերը կորսուեցան։2 Սամուել 2:1-321. Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Յուդայի քաղաքներէն մէկը ելլե՞մ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՞ւր ելլեմ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեբրոն»։2. Եւ Դաւիթ իր երկու կիները, այսինքն Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան, իրեն հետ առնելով հոն ելաւ։3. Դաւիթ՝ իրեն հետ եղող մարդիկն ալ՝ ամէն մէկը իր ընտանիքովը, Քեբրոնի քաղաքներուն մէջ բնակեցան։4. Յուդայի մարդիկը եկան ու հոն Դաւիթը Յուդային տանը վրայ թագաւոր օծեցին։ Եւ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ ‘Գաղաադի Յաբիսին բնակիչները Սաւուղը թաղեցին’։5. Դաւիթ Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնց ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ձեր տիրոջը Սաւուղին այս ողորմութիւնն ըրիք ու զանիկա թաղեցիք։6. Տէրը թող ձեզի ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն ընէ՝ այս բանը ընելնուդ համար։ Ես ալ ձեզի այս աղէկութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ։7. Հիմա ձեր ձեռքը թող ուժովնայ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք. քանզի ձեր տէրը՝ Սաւուղ մեռաւ եւ Յուդայի տունը զիս իրենց վրայ թագաւոր օծեցին»։8. Սաւուղին զօրավարը՝ Ներեան Աբեններ՝ Սաւուղին որդին Յեբուսթէն առաւ ու զանիկա Մանայիմ տարաւ9. Եւ զանիկա Գաղաադի վրայ, Ասուրիի վրայ, Յեզրայէլի վրայ, Եփրեմի վրայ, Բենիամինի վրայ ու բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրաւ։10. Երբ Սաւուղին որդին Յեբուսթէ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, քառասուն տարեկան էր։ Երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Միայն Յուդայի տունը Դաւիթին հպատակ եղաւ։11. Յուդային տանը վրայ Քեբրոնի մէջ Դաւիթին թագաւորութիւն ըրած ժամանակը եօթը տարի ու վեց ամիս էր։12. Ներեան Աբեններ եւ Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին ծառաները Մանայիմէն Գաբաւոն ելան։13. Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ու Դաւիթին ծառաները Քեբրոնէն ելան ու Գաբաւոնին աւազանին քով անոնց հանդիպեցան։ Ասոնք՝ աւազանին մէկ կողմը ու անոնք աւազանին միւս կողմը նստան։14. Աբեններ Յովաբին ըսաւ. «Թող կտրիճները ելլե՛ն ու մեր առջեւ խաղան»։ Յովաբ ըսաւ. «Թող ելլեն»։15. Ուստի անոնք նոյն թիւով ելան։ Բենիամինէն ու Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին կողմէն տասներկու մարդ եւ Դաւիթի ծառաներէն՝ տասներկու մարդ։16. Ամէն մէկը իր ընկերին գլխէն բռնեց եւ իր սուրը իր ընկերին կողը խոթեց ու մէկտեղ ինկան։ Այն տեղին անունը Քեղկաթ-Ասուրիմ կոչուեցաւ, որ Գաբաւոնի մէջ է։17. Այն օրը խիստ սաստիկ պատերազմ եղաւ ու Աբեններ Իսրայէլի մարդոց հետ Դաւիթին ծառաներէն յաղթուեցաւ։18. Շարուհեային երեք որդիները՝ Յովաբ, Աբեսսա ու Ասայէլ՝ հոն էին ու Ասայէլ դաշտի այծեամի պէս ոտքով թեթեւ էր։19. Ասայէլ Աբենների ետեւէն ինկաւ ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։20. Աբեններ ետեւը դարձաւ ու ըսաւ. «Ասայէ՛լ, դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։21. Աբեններ անոր ըսաւ. «Քու աջ կամ ձախ կողմդ խոտորէ ու կտրիճներէն մէկը բռնէ ու անոր զէնքերը քեզի առ»։ Բայց Ասայէլ անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։22. Աբեններ նորէն մէյ մըն ալ Ասայէլին ըսաւ. «Ետեւէս դարձի՛ր. քեզ ինչո՞ւ համար գետինը զարնեմ. այն ատեն ի՞նչպէս երեսս վերցնեմ քու եղբօրդ Յովաբին նայիմ »։23. Բայց անիկա անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ Աբեններ նիզակին ետեւի ծայրովը սնակուշտէն զարկաւ ու նիզակը անոր կռնակէն ելաւ եւ հոն ինկաւ ու նոյն տեղը մեռաւ։ Ով որ Ասայէլին ինկած ու մեռած տեղը կու գար՝ կանգ կ’առնէր։24. Յովաբ ու Աբեսսա Աբեններին ետեւէն ինկած կը հալածէին զանիկա ։ Երբ անոնք Գիայի դէմը՝ Գաբաւոնի անապատին ճամբան եղող Ամմայի բլուրը եկան, արեւը մարը մտաւ։25. Բենիամինին որդիները Աբեններին ետեւէն հաւաքուեցան եւ գունդ մը եղան ու բլուրի մը գլուխը կայնեցան։26. Աբեններ Յովաբին պոռալով՝ ըսաւ. «Միթէ սուրը անդադար պիտի ուտէ՞։ Չե՞ս գիտեր թէ ասոր վերջը դառն կ’ըլլայ։ Մինչեւ ե՞րբ ժողովուրդին պիտի չհրամայես որ իրենց եղբայրները հալածելէն ետ դառնան»։27. Յովաբ ըսաւ. «Կենդանի է Աստուած, եթէ դուն խօսած չըլլայիր ալ՝ ժողովուրդը առտուն իր եղբայրները հալածելէն ետ պիտի դառնար»։28. Այն ատեն Յովաբ փող հնչեցուց ու բոլոր ժողովուրդը կանգ առաւ ու ա՛լ Իսրայէլին ետեւէն չինկան ու պատերազմ չըրին։29. Աբեններ ու իր մարդիկը բոլոր գիշերը դաշտին մէջէն երթալով՝ Յորդանանէն անցան ու բոլոր Բեթրոնը պտըտելով՝ Մանայիմ հասան։30. Յովաբ Աբեններէն դարձաւ ու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց, բայց Դաւիթին ծառաներէն տասնըինը մարդ ու Ասայէլ կը պակսէին։31. Դաւիթին ծառաները Բենիամինէն ու Աբենների մարդոցմէն երեք հարիւր վաթսուն մարդ զարկին, որոնք մեռան։32. Ասայէլը վերցուցին ու զանիկա Բեթլէհէմի մէջ իր հօրը գերեզմանը թաղեցին։ Յովաբ եւ անոր մարդիկը բոլոր գիշերը քալեցին ու արշալոյսին Քեբրոն հասան։Սաղմոսներ 62:1-41. Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։ Անկէ է իմ փրկութիւնս.2. Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս. Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։3. Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք. Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա, Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։4. Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն, Ստութիւն կը սիրեն. Իրենց բերնովը կ’օրհնեն. Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։)Առակներ 16:10-1210. Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայ Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։11. Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են, Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։12. Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է, Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։Ջոն 4:1-301. Արդ երբ Տէրը իմացաւ որ փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէն աւելի աշակերտներ կ’առնէ եւ կը մկրտէ,2. (թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները,)3. Թողուց Հրէաստանը ու նորէն Գալիլիա գնաց։4. Ու պէտք եղաւ որ Սամարիայի մէջէն անցնի։5. Ուստի եկաւ Սամարացիներուն քաղաքը, որուն անունը Սուքար էր, այն տեղին մօտ՝ որ Յակոբ իր որդիին Յովսէփին տուաւ։6. Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։7. Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու».8. (Քանզի իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին, որպէս զի ուտելիք առնեն։)9. Այն ատեն Սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինծմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը՝ վասն զի Հրեաները Սամարացիներուն հետ չեն հաղորդակցիր»։10. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։11. Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։12. Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։13. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։14. Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։15. Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու»։16. Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։17. Կինը պատասխան տալով ըսաւ. «Ես այր չունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ,18. Վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր»։19. Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես։20. Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘ Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։21. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։22. Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։23. Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։24. Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։25. Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը,) երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։26. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։27. Այս խօսքին վրայ իր աշակերտները եկան ու զարմացան որ այն կնոջ հետ կը խօսէր, բայց անոնցմէ մէ՛կը չըսաւ թէ «Ի՞նչ կ’ուզես, կամ ի՞նչ կը խօսիս ատոր հետ»։28. Այն ատեն կինը ձգեց իր սափորը ու քաղաքը գնաց եւ ըսաւ քաղաքացիներուն.29. «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։30. Անոնք քաղաքէն ելան ու անոր եկան»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981