Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մայիս 16

1. Սաւուղին տանը ու Դաւիթին տանը մէջտեղ երկայն պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ երթալով կը զօրանար, բայց Սաւուղին տունը երթալով կը տկարանար։
2. Քեբրոնի մէջ Դաւիթին որդիներ ծնան ու անոր անդրանիկը Յեզրայելացի Աքինոամէն ծնած Ամմոնն էր։
3. Անոր երկրորդը Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն Աբիգիայէն ծնած Քիլաբն էր ու երրորդը Գեսուրի թագաւորին Թոլմիի աղջկան Մաաքայի որդին Աբիսողոմն էր
4. Եւ չորրորդը Ագգիթի որդին Ադոնիան էր ու հինգերորդը Աբիտալի որդին Սափատիան էր
5. Ու վեցերորդը Դաւիթի կնոջմէն Եգղայէն ծնած Յեթրամն էր. Քեբրոնի մէջ Դաւիթի ասոնք ծնան։
6. Սաւուղին տանը մէջտեղ քանի որ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղին տանը թիկունքն էր։
7. Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր ու Այիային աղջիկն էր։ Ու Յեբուսթէն Աբեններին ըսաւ. «Իմ հօրս հարճին ինչո՞ւ մօտեցար»։
8. Աբեններ Յեբուսթէին խօսքերուն համար խիստ բարկացաւ ու ըսաւ. «Միթէ ես շան գլո՞ւխ եմ որ Յուդայի դէմ՝ քու հօրդ Սաւուղին տանը, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն այսօր ողորմութիւն ըրի ու քեզ Դաւիթին ձեռքը չմատնեցի եւ դուն այսօր այս կնոջ համար զիս կը մեղադրես։
9. Աստուած Աբեններին այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ Դաւիթին չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ.
10. Այսինքն թագաւորութիւնը Սաւուղին տունէն վերցնեմ ու Դաւիթին աթոռը Իսրայէլի վրայ եւ Յուդայի վրայ հաստատեմ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ»։
11. Յեբուսթէ մէյ մըն ալ չկրցաւ Աբեններին պատասխան տալ՝ անկէ վախնալուն համար։
12. Աբեններ իր կողմէ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Այս երկիրը որո՞ւնն է։ Ինծի հետ դաշնակցութիւն ըրէ եւ իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ բոլոր Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար»։
13. Դաւիթ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի հետ դաշնակցութիւն կ’ընեմ. բայց քեզմէ բան մը կը պահանջեմ, որ իմ երեսս տեսնելու եկած ատենդ՝ եթէ Սաւուղին աղջիկը Մեղքողը ինծի չբերես, իմ երեսս չտեսնես»։
14. Դաւիթ Սաւուղին որդիին, Յեբուսթէին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ կինս Մեղքողը ինծի տուր, որ Փղշտացիներու հարիւր անթլփատութիւններովը առի»։
15. Յեբուսթէ մարդ ղրկեց ու զանիկա անոր այրէն, Լայիսեան Փաղտիէլէն առաւ։
16. Անոր այրը լալով մինչեւ Բաւուրիմ անոր ետեւէն գնաց։ Ու Աբեններ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դարձի՛ր»։ Ու անիկա դարձաւ։
17. Աբեններ Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երէկ ու միւս օր կ’ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ,
18. Ուրեմն հիմա ըրէք. քանզի Տէրը Դաւիթին համար խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլ Փղշտացիներուն ձեռքէն ու անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն՝ իմ ծառայիս Դաւիթին ձեռքով պիտի ազատեմ’»։
19. Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինին ալ ըսաւ։ Անկէ ետքը Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէս զի Իսրայէլին ու Բենիամինին բոլոր տանը հաճոյ երեւցածը Դաւիթին ալ պատմէ։
20. Աբեններ Քեբրոն գնաց՝ Դաւիթին հետ քսան մարդ ունենալով ։ Դաւիթ Աբեններին ու անոր հետ եղող մարդոց խնճոյք ըրաւ։
21. Աբեններ Դաւիթին ըսաւ. «Ելլեմ երթամ եւ բոլոր Իսրայէլը իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ քով հաւաքեմ, որպէս զի քեզի հետ դաշնակցութիւն ընեն ու դուն սրտիդ ուզածին պէս թագաւորութիւն ընես»։ Դաւիթ Աբենները ղրկեց, որ խաղաղութեամբ գնաց։
22. Դաւիթին ծառաները ու Յովաբ ասպատակութենէ ետ դարձան ու իրենց հետ խիստ շատ աւար բերին։ Աբեններ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ չէր. քանզի Դաւիթ զանիկա ղրկեր էր ու անիկա խաղաղութեամբ գացեր էր։
23. Երբ Յովաբ եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրքը եկան, Յովաբին պատմեցին ու ըսին. «Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զանիկա ղրկեց ու խաղաղութեամբ գնաց»։
24. Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, ահա Աբեններ քեզի եկեր է. ինչո՞ւ համար զանիկա թողուցիր որ երթայ։
25. Դուն չե՞ս գիտեր, որ Ներեան Աբեններ քեզ խաբելու, քու ելլելու ու մտնելու տեղդ հասկնալու ու քու ամէն գործդ իմանալու համար եկաւ»։
26. Յովաբ Դաւիթին քովէն ելաւ ու Աբեններին ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա Սիրայի ջրհորէն ետ դարձուցին։ Բայց Դաւիթ չէր գիտեր։
27. Երբ Աբեններ Քեբրոն դարձաւ, Յովաբ զանիկա դրանը ներսիդին քաշեց, անոր հետ ծածուկ խօսակցութիւն ընելու համար ու զանիկա հոն, իր եղբօրը Ասայէլին արեանը համար, սնակուշտէն զարկաւ ու անիկա մեռաւ։
28. Երբ Դաւիթ լսեց՝ ըսաւ. «Ես ու իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբեններին արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջը առջեւ։
29. Յովաբին գլխուն վրայ ու անոր հօրը բոլոր տանը վրայ հասնի ու Յովաբին տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սրով ինկող ու հացի կարօտ պակաս չըլլայ»։
30. Այսպէս Յովաբ ու անոր եղբայրը Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանզի անիկա անոնց եղբայրը Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր։
31. Դաւիթ Յովաբին ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հանդերձնիդ պատռեցէ՛ք ու քուրձեր հագէ՛ք եւ Աբեններին առջեւէն լացէ՛ք»։ Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց։
32. Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին ու թագաւորը ձայնը վերցուց ու Աբեններին գերեզմանին վրայ լացաւ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ լացաւ։
33. Թագաւորը Աբեններին համար ողբաց ու ըսաւ. «Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ, Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի։
34. Քու ձեռքերդ կապուած չէին Ու ոտքերդ կապանքի մէջ դրուած չէին. Անօրէններուն առջեւ ինկողի մը պէս ինկար»։ Բոլոր ժողովուրդը նորէն անոր վրայ լացաւ։
35. Եւ քանի որ ցորեկ էր, բոլոր ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթին հաց կերցնեն. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ արեւին մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը ճաշակեմ»։
36. Բոլոր ժողովուրդը ուշադրութիւն ըրաւ ու այս բանը իրենց աչքին հաճոյ երեւցաւ՝ ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն հաճոյ կ’երեւնար։
37. Այն օրը բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր Իսրայէլ հասկցաւ, որ Ներեան Աբեններին մեռցուիլը թագաւորին կամքովը չէր։
38. Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ զօրավար մը ինկաւ։
39. Ես այսօր տկար եմ, թէպէտեւ թագաւոր օծուեցայ ու մարդիկը՝ Շարուհեայի որդիները՝ ինծի համար դաժան են. Տէրը հատուցանէ չարութիւն ընողին անոր չարութեանը համեմատ»։
1. Սաւուղին որդին Յեբուսթէն, երբ Աբեններին Քեբրոնի մէջ մեռնիլը լսեց, ձեռքերը թուլցան ու բոլոր Իսրայէլ տագնապեցաւ։
2. Սաւուղին որդին երկու գնդապետ ունէր, մէկուն անունը՝ Բաանա ու միւսին անունը Ռեքաբ էր։ Ասոնք Բենիամինին ցեղէն Բերովթացի Ռեմօնին որդիներն էին. (քանզի Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր
3. Ու Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդուխտի պէս բնակեցան։)
4. Սաւուղին որդին Յովնաթան ոտքերը կաղ տղայ մը ունէր, որը ՝ երբ Սաւուղին ու Յովնաթանին մահուան լուրը Յեզրայէլէն եկաւ՝ հինգ տարեկան էր։ Անոր դայեակը զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ։ Անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։
5. Բերովթացի Ռեմօնին որդիները՝ Ռեքաբ ու Բաանա՝ գացին ու ցորեկուան տաք ատենը Յեբուսթէին տունը մտան։ Անիկա կէսօրուան ատեն պառկեր կը քնանար։
6. Դռնապանուհին ալ, որ ցորեն կը մաքրէր, թմրելով քնացած էր։ Ռեքաբ եւ իր եղբայրը Բաանա, բարեկամութիւն կեղծելով տունը մտան։
7. Յեբուսթէ ներքին սենեակը իր անկողնին մէջ կը քնանար, զանիկա զարկին մեռցուցին եւ անոր գլուխը կտրեցին ու գլուխը առնելով՝ բոլոր գիշերը դաշտին ճամբովը գացին։
8. Յեբուսթէին գլուխը Քեբրոն տարին Դաւիթին ու թագաւորին ըսին. «Ահա քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն ու անոր սերունդէն այսօր վրէժը առաւ»։
9. Դաւիթ Բերովթացի Ռեմօնին որդիներուն, Ռեքաբին ու անոր եղբօրը Բաանային պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ հոգիս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է,
10. Որ՝ ա՛ն որ ինծի պատմեց ու ըսաւ թէ ‘Սաւուղ մեռաւ’, կարծելով թէ աւետիս տուող մը պիտի երեւնայ ինծի, զանիկա բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զանիկա մեռցուցի եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։
11. Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը կը վայլէ այն չար մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տանը մէջ իր անկողնին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ ու ձեզ երկրիս վրայէն պիտի վերցնեմ»։
12. Այն ատեն Դաւիթ իր մանչերուն հրամայեց ու զանոնք մեռցուցին եւ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին ու Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէին գլուխը առին ու Քէբրոնի մէջ Աբեններին գերեզմանին մէջ թաղեցին։
5. Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։
6. Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս. Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։
7. Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։ Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։
8. Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
9. Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են, Ազնուական մարդիկը սուտ են։ Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան, Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։
10. Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Հարստութիւնը եթէ շատնայ, Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։
11. Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած. Երկու անգամ լսեցի ասիկա, Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։
12. Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր, Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։
13. Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են Ու կը սիրեն շիտակ խօսողը։
14. Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է. Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։
15. Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։
31. Այս միջոցին աշակերտները իրեն կ’աղաչէին ու կ’ըսէին. «Ռաբբի՛, հաց կեր»։
32. Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։
33. Այն ատեն աշակերտները կ’ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ»։
34. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։
35. Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի։ Ահա ես ձեզի կ’ըսեմ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են։
36. Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան։
37. Վասն զի ճշմարիտ է այն խօսքը թէ՝ ‘Ուրիշը կը սերմանէ եւ ուրիշը կը հնձէ’։
38. Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշները աշխատեցան ու դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք»։
39. Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։
40. Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու որ հոն կեցաւ։
41. Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։
42. Ու կ’ըսէին կնոջը. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։
43. Երկու օրէն յետոյ ելաւ անկէ եւ Գալիլիա գնաց,
44. Վասն զի Յիսուս ինք վկայեց թէ ‘Մարգարէ մը իր գաւառին մէջ պատիւ չունենար’։
45. Երբ Գալիլիա հասաւ, Գալիլիացիները զինք ընդունեցին, քանզի տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որոնք ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. վասն զի իրենք ալ այն տօնին գացեր էին։
46. Յիսուս նորէն եկաւ Գալիլիացիներուն Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Հոն ազնուական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ։
47. Ասիկա լսելով, որ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկեր է, եկաւ անոր ու կ’աղաչէր, որ երթայ եւ իր որդին բժշկէ, վասն զի մեռնելու վրայ է։
48. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, բնաւ պիտի չհաւատաք»։
49. Ազնուականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եկուր, քանի իմ տղաս մեռած չէ»։
50. Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, քու որդիդ ողջ է»։ Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին, որ Յիսուս իրեն ըսաւ ու գնաց։
51. Երբ կ’երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետիս տուին ըսելով. «Քու տղադ ողջ է»։
52. Այն ատեն հարցուց անոնց թէ ‘Ո՞ր ժամուն սկսաւ աղէկի դառնալ’։ Ըսին իրեն. «Երէկ ժամը եօթին տենդը թողուց զանիկա»։
53. Այն ատեն գիտցաւ անոր հայրը թէ այն ժամն էր երբ Յիսուս իրեն ըսաւ թէ ‘Քու որդիդ ողջ է՝ ու հաւատաց ինք եւ իր բոլոր տունը։
54. Այս երկրորդ հրաշքն էր որ Յիսուս ըրաւ, երբ Հրէաստանէն Գալիլիա եկաւ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981