Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 182 Սամուել 7:1-291. Երբ թագաւորը իր տունը նստաւ, Տէրը զանիկա իր բոլորտիքը եղող բոլոր թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց,2. Թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, բայց Աստուծոյ տապանակը վրանի մէջ կեցեր է»։3. Նաթան ըսաւ թագաւորին. «Գնա՛, բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛, քանզի Տէրը քեզի հետ է»։4. Նոյն գիշերը Տէրոջը խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով.5. «Գնա՛, իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դո՞ւն ինծի բնակելու համար տուն պիտի շինես։6. Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, այլ վրաններով ու խորաններով պտըտեցայ։7. Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս Իսրայէլը հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ «Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չշինեցիք»’։8. Հիմա իմ ծառայիս Դաւիթին գնա ու ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս վրայ առաջնորդ ըլլաս9. Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս քու անունդ մեծցուցի։10. Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա,11. Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քեզ քու ամէն թշնամիներէդ պիտի հանգստացնեմ։ Տէրը քեզի կ’իմացնէ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։12. Երբ քու օրերդ լեցուին ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։13. Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ ու անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ.14. Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովն ու մարդոց որդիներուն հարուածներովը պիտի պատժեմ.15. Բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէն վերցուցի ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի։16. Եւ քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ’»։17. Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը մէկիկ մէկիկ Դաւիթին պատմեց։18. Այն ատեն Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։19. Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Տէր Եհովա ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար։ Մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ո՛վ Տէր Եհովա։20. Դաւիթ նորէն քեզի ի՞նչ ըսէ. քանզի՝ դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս։21. Այս բոլոր մեծ բաները քու խօսքիդ համար ու քու սրտիդ պէս ըրիր, որպէս զի ծառայիդ գիտցնես։22. Ասոր համար մեծ երեւցար, ո՛վ Տէր Աստուած. քանզի քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներովը մեր բոլոր լսածներուն համեմատ։23. Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու ու իրեն մեծ անուն վաստկելու եւ քու երկրիդ մէջ այս մեծ ու սոսկալի բաները ընելու, քեզի համար Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգերն ու անոնց աստուածները վռնտելով ։24. Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։25. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու ծառայիդ համար ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ յաւիտեան հաստատէ ու ըսածիդ պէս ըրէ26. Եւ քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ ‘Զօրութեան Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է’ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ։27. Քանզի դուն, ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուա՛ծ Իսրայէլի, քու ծառայիդ յայտնեցիր ու ըսիր՝ ‘Քեզի տուն պիտի շինեմ’. ասոր համար ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի ընելու։28. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Եհովա, այն Աստուածը դուն ես ու քու խօսքերդ ճշմարիտ են եւ քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։29. Ուստի հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի, ո՛վ Տէր Եհովա, դուն ըսիր ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։2 Սամուել 8:1-181. Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ։2. Նաեւ Մովաբը զարկաւ ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու։ Մովաբացիք Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։3. Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբին որդին Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու՝ ՝ կ’երթար։4. Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։5. Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան։ Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։6. Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։7. Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։8. Ադրազարին քաղաքներէն՝ Բեթահէն ու Բերոթայէն՝ խիստ շատ պղինձ առաւ։9. Եմաթին թագաւորը՝ Թովու, երբ լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարին բոլոր զօրքերը ջարդեր է,10. Իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ տանի ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարին դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար։ (Քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր։) Յովրամին ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային։11. Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր ՝12. Ասորիներէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն եւ Սուբայի թագաւորին, Ռուբին որդիին Ադրազարին աւարէն։13. Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Ասորիներ կոտորեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։14. Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։15. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։16. Շարուհեայի որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր17. Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկը ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէքը քահանաներ էին ու Սարայիան ատենադպիր էր18. Եւ Յովիադային որդին Բանիան՝ Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր ու Դաւիթին որդիները նախարարներ էին։Սաղմոսներ 64:1-101. Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս. Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։2. Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,3. Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,4. Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար. Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։5. Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։ Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։6. Անօրէնութիւն կը փնտռեն, Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։ Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,7. Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։ Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։8. Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։ Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։9. Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան. Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։10. Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։Առակներ 16:18-1918. Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ ։19. Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։Ջոն 5:24-4724. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։25. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին։26. Վասն զի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ,27. Եւ դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր, քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։28. Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն,29. Ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։30. Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց։31. Եթէ ես ինծի համար վկայեմ, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։32. Ուրիշ մըն է, որ ինծի համար կը վկայէ եւ ես գիտեմ թէ ճշմարիտ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք ինծի համար վկայեց։33. Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։34. Բայց ես պէտք չունիմ մարդոց վկայութեան։ Այս բաները կ’ըսեմ, որպէս զի դուք փրկուիք։35. Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ։36. Բայց ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունի, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’։37. Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար։ Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք38. Ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է, քանզի զայն որ ինք ղրկեց, դուք անոր չէք հաւատար։39. Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն.40. Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։41. Ես մարդոցմէ փառք չեմ սպասեր։42. Բայց գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք։43. Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք։44. Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր։45. Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզի համար ամբաստանութիւն պիտի ընեմ Հօրը։ Կայ մէկը ՝ որ ձեզի համար ամբաստանութիւն կ’ընէ։ Մովսէսը՝ որուն դուք յուսացած էք։46. Վասն զի եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց։47. Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981