Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 192 Սամուել 9:1-131. Դաւիթ հարցուց. «Արդեօք Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանին սիրոյն համար անոր բարերարութիւն ընեմ»։2. Սաւուղին տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար։ Զանիկա Դաւիթին կանչեցին։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Սիբան դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ եմ»։3. Թագաւորը ըսաւ. «Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր Աստուծոյ ողորմութիւնը ընեմ»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Յովնաթանէն՝ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց»։4. Թագաւորը ըսաւ անոր. «Անիկա ո՞ւր է»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Ահա անիկա Լադաբարի մէջ Ամիէլի որդիին Մաքիրին տունն է»։5. Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա Լադաբարի Ամիէլին որդիին Մաքիրին տունէն բերաւ։6. Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին որդին Մեմփիբոսթէ, երբ Դաւիթին եկաւ, երեսի վրայ ինկաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա քու ծառադ»։7. Դաւիթ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ ու քու հօրդ Սաւուղին բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։8. Անիկա խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Քւ ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շան մը վրայ նայեցար»։9. Իսկ թագաւորը Սաւուղին ծառան Սիբան կանչեց ու անոր ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր տանը բոլոր ստացուածքը քու տիրոջդ որդիին տուի։10. Դուն ու քու որդիներդ ու ծառաներդ անոր երկիրը մշակեցէք ու անոր պտուղը իրեն բերէք, որպէս զի քու տիրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ եւ քու տիրոջդ որդին Մեմփիբոսթէն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։ Ու Սիբա տասնըհինգ որդի ու քսան ծառայ ունէր։11. Եւ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Իմ թագաւոր տէրս քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ»։ Բայց Մեմփիբոսթէն ( ըսաւ Դաւիթ,) թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ։12. Ու Մեմփիբոսթէն պզտիկ տղայ մը ունէր, որուն անունը Միքա էր։ Սիբային տունը բնակողները Մեմփիբոսթէին ծառաներն էին։13. Մեմփիբոսթէն Երուսաղէմի մէջ բնակեցաւ, քանզի միշտ թագաւորին սեղանը հաց կ’ուտէր ու անիկա իր երկու ոտքերովը կաղ էր։2 Սամուել 10:1-191. Անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ ու անոր որդին Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ։2. Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնին՝ մարդասիրութիւն ընեմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը գացին։3. Ամմոնի որդիներուն իշխանները իրենց տիրոջը Անոնին ըսին. «Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Չէ՞ որ Դաւիթ իր ծառաները քեզի ղրկեց, որպէս զի ետքը զանիկա կործանէ»։4. Անոն Դաւիթին ծառաները առաւ ու անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ ու անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչեւ նստելու տեղը կտրել տուաւ եւ այնպէս ղրկեց զանոնք։5. Երբ այս բանը Դաւիթին պատմուեցաւ, զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին ու թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք մինչեւ մօրուքնիդ աճի ու ետքը եկէք»։6. Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, մարդ ղրկեցին ու Բեթրոոբի Ասորիներէն եւ Սուբայի Ասորիներէն քսան հազար հետեւակ ու Մաաքայի թագաւորէն հազար մարդ եւ Իստովբէ տասներկու հազար մարդ վարձքով բռնեցին։7. Երբ Դաւիթ լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։8. Ամմոնի որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան, բայց Սուբայի եւ Րոոբի Ասորիները ու Իստովբ ու Մաաքա՝ ՝ դաշտի մէջ զատ կայնեցան։9. Յովաբ երբ տեսաւ թէ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ պիտի հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէն ընտրեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց10. Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն դէմ շարէ։11. Ու ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասիր եւ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։12. Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք ու Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։13. Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ ու անոնք իրեն առջեւէն փախան։14. Ամմոնի որդիները Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, իրենք ալ Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն դարձաւ ու Երուսաղէմ եկաւ։15. Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլին առջեւ կոտորուեցան, մէկտեղ հաւաքուեցան։16. Ու Ադրազար մարդ ղրկեց եւ Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեց ու Էլամ եկան։ Անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ’երթար ։17. Երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու Էլամ հասաւ։ Ասորիները Դաւիթին դէմ գունդերով շարուեցան ու անոր հետ պատերազմ ըրին։18. Ասորիները Իսրայէլին առջեւէն փախան ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառք ու քառասուն հազար ձիաւոր կոտորեց ու անոնց զօրագլուխը Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ։19. Ադրազարի հպատակ եղող բոլոր թագաւորները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Իսրայէլին հետ հաշտութիւն ըրին ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնելու կը վախնային։Սաղմոսներ 65:1-81. Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։ Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։2. Ո՛վ աղօթքի լսող, Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։3. Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։ Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։4. Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. Պիտի լցուինք քու տանդ եւ Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։5. Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի, Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,6. Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր, Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,7. Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը, Անոր ալիքներուն ձայնը Ու ազգերուն խռովութիւնը։8. Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ. Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։Առակներ 16:20-2120. Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։21. Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։Ջոն 6:1-211. Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի՝ այսինքն Տիբերիայի՝ ծովուն անդիի կողմը գնաց։2. Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ կ’երթար, վասն զի կը տեսնէին այն հրաշքները, որոնք հիւանդներուն վրայ կ’ընէր։3. Յիսուս լեռը ելաւ ու հոն նստաւ իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ։4. Հրեաներու զատկի տօնը մօտ էր։5. Յիսուս երբ իր աչքերը վեր վերցուց ու տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։6. (Այս կ’ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։)7. Փիլիպպոս պատասխան տուաւ անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ»։8. Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս, ըսաւ իրեն.9. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։10. Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թուով հինգ հազարի չափ։11. Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։12. Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։13. Ուստի ժողվեցին եւ տասներկու կողով լեցուցին այն հինգ գարիէ հացերէն մնացած կտորուանքները, որոնք ուտողներէն աւելցան։14. Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։15. Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց։16. Իրիկունը, իր աշակերտները ծովեզերքը իջան,17. Նաւը մտնելով ծովուն անդիի կողմը՝ Կափառնայում գացին։ Արդէն մութը կոխեր էր, բայց դեռ Յիսուս իրենց եկած չէր։18. Ծովն ալ հովին սաստիկ փչելէն տակնուվրայ կ’ըլլար։19. Երբ թի քաշելով քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին, տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով՝ նաւուն կը մօտենար ու վախցան։20. Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։21. Այն ատեն զանիկա նաւը առին եւ նաւը շուտով այն երկիրը հասաւ՝ ուր կ’երթային։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981