Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 21 Սամուել 6:1-211. Տէրոջը տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։2. Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին. «Եհովային տապանակը ի՞նչ ընենք։ Մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչպէ՞ս իր տեղը ղրկենք»։3. Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ մի՛ ղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ մատուցանեցէք, որպէս զի բժշկուիք ու ձեզի յայտնի ըլլայ թէ ինչո՞ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար»։4. Անոնք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք»։ Ու քուրմերը ըսին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եկաւ։5. Ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները ու ձեր երկիրը աւերող մուկերուն պատկերները շինեցէք ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ։6. Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սրտերը խստացուցին։ Չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը միայն զանոնք թող տուին որպէս զի երթան։7. Հիմա նոր սայլ մը շինեցէ՛ք ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ ու երինջները սայլին լծեցէ՛ք եւ անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէ՛ք8. Ու Եհովային տապանակը առէ՛ք եւ զանիկա սայլին վրայ դրէ՛ք ու այն ոսկեղէն պատկերները որոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէ՛ք ու զանիկա ղրկեցէ՛ք, որպէս զի երթայ9. Եւ նայեցէ՛ք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։10. Փղշտացիները այդպէս ըրին։ Երկու հատ կաթնտու երինջ առին ու զանոնք սայլին լծեցին եւ անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին։11. Տէրոջը տապանակը եւ ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներուն պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։12. Երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին եւ մեծ ճամբայէն բառաչելով գացին, աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներու նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին։13. Եւ Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան ու տեսնելով ուրախացան։14. Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։15. Ղեւտացիները Տէրոջը տապանակը եւ անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին ու այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։16. Ու Փղշտացիներուն հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան։17. Այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։18. Ոսկի մուկերը Փղշտացիներու հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին՝ պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը ու մինչեւ այն մեծ քարը, որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտին մէջ կը կենայ ։19. Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ։ Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց։20. Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ։ Մեր քովէն որո՞ւ պէտք է երթայ»։21. Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջը տապանակը ետ բերին, եկէք ու զանիկա ձեր քով տարէք»։1 Սամուել 7:1-171. Եւ Կարիաթարիմի մարդիկը գացին ու Տէրոջը տապանակը անկէ առին եւ զանիկա տարին Աբինադաբին տունը, որ բլուրին վրայ էր ու անոր որդին Եղիազարը որոշեցին որպէս զի Տէրոջը տապանակին պահպանութիւնը ընէ։2. Եւ տապանակը Կարիաթարիմի մէջ դրուած օրէն շատ օրեր անցան, մօտաւորապէս քսան տարի եւ Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը ետեւէն հառաչեցին։3. Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր տանը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եթէ դուք ձեր բոլոր սրտովը Տէրոջը դարձեր էք, ձեր մէջէն օտար աստուածներն ու Աստարովթը վերցուցէ՛ք եւ ձեր սրտերը Տէրոջը պատրաստեցէ՛ք ու միայն զանիկա պաշտեցէք ու անիկա Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։4. Իսրայէլի որդիները Բահաղիմն ու Աստարովթը վերցուցին ու միայն Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։5. Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը Մասփայի մէջ հաւաքեցէք, որպէս զի ձեզի համար Տէրոջը աղօթք ընեմ»։6. Բոլորը Մասփայի մէջ հաւաքուեցան ու ջուր քաշեցին եւ Տէրոջը առջեւ թափեցին։ Այն օրը ծոմ բռնեցին եւ ըսին. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք»։ Սամուէլ Մասփայի մէջ Իսրայէլի որդիներուն դատաւորութիւն կ’ընէր։7. Երբ Փղշտացիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփայի մէջ հաւաքուեր են, իրենց նախարարները Իսրայէլի դէմ ելան։ Իսրայէլի որդիները այս լսելով՝ Փղշտացիներուն երեսէն վախցան։8. Եւ Իսրայէլի որդիները Սամուէլին ըսին. «Անդադար մեր Տէր Աստուծոյն աղաղակէ մեզի համար, որպէս զի մեզ Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ»։9. Սամուէլ կաթնկեր գառնուկ մը առաւ ու զանիկա ողջակէզ ըրաւ Տէրոջը եւ Իսրայէլի համար Տէրոջը աղաղակելով աղոթք ըրաւ ու Տէրը անոր պատասխան տուաւ։10. Երբ Սամուէլ ողջակէզը կը մատուցանէր, Փղշտացիները մօտեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խռովեցուց ու Իսրայէլի առջեւէն փախան։11. Իսրայէլի մարդիկը Մասփայէն ելլելով Փղշտացիները հալածեցին ու մինչեւ Բեթքովրի տակ զանոնք կոտորեցին։12. Այն ատեն Սամուէլ քար մը առաւ եւ Մասփայի ու Սենի մէջտեղ կանգնեցուց ու անոր անունը Աբենեզեր կոչեց, ըսելով. «Տէրը մինչեւ այստեղ մեզի օգնեց»։13. Փղշտացիները կորագլուխ եղան ու անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմանը չմտան եւ Սամուէլի բոլոր օրերը Տէրոջը ձեռքը Փղշտացիներուն վրայ էր։14. Փղշտացիները Իսրայէլէն որչափ քաղաքներ որ առեր էին, Ակկարոնէն մինչեւ Գէթ, բոլորն ալ Իսրայէլին վերադարձուեցան ու Իսրայէլ անոնց սահմանները Փղշտացիներու ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ։15. Սամուէլ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը դատեց։16. Ամէն տարի Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա կ’երթար կը պտըտէր եւ բոլոր այն տեղերը Իսրայէլը կը դատէր։17. Անկէ Ռամա կը դառնար, քանզի իր տունը հոն էր եւ հոն կը դատէր Իսրայէլը ու հոն Տէրոջը սեղան շինեց։Սաղմոսներ 55:1-81. Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։2. Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։ Իմ գանգատովս կը մոլորիմ ու կը խռովիմ,3. Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն, Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։4. Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։5. Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս Ու սոսկումը զիս ծածկեց6. Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի, Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։7. Հեռուն պիտի փախչէի, Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։)8. Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն Փախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։Առակներ 15:14-1414. Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։Ղուկասը 21:20-3820. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։21. Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։22. Վասն զի այն օրերը ՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին։23. Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։24. Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։25. «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան.26. Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։27. Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։28. Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։29. Առակ մը ըսաւ անոնց. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։30. Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։31. Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։32. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։33. Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։34. «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի.35. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։36. Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։37. Յիսուս ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. իսկ գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար։38. Բոլոր ժողովուրդը առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաժարը՝ իր խօսքերը լսելու։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981