Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 202 Սամուել 11:1-271. Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը ու անոր հետ իր ծառաներն ու բոլոր Իսրայէլը ղրկեց, որոնք Ամմոնացիները կոտորեցին ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր։2. Օր մը ՝ իրիկուան դէմ՝ Դաւիթ իր անկողնէն ելլելով պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր։ Տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ, որ կը լուացուէր։ Այն կինը տեսքով խիստ գեղեցիկ էր։3. Եւ Դաւիթ մարդ ղրկեց ու այն կնոջ համար հարցուց։ Մէկը ըսաւ. «Ասիկա Քետացի Ուրիային կինը, Էլիամին աղջիկը, Բերսաբէն է»։4. Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա կանչեց։ Երբ կինը անոր եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ։ Անիկա իր անմաքրութենէն դեռ նոր մաքրուած էր։ Ետքը կինը իր տունը գնաց։5. Կինը յղացաւ ու Դաւիթին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Ես յղի եմ»։6. Դաւիթ Յովաբին հրաման ղրկեց ու ըսաւ. «Քետացի Ուրիան ինծի ղրկէ»։ Յովաբն ալ Ուրիան Դաւիթին ղրկեց։7. Երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբին ողջութիւնը ու զօրքին ողջութիւնը ու պատերազմին վիճակը հարցուց։8. Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Տունդ իջիր ու ոտքերդ լուա՛»։ Ուրիա թագաւորին պալատէն ելածին պէս, անոր ետեւէն թագաւորէն պարգեւ գնաց։9. Բայց Ուրիա իր տիրոջը բոլոր ծառաներուն հետ՝ պալատին դուռը պառկեցաւ ու իր տունը չիջաւ։10. Երբ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ Ուրիա իր տունը չիջաւ, Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Դուն ճամբայէ չե՞ս եկեր, ինչո՞ւ համար քու տունդ չես իջներ»։11. Ուրիա ըսաւ Դաւիթին. «Տապանակը ու Իսրայէլը ու Յուդան վրաններու մէջ կը նստին եւ իմ տէրս Յովաբն ու իմ տիրոջս ծառաները բաց դաշտի մէջ կը բնակին, ես ուտելու ու խմելու եւ կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ։ Դուն կենդանի ես ու քու հոգիդ կենդանի է, որ ես այդ բանը չեմ ըներ»։12. Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Այսօր ալ հոս մնացիր ու վաղը քեզ պիտի ղրկեմ»։ Ուրիա այն օրն ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց։13. Դաւիթ հրաւիրեց զանիկա, որ անոր առջեւ կերաւ, խմեց ու Դաւիթ զանիկա գինովցուց։ Ուրիա իրիկունը իր տիրոջը ծառաներուն քով իր անկողնին մէջ պառկեցաւ, բայց իր տունը չգնաց։14. Առաւօտուն Դաւիթ նամակ մը գրեց Յովաբին եւ Ուրիային ձեռքով ղրկեց։15. Նամակին մէջ գրեց ու ըսաւ. «Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ դրէ՛ք ու դուք ե՛տ քաշուեցէք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի»։16. Երբ Յովաբ քաղաքը պաշարեց, Ուրիան այնպիսի տեղ մը դրաւ՝ ուր զօրաւոր մարդոց գտնուիլը գիտէր։17. Քաղաքին մարդիկը ելան ու Յովաբին հետ պատերազմ ըրին եւ զօրքէն, Դաւիթին ծառաներէն ինկան ու Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ։18. Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց ու պատերազմին բոլոր պարագաները Դաւիթին իմացուց։19. Պատգամաւորին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պատերազմին բոլոր դիպուածները թագաւորին պատմելէդ ետքը,20. Եթէ թագաւորին բարկութիւնը ելլէ ու քեզի ըսէ թէ ‘Ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր թէ պարսպէն նետ կը նետեն,21. Յերոբաաղին որդին Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. չէ՞ որ կին մը պարսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, որ անիկա Թեբէսի մէջ մեռաւ։ Պարսպին ինչո՞ւ մօտեցաք’, այն ատեն ըսէ՝ ‘Քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ’»։22. Պատգամաւորը գնաց ու Յովաբին բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթին պատմեց։23. Պատգամաւորը Դաւիթին ըսաւ. «Այն մարդիկը մեր վրայ ուժովցան ու մեզի դէմ դաշտը ելան. բայց մենք մինչեւ քաղաքին դուռը հալածեցինք զանոնք՝ ՝։24. Աղեղնաւորները պարսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին ու թագաւորին ծառաներէն մէկ քանիները մեռան եւ քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ»։25. Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ. «Յովաբին այսպէս ըսէ. ‘Այս բանը քու աչքերուդ գէշ չերեւնայ. քանզի սուրը երբեմն ասիկա կ’ուտէ ու երբեմն՝ անիկա, քաղաքին վրայ պատերազմը սաստկացուր եւ զանիկա փլցուր’ ու դուն ալ քաջալերէ՛ զանիկա»։26. Ուրիային կինը իր էրկանը մեռնիլը լսելով՝ իր էրկանը համար սուգ ըրաւ։27. Երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց ու զանիկա իր տունը առաւ եւ անիկա անոր կինը եղաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Բայց Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ։2 Սամուել 12:1-311. Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։2. Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր,3. Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։4. Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։5. Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։6. Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։7. Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի8. Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝ ՝։9. Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։10. Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։11. Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։12. Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։13. Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս14. Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։15. Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։16. Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։17. Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին՝ ՝, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։18. Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։19. Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։20. Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։21. Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։22. Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։23. Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։24. Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։25. Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։26. Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։27. Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։28. Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։29. Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։30. Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած ։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։31. Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։Սաղմոսներ 65:9-139. Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, Շատ կը հարստացնես զանիկա. Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։ Անոնց ցորեն կը պատրաստես, Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։10. Անոր ակօսները կը խմցնես Ու անոր փոսերը կը շտկես, Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։ Կ’օրհնես անոր բոյսը։11. Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,12. Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։13. Արօտները հօտերով ծածկուած են Ու հովիտները ՝ ցորենով։ Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։Առակներ 16:22-2422. Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար, Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։23. Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ Ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։24. Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։Ջոն 6:22-5122. Հետեւեալ օրը ժողովուրդը որ ծովուն անդիի կողմն էր եւ տեսեր էր որ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ՝ որուն մէջ անոր աշակերտները մտեր էին, իսկ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ նաւակը մտած չէր եւ միայն անոր աշակերտները գացեր էին.23. (Բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ՝ ուր Տէրոջը գոհանալովը հացը կերեր էին.)24. Այն ատեն ժողովուրդը տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուսը հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրենք ալ նաւերը մտան ու գացին Կափառնայում՝ Յիսուսը փնտռելու։25. Ու երբ զանիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին անոր. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս»։26. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք’։27. Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։28. Այն ատեն ըսին անոր. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք»։29. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։30. Ըսին անոր. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք. ի՞նչ կը գործես։31. Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’»։32. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը’, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը»։33. Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։34. Ուստի ըսին անոր. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր»։35. Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։36. Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։37. Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։38. Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։39. Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։40. Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։41. Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ, վասն զի ըսաւ թէ՝ ‘Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը’42. Եւ կ’ըսէին «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։43. Պատասխանեց Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։44. Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը45. Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։46. Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։47. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’։48. Ես եմ կենաց հացը։49. Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։50. Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։51. Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981