Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 212 Սամուել 13:1-391. Անկէ ետքը՝ Դաւիթին որդին Աբիսողոմ գեղեցիկ քոյր մը ունէր, որուն անունը Թամար էր։ Դաւիթին որդին Ամնոն զանիկա սիրեց։2. Ամնոն իր քրոջ Թամարին սիրոյն համար հիւանդանալու չափ նեղացաւ. քանզի անիկա կոյս աղջիկ ըլլալուն համր՝ անոր բան մը ընել Ամնոնին աչքերուն դժուար կ’երեւնար։3. Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին էր։ Յովնադաբ խիստ խորագէտ մարդ մըն էր4. Եւ Ամնոնին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւորի տղայ, դուն ինչո՞ւ համար այդպէս օրէ օր կը հալիս. պատճառը ինծի չե՞ս յայտներ»։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս Աբիսողոմին քրոջ Թամարին սիրահարած եմ»։5. Յովնադաբ անոր ըսաւ. «Անկողնիդ մէջ պառկէ ու քեզ հիւանդ ձեւացուր ու երբ քու հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, որ իմ քոյրս Թամար ինծի գայ ու ինծի հաց կերցնէ ու իմ աչքերուս առջեւ կերակուր շինէ, որպէս զի տեսնեմ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։6. Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց ու երբ թագաւորը զանիկա տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ քոյրս Թամար թող գայ ու իմ աչքերուս առջեւ երկու բլիթ շինէ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։7. Դաւիթ Թամարին մարդ ղրկեց տունը՝ ըսելով. «Ամնոն եղբօրդ տունը գնա ու անոր կերակուր շինէ»։8. Թամար իր եղբօրը Ամնոնին տունը գնաց։ Անիկա պառկած էր։ Աղջիկը խմորը առաւ շաղեց ու անոր աչքերուն առջեւ բլիթներ շինեց ու եփեց9. Եւ տապակը առաւ ու անոր առջեւ պարպեց, բայց անիկա ուտել չուզեց։ Ամնոն ըսաւ. «Քովէս ամէն մարդ դուրս հանեցէք»։ Ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելաւ։10. Ամնոն Թամարին ըսաւ. «Կերակուրը սենեակը ներս բեր, որպէս զի ձեռքէդ ուտեմ»։ Թամար շինած բլիթները առաւ ու իր եղբօրը Ամնոնին սենեակը տարաւ եւ անոր մօտեցուց, որպէս զի ուտէ։11. Իսկ Ամնոն զանիկա բռնեց ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քոյրս, ինծի հետ պառկէ»։12. Թամար ըսաւ անոր. «Ո՛չ, եղբայրս, զիս մի՛ բռնադատեր. քանզի Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չըլլար։ Այդ անզգամութիւնը մի՛ ըներ։13. Իմ նախատինքս ո՞ւր տանիմ։ Դուն ալ Իսրայէլի մէջ անզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս։ Հիմա կ’աղաչեմ, թագաւորին ըսէ ու անիկա զիս քեզմէ չ’արգիլեր»։14. Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց, հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զանիկա բռնադատեց ու անոր հետ պառկեցաւ։15. Ետքը Ամնոն զանիկա խիստ շատ ատեց, այնպէս որ ունեցած ատելութիւնը առաջուան ունեցած սէրէն աւելի մեծ էր։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ե՛լ գնա»։16. Թամար անոր ըսաւ. « Պատճառ չկայ՝ ՝։ Զիս վռնտելուդ չարութիւնը, միւս ինծի ըրածէդ աւելի մեծ է»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց։17. Եւ իրեն ծառայութիւն ընող մարդը կանչեց ու ըսաւ. «Ասիկա քովէս դուրս հանէ ու ետեւէն դուռը կղպէ»։18. (Եւ աղջկան վրայ բազմագոյն պատմուճան մը կար. քանզի թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պատմուճան կը հագնէին։) Ու անոր ծառան զանիկա դուրս հանեց ու ետեւէն դուռը կղպեց։19. Թամար մոխիր առաւ ու իր գլխուն վրայ ցանեց ու իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց եւ ձեռքը իր գլխուն վրայ դրաւ ու լալով գնաց։20. Անոր եղբայրը Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Միթէ եղբայրդ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ։ Հիմա, քո՛յրս, լուռ կեցիր, անիկա քու եղբայրդ է, ասիկա սիրտդ մի՛ դներ»։ Թամար իր եղբօրը Աբիսողոմին տունը անմխիթար կը նստէր։21. Դաւիթ թագաւորը այս ամէն բաները ըսելով՝ խիստ բարկացաւ։22. Աբիսողոմ Ամնոնին հետ աղէկ կամ գէշ խօսք մը չխօսեցաւ, քանզի Աբիսողոմ Ամնոնը կ’ատէր՝ իր քոյրը Թամարը լլկելուն համար։23. Երկու տարի անցնելէն ետքը, երբ Աբիսողոմին ոչխարները Եփրեմին մօտ եղած Բաղաասօրին մէջ ասրակտուր կ’ընէին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց։24. Եւ Աբիսողոմ՝ թագաւորին գնաց ու անոր ըսաւ. «Ահա քու ծառայիդ ոչխարները ասրակտուր կ’ընեն, շնորհք ըրէ՛, թագաւորն ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ երթան»։25. Թագաւորը Աբիսողոմին ըսաւ. «Ո՛չ, որդիս, ամէնքս չերթանք, որպէս զի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք»։ Աբիսողոմ ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց ու զանիկա օրհնեց։26. Աբիսողոմ ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ գոնէ իմ եղբայրս Ամնոն մեզի հետ թող գայ»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ»։27. Բայց Աբիսողոմ թագաւորը ստիպեց, մինչեւ որ Ամնոնն ու իր բոլոր որդիները անոր հետ ղրկեց։28. Աբիսողոմ իր մանչերուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, երբ Ամնոնին սիրտը գինիէն զուարթանայ ու ես ձեզի Ամնոնը զարկէ՛ք՝ ըսեմ, զանիկա մեռցուցէ՛ք. մի՛ վախնաք. չէ՞ որ ես ձեզի հրամայեցի. քաջասիրտ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք»։29. Աբիսողոմին մանչերը Աբիսողոմին պատուիրածին պէս ըրին Ամնոնին։ Թագաւորին բոլոր որդիները ոտքի ելան եւ ամէն մէկը իր ջորին հեծնելով՝ փախան։30. Անոնք դեռ ճամբան ըլլալով, Դաւիթին լուր տարին ու ըսին. «Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց ու անոնցմէ մէկը չմնաց»։31. Թագաւորը ոտքի ելաւ, իր հանդերձները պատռեց ու գետինը պառկեցաւ ու անոր բոլոր ծառաները հանդերձնին պատռած անոր բոլորտիքը կայնեցան։32. Դաւիթին եղբօր Սամաայի որդին Յովնադաբ ըսաւ. «Իմ տէրս թող չկարծէ թէ բոլոր երիտասարդները՝ թագաւորին որդիները՝ մեռցուցին, քանզի միայն Ամնոն մեռած է. վասն զի այս բանը Աբիսողոմին բերնովը որոշուած էր՝ անոր քոյրը Թամարը լլկած օրէն ի վեր։33. Ու հիմա իմ թագաւոր տիրոջս սիրտը չվշտանայ, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան, քանզի միայն Ամնոն մեռած է»։34. Աբիսողոմ փախաւ։ Երբ Դաւիթին պատանին՝ դէտը՝ աչքերը վերցուց նայեցաւ, տեսաւ որ իր ետեւէն լերանը քովէն խիստ շատ ժողովուրդ կու գար։35. Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդիները կու գան. ծառայիդ խօսքը շիտակ ելաւ»։36. Անիկա իր խօսքը լմնցուցածին պէս՝ ահա թագաւորին որդիները եկան ու ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ծառաները խիստ մեծ լացով մը լացին։37. Իսկ Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուրի թագաւորին, Ամիուդի որդիին Թոլմիին գնաց. բայց Դաւիթ ամէն օր իր որդիին համար սուգ կ’ընէր։38. Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուր գնաց ու հոն երեք տարի մնաց։ Դաւիթ թագաւորը Աբիսողոմը տեսնել կը փափաքէր, քանզի Ամմոնին համար մխիթարուեր էր։39. Շարուհեայի որդին Յովաբ իմացաւ, որ թագաւորին սիրտը Աբիսողոմին վրայ է։2 Սամուել 14:1-331. Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց եւ անկէ խելացի կին մը բերել տուաւ ու անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քեզ սգաւոր ձեւացուր, սուգի հանդերձներ հագիր, իւղով մի՛ օծուիր ու մեռելի մը համար շատոնցմէ սուգ բռնող կնոջ մը պէս եղիր2. Եւ թագաւորին մտիր ու անոր այս կերպով խօսէ»։ Յովաբ անոր բերանը խօսքեր դրաւ։3. Այն Թեկուացի կինը թագաւորին մտաւ խօսելու համար՝ ՝ ու երեսի վրայ գետինը իյնալով անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, օգնէ՛ ինծի »։4. Թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Կինը ըսաւ. «Ո՜հ, ես որբեւարի կին մըն եմ ու իմ այրս մեռած է։5. Քու աղախինդ երկու որդի ունէր։ Երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ ծեծկուեցան։ Անոնց քով հաշտեցնող մը չըլլալուն համար՝ մէկը միւսը զարկաւ ու մեռցուց։6. Ահա բոլոր ազգատոհմը քու աղախինիդ դէմ ոտքի ելան ու ըսին. ‘Իր եղբայրը մեռցնողը տուր, որպէս զի զանիկա մեռցնենք իր մեռցուցած եղբօրը կեանքին համար ու ժառանգն ալ կորսնցնենք’։ Ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրի վրայ էրկանս անունն ու մնացորդը չպահելով»։7. Թագաւորը կնոջը ըսաւ. «Տունդ գնա ու ես քեզի համար կը պատուիրեմ»։8. Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մեղքը իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ, բայց թագաւորն ու անոր աթոռը անպարտ ըլլայ»։9. Թագաւորը ըսաւ. «Եթէ քեզի բան մը ըսող ըլլայ, զանիկա ինծի բեր ու անգամ մըն ալ քեզի չի դպչիր»։10. Անիկա ըսաւ. «Թագաւորը շնորհք ընէ, իր Տէր Աստուածը յիշէ ու չթողու որ արեան վրէժխնդիրները շատնան ապականելու, որ իմ որդիս մեռցնեն»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ քու որդիիդ գլխէն մազ մը գետինը պիտի չիյնայ»։11. Այն ատեն կինը ըսաւ. «Թող քու աղախինդ իմ տիրոջս, թագաւորին, խօսք մը ըսէ»։ Ու անիկա՝ «Խօսիր», ըսաւ։12. Կինը ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ինչո՞ւ համար այդպիսի բան կը մտածես. որովհետեւ թագաւորը որչափ ատեն որ իր աքսորածը ետ չդարձնէ, այս խօսքերը խօսելով յանցաւորի պէս կ’ըլլայ։13. Քանզի մենք անշուշտ պիտի մեռնինք ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ մէյ մըն ալ մէկտեղ չի հաւաքուիր։ Աստուած մարդու մը հոգին չառներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէս զի աքսորուածը իրմէ աքսորուած չմնայ։14. Հիմա ես անոր համար իմ թագաւոր տիրոջս այս խօսքը ըսելու եկայ, քանզի ժողովուրդը զիս վախցուց ու քու աղախինդ ըսաւ. ‘Հիմա թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ.15. Որովհետեւ թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս մէկտեղ Աստուծոյ ժառանգութենէն ջնջել կ’ուզէ ’։16. Եւ աղախինդ ըսաւ. ‘Իմ թագաւոր տիրոջս խօսքը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ’. քանզի իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է ու բարին ու չարը կը հասկնայ եւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ’»։17. Թագաւորը պատասխան տուաւ ու կնոջը ըսաւ. «Քեզի հարցնելու բանս ինծմէ մի՛ պահեր»։ Կինը ըսաւ. «Իմ թագաւոր տէրս թող հարցնէ»։18. Թագաւորը ըսաւ. «Արդեօք այս ամէն բանին մէջ Յովաբին ձեռքը քեզի հե՞տ է»։ Կինը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու անձդ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տիրոջս ըսած բոլոր խօսքերէն բնաւ մէկը աջ դին կամ ձախ դին չի կրնար խոտորիլ. քանզի քու ծառադ Յովաբն է ինծի պատուիրողը ու այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա է.19. Այս խօսքին ձեւը դարձնելու համար՝ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ ու իմ տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս իմաստուն է՝ բոլոր երկրի վրայ եղած բաները գիտնալու»։20. Թագաւորը Յովաբին ըսաւ. «Ահա հիմա այս բանը ըրի. գնա՛ Աբիսողոմ պատանին ետ դարձուր»։21. Այն ատեն Յովաբ երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու օրհնեց թագաւորը եւ ըսաւ. «Քու ծառադ այսօր գիտցաւ թէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քանզի թագաւորը իր ծառային խօսքը կատարեց»։22. Ու Յովաբ ելաւ Գեսուր գնաց ու Աբիսողոմը Երուսաղէմ բերաւ։23. Եւ թագաւորը ըսաւ. «Թող իր տունը դառնայ, բայց իմ երեսս չտեսնէ»։ Աբիսողոմ իր տունը դարձաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։24. Բոլոր Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա ոտքին թաթէն մինչեւ գլխուն գագաթը արատ մը չունէր։25. Երբ իր մազերը կը կտրէր, (որովհետեւ տարին անգամ մը մազերը կը կտրէր, քանզի իր վրայ ծանրութիւն կ’ըլլային,) իր գլխուն մազերը կը կշռէր ու թագաւորական կշիռքով երկու հարիւր սիկղ կու գային ։26. Աբիսողոմին երեք տղայ ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնաւ։ Անիկա տեսքով գեղեցիկ կին մըն էր։27. Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի նստաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։28. Աբիսողոմ Յովաբին մարդ ղրկեց, որպէս զի զանիկա թագաւորին ղրկէ. բայց անիկա չուզեց անոր երթալ։ Նորէն երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց, բայց անիկա երթալ չուզեց։29. Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Յովաբին արտը իմ արտիս մօտն է։ Անիկա հոն գարի ունի։ Գացէք զանիկա կրակով այրեցէ՛ք»։ Աբիսողոմին ծառաները այն արտը կրակով այրեցին։30. Յովաբ ելաւ Աբիսողոմին տունը գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար քու ծառաներդ իմ արտս կրակով այրեցին»։31. Աբիսողոմ Յովաբին ըսաւ. «Ահա քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի. ‘Հոս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէս զի ըսես թէ Գեսուրէն ինչո՞ւ եկայ. իմ հոն ըլլալս ինծի աղէկ էր։ Հիմա կ’ուզեմ թագաւորին երեսը տեսնել. եթէ իմ վրաս չարութիւն մը կայ, թող զիս մեռցնէ՛»։32. Յովաբ թագաւորին գնաց ու այս բանը անոր իմացուց։ Թագաւորը Աբիսողոմը կանչեց ու ան թագաւորին քով գնաց, թագաւորին առջեւ երեսի վրայ ինկաւ ու մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ։ Թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց։33. Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։Սաղմոսներ 66:1-71. Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը, Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։2. Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ. Քու մեծ զօրութեանդ համար Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն՝ ՝։3. Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։ Սաղմոս պիտի երգեն քեզի, Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։)4. Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները. Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ՝ ՝ ահաւոր է։5. Ծովը ցամաքի դարձուց, Գետէն ոտքով անցան։ Այն տեղը իրմով ուրախացանք։6. Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ. Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն. Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։)7. Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։Առակներ 16:25-2625. Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի. Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։26. Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։Ջոն 6:52-7152. Ասոր վրայ հրեաները իրարու հետ կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու»։53. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։54. Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։55. Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։56. Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին։57. Ինչպէս կենդանի Հայրը զիս ղրկեց ու ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով, այսպէս ալ ան որ զիս կ’ուտէ, ինք ալ իմ ձեռքովս կենդանի պիտի մնայ։58. Այս է այն հացը, որ երկնքէն իջած է, ո՛չ թէ մանանան, որ հայրերնիդ կերան ու մեռան։ Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։59. Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ՝ երբ Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր։60. Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։61. Յիսուս երբ հասկցաւ թէ իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ’ընեն, ըսաւ անոնց. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։62. Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։63. Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։64. Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար. վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։65. Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ձեզի ըսի թէ մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։66. Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտիր։67. Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։68. Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։69. Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։70. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ Ասիկա կ’ըսէր Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային համար, վասն զի անիկա էր որ զինք պիտի մատնէր, թէեւ տասներկուքէն մէկն էր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981