Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մայիս 22

1. Անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց։
2. Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր, ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող ամէն մարդ կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ անիկա ‘Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն եմ’, ըսէր,
3. Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու դատդ բանաւոր եւ ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմէ քեզի մտիկ ընող չկայ»։
4. Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։
5. Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։
6. Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց՝ ՝։
7. Քառասուն տարին լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին. «Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ։
8. Քանզի ծառադ երբ Ասորիներուն Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի. ‘Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ’»։
9. Թագաւորը անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց։
10. Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց ու ըսաւ. «Փողին ձայնը լսելնուդ պէս՝ ‘Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ’, ըսէք»։
11. Աբիսողոմին հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած։ Անոնք միամտութեամբ գացին ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր։
12. Աբիսողոմ զոհ ըրած ատենը՝ Դաւիթին խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով։
13. Դաւիթին լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ՝ ՝ եղաւ»։
14. Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ։ Շուտ ըրէ՛ք, գացէ՛ք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի ու մեր վրայ չարիք հասցնէ ու քաղաքը սուրի բերնէ անցընէ»։
15. Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարէ, ահա իր ծառաները պատրաստ են ընելու »։
16. Թագաւորը եւ անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը գնաց։ Թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն։
17. Թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը գնաց։ Անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան։
18. Անոր բոլոր ծառաներն ու բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները անոր քովէն անցան։ Անոր հետ Գէթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն անցան։
19. Թագաւորը Գեթացի Եթթիին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես ու եղած տեղդ պանդուխտ ես։
20. Դուն երէկ եկար ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս։ Ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ, դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։
21. Եթթի՝ թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
22. Դաւիթ Եթթիին ըսաւ. « Ուրեմն եկուր անցիր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ։
23. Բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար ու բոլոր ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ’անցնէր ու բոլոր ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան կ’անցնէին։
24. Ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, մինչեւ որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ։ Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր՝ ՝։
25. Թագաւորը Սադովկին ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձո՛ւր. եթէ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ,
26. Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ՝ ‘Քեզի չեմ հաւնիր’, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի»։
27. Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ։
28. Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ լուր մը առնեմ»։
29. Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին ու հոն մնացին։
30. Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ’ելլէր ու կու լար։ Գլուխը ծածկեր էր ու բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնքը իրենց գլուխը ծածկեր էին ու լալով կ’ելլէին։
31. Դաւիթին պատմեցին ու ըսին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, Աքիտոփէլին խորհուրդը խափանէ»։
32. Երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած զանիկա դիմաւորեց։
33. Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս.
34. Բայց եթէ քաղաքը դառնաս ու Աբիսողոմին ըսես՝ ‘Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի ու հիմա քու ծառադ եմ’, այն ատեն Աքիտոփէլին խորհուրդը կրնաս ցրուել։
35. Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն կրնաս պատմել։
36. Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց միջոցով ինծի կրնաք իմացնել»։
37. Դաւիթին բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ։
1. Երբ Դաւիթ լերանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէին ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու հարիւր ամառնային պտուղ՝ ՝ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։
2. Թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես՝ ՝»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. հացն ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն»։
3. Թագաւորը ըսաւ. «Հապա քու տիրոջդ որդի՞ն ուր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա անիկա Երուսաղէմ կը նստի, քանզի ըսաւ թէ՝ ‘Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ’»։
4. Այն ատեն թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ՝ ՝, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։
5. Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր
6. Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային ։
7. Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ
8. Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։
9. Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ անէծք տայ։ Թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ»։
10. Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ ունիք։ Թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր. ‘Դաւիթը անիծէ’. ալ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր’»։
11. Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը։ Թողուցէ՛ք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր.
12. Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ ինծի բարիք հատուցանէ»։
13. Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ’երթար, իսկ Սեմէի առջեւի լերանը քովէն կ’երթար անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։
14. Թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած գացին ու հոն հանգչեցան։
15. Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր։
16. Երբ Դաւիթին բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմին քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Կեցցէ՛ արքայ, կեցցէ՛ արքայ»։
17. Աբիսողոմ Քուսիին ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ասիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։
18. Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Ո՛չ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին եւ Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ո՛վ որ ըլլայ, ես անոր պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ։
19. Ասկէ զատ, ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, որդիին չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։
20. Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլին. «Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։
21. Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Քու հօրդ հարճերուն մտիր, որոնք անիկա տանը պահպանութիւն ընելու համար թողուց ու երբ բոլոր Իսրայէլ լսէ թէ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։
22. Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմին համար վրան կանգնեցին եւ Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօրը հարճերուն մտաւ։
23. Այն օրերը Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խօսքը հարցնէր։ Աքիտոփէլին ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթին քով եւ թէ՛ Աբիսողոմին քով այնպէս էր։
8. Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։
9. Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։
10. Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած. Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։
11. Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր, Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։
12. Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր. Կրակը ու ջուրը մտանք, Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։
13. Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ, Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս,
14. Որոնք շրթունքներս խոստացան Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։
15. Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով. Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։)
27. Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ Ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։
28. Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
29. Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։
30. Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համար Եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։
1. Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։
2. Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր,
3. Ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա, որպէս զի քու աշակերտներդ ալ տեսնեն քու գործերդ որոնք կ’ընես.
4. Վասն զի մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ»։
5. Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։
6. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը միշտ պատրաստ է։
7. Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։
8. Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։
9. Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։
10. Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։
11. Հրեաները տօնին ատենը կը փնտռէին զինք ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է անիկա»։
12. Եւ ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով։ Ոմանք կ’ըսէին թէ ‘Աղէկ մարդ է’. ուրիշներ կ’ըսէին. ‘Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ’։
13. Սակայն մէ՛կը անոր վրայով համարձակ չէր խօսեր Հրեաներուն վախէն։
14. Երբ տօնը կէս եղաւ, Յիսուս տաճարը գնաց ու կը սորվեցնէր։
15. Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։
16. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։
17. Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։
18. Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։
19. Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։
20. Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Պատասխան տուաւ ժողովուրդը ու ըսաւ. «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։
21. Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Գործ մը գործեցի ու ամէնքդ ալ զարմացեր էք։
22. Արդ՝ Մովսէս ձեզի թլփատութիւնը տուաւ, (որ ոչ թէ Մովսէսէն էր, հապա նախնիքներէն,) ու շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք։
23. Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։
24. Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
25. Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։
26. Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։
27. Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981