Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 232 Սամուել 17:1-291. Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Հիմա տասներկու հազար մարդ ընտրեմ ու ելլեմ եւ այս գիշեր Դաւիթին ետեւէն իյնամ։2. Անիկա քանի որ յոգնած ու ձեռքերը թուլցած են, անոր վրայ հասնիմ ու վախցնեմ զանիկա, որպէս զի անոր հետ եղող ժողովուրդը փախչի ու միայն թագաւորը զարնեմ։3. Այսպէս բոլոր ժողովուրդը քեզի պիտի դարձնեմ. քանզի քու փնտռած մարդդ ձեռքդ անցնելով ՝ ամէնքն ալ ձեռքդ անցած կը սեպուի ու բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ»։4. Այս խօսքը Աբիսողոմին աչքին ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն աչքին հաճոյ երեւցաւ։5. Աբիսողոմ ըսաւ. «Հիմա Արաքացի Քուսին ալ կանչեցէք, որպէս զի անոր խորհուրդն ալ՝ ՝ լսենք»։6. Երբ Քուսի Աբիսողոմին քով եկաւ, Աբիսողոմ անոր հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աքիտոփէլ այսպիսի բան մը ըսաւ. արդեօք անոր խօսքը ընե՞նք՝ թէ ոչ, դուն խօսէ՝ ՝»։7. Քուսի Աբիսողոմին ըսաւ. «Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այս անգամ աղէկ չէ»։8. Եւ Քուսի ըսաւ. «Դուն գիտես թէ քու հայրդ ու անոր մարդիկը զօրաւոր են ու սրտերնին այրած է՝ դաշտի մէջ ձագերը կորսնցուցած արջու պէս։ Քու հայրդ պատերազմող մարդ մըն էու գիշերը ժողովուրդին հետ չի կենար։9. Հիմա անիկա կա՛մ փոսի մը մէջ կա՛մ ուրիշ տեղ մը պահուած է։ Եթէ առաջին անգամ ասոնցմէ իյնալու ըլլան, ամէն լսողը պիտի ըսէ թէ Աբիսողոմին ետեւէն գացող ժողովուրդը կոտորուեր է։10. Այն ատեն առիւծի պէս սիրտ ունեցող զօրաւոր մարդը անգամ բոլորովին պիտի թուլնայ. քանզի բոլոր Իսրայէլ գիտէ թէ քու հայրդ զօրաւոր է ու անոր հետ եղողները ուժի տէր մարդիկ են։11. Այս պատճառով ես քեզի խորհուրդ կու տամ որ բոլոր Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, ծովեզերքը եղող աւազին պէս բազմութեամբ քու քովդ հաւաքուին։ Դուն ալ անձամբ անոնց հետ պատերազմի գնա։12. Այսպէս անոր վրայ երթանք, անիկա ո՛ւր տեղ որ գտնուի, անոր վրայ հասնինք, ինչպէս ցօղը գետնի վրայ կ’իջնէ եւ անկէ ու անոր հետ եղող բոլոր մարդոցմէն մէ՛կը ողջ չթողունք։13. Եթէ քաղաքի մը մէջ գոցուի, բոլոր Իսրայէլ չուաններ թող առնէ այն քաղաքը ու զանիկա մինչեւ հեղեղատը քաշենք, այնպէս որ հոն պզտիկ քար մը անգամ չմնայ»։14. Աբիսողոմ ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Արաքացի Քուսիին խորհուրդը Աքիտոփէլին խորհուրդէն աղէկ է»։ Քանզի Տէրը Աքիտոփէլին աղէկ խորհուրդը ցրուելու հրաման տուեր էր, որպէս զի Տէրը Աբիսողոմին վրայ չարիք հասցնէ։15. Քուսին Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն ըսաւ. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին ու Իսրայէլի ծերերուն այս ինչ խորհուրդը տուաւ, ես ալ այս ինչ խորհուրդը տուի։16. Հիմա շուտով մարդ ղրկեցէք ու Դաւիթին իմացուցէք ու ըսէք. ‘Գիշերը անապատին դաշտերուն մէջ մի՛ կենար, հապա շուտով անցիր. չըլլայ որ թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յանկարծ զարնուին’»։17. Յովնաթան ու Աքիմաաս Ռովգելին աղբիւրին քով կայներ էին, քանզի չէին կրնար քաղաքը մտնել ու երեւնալ։ Աղախինը գնաց ու անոնց պատմեց, անոնք ալ գացին ու Դաւիթ թագաւորին իմացուցին։18. Եւ պատանի մը տեսաւ զանոնք ու Աբիսողոմին պատմեց. բայց Յովնաթան եւ Աքիմաաս մէկտեղ շուտով գացին ու Բաւուրիմ մարդու մը տունը մտան։ Անիկա իր գաւիթին մէջ ջրհոր մը ունէր։ Անոնք հոն իջան։19. Կինը ծածկոց մը առաւ, ջրհորին բերնին վրայ փռեց ու անոր վրայ ձաւար տարածեց ու բանը չհասկցուեցաւ։20. Աբիսողոմին ծառաները կնոջ տունը մտան ու ըսին. «Աքիմաասն ու Յովնաթանը ո՞ւր են»։ Կինը անոնց ըսաւ. « Ջուրին անդիի կողմը անցան»։ Անոնք փնտռեցին ու չգտնելով Երուսաղէմ դարձան։21. Անոնց երթալէն ետքը ջրհորէն ելան ու գացին Դաւիթ թագաւորին իմացուցին եւ ըսին. «Ելէ՛ք ու շուտով ջուրէն անցէ՛ք, քանզի Աքիտոփէլ ձեզի համար այսպիսի խորհուրդ մը տուաւ»։22. Դաւիթ ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը ելան ու Յորդանանէն անցան ու մինչեւ առաւօտեան լոյսը Յորդանանէն չանցած մարդ չմնաց։23. Աքիտոփէլ, երբ տեսաւ թէ իր խորհուրդը չկատարուեցաւ, իր իշուն համետը դրաւ ու ելաւ իր քաղաքը ու իր տունը գնաց եւ իր տանը համար կարգադրութիւններ ըրաւ ու ինքզինք խեղդեց ու մեռաւ եւ իր հօրը գերեզմանը թաղուեցաւ։24. Դաւիթ Մանայիմ հասաւ։ Աբիսողոմ ալ բոլոր Իսրայէլի մարդոցը հետ Յորդանանէն անցաւ։25. Աբիսողոմ Յովաբին տեղը Ամեսային դրաւ զօրքին վրայ։ Ամեսայի Յեթեր անունով Իսրայելացիի մը որդին էր։ Անիկա Յովաբին մօրը Շարուհեայի քոյրը, Նաասի աղջիկը Աբիգիան առեր էր։26. Իսրայէլ Աբիսողոմին հետ Գաղաադի երկիրը բանակեցաւ։27. Երբ Դաւիթ Մանայիմ գնաց, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբայէն Նաասի որդին Սոբի ու Լադաբարէ Ամիէլի որդին Մաքիր եւ Ռովգելիմէ Գաղադացի Բերզելի՝28. Անկողիններ, կոնքեր, հողէ ամաններ, ցորեն, գարի, ալիւր ու բոհրած ցորեն ու բակլայ եւ ոսպ ու բոհրած սիսեռ29. Ու մեղր եւ կոգի ու ոչխարներ եւ կովու պանիր բերին Դաւիթին ու անոր հետ եղող ժողովուրդին, որպէս զի ուտեն. քանզի ըսին. ‘Ժողովուրդը անապատին մէջ անօթի, յոգնած ու ծարաւցած է’։2 Սամուել 18:1-331. Դաւիթ իրեն հետ եղող զօրքը համրեց։ Անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ։2. Դաւիթ զօրքին մէկ երրորդը՝ Յովաբին ձեռքը, մէկ երրորդը՝ Յովաբին եղբօր Շարուհեան Աբեսսային ձեռքը ու մէկ երրորդը Գեթացի Եթթիին ձեռքը յանձնեց՝ ՝։ Թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ. «Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ պիտի ելլեմ»։3. Բայց ժողովուրդը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր, քանզի եթէ մենք փախչելու ըլլանք, անոնք մեզի համար հոգ չեն ըներ ու թէեւ մեր կէսը մեռնի, անոնք բանի մը տեղ չեն դներ. բայց դուն մեր տասը հազարին չափ ես ու հիմա աղէկը այն է, որ դուն մեզի քաղաքէն օգնութիւն ղրկես»։4. Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր աչքերուն հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ»։ Թագաւորը դրանը քով կայնեցաւ եւ բոլոր զօրքը հարիւրներով ու հազարներով կ’ելլէին։5. Ու թագաւորը Յովաբին եւ Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Իմ սիրոյս համար Աբիսողոմ պատանիին խնայեցէք»։ Երբ թագաւորը Աբիսողոմին համար բոլոր զօրավարներուն պատուիրեց, բոլոր զօրքերը լսեցին։6. Զօրքը դաշտը ելաւ Իսրայէլի դէմ դնելու համար։ Պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ։7. Հոն Իսրայէլի զօրքերը Դաւիթին ծառաներուն առջեւ յաղթուեցան ու այն օրը մեծ կոտորած եղաւ ու քսան հազար մարդ ինկաւ ։8. Պատերազմը բոլոր երկրին վրայ տարածուեցաւ ու այն օրը անտառը սուրին ջարդածէն աւելի ժողովուրդ ջարդեց։9. Աբիսողոմ Դաւիթին ծառաներուն հանդիպեցաւ։ Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծեր էր։ Ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ։ Անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ ու երկնքի ու երկրի մէջ կախուած մնաց։ Ջորին տակէն անցաւ գնաց ։10. Մարդ մը զանիկա տեսնելով՝ Յովաբին պատմեց ու ըսաւ. «Ահա Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ»։11. Յովաբ իրեն լուր բերող մարդուն ըսաւ. «Քանի որ զանիկա տեսար, ինչո՞ւ համար զանիկա հոն գետինը չզարկիր։ Այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ ու գօտի մը կու տայի»։12. Այն մարդը Յովաբին ըսաւ. «Եթէ իմ ափս հազար սիկղ կշիռքով արծաթ ալ դրուէր, թագաւորին որդիին ձեռքս չէի երկնցներ, քանզի մենք լսեցինք՝ երբ թագաւորը քեզի ու Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրեց՝ ըսելով. ‘ Ամէն մէկդ՝ ՝ Աբիսողոմ պատանիին հոգ տարէք’»։13. Եթէ թագաւորին պատուէրին մտիկ չընէի եւ անոր կեանքին վնասէի, իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի. քանզի բնաւ բան մը թագաւորէն գաղտուկ չի մնար ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր»։14. Յովաբ ըսաւ. «Ես քու առջեւդ պարապ ժամանակ չեմ ուզեր անցնել»։ Իր ձեռքը երեք գեղարդ առաւ ու անոնցմով Աբիսողոմին սիրտը խոցեց, երբ անիկա տակաւին բեւեկնիին վրայ ողջ էր։15. Յովաբին զինակիրներէն տասը պատանիներ, չորս կողմը պաշարելով՝ Աբիսողոմը զարկին ու զանիկա մեռցուցին։16. Յովաբ փող հնչեցուց ու զօրքը Իսրայէլը հալածելէն ետ դարձաւ, քանզի Յովաբ զօրքը զսպեց։17. Աբիսողոմը առին եւ զանիկա անտառին մէջ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին ու անոր վրայ խիստ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին։ Բոլոր Իսրայէլ փախաւ, ամէն մէկը իր վրանը։18. Աբիսողոմ իր կենդանութեան ատեն արձան մը առեր էր ու զանիկա իրեն համար թագաւորին հովիտին մէջ կանգնեցուցեր էր, ըսելով թէ՝ ‘Որդի չունիմ որ իմ անուանս յիշատակը պահէ’. ուստի այն արձանը իր անունովը կոչեր էր։ Անիկա մինչեւ այսօր ‘Աբիսողոմին արձանը’ կը կոչուի։19. Սադովկի որդին Աքիմաաս ըսաւ. «Հիմա վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ, քանի որ Տէրը անոր իրաւունք ըրաւ ու զանիկա իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց »։20. Յովաբ անոր ըսաւ. «Դուն այսօր աւետիս տանելու մարդ չես. դուն ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս մի՛ տանիր, քանզի թագաւորին որդին մեռաւ»։21. Յովաբ Քուսիին ըսաւ. «Գնա՛, տեսածդ թագաւորին պատմէ»։ Քուսի Յովաբին խոնարհութիւն ըրաւ եւ վազելով գնաց։22. Սադովկի որդին Աքիմաաս նորէն Յովաբին ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, հրաման տուր որ ես ալ Քուսիին ետեւէն վազեմ»։ Յովաբ ըսաւ. «Ինչո՞ւ վազես, որդի՛ս, որովհետեւ աւետիս մը չունիս տանելու»։23. Անիկա ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, վազեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Վազէ՛»։ Աքիմաաս դաշտին ճամբովը վազեց Քուսիէն անցաւ։24. Դաւիթ երկու դռներուն մէջ կը նստէր ու դէտը դրանը տանիքին վրայ դէպի պարիսպը գնաց եւ աչքերը վերցնելով տեսաւ, որ ահա մարդ մը մինակ կը վազէր։25. Այն ատեն դէտը բարձր ձայնով թագաւորին իմացուց ու թագաւորը ըսաւ. «Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ»։ Անիկա կու գար ու կը մօտենար։26. Դէտը ուրիշ վազող մարդ մըն ալ տեսաւ։ Դէտը դռնապանին բարձր ձայնով ըսաւ. «Ահա ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ան ալ աւետաբեր է»։27. Դէտը ըսաւ. «Առաջինին ընթացքը Սադովկի որդիին Աքիմաասին ընթացքին պէս կ’երեւնայ ինծի»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա բարի մարդ է ու բարի աւետիսով կու գայ»։28. Աքիմաաս պոռալով ըսաւ թագաւորին. «Ողջո՜յն» ու երեսի վրայ գետինը իյնալով ՝ խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ քու Տէր Աստուածդ, որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ դէմ ձեռք վերցնողները քու ձեռքդ մատնեց»։29. Թագաւորը ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Աքիմաաս ըսաւ. «Երբ Յովաբ՝ թագաւորին ծառան ու զիս քու ծառադ՝ ղրկեց, մեծ խումբ մը տեսայ, բայց ի՛նչ ըլլալը չիմացայ»։30. Թագաւորը ըսաւ. «Դարձի՛ր ու հոս կայնէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու կայնեցաւ։31. Եւ ահա Քուսին եկաւ ու Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ աւետիս կու տամ, որ բոլոր քու վրադ ելլողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց ու քեզի իրաւունք ըրաւ»։32. Թագաւորը Քուսիին ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Այն ատեն Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիները ու չարութեան համար բոլոր քու վրադ ելլողները այն պատանիին պէս ըլլան»։33. Եւ թագաւորը խռովեցաւ ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ եւ քալելով այսպէս կ’ըսէր. «Որդեա՛կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։Սաղմոսներ 66:16-2016. Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։17. Բերնովս անոր աղաղակեցի Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի՝ ՝։18. Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի, Տէրը պիտի չլսէր։19. Սակայն Աստուած լսեց, Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։20. Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։Առակներ 16:31-3231. Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։32. Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։Ջոն 7:28-5328. Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։29. Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։30. Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։31. Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ’ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։32. Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։33. Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։34. Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։35. Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։36. Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։37. Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։38. Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։39. Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։40. Ժողովուրդէն շատ մարդիկ երբ այս խօսքը լսեցին՝ ըսին. «Իրաւցընէ ասիկա է մարգարէն»։41. Ուրիշներ ըսին. «Ասիկա է Քրիստոսը». ուրիշներ ալ. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։42. Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։43. Ուստի ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար։44. Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զանիկա, բայց մէ՛կը անոր ձեռք չզարկաւ։45. Սպասաւորները նորէն գացին քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն, որոնք հարցուցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։46. Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։47. Այն ատեն փարիսեցիները հարցուցին անոնց եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։48. Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր.49. Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։50. Նիկոդէմոս ըսաւ անոնց, (որ գիշեր ատեն իրեն գացեր էր եւ անոնցմէ մէկն էր,)51. «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։52. Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։53. Եւ ամէն մէկը իր տունը գնաց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981