Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 242 Սամուել 19:1-431. Յովաբին պատմուեցաւ թէ՝ «Ահա թագաւորը Աբիսողոմին համար կու լայ ու սուգ կ’ընէ»։2. Այն օրը յաղթութիւնը սուգի դարձաւ բոլոր զօրքին առջեւ, քանզի զօրքը լսեց թէ «Թագաւորը իր զաւկին համար կը սգայ»։3. Այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս։4. Թագաւորը իր երեսը ծածկեց ու մեծ ձայնով մը կը կանչէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։5. Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ. «Այսօր քու կեանքդ ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը եւ քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթով ըրիր,6. Քանզի քեզ ատողները կը սիրես ու քեզ սիրողները կ’ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր թէ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ եւ այսօր աղէկ հասկցայ թէ՝ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար ու մենք ամէնքս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար։7. Հիմա ոտքի ելի՛ր ու դո՛ւրս եկուր ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ խօսէ, քանզի Տէրոջմով երդում կ’ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչեւ հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ»։8. Թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին. «Ահա թագաւորը դուռը նստեր է»։ Բոլոր զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին։9. Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ ժողովուրդը կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է ու Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է եւ հիմա Աբիսողոմին պատճառով այս երկրէն փախաւ։10. Աբիսողոմը, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ եւ հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու մասին ինչո՞ւ բան մը չէք խորհիր»։11. Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք. ‘Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ անոր տունը։12. Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք’։13. Եւ Ամեսայիին ըսէք. ‘Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբին տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս’»։14. Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց եւ անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Դարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր ծառաներդ»։15. Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդան ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։16. Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէին արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։17. Անոր հետ Բենիամինէն հազար մարդ կար ու Սաւուղին տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը եւ քսան ծառաներովը եկաւ ու թագաւորին առջեւ Յորդանան հասան՝ ՝։18. Թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջեւ ինկաւ19. Եւ թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս ինծի յանցանք թող չսեպէ ու իմ թագաւոր տիրոջս Երուսաղէմէն ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը թող չյիշէ ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ թող չպահէ։20. Քանզի քու ծառադ գիտցաւ թէ մեղք գործեց։ Ահա այսօր Յովսէփին բոլոր տունէն ամենէն առաջ ես եկայ որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմաւորեմ»։21. Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսան պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ուրեմն Սեմէին ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց»։22. Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ’ընէք։ Միթէ այսօր Իսրայէլէն ոեւէ մարդ պէ՞տք է մեռնի, որովհետեւ գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ»23. Եւ թագաւորը Սեմէին ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս» ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։24. Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէն՝ թագաւորը դիմաւորելու եկաւ։ Անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ ու մօրուքը չէր շտկեր եւ լաթերը չէր լուացեր։25. Երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։26. Անիկա ըսաւ. «Ով տէ՛ր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի ես՝ քու ծառադ ըսի. ‘Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է’։27. Բայց անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ։28. Թէպէտեւ իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր, ուստի ա՛լ ասկէ յետոյ ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու»։29. Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս։ Ես ըսի, որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք»։30. Մեմփիբոսթէն ըսաւ թագաւորին. «Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետեւ իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ»։31. Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէն ճամբեցնէ։32. Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան ըլլալով եւ որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ինք զանիկա կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր։33. Թագաւորը Բերզելիին ըսաւ. «Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։34. Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ երթամ.35. Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ թագաւոր տիրոջս ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ։36. Քու ծառադ թագաւորին հետ Յորդանանէն անցնելուն համար թագաւորը ինչո՞ւ ինծի ատոր փոխարէնը հատուցանէ։37. Արտօնէ որ դառնամ իմ քաղաքիս մէջ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։38. Թագաւորը ըսաւ. «Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր։ Ինծմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։39. Բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ։ Թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց։ Ան ալ իր տեղը դարձաւ։40. Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։41. Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան ու թագաւորն ու անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։42. Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է։ Այս բանին համար ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք կամ թէ անիկա մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։43. Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք ու նաեւ Դաւիթին վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք՝ ՝»։ Բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր։2 Սամուել 20:1-261. Հոն Բենիամինի ցեղէն Բոքորեան Սաբէէ անունով անօրէն մարդ մը գտնուեցաւ։ Անիկա փող հնչեցուց ու ըսաւ. «Մենք Դաւիթին քով բաժին ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք. ո՛վ Իսրայէլ, ամէն մարդ իր վրանը թող դառնայ »։2. Ուստի Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Դաւիթէն զատուեցան ու Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին, բայց Յուդայի մարդիկը Յորդանանէն մինչեւ Երուսաղէմ իրենց թագաւորին հետեւեցան։3. Դաւիթ Երուսաղէմ իր տունը գնաց։ Թագաւորը իր տանը պահպանութեանը համար թողուցած տասը հարճերը առաւ ու զանոնք տանը մը մէջ պահել տուաւ եւ զանոնք կը կերակրէր, բայց անոնց չմօտեցաւ։ Անոնք մինչեւ իրենց մեռնելու օրը պահուած մնացին ու որբեւարիի պէս ապրեցան։4. Թագաւորը Ամեսայիին ըսաւ. « Մինչեւ երեք օր Յուդայի մարդիկը ինծի կանչէ ու դուն ալ հոս ներկայ եղիր»։5. Ուստի Ամեսայի Յուդան կանչելու գնաց, բայց որոշուած ատենէն աւելի ուշացաւ։6. Այն ատեն Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Հիմա Բոքորեան Սաբէէն Աբիսողոմէն աւելի չարութիւն պիտի ընէ մեզի. ուրեմն դուն քու տիրոջդ ծառաները քեզի հետ ա՛ռ ու անոր ետեւէն գնա, չըլլայ որ իրեն պարսպապատ քաղաքներ գտնէ ու մեր աչքէն անյայտ ըլլայ»։7. Այսպէս Յովաբին մարդիկը ու Քերեթիները ու Փելեթիները եւ բոլոր զօրաւորները անոր ետեւէն ելան ու Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար Երուսաղէմէն գացին։8. Երբ անոնք Գաբաւոնի մէջ եղող մեծ քարին քով հասան, Ամեսային անոնց դէմ ելաւ։ Յովաբ իր հագած հանդերձները գօտեւորած էր ու անոր վրայէն ուրիշ գօտիով՝ մէջքը սուր մը կապած էր պատեանովը մէկտեղ։ Երբ անիկա կ’երթար՝ սուրը պատեանէն ինկաւ։9. Յովաբ Ամեսայիին ըսաւ. «Եղբայրս, ողջ առո՞ղջ ես»։ Յովաբ Ամեսային համբուրելու համար աջ ձեռքովը անոր մօրուքէն բռնեց։10. Ամեսային Յովաբին ձեռքը եղած սուրէն չզգուշացաւ։ Յովաբ սնակուշտէն զարկաւ զանիկա եւ անոր աղիքները գետինը թափեց։ Անոր երկու անգամ չզարկաւ ու անիկա մեռաւ։ Յովաբ ու իր եղբայրը Աբեսսա Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին։11. Այն ատեն Յովաբին պատանիներէն մէկը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ որ Յովաբը կը սիրէ ու ո՛վ որ Դաւիթին կողմէն է, Յովաբին ետեւէն թող երթայ »։12. Ամեսային՝ ճամբուն վրայ՝ իր արիւնին մէջ կը թաւալէր։ Այն մարդը, երբ տեսաւ որ բոլոր զօրքը կայնեցաւ, Ամեսային ճամբուն վրայէն վերցուց ու արտի մը մէջ ձգեց եւ զայն լաթով մը ծածկեց. քանզի տեսաւ, որ ամէն անոր քով եկողը կանգ կ’առնէ։13. Զանիկա ճամբուն վրայէն վերցուցածին պէս՝ ամէն մարդ Յովաբին ետեւէն գնաց Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար։14. (Բայց անիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն մինչեւ Աբէլ ու Բեթմաաքա անցեր էր բոլոր Բերացիներուն հետ, որոնք անոր քով հաւաքուելով՝ անոր ետեւէն գացեր էին։)15. Անոնք հասան ու Բեթմաաքայի Աբէլի մէջ՝ զանիկա պաշարեցին ու քաղաքին առջեւ հողաբլուր մը շինեցին, որ պարսպին մօտ կանգնուեցաւ եւ Յովաբին հետ եղող բոլոր զօրքը պարիսպը փլցնելու կ’աշխատէին։16. Իմաստուն կին մը քաղաքէն կանչեց. «Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք. շնորհք ըրէ՛ք, Յովաբին ըսէք. ‘Հոս մօտեցիր, որպէս զի քեզի հետ խօսիմ’»։17. Յովաբ անոր մօտեցաւ ու կինը ըսաւ. «Յովաբը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Քու աղախինիդ խօսքերուն մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. « Ահա մտիկ կ’ընեմ»։18. Կինը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հին ատենը սովորաբար կ’ըսէին՝ ‘Թող Աբէլին երթան հարցնեն՝ ՝ ու այնպէս լմնցնեն’։19. Ես Իսրայէլի մէջ խաղաղարար ու հաւատարիմ քաղաք մըն եմ, բայց դուն կը ջանաս աւերել այնպիսի քաղաք մը, որ Իսրայէլի մէջ մայրաքաղաք մըն է՝ ՝. Տէրոջը ժառանգութիւնը ինչո՞ւ բնաջինջ կ’ընես»։20. Յովաբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, քա՜ւ լիցի, որ ես բնաջինջ ընեմ կամ աւերեմ.21. Բանը այդպէս չէ. հապա Եփրեմի լեռնէն Բոքորեան Սաբէէ անունով մարդ մը իր ձեռքը Դաւիթ թագաւորին դէմ վերցուց, միայն զանիկա տուէք ու այս քաղաքէն երթամ»։ Կինը Յովաբին ըսաւ. «Ահա անոր գլուխը պարսպին վրայէն քեզի պիտի նետուի»։22. Ու կինը բոլոր ժողավորդին գնաց, իր իմաստութեամբ խօսեցաւ եւ Բոքորեան Սաբէէին գլուխը կտրեցին ու Յովաբին նետեցին։ Այն ատեն անիկա փող հնչեցուց ու ամէն մարդ այն քաղաքէն իր վրանը քաշուեցաւ։ Յովաբ ալ Երուսաղէմ թագաւորին դարձաւ։23. Եւ Յովաբ Իսրայէլի զօրքերուն վրայ էր ու Յովիադայի որդին Բանիա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր։24. Ադորամ հարկերուն վրայ ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակներու դպիր էր25. Եւ Սուսա ատենադպիր էր ու Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներ էին։26. Եւ Յայիրացի Իրաս ալ Դաւիթի նախարարն էր։Սաղմոսներ 67:1-71. Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)2. Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։3. Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։4. Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)5. Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։6. Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։7. Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։Առակներ 16:33-3333. Վիճակը ծոցը կը ձգուի, Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։Առակներ 17:1-11. Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։Ջոն 8:1-271. Յիսուս Ձիթենեաց լեռը գնաց։2. Երբ առտուն նորէն տաճարը եկաւ, բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գար ու ինք նստեր կը սորվեցնէր անոնց։3. Դպիրներն ու փարիսեցիները շնութեան մէջ բռնուած կին մը բերին անոր ու զանիկա մէջտեղը կայնեցնելով՝4. Ըսին իրեն. «Վա՛րդապետ, այս կինը շնութեան մեղքը գործած ատենը բռնուեցաւ։5. Մովսէս օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Հիմա դուն ի՞նչ կ’ըսես ատոր համար »։6. Ասիկա կ’ըսէին՝ զանիկա փորձելով, որպէս զի անոր վրայ ամբաստանութիւն ընելու առիթ մը ունենան. բայց Յիսուս դէպի վար ծռելով՝ մատովը գետնին վրայ կը գրէր.7. Սակայն երբ ստիպեցին՝ հարցնելով իրեն, վեր նայեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջին քարը անիկա թող ձգէ ատոր վրայ»։8. Եւ նորէն ծռելով՝ գետնին վրայ կը գրէր։9. Անոնք այս լսելով ու իրենց խղճմտանքէն յանդիմանուելով՝ մէկիկ մէկիկ դուրս ելան, ծերերէն սկսած մինչեւ յետինները։ Յիսուս մինակ մնաց ու կինը մէջտեղը կայնած։10. Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կի՛ն, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։11. Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։12. Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։13. Իսկ փարիսեցիները ըսին անոր. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։14. Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։15. Դուք մարմնին նայելով դատաստան կ’ընէք։ Ես բնաւ մէկը չեմ դատեր,16. Թէեւ դատելու ալ ըլլամ, իմ դատաստանս ճշմարիտ է. վասն զի ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։17. Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։18. Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։19. Այն ատեն ըսին անոր. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։20. Յիսուս այս խօսքերը խօսեցաւ գանձատունը՝ երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ու մէ՛կը չբռնեց զանիկա, վասն զի դեռ անոր ժամանակը հասած չէր։21. Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։22. Ասոր վրայ Հրեաները կ’ըսէին. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։23. Ըսաւ անոնց. Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ.24. Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։25. Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի։26. Շատ բաներ ունիմ ձեզի համար խօսելու եւ դատելու. բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։27. Անոնք չիմացան թէ Հօրը համար կը խօսէր իրենց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981