Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 252 Սամուել 21:1-221. Դաւիթին օրերը իրարու ետեւէ երեք տարի սով եղաւ։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց։ Տէրը ըսաւ. «Ասիկա Սաւուղին ու անոր արիւնահեղ տանը համար է, քանզի անիկա Գաբաւոնացիները մեռցուց»։2. Թագաւորը Գաբաւոնացիները կանչեց ու անոնց խօսեցաւ (Գաբաւոնացիները Իսրայէլի որդիներէն չէին, այլ Ամօրհացիներու մնացորդէն էին ու Իսրայէլի որդիները անոնց երդում ըրեր էին. բայց Սաւուղ Իսրայէլի ու Յուդայի որդիներուն դէմ բարկացած ըլլալուն համար՝ զանոնք զարնել ուզեր էր։)3. Եւ Դաւիթ Գաբաւոնացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ի՞նչ ընեմ ու ինչո՞վ քաւութիւն ընեմ, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութիւնը օրհնէք»։4. Գաբաւոնացիները անոր ըսին. «Սաւուղէն ու անոր տունէն արծաթ կամ ոսկի չենք ուզեր ու Իսրայէլէն մարդ մը մեռցնել չենք ուզեր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինչ որ ըսէք՝ ձեզի պիտի ընեմ»։5. Անոնք թագաւորին ըսին. «Այն մարդը որ մեզ ջարդեց ու մեզ այնպէս կորսնցնել ուզեց, որպէս զի ամենեւին Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չգտնուինք,6. Անոր որդիներէն մեզի եօթը մարդ տուէք, որպէս զի զանոնք Տէրոջը ընտրեալ Սաւուղին Գաբաային մէջ Տէրոջը համար կախենք»։ Թագաւորը «Կու տամ», ըսաւ։7. Թագաւորը Սաւուղեան Յովնաթանին որդիին Մեմփիբոսթէին խնայեց, Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին ու Դաւիթին մէջտեղ եղած Տէրոջը երդումին համար։8. Բայց թագաւորը Այիային աղջկան Ռեսփային երկու որդիները, որոնք Սաւուղին ծներ էր, այսինքն Արմոնին ու Մեմփիբոսթէն եւ Սաւուղին աղջկան Մեղքողին հինգ որդիները, որոնք Մաուլացի Բերզելիին որդիին Եդրիէլին ծներ էր, առաւ9. Ու զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը տուաւ։ Անոնք ալ զանոնք Տէրոջը առջեւ լերանը վրայ կախեցին։ Եօթն ալ մէկտեղ մեռան։ Անոնք հունձքի առաջին օրերը, գարիի հունձքին սկիզբը մեռցուեցան։10. Այիային աղջիկը՝ Ռեսփան՝ քուրձ մը առաւ, զանիկա ապառաժի մը վրայ փռեց, հունձքի սկիզբէն մինչեւ անոնց վրայ երկնքէն անձրեւ գալը։ Ցորեկը՝ երկնքի թռչունները ու գիշերը անապատին գազանները չէր թողուր որ անոնց դպչին։11. Սաւուղին հարճին, Այիային աղջկան Ռեսփային ըրածը Դաւիթին պատմեցին։12. Դաւիթ գնաց եւ Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները առաւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն, որոնք Բեթսանի հրապարակէն զանոնք գողցեր էին, վասն զի Փղշտացիները զանոնք հոն կախեր էին այն օրը, երբ Փղշտացիները Գեղբուէի վրայ Սաւուղը մեռցուցեր էին։13. Սաւուղին ոսկորները ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները անկէ վերցուց ու կախուածներուն ոսկորներն ալ հաւաքեցին։14. Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները Բենիամինին երկիրը՝ Սելայի մէջ անոր հօրը Կիսի գերեզմանը թաղեցին ու թագաւորին բոլոր պատուիրածը ըրին։ Անկէ ետքը Աստուած երկրին համար եղած աղօթքը ընդունեց։15. Փղշտացիները նորէն Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ու իր ծառաները իրեն հետ ելան ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ուժասպառ եղաւ։16. Յեսբիբենոբ, որ Ռափայի որդիներէն էր, երեք հարիւր սիկղ ծանրութեամբ պղնձէ նիզակ մը ունէր ու մէջքը նոր սուր մը կապեր էր, ուզեց որ Դաւիթը զարնէ։17. Բայց Շարուհեայի որդին Աբեսսան անոր օգնութեան հասաւ ու Փղշտացին զարկաւ ու մեռցուց։ Այն ատեն Դաւիթին մարդիկը անոր երդում ըրին ու ըսին. «Ասկէ ետքը դուն մեզի հետ պատերազմի մի՛ ելլեր, որպէս զի Իսրայէլի ճրագը չմարի»։18. Անկէ ետքը նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի որդիներէն Սեփիան մեռցուց։19. Նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ ու Բեթլէհէմացի Արիովրգիմի որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։20. Նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն ձեռքերուն մատերը ու ոտքերուն մատերը վեց վեց հատ ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր։ Անիկա ալ Ռափայի որդիներէն էր։21. Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին Յովնաթան զանիկա զարկաւ։22. Այս չորսը Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։2 Սամուել 22:1-511. Դաւիթ, այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ2. Ու ըսաւ. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է.3. Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։ Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։4. Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։5. Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։6. Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։7. Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ ։8. Այն ատեն երկիրը սասանեցաւ ու դողաց, Երկնքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։9. Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ։ Անկէ կայծակներ բռնկեցան։10. Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։11. Քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։12. Խաւարն ու թանձր ջուրերը Ու երկնքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց։13. Անոր առջեւ եղող ճառագայթէն Կրակի կայծակներ բռնկեցան։14. Տէրը երկնքէն որոտաց Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ։15. Նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։16. Տէրոջը յանդիմանութիւնովը Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը Ծովուն յատակները երեւցան Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան։17. Բարձրէն հասաւ ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։18. Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս, Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։19. Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին. Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ։20. Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։21. Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի։22. Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։23. Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ։24. Անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։25. Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւն է։26. Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս. Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։27. Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս։28. Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես։29. Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր, Ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ։30. Վասն զի քեզմով գունդ մը կրնամ ջախջախել Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէն կ’անցնիմ։31. Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է։ Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։32. Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։33. Աստուած իմ զօրաւոր բերդս է, Որ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։34. Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կանգնեցնէ։35. Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ։ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։36. Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։37. Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։38. Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի Ու ետ չդարձայ մինչեւ զանոնք հատցուցի։39. Զանոնք հատցուցի ու գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին. Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։40. Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։41. Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։42. Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար. Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։43. Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի, Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի։44. Իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ Ու իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։45. Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝. Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան։46. Օտարները տկարացան Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։47. Տէրը կենդանի է ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ։48. Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ, Ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։49. Իմ թշնամիներէս զիս դուրս հանելով Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուց Ու բռնաւոր մարդէն ազատեց։50. Ասոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։51. Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին, Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է»։Սաղմոսներ 68:1-61. Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։2. Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի, Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի, Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։3. Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան, Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։4. Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը. Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին. Որուն անունը Եահ է Ու ցնծացէք անոր առջեւ։5. Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։6. Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ, Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ, Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։Առակներ 17:2-42. Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։3. Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։4. Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։Ջոն 8:28-5928. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ.29. Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։30. Երբ ասոնք խօսեցաւ, շատ մարդիկ իրեն հաւատացին։31. Այն ատեն Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք32. Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։33. Պատասխան տուին իրեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ «Ազատ պիտի ըլլաք’»։34. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’։35. Եւ ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ։36. Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։37. Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։38. Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։39. Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք։40. Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ։41. Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։42. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։43. Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար իմ խօսքիս մտիկ ընել։44. Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը։45. Բայց որո՛վհետեւ ես ճշմարտութիւն կը խօսիմ, ինծի չէք հաւատար։46. Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար. իսկ եթէ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։47. Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։48. Պատասխան տուին Հրեաները ու ըսին անոր. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։49. Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք։50. Իսկ ես իմ փառքս չեմ փնտռեր։ Կայ մէկը, որ կը փնտռէ ու կը դատէ։51. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ’»։52. Այն ատեն Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։53. Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։54. Յիսուս պատասխան տուաւ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է,55. Բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զանիկա եւ անոր խօսքը կը պահեմ։56. Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։57. Իսկ Հրեաները ըսին անոր. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։58. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։59. Այն ատեն քարեր վերցուցին որպէս զի անոր վրայ նետեն, բայց Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ անոնց մէջէն անցնելով՝ տաճարէն դուրս ելաւ ու գնաց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981