1. Դաւիթին վերջին խօսքերը ասոնք են։ Յեսսէի որդին Դաւիթ՝ Այն մարդը, որ բարձրացաւ՝ Յակոբի Աստուծոյն օծեալը՝ Ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը, կ’ըսէ.
2. «Տէրոջը Հոգին ինծմով խօսեցաւ Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։
3. Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ Ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ Ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’,
4. Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, Որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ, Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է Ու արեւու ճառագայթին՝ Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտ կը բուսցնէ ։
5. Թէեւ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ, Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ, Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է. Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է. Ու պիտի չծաղկեցնէ՞՝ ՝ զայն ։
6. Բայց բոլոր անօրէնները Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան, Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր։
7. Անոնց դպչող մարդը Երկաթը ու նիզակին բունը իրեն զէնք պիտի ընէ՝ ՝ Ու իրենց եղած տեղը Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին»։
8. Դաւիթին զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. Յօսէբ-Բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա է Ասօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդ մէկէն մեռցուց՝ ՝։
9. Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազարը, որ Դաւիթին հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները նախատեցին ու Իսրայէլի մարդիկը փախան։
10. Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ՝ միայն կողոպուտը առնելու համար։
11. Անկէ ետքը Արարացի Ագէին որդին Սամման էր։ Փղշտացիները գունդ մը կազմեցին՝ ՝ ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ։
12. Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ եւ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
13. Երեսուն զօրավարներուն երեքը իջան եւ հունձքի ատեն Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։
14. Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին։
15. Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմին դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։
16. Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին ու Դաւիթին բերին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց
17. Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քա՜ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ » ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները։
18. Շարուհեան Յովաբին եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ։ Անիկա երեքին մէջ անուանի էր։
19. Այն ամենէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
20. Մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդիին Յովիադայի որդին Բանիա Մովաբացի Արիէլին երկու որդիները մեռցուց։ Ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։
21. Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ գնաց ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ անոր նիզակովը զայն մեռցուց։
22. Յովիադայի որդին Բանիա այս բաները ըրաւ ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ.
23. Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
24. Յովաբին եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան,
25. Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա,
26. Փելլատացի Քեղղէս. Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս,
27. Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ
28. Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ,
29. Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի,
1. Տէրոջը բարկութիւնը նորէն Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու Դաւիթը անոնց դէմ գրգռեց, ըսելով. «Գնա՛, Իսրայէլն ու Յուդան համրէ՛»։
2. Թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, պտըտէ ու ժողովուրդը համրեցէք, որպէս զի ժողովուրդին թիւը գիտնամ»։
3. Յովաբ ըսաւ թագաւորին. «Քու Տէր Աստուածդ, ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ ու իմ թագաւոր տիրոջս աչքերը տեսնեն. բայց իմ թագաւոր տէրս ինչո՞ւ համար այս բանին կը ցանկայ»։
4. Բայց երբ թագաւորը պարտադրեց, որ Յովաբ եւ զօրավարները իրեն հնազանդին, Յովաբ զօրավարներուն հետ թագաւորին առջեւ ելաւ, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը համրէ։
5. Եւ Յորդանանէն անցան ու Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան։ Ետքը Յազեր
6. Եւ Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը գացին։ Անկէ՝ Դանեաան ու Սիդոնի շրջակաները։
7. Անկէ Տիւրոսի ամրոցն ու Խեւացիներուն ու Քանանացիներուն բոլոր քաղաքները գացին եւ Յուդայի հարաւային կողմը Բերսաբէէ հասան։
8. Բոլոր երկիրը պտըտեցան եւ ինը ամիսէն ու քսան օրէն ետքը Երուսաղէմ դարձան։
9. Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը թագաւորին տուաւ։ Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող պատերազմիկ կար եւ Յուդայեանները հինգ հարիւր հազար հոգի էին։
10. Դաւիթ ժողովուրդը համրելէն ետքը՝ իր խղճմտանքը զինք նեղեց։ Դաւիթ Տէրոջը ըսաւ. «Այս ընելով մեծ մեղք գործեցի. ո՛վ Տէր, հիմա քու ծառայիդ այս մեղքը ներէ. քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։
12. «Գնա՛ ու Դաւիթին ըսէ՛, Տէրը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որ քեզի ընեմ’»։
13. Գադ Դաւիթին գալով՝ անոր պատմեց ու անոր ըսաւ. «Եօթը տարի քու երկրիդ վրայ սո՞վ ըլլայ, կամ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչի՞ս ու անոնք քեզ հալածեն, կամ թէ երեք օր քու երկրիդ վրայ ժանտա՞խտ ըլլայ։ Հիմա մտածէ՛ ու ըսէ՛, թէ ի՞նչ պատասխան տանիմ զիս ղրկողին»։
14. Դաւիթ Գադին ըսաւ. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. աւելի լաւ է Տէրոջը ձեռքը իյնալ, քանզի անոր գթութիւնը շատ է, քան մարդու ձեռք իյնալը»։
15. Տէրը այն առաւօտէն մինչեւ որոշուած ժամանակը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց։ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ։
16. Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկնցուց, որպէս զի զանիկա ջնջէ։ Այս չարիքին վրայ Տէրոջը սիրտը իջաւ ու ժողովուրդը ջնջող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր։
17. Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջը ըսաւ. «Ահա ե՛ս մեղանչեցի ու ե՛ս անօրէնութիւն ըրի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ’աղաչեմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ»։
18. Նոյն օրը Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցուր»։
19. Դաւիթ Գադին ըսածին համեմատ վեր ելաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։
20. Ոռնա նայեցաւ ու երբ տեսաւ, որ թագաւորը եւ անոր ծառաները իրեն կու գան, ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին։
21. Ոռնա ըսաւ. «Արդեօք ի՞նչ պատճառով իմ թագաւոր տէրս իր ծառային եկաւ»։ Դաւիթ ըսաւ. « Այս կալը քեզմէ ծախու առնելու ու Տէրոջը սեղան մը շինելու համար, որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։
22. Ոռնա ըսաւ Դաւիթին. «Իմ թագաւոր տէրս զանիկա թող առնէ ու իր աչքերուն հաճոյ երեւցածին պէս զոհ ընէ։ Ահա եզները՝ ողջակէզի համար, կամնասայլերն ու եզներուն գործիքները՝ փայտի համար գործածէ»։
23. Ասոնց ամէնքը Ոռնա թագաւորի մը պէս՝ ՝ թագաւորին տուաւ ու Ոռնա՝ թագաւորին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընդունի»։
24. Բայց թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ. հապա ես զանոնք քեզմէ անշուշտ ստակով ծախու պիտի առնեմ ու ձրի առածս իմ Տէր Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ»։ Դաւիթ կալը ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի ծախու առաւ։
25. Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Տէրը լսեց անոր աղօթքը երկրին համար ու Իսրայէլի վրայէն հարուածը վերցուեցաւ։
8. Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։ Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։
9. Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր, Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։
10. Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ. Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։
5. Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
6. Թոռները ծերերուն պսակն են Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։
1. Երբ կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։
2. Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։
3. Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։
4. Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել,
5. Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։
6. Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց
7. Եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ (որ « ղրկուած » կը թարգմանուի։) Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր։
8. Դրացիները եւ անոնք որ առաջուընէ տեսած էին զանիկա որ կոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա է»։
9. Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է », իսկ ինք կ’ըսէր. «Ես եմ»։
10. Ուստի հարցուցին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։
11. Ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։
12. Ըսին իրեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։
13. Փարիսեցիներուն տարին զանիկա, որ ատենով կոյր էր։
14. Շաբաթ օր էր, երբ Յիսուս կաւը շինեց ու անոր աչքերը բացաւ։
15. Փարիսեցիներն ալ կը հարցնէին իրեն թէ՝ «Ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։
16. Ասոր վրայ փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Անոնց մէջ երկպառակութիւն կար։
17. Նորէն ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Ան ալ ըսաւ թէ՝ ‘Մարգարէ մըն է’։
18. Իսկ Հրեաները չէին հաւատար՝ թէ կոյր էր ու բացուեցաւ, մինչեւ որ անոր ծնողքը կանչեցին,
19. Եւ անոնց հարցուցին. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։
20. Անոր ծնողքը պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։
21. Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր, ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։
22. Այսպէս ըսին անոր ծնողքը Հրեաներէն վախնալնուն համար, քանզի Հրեաները միաբան հաւանութեամբ որոշեր էին, որ եթէ մէկը զանիկա Քրիստոս դաւանի, ժողովարանէն դուրս ձգուի։
23. Ասոր համար անոր ծնողքը ըսին թէ «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981