Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 271 Թագավորներ 1:1-531. Դաւիթ թագաւորը ծերացած ու տարիքը առած ըլլալով, զանիկա հանդերձներով կը ծածկէին, բայց չէր տաքնար։2. Ծառաները անոր ըսին. «Մեր թագաւոր տիրոջը համար կոյս աղջիկ մը փնտռենք՝ որ թագաւորին առջեւ կայնի, զանիկա դարմանէ ու անոր ծոցը պառկի, որպէս զի մեր թագաւոր տէրը տաքնայ»։3. Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ գեղեցիկ աղջիկ մը փնտռեցին եւ Սունամացի Աբիսակը գտան ու զանիկա թագաւորին բերին։4. Այն աղջիկը խիստ գեղեցիկ էր ու անիկա թագաւորը կը դարմանէր ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէր, բայց թագաւորը զանիկա չգիտցաւ։5. Այն ատեն Ագգիթի որդին Ադոնիա հպարտացաւ ու ըսաւ. «Ես թագաւոր պիտի ըլլամ»։ Իրեն համար կառքեր ու ձիաւորներ պատրաստեց եւ յիսուն մարդ, որպէս զի իր առջեւէն վազեն։6. Անոր հայրը կեանքին մէջ ամենեւին յանդիմանած չէր զինք եւ ըսած չէր՝ «Ինչո՞ւ այսպէս ըրիր»։ Անիկա տեսքով խիստ գեղեցիկ էր ու անոր մայրը զանիկա Աբիսողոմէն ետքը ծներ էր։7. Անիկա միաբանեցաւ Շարուհեայի որդիին Յովաբին ու Աբիաթար քահանային հետ, որոնք Ադոնիային հետեւելով՝ անոր օգնութիւն կ’ընէին։8. Բայց Սադովկ քահանան ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Նաթան մարգարէն ու Սեմէի եւ Ռէի ու Դաւիթի զօրաւոր մարդիկը Ադոնիային հետ չէին։9. Ադոնիա Ռովգելի աղբիւրին մօտ եղող Զոողեթի քարին քով՝ ոչխարներ, արջառներ ու գէր անասուններ մորթեց եւ իր բոլոր եղբայրները, թագաւորին որդիները ու Յուդայի բոլոր մարդիկը, թագաւորին ծառաները հրաւիրեց,10. Բայց Նաթան մարգարէն ու Բանիան եւ զօրաւորները ու իր Սողոմոն եղբայրը չհրաւիրեց։11. Նաթան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Չլսեցի՞ր որ Ագգիթի որդին Ադոնիա թագաւոր եղաւ ու մեր տէրը Դաւիթ չիմացաւ։12. Ուրեմն հիմա եկուր քեզի խրատ մը տամ, որպէս զի քու կեանքդ ու քու որդիիդ Սողոմոնին կեանքը ազատես։13. Ելի՛ր, Դաւիթ թագաւորին քով գնա ու անոր ըսէ. ‘Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դուն քու աղախինիդ երդում չըրի՞ր ու չըսի՞ր թէ ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ եւ իմ աթոռս անիկա պիտի նստի։ Ինչո՞ւ համար Ադոնիա թագաւոր եղաւ’։14. Ահա դուն թագաւորին հետ խօսած ատենդ՝ ես ալ ետեւէդ կու գամ ու խօսքերդ կը հաստատեմ»։15. Բերսաբէ ներքին սենեակը մտաւ թագաւորին քով։ Թագաւորը շատ ծերացած էր ու Սունամացի Աբիսակը՝ թագաւորին սպասաւորութիւն կ’ընէր։16. Բերսաբէն գլուխը ծռեց ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ։17. Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Եւ անիկա ըսաւ անոր. «Ո՛վ տէր իմ, դուն քու աղախինիդ քու Տէր Աստուծոյդ անունովը երդում ըրիր՝ ըսելով. ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ աթոռս ան պիտի նստի’.18. Եւ ահա Ադոնիա թագաւոր եղած է ու դուն չիմացար, ո՛վ տէր իմ թագաւոր։19. Անիկա շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիներն ու Աբիաթար քահանան եւ Յովաբ զօրապետը հրաւիրեց բայց քու ծառադ Սողոմոնը չհրաւիրեց։20. Հիմա, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, բոլոր Իսրայէլի աչքերը քու վրադ են, որպէս զի անոնց իմացնես թէ իմ թագաւոր տիրոջս աթոռը իրմէ ետքը ո՞վ պիտի նստի.21. Եթէ ոչ՝ երբ իմ թագաւոր տէրս իր հայրերուն հետ քնանայ, ես ու իմ որդիս Սողոմոն յանցաւոր պիտի սեպուինք»։22. Երբ անիկա թագաւորին հետ կը խօսէր, Նաթան մարգարէն եկաւ։23. Թագաւորին իմացուցին ու ըսին թէ՝ «Ահա Նաթան մարգարէն եկաւ »։ Անիկա ներս մտաւ թագաւորին առջեւ ու երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ24. Եւ Նաթան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դո՞ւն ըսիր որ ‘Ինծմէ ետքը Ադոնիա թագաւոր ըլլայ ու իմ աթոռս անիկա նստի’,25. Քանզի անիկա այսօր իջաւ եւ շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիները, զօրավարներն ու Աբիաթար քահանան հրաւիրեց եւ ահա անոնք անոր առջեւ կ’ուտեն, կը խմեն ու կ’ըսէն. ‘Կեցցէ՛ արքայ Ադոնիան’։26. Բայց զիս քու ծառադ ու Սադովկ քահանան եւ Յովիադային որդին Բանիան ու քու ծառադ Սողոմոնը չկանչեց։27. Այս բանը արդեօք իմ թագաւոր տիրոջս ձեռքո՞վ եղաւ, բայց քու ծառայիդ չգիտցուցիր թէ քեզմէ ետքը թագաւոր տիրոջս աթոռը ո՞վ պիտի նստի»։28. Դաւիթ թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բերսաբէն ինծի կանչեցէք»։ Անիկա թագաւորին առջեւ եկաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ։29. Թագաւորը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ անձս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է որ,30. Ինչպէս քեզի Իսրայէլի Տէր Աստուծմովը երդում ըրի ու ըսի՝ ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ տեղս իմ աթոռիս վրայ անիկա պիտի նստի’։ Ահա այսօր այնպէս պիտի ընեմ»։31. Այն ատեն Բերսաբէ երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ տէրս Դաւիթ թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ»։32. Եւ Դաւիթ թագաւորը ըսաւ. «Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն եւ Յովիադայի որդին Բանիան ինծի կանչեցէք»։ Անոնք թագաւորին առջեւ եկան։33. Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը ծառաները ձեզի հետ առէք ու իմ որդիս Սողոմոնը իմ ջորիիս վրայ հեծցուցէք ու զանիկա Գեհոն իջեցուցէք34. Եւ Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն հոն զանիկա Իսրայէլի վրայ թագաւոր թող օծեն ու փող հնչեցուցէք ու ըսէք՝ ‘Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը’։35. Անոր ետեւէն ելլէ՛ք ու անիկա թող գայ ու իմ աթոռս նստի եւ իմ տեղս անիկա թագաւոր ըլլայ. քանզի ես հրաման տուի, որ անիկա Իսրայէլի վրայ ու Յուդայի վրայ իշխան ըլլայ»։36. Այն ատեն Յովիադայի որդին Բանիան թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ամէ՛ն, իմ թագաւոր տիրոջս Տէր Աստուածն ալ այդպէս կ’ըսէ։37. Ինչպէս Տէրը իմ թագաւոր տիրոջս հետ էր, Սողոմոնին հետ ալ ըլլայ ու անոր աթոռը իմ տիրոջս Դաւիթ թագաւորին աթոռէն աւելի մեծ ընէ»։38. Այն ատեն Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները իջան ու Սողոմոնը Դաւիթ թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին ու զանիկա Գեհոն տարին։39. Սադովկ քահանան խորանէն իւղին եղջիւրը առաւ ու Սողոմոնը օծեց եւ փողը հնչեցուցին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ըսէր. «Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը»։40. Բոլոր ժողովուրդը անոր ետեւէն կ’ելլէին ու սրինգներ հնչեցնելով մեծ ուրախութեամբ մը կ’ուրախանային, այնպէս որ անոնց ձայնէն գետինը կը դղրդար։41. Ադոնիա ու անոր բոլոր հրաւիրեալները լսեցին։ Անոնք կերակուրէն ելեր էին։ Յովաբ փողին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս դղրդման ձայնը, որ քաղաքէն կ’ելլէ»։42. Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ահա Աբիաթար քահանային որդին Յովնաթան եկաւ։ Ադոնիան անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քանզի դուն քաջ մարդ մըն ես ու բարի աւետիս պիտի տաս»։43. Եւ Յովնաթան պատասխան տուաւ Ադոնիային ու ըսաւ. «Շիտակ է, մեր տէր Դաւիթ թագաւորը՝ Սողոմոնը թագաւոր ըրաւ։44. Թագաւորը Սադովկ քահանան եւ Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները անոր հետ ղրկեց ու զանիկա թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին։45. Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն զանիկա Գեհոնի մէջ թագաւոր օծեցին ու անկէ ուրախութեամբ ելան ու քաղաքը դղրդեցաւ։ Ձեր լսած ձայնը այս է։46. Նաեւ Սողոմոն թագաւորը թագաւորութեան աթոռին վրայ նստաւ47. Եւ թագաւորին ծառաներն ալ մեր տէր Դաւիթ թագաւորը օրհնելու եկան ու ըսին. ‘Քու Աստուածդ Սողոմոնին անունը քու անունէդ աւելի մեծցնէ ու անոր աթոռը քու աթոռէդ աւելի բարձրացնէ’։ Եւ թագաւորը իր անկողնին վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։48. Նաեւ թագաւորը այսպէս ըսաւ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ այսօր իմ աթոռիս վրայ նստող մը տուաւ ու իմ աչքերս տեսան’»։49. Եւ Ադոնիայի բոլոր կոչնականները զարհուրեցան ու ելան եւ ամէն մէկը իր ճամբան գնաց։50. Ադոնիա Սողոմոնին երեսէն վախցաւ ու ելաւ գնաց ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։51. Սողոմոնին պատմեցին ու ըսին. «Ահա Ադոնիա Սողոմոն թագաւորէն վախցաւ եւ սեղանին եղջիւրները բռնեց ու ըսաւ՝ ‘Սողոմոն թագաւորը այսօր ինծի երդում թող ընէ, որ իր ծառան սրով պիտի չմեռցնէ’»։52. Ու Սողոմոն ըսաւ. «Եթէ անիկա առաքինի ըլլայ, անոր մէկ մազը գետինը պիտի չիյնայ. բայց եթէ անոր վրայ չարութիւն գտնուի, այն ատեն պիտի մեռնի»։53. Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա սեղանէն իջեցուցին։ Անիկա եկաւ ու Սողոմոն թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու Սողոմոն անոր ըսաւ. «Տո՛ւնդ գնա»։1 Թագավորներ 2:1-461. Երբ Դաւիթին մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդիին՝ Սողոմոնին պատուէր տուաւ՝ ըսելով.2. «Ահա ես ամէն երկրի ճամբան կ’երթամ, իսկ դուն ուժովցիր ու քաջասիրտ եղիր3. Եւ քու Տէր Աստուծոյդ պատուէրները պահէ, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր կանոնները, պատուիրանքները, օրէնքներն ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսին օրէնքի գրքին մէջ գրուած է. որպէս զի ինչ որ ընես եւ ուր որ երեսդ դարձնես՝ յաջողութիւն գտնես.4. Որպէս զի Տէրը իր խօսքը հաստատէ, որ ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընէն ու իմ առջեւս բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով ու ճշմարտութեամբ քալեն, Իսրայէլին աթոռին վրայէն քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։5. Դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին Յովաբ ինծի ըրաւ ու ինչ որ Իսրայէլի երկու զօրավարներուն, Ներեան Աբեններին ու Յեթերեան Ամեսայիին ըրաւ. քանզի զանոնք մեռցուց ու խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց եւ իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն սրսկեց։6. Ուրեմն դուն քու իմաստութիւնդ ի գործ դիր ու անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ գերեզմանը մի՛ իջեցներ։7. Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն ողորմութիւն ըրէ՛ ու քու սեղանէդ ուտողներուն հետ թող ըլլան. քանզի երբ քու եղբօրդ Աբիսողոմին երեսէն փախայ, ինծի մօտեցան։8. Ահա Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին Սեմէին քու քովդ է։ Անիկա Մանայիմ գացած օրս ինծի ծանր անէծք տուաւ. բայց երբ անիկա զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով երդում ըրի անոր ու ըսի. ‘Քեզ սրով պիտի չմեռցնեմ’։9. Բայց դուն զանիկա անմեղ մի՛ սեպեր, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես եւ անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը իջեցո՛ւր»։10. Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։11. Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ քառասուն տարի. եօթը տարի Քեբրոնի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ ու երեսունըերեք տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։12. Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին աթոռը նստաւ ու անոր թագաւորութիւնը շատ հաստատ եղաւ։13. Ագգիթի որդին Ադոնիան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին գնաց ու Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ»։14. Եւ ըսաւ. «Քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Խօսէ»։15. Անիկա ըսաւ. «Դուն աղէկ գիտես, որ թագաւորութիւնը իմս էր ու բոլոր Իսրայէլ կ’ակնկալէր, որ ես թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու իմ եղբօրս եղաւ, քանզի Տէրոջմէ եղաւ։16. Հիմա ես քեզմէ բան մը կը խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես՝ ՝»։ Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։17. Անիկա ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ, (քանզի անիկա քեզ չի մերժեր,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի կնութեան տայ»։18. Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի համար թագաւորին կը խօսիմ»։19. Բերսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէս զի Ադոնիային համար անոր հետ խօսի ու թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ։ Երբ իր աթոռը նստաւ, իր մօրը համար ալ աթոռ դնել տուաւ եւ մայրը անոր աջ կողմը նստաւ20. Ու ըսաւ. «Ես քեզմէ պզտիկ բան մը պիտի խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Խնդրէ՛, մայր իմ, քանզի քեզի ‘Ո՛չ’ պիտի չըսեմ»։21. Անիկա ալ ըսաւ. «Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ Ադոնիայի կնութեան տուր»։22. Սողոմոն թագաւորը պատասխան տուաւ ու իր մօրը ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ Ադոնիային համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես, անոր համար թագաւորութիւնն ալ խնդրէ, (քանզի անիկա իմ մեծ եղբայրս է,) անոր ու Աբիաթար քահանային եւ Շարուհեան Յովաբին համար»։23. Ու Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, քանզի Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ խօսեր է։24. Հիմա զիս հաստատողը ու զիս իմ հօրս Դաւիթին աթոռը նստեցնողը եւ իր ըսածին պէս ինծի տուն շինող Տէրը կենդանի է, որ Ադոնիան այսօր պիտի մեռցուի»։25. Սողոմոն թագաւորը Յովիադային որդին Բանիան ղրկեց ու զարկաւ զանիկա ու մեռցուց։26. Թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Անաթովթ, քու ագարակդ, գնա՛, քանզի դուն մեռնելու արժանի ես, բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ. որովհետեւ իմ հօրս Դաւիթին առջեւ Տէր Եհովային տապանակը վերցուցիր ու իմ հօրս ամէն քաշած նեղութիւններուն մասնակից եղար»։27. Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջը քահանայութենէն հանեց, որպէս զի Սելովի մէջ Հեղիին տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը կատարուի։28. Այս լուրը մինչեւ Յովաբին հասաւ. (քանզի Յովաբ թէպէտեւ Աբիսողոմին հետեւող չէր, բայց Ադոնիային հետեւեցաւ.) այն ատեն Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։29. Սողոմոն թագաւորին իմացուցին թէ՝ ‘Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ եւ անիկա սեղանին քով է’։ Սողոմոն Յովիադայի որդին Բանիան ղրկեց ու ըսաւ. «Գնա՛, զանիկա զա՛րկ»։30. Բանիան Տէրոջը խորանը Յովաբին գնաց ու անոր ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուրս ելիր’»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, ես հոս պիտի մեռնիմ»։ Բանիան թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Յովաբ այսպէս ըսաւ ու ինծի այսպէս պատասխան տուաւ»։31. Եւ թագաւորը անոր ըսաւ. «Անոր ըսածին պէս ըրէ ու զանիկա մեռցուր եւ զանիկա թաղէ, որպէս զի իմ վրայէս ու իմ հօրս տանը վրայէն Յովաբին թափած անմեղ արիւնը վերցնես։32. Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը կը դարձնէ. որովհետեւ անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթին գիտութեանը երկու՝ իրմէ արդար ու աղէկ՝ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբեններին ու Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիին վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սրով մեռցուց։33. Ուստի անոնց արիւնը Յովաբին գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթին ու անոր սերունդին եւ անոր տանն ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ»։34. Եւ Յովիադայի որդին Բանիան ելաւ ու Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա մեռցուց եւ անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ։35. Թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանիան դրաւ ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ։36. Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, բայց անկէ ասդին կամ անդին մի՛ ելլեր,37. Քանզի աղէկ գիտցիր, եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ»։38. Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքդ բարի է. իմ թագաւոր տէրս ի՛նչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ։39. Երեք տարիէն ետքը Սեմէիին երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդիին Անքուսին քով փախան ու Սեմէիին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։40. Սեմէի ելաւ ու իշուն համետը դրաւ ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսին քով։ Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէն բերաւ։41. Երբ Սեմէիին Երուսաղէմէն Գէթ երթալն ու դառնալը Սողոմոնին պատմեցին,42. Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի եւ քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ՝ ‘Աղէկ գիտցիր որ Երուսաղէմէն ելած ու ասդին անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս’ ու դուն ինծի՝ ‘Լսած խօսքս բարի է’, ըսիր.43. Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր»։44. Թագաւորը Սեմէիին ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որուն քու սիրտդ ալ կը վկայէ՝ ՝. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ.45. Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ ու Դաւիթին աթոռը Տէրոջը առջեւ յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ»։46. Թագաւորը Յովիադայի որդիին Բանիային հրաման տուաւ ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ։ Թագաւորութիւնը Սողոմոնին ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։Սաղմոսներ 68:11-1411. Տէրը պատգամ տուաւ. Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.12. «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։ Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,13. Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան, Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած Ու անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով։14. Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը, Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։Առակներ 17:7-97. Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայլեր, Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։8. Պարգեւը՝ գործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է, Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։9. Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։Ջոն 9:24-4124. Ետքը նորէն կանչեցին այն մարդը որ կոյր էր ու ըսին անոր. «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։25. Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։26. Նորէն ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։27. Պատասխան տուաւ անոնց. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։28. Անոնք նախատելով զանիկա, ըսին. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։29. Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։30. Պատասխան տուաւ մարդը եւ ըսաւ անոնց. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ։31. Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։32. Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։33. Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։34. Պատասխան տուին եւ ըսին անոր. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ դուրս ըրին զանիկա։35. Յիսուս լսեց թէ զանիկա դուրս ըրին, երբ գտաւ զանիկա, ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։36. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։37. Յիսուս ըսաւ անոր. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է»։38. Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։39. Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։40. Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։41. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981