Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 281 Թագավորներ 3:1-281. Սողոմոն Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին հետ խնամութիւն ըրաւ ու Փարաւոնին աղջիկը առաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը բերաւ, մինչեւ որ իր տունը ու Տէրոջը տունը ու Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպը շինեց լմնցուց։2. Սակայն ժողովուրդը բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր, քանզի մինչեւ այն օրերը Տէրոջը անուանը տուն շինուած չէր։3. Սողոմոն Տէրը կը սիրէր ու իր հօրը Դաւիթին կանոններովը կը քալէր. միայն թէ բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։4. Թագաւորը Գաբաւոն գնաց, որպէս զի հոն զոհ մատուցանէ, քանզի ամենէն բարձր տեղը անիկա էր։ Սողոմոն այն սեղանին վրայ հազար ողջակէզ զոհեց։5. Գաբաւոնի մէջ Տէրը Սողոմոնին երեւցաւ գիշերուան երազով եւ ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։6. Սողոմոն ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր, քանզի անիկա քու առջեւդ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ եւ ուղիղ սրտով քալեց քեզի հանդէպ ու անոր՝ այս մեծ ու ամուր սէրը պահեցիր ու իր աթոռը նստող որդի մը տուիր անոր։7. Արդ՝ ո՛վ Տէր Աստուած իմ, դուն քու ծառադ իմ հօրս Դաւիթին տեղ թագաւոր ըրիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր։8. Քու ծառադ քու ընտրած ժողովուրդիդ մէջ է, որ շատուոր, անթիւ ու անհամար ժողովուրդ մըն է։9. Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ. քանզի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։10. Այս խօսքը, այսինքն Սողոմոնին այս բանը խնդրելը, Տէրոջը աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։11. Աստուած անոր ըսաւ. «Որովհետեւ այս բանը խնդրեցիր ու քեզի շատ օրեր չխնդրեցիր ու քեզի հարստութիւն չխնդրեցիր ու քու թշնամիներուդ հոգին չխնդրեցիր, հապա իրաւունքը իմանալու իմաստութիւն խնդրեցիր,12. Ահա քու խօսքիդ պէս ըրի։ Քեզի իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը տուի, այնպէս որ քեզմէ առաջ քեզի պէս մէ՛կը եղած չէ ու քեզմէ ետքն ալ քու նմանդ պիտի չըլլայ։13. Նաեւ քու չխնդրածդ ալ քեզի տուի՝ թէ՝ հարստութիւն եւ թէ՛ փառք, այնպէս որ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ թագաւորներուն մէջ քեզի պէս մէ՛կը պիտի չգտնուի։14. Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես՝ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս պահելով, ինչպէս քու հայրդ Դաւիթ քալեց, այն ատեն քու օրերդ պիտի շատցնեմ»։15. Սողոմոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Երուսաղէմ գնաց ու Տէրոջը ուխտին տապանակին առջեւ կայնեցաւ եւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց ու իր բոլոր ծառաներուն կոչունք ըրաւ։16. Այն ատեն երկու պոռնիկ կիներ թագաւորին եկան ու անոր առջեւ կայնեցան։17. Կիներէն մէկը ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ես ու այս կինը մէկ տան մէջ կը բնակինք ու նոյն տանը մէջ ասոր քով տղայ մը ծնայ։18. Իմ ծնանելուս երրորդ օրը այս կինն ալ տղայ մը ծնաւ ու մենք մէկտեղ էինք։ Տանը մէջ մեզի հետ օտար մարդ չկար, հապա տանը մէջ մենք երկուքս մինակ էինք։19. Այս կնոջ տղան գիշերով մեռած է, քանզի ասիկա անոր վրայ պառկած է։20. Կէս գիշերին ելած է եւ քու աղախինիդ քնացած ատենը՝ իմ տղաս քովէս առած ու զանիկա իր ծոցը պառկեցուցած է ու իր մեռած տղան իմ ծոցս պառկեցուցած է։21. Երբ առաւօտուն ելայ, որպէս զի տղուս ծիծ տամ, ահա անիկա մեռած էր։ Աւելի ուշադրութեամբ անոր նայեցայ, տեսայ թէ անիկա իմ ծնած տղաս չէր»։22. Իսկ միւս կինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա ողջ եղողը իմ տղաս է ու մեռածը քու տղադ է»։ Առաջինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է»։ Թագաւորին առջեւ այսպէս կը խօսէին։23. Այն ատեն թագաւորը ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսէ՝ ‘Իմ տղաս այս ողջ եղողն է ու մեռածը քու տղադ է’ ու անիկա կ’ըսէ՝ ‘Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է’»։24. Թագաւորը ըսաւ. «Ինծի սուր մը բերէք» ու թագաւորին առջեւ սուր մը բերին։25. Եւ թագաւորը ըսաւ. «Ողջ եղող տղան կտրեցէ՛ք, երկու կտոր ըրէք ու կէսը՝ մէկուն ու կէսն ալ միւսին տուէք»։26. Այն ատեն ողջ տղուն մայրը թագաւորին պատասխան տուաւ՝ իր տղուն վրայ աղիքը գալարելուն համար ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ողջ տղան անոր տուէք ու զանիկա մի՛ մեռցնէք»։ Բայց միւսը ըսաւ. «Ո՛չ ինծի ըլլայ, ո՛չ՝ քեզի. զանիկա ճեղքեցէ՛ք»։27. Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ողջ տղան այս կնոջ տուէք, չըլլայ թէ զանիկա մեռցնէք, քանզի անոր մայրը ասիկա է»։28. Բոլոր Իսրայէլ թագաւորին կտրած դատաստանը լսելով՝ թագաւորէն վախցան. քանզի տեսան թէ անոր վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կայ դատաստան ընելու համար։1 Թագավորներ 4:1-341. Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր2. Ու անոր իշխանները ասոնք էին. Սադովկի որդին Ազարիան քահանայ էր.3. Սիսայի որդիները Ելիքորէփն ու Աքիան ատենադպիրներ էին եւ Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակաց դպիր էր։4. Յովիադայի որդին Բանիան զօրքերուն վրայ էր եւ Սադովկն ու Աբիաթարը քահանաներ էին։5. Նաթանի որդին Ազարիան պաշարներու գործակալներուն վրայ էր ու Նաթանի որդին Զաբիուդը նախարար ու թագաւորին բարեկամն էր։6. Աքիսարը տանը հրամանատարն էր ու Աբդայի որդին Ադոնիրամը հարկերուն վրայ էր։7. Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ տասներկու գործակալներ ունէր, որոնք թագաւորն ու անոր տունը կը կերակրէին։ Կերակրելը ամէն մէկուն տարին մէկ ամիս կ’իյնար։8. Անոնց անունները ասոնք են՝ Եփրեմի լերան մէջ՝ Բենովրը,9. Մաքասի, Սաղաբինի, Բեթսամիւսի ու Ելօն-Բեթանանի մէջ՝ Բենդակարը,10. Արաբովթի մէջ՝ Բենհեսեդը, որուն կը վերաբերէր Սոքով ու բոլոր Ոփերի երկիրը,11. Բոլոր Դովրի գաւառին մէջ՝ Բենաբինադաբը։ Սողոմոնին աղջիկը՝ Տափաթ՝ ասոր կինն էր.12. Թանաքի ու Մակեդդովի մէջ ու Յեզրայէլի տակ՝ Սարթանի քով եղող բոլոր Բեթսանի մէջ ու Բեթսանէ մինչեւ Աբէլմաուլա ու մինչեւ Յեկմամի անդիի կողմը՝ Աքիղուդի որդին Բաանան,13. Ռամովթ-Գաղաադի մէջ՝ Բենգաբերը. Գաղաադի մէջ եղող Մանասեան Յայիրի գիւղաքաղաքները ու Բասանի մէջ եղող Արգովբի նահանգը՝ վաթսուն մեծ պարսպապատ ու պղնձանիգ քաղաքներ անոր կը վերաբերէին ։14. Մանայիմի մէջ՝ Ադդովի որդին Աքինադաղը,15. Նեփթաղիմի մէջ՝ Աքիմաասը, ասիկա ալ Սողոմոնին աղջիկը Բասեմաթը կին առաւ։16. Ասերի ու Բաալօթի մէջ՝ Քուսիին որդին Բաանան,17. Իսաքարի մէջ՝ Փարուային որդին Յովսափատը,18. Բենիամինի մէջ՝ Էլային որդին Սեմէին,19. Գաղաադի երկիրն ու Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը՝ Ուրիին որդին Գաբերն ու այն երկրին մէջ միայն մէկ գործակալ կար։20. Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։21. Սողոմոն Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը ու մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ կ’իշխէր եւ անոր ընծաներ կը բերէին ու Սողոմոնին ծառայութիւն կ’ընէին՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։22. Սողոմոնին մէկ օրուան ռոճիկն էր՝ երեսուն քոռ նաշիհ ու վաթսուն քոռ ալիւր,23. Տասը գէր արջառ ու քսան արօտական արջառ ու հարիւր ոչխար, բացի եղջերուներէն, այծեամներէն, վիթերէն ու գիրցուած թռչուններէն։24. Քանզի անիկա Գետին ասդիի կողմի՝ Թափսայէն մինչեւ Գազա՝ Գետին ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր ու իր բոլորտիքը եղողներուն հետ խաղաղութեամբ կ’ապրէր։25. Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր։26. Սողոմոն իր կառքի ձիերուն համար քառասուն հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր։27. Այն գործակալները, ամէն մէկը իր ամսուան մէջ, Սողոմոն թագաւորը ու Սողոմոն թագաւորին սեղանին բոլոր մօտեցողները կը կերակրէին՝ բան մը պակաս չընելով.28. Նաեւ ձիերուն ու երիվարներուն համար, անոնց եղած տեղը, ամէն մէկը իր վրայ դրուած հարկին չափովը գարի ու յարդ կը բերէր։29. Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ՝ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ։30. Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր։31. Անիկա բոլոր մարդոցմէ իմաստուն էր։ Եզրահացի Եթանէն ու Մաւուլի որդիներէն, Եմանէն, Քալքօլէն ու Դարդայէն, իմաստուն էր ու բոլոր շրջակայ ազգերուն մէջ անուանի եղաւ։32. Անիկա երեք հազար առակ գրեց ու անոր շարադրած երգերը հազար հինգ հատ էին։33. Անիկա ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի եղեւինէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ։34. Բոլոր ժողովուրդներէն ու անոր իմաստութեան համբաւը լսող բոլոր թագաւորներէն շատեր Սողոմոնին իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային։Սաղմոսներ 68:15-2015. Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է, Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,16. Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք. Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։ Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։17. Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար՝ ՝. Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։18. Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր, Պարգեւներ առիր մարդոց համար Ու ապստամբներուն համար ալ, Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի ։19. Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր. Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ՝ ՝, Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)20. Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է, Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։Առակներ 17:10-1210. Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։11. Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։12. Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել, Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։Ջոն 10:1-231. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։2. Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։3. Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։4. Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։5. Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։6. Յիսուս այս առակը ըսաւ անոնց, բայց անոնք չէին իմանար թէ ի՞նչ էր որ իրենց կը խօսէր։7. Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։8. Ամէն անոնք որ ինծմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։9. ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։10. Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։11. ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։12. Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ ու ոչխարները իրը չեն, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու զանոնք կը ցրուէ։13. Եւ վարձկանը կը փախչի, վասն զի վարձկան է ու ինք հոգ չ’ըներ ոչխարներուն համար։14. Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։15. Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ։16. Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։17. Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ, որպէս զի նորէն առնեմ զանիկա։18. Մէ՛կը չի հաներ զանիկա ինծմէ, հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։19. Նորէն պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ այս խօսքերուն համար։20. Անոնցմէ շատեր կ’ըսէին. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենդեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։21. Ուրիշներ կ’ըսէին. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։22. Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։23. Եւ Յիսուս կը պտըտէր տաճարին մէջ, Սողոմոնին Սրահը։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981