Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 291 Թագավորներ 5:1-181. Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը իր ծառաները Սողոմոնին ղրկեց քանզի լսեր էր թէ անոր հօրը տեղ զինք թագաւոր օծեր են. վասն զի Քիրամ Դաւիթը շատ կը սիրէր։2. Սողոմոնն ալ Քիրամին մարդ ղրկեց ու ըսաւ.3. «Դուն գիտես թէ իմ հայրս Դաւիթ չկրցաւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը տուն շինել, այն պատերազմներուն պատճառով, որոնք անոր բոլորտիքը պատեր էին, մինչեւ որ Տէրը զանոնք անոր ոտքերուն թաթերուն տակ դրաւ։4. Բայց հիմա իմ Տէր Աստուածս ամէն կողմանէ ինծի հանգստութիւն տուաւ, թշնամի չկայ ու ձախորդ պատահար մը չկայ։5. Ահա ես կ’ուզեմ, որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն մը շինեմ, ինչպէս Տէրը իմ հօրս Դաւիթին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Քու որդիդ, որ քու տեղդ քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ, անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ’։6. Հիմա հրաման ըրէ՛, որ ինծի համար Լիբանանէն եղեւիններ կտրեն ու իմ ծառաներս քու ծառաներուդ թող միանան։ Քու ձեռքերուդ վարձքը քու որոշածիդ չափ քեզի կու տամ, քանզի դուն գիտես թէ մեր մէջ Սիդոնացիներուն պէս փայտ կտրող վարպետ մը չկայ»։7. Երբ Քիրամ Սողոմոնին խօսքերը լսեց՝ շատ ուրախացաւ ու ըսաւ. «Այս մեծ ժողովուրդին վրայ Դաւիթին իմաստուն որդի տուող Տէրը այսօր օրհնեալ ըլլայ»։8. Քիրամ Սողոմոնին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Ինծի ղրկած խօսքդ լսեցի։ Ես եղեւնափայտի ու մայրիի փայտի համար քու ամէն կամքդ պիտի կատարեմ։9. Իմ ծառաներս Լիբանանէն ծովը պիտի իջեցնեն ու ես զանոնք լաստեր շինելով մինչեւ ինծի ցուցուցած տեղդ ծովէն պիտի բերեմ եւ հոն զանոնք պիտի քակեմ ու դուն պիտի վերցնես, իսկ դուն ալ իմ տանս պաշար տալով՝ իմ կամքս պիտի կատարես»։10. Քիրամ Սողոմոնին ուզածին չափ եղեւնափայտ ու մայրիի փայտ տուաւ։11. Սողոմոն Քիրամին տանը համար քսան հազար քոռ ցորեն ու երկու հարիւր մար մաքուր իւղ՝ ՝ տուաւ։ Սողոմոն Քիրամին տարուէ տարի այսպէս տուաւ։12. Եւ Տէրը Սողոմոնին իմաստութիւն տուաւ, ինչպէս անոր խոստացեր էր։ Քիրամին ու Սողոմոնին մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ ու երկուքը դաշինք կնքեցին։13. Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլէն մարդ հաւաքեց։ Հաւաքուեցաւ երեսուն հազար մարդ։14. Զանոնք յաջորդաբար՝ ամիսը տասնական հազար հոգի Լիբանան ղրկեց, որոնք մէկ ամիս Լիբանան կեցան ու երկու ամիս՝ իրենց տունը։ Ադոնիրամ այս հարկահաւաքին վրայ էր։15. Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր եւ ութսուն հազար փայտ կտրող ունէր,16. Բացի Սողոմոնի երեք հազար երեք հարիւր գլխաւոր գործակալներէն, որոնք գործը բանող ժողովուրդին վրայ կը հսկէին։17. Թագաւորը հրամայեց որ մեծ ու պատուական քարեր կտրեն, որպէս զի տանը հիմը տաշուած քարերով դնեն։18. Սողոմոնին վարպետները ու Քիրամին վարպետները եւ Գեբաղացիները փայտերն ու քարերը տաշեցին ու պատրաստեցին՝ տանը շինութեանը համար։1 Թագավորներ 6:1-381. Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսին երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին ու Սողոմոնին Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուան, այսինքն երկրորդ ամսուան մէջ Տէրոջը տունը սկսաւ շինել՝ ՝։2. Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը համար շինած տանը երկայնութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, լայնութիւնը՝ քսան ու բարձրութիւնը երեսուն կանգուն էր։3. Տանը ատեանին առջեւի գաւիթը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէր, որ տանը լայնութեանը չափ էր ու անոր լայնութիւնը տանը առջեւէն տասը կանգուն էր։4. Տանը վանդակապատ պատուհաններ շինեց։5. Տանը պատին բոլորտիքը պատին կցուած դստիկոններ շինեց՝ թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ դաբիրին բոլորտիքը եւ այսպէս շուրջանակի սենեակներ շինեց։6. Վարի կարգին լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու միջին կարգին լայնութիւնը՝ վեց կանգուն ու երրորդին լայնութիւնը եօթը կանգուն էր. քանզի դուրսէն տանը բոլորտիքը միջոցներ ձգեց գերանները հեծցնելու համար, որպէս զի տանը պատին մէջ չմտնեն։7. Երբ տունը կը շինուէր, քարահանքին մէջ պատրաստուած քարերով կը շինուէր, այնպէս որ անոր շինուած ատենը մուրճի կամ տապարի եւ կամ ուրիշ երկաթէ գործիքի մը ձայն չէր լսուեր տանը մէջ։8. Միջին կարգին դուռը տանը աջ կողմն էր ու շրջանակաւոր սանդուխներով՝ միջին կարգը ու միջին կարգէն երրորդ կարգը կ’ելլէին։9. Տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։ Տանը ձեղունը եղեւնափայտի տախտակներով դրուագազարդ շինեց։10. Բոլոր տանը վրայ սենեակներուն կարգը՝ ՝ հինգ կանգուն բարձրութեամբ շինեց, որ եղեւնափայտերով տանը կցուած էր։11. Տէրոջը խօսքը Սողոմոնին եղաւ՝ ըսելով.12. «Հիմա որ դուն այս տունը կը շինես, եթէ իմ կանոններովս քալես ու իմ օրէնքներս գործադրես ու իմ բոլոր պատուիրանքներս պահես՝ անոնց մէջ քալելով, այն ատեն քու վրադ պիտի հաստատեմ այն խօսքը, որ քու հօրդ Դաւիթին խօսեր եմ։13. Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի չթողում»։14. Սողոմոն տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։15. Տանը պատերը ներսիդիէն, յատակէն մինչեւ պատերուն վերին ծայրը, եղեւնափայտի տախտակներով շինեց. այսպէս ներսիդին փայտով ծածկեց ու տանը յատակը մայրիի փայտի տախտակներով պատեց։16. Տանը ետեւի կողմին քսան կանգունը՝ յատակէն մինչեւ պատին ծայրը ՝ եղեւնափայտի տախտակներով շինեց ու այն ներսի միջոցը դաբիրին՝ այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին համար՝ շինեց։17. Բայց տունը այսինքն առջեւի տաճարը քառասուն կանգուն էր։18. Տանը մէջ եղող եղեւնափայտերուն վրայ գնդակներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակուած էին։ Ամէնքը եղեւնափայտէ ըլլալով՝ ամենեւին քար մը չէր երեւնար։19. Դաբիրը ներքին տանը մէջ պատրաստեց, որպէս զի հոն Տէրոջը ուխտին տապանակը դնէ։20. Դաբիրին երեսը քսան կանգուն երկայն էր եւ անոր լայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը՝ քսան կանգուն էր։ Զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։ Եղեւնափայտէ սեղանն ալ ոսկիով պատեց։21. Ուստի Սողոմոն տանը ներսի կողմը մաքուր ոսկիով պատեց ու դաբիրին առջեւ ոսկի շղթաներով վարագոյր մը անցուց ու զանիկա ալ ոսկիով պատեց։22. Բոլոր տունը ոսկիով պատեց առանց տեղ մը ձգելու եւ դաբիրին քովի բոլոր սեղանն ալ ոսկիով պատեց։23. Դաբիրին մէջ իւղալի փայտէ երկու քերովբէներ շինեց, որոնց երկայնութիւնը տասը կանգուն էր։24. Քերովբէին մէկ թեւը հինգ կանգուն էր։ Մէկ թեւին ծայրէն մինչեւ միւս թեւին ծայրը տասը կանգուն էր։25. Միւս քերովբէն ալ տասը կանգուն էր։ Երկու քերովբէներուն չափը ու ձեւը նոյնն էր։26. Մէկ քերովբէին բարձրութիւնը տասը կանգուն էր ու միւս քերովբէինն ալ նոյնչափ էր։27. Քերովբէները ներքին տանը մէջ դրաւ։ Քերովբէները իրենց թեւերը կ’երկնցնէին. մէկուն թեւը մէկ պատին կը դպչէր ու միւս քերովբէին թեւը միւս պատին կը դպչէր։ Անոնց միւս թեւերը տանը մէջտեղը թեւ թեւի կը դպչէին։28. Քերովբէները ոսկիով պատեց։29. Տանը բոլոր պատերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ քանդակաձեւ փորագրեց, թէ՛ ներսի կողմը եւ թէ՛ դուրսի կողմը։30. Տանը ներսի ու դուրսի յատակն ալ ոսկիով պատեց։31. Դաբիրին դրանը իւղալի փայտէ փեղկեր շինեց, որոնք դրանդիքներով մէկտեղ պատին հինգերորդ մասն էին։32. Իւղալի փայտէ շինուած երկու փեղկերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ զանոնք ոսկիով պատեց, քերովբէներուն ու արմաւենիներուն վրայ ալ ոսկի տարածելով։33. Նոյնպէս ալ տաճարին դրանը ըրաւ, իւղալի փայտէ դրանդիքներ շինեց, որոնք պատին մէջ չորրորդ մասն էին։34. Դրանը երկու փեղկերը մայրիի փայտէ էին. մէկ փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր ու միւս փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր։35. Անոնց վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ դրուագներուն վրայ յարմարցուած ոսկիով պատեց։36. Ու ներքին գաւիթը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինեց։37. Տէրոջը տանը հիմը չորրորդ տարուան Զիու ամսուան մէջ դրուեցաւ38. Ու տասնըմէկերորդ տարին Բուլ ամսուն, այսինքն ութերորդ ամսուան մէջ, տունը իրեն վերաբերեալ ամէն բաներովը լմնցաւ։ Այսպէս եօթը տարուան մէջ շինեց զանիկա։Սաղմոսներ 68:21-2721. Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը, Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։22. Տէրը ըսաւ. « Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ. Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.23. Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի, Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ »։24. Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած. Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։25. Առջեւէն երգողները գացին, Ետեւէն նուագածուները՝ Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։26. «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք, Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։27. Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը, Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը, Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։Առակներ 17:13-1513. Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։14. Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։15. Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։Ջոն 10:24-4224. Հրեաները անոր չորս կողմը առին ու ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։25. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք։ Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։26. Բայց դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի՝ ՝։27. Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։28. Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։29. Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։30. Ես ու Հայրը մէկ ենք»։31. Այն ատեն Հրեաները նորէն քարեր վերցուցին, որպէս զի զանիկա քարկոծեն։32. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։33. Հրեաները պատասխան տուին անոր՝ ըսելով. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։34. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։35. Եթէ աստուածներ կ’անուանէ զանոնք, որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ, (ու կարելի չէ որ այն գրուածը աւրուի,)36. Հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար։37. Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։38. Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ»։39. Նորէն կ’ուզէին զայն բռնել, բայց ան՝ անոնց ձեռքէն խուսափեցաւ։40. Նորէն գնաց Յորդանանի անդիի կողմը, այն տեղը, ուր Յովհաննէս առաջ կը մկրտէր ու հոն կեցաւ։41. Շատեր գացին անոր ու ըսին. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ,42. Բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։ Եւ շատ մարդիկ հոն անոր հաւատացին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981