Աստվածաշունչը մեկ տարում
Մայիս 3

1. Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ։
2. Իր անդրանիկ որդիին անունը Յովել, երկրորդին անունը Աբիա էր։ Ասոնք Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէին։
3. Անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ’առնէին եւ իրաւունքը կը ծռէին։
4. Իսրայէլի բոլոր ծերերը հաւաքուեցան ու Ռամա գացին
5. Եւ Սամուէլին ըսին. «Ահա դուն ծեր ես ու որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։
6. Սակայն Սամուէլին գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ «Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ։
7. Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ։
8. Զանոնք Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս մոռնալով եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով՝ նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։
9. Ուստի դուն անոնց խօսքին մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի կերպով վկայէ ու իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը անոնց իմացուր»։
10. Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին պատմեց
11. Ու ըսաւ. «Ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն
12. Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի կարգէ, որ իր արտերը հերկեն ու հունձքերը հնձեն եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն գործիքները շինեն։
13. Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հաց եփող ըլլան։
14. Ձեր ընտիր արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։
15. Ձեր արտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ։
16. Ձեր ծառաներն ու աղախինները ու ձեր ամենէն ազնիւ կտրիճները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ։
17. Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք։
18. Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառով պիտի աղաղակէք բայց Տէրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ»։
19. Սակայն ժողովուրդը Սամուէլին խօսքին մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք,
20. Որպէս զի մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք եւ մեր թագաւորը մեզ կառավարէ։ Անիկա մեր առջեւէն երթայ ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ՝ ՝»։
21. Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն պատմեց։
22. Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոնց խօսքին մտիկ ըրէ՛ ու անոնց վրայ թագաւոր մը դի՛ր»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ»։
1. Բենիամինին որդիներէն Կիս անունով մարդ մը կար։ Անիկա Բենիամինեան Աբիային որդիին Բեքովրաթին որդիին Սերօրին որդիին Աբիէլին որդին էր։
2. Կիս ալ որդի մը ունէր, որուն անունը Սաւուղ էր։ Անիկա կտրիճ ու գեղեցիկ էր ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ անկէ գեղեցիկ մարդ չկար եւ բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր՝ երկայն էր։
3. Սաւուղին հօրը Կիսին էշերը կորսուեցան ու Կիս իր որդիին Սաւուղին ըսաւ. «Մանչերէն մէկը քեզի հետ ա՛ռ ու ելիր գնա՛ էշերը փնտռէ»։
4. Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ եւ Սաղիսա երկրէն ալ անցաւ՝ զանոնք չգտաւ։ Ետքը Սաղիմի երկրէն անցաւ ու հոն ալ չէին. անկէ Բենիամինեաններու երկիրը անցնելով՝ հոն ալ զանոնք չգտաւ։
5. Երբ անոնք Սուփին երկիրը եկան, Սաւուղ իրեն հետ եղող մանչուն ըսաւ. «Եկուր ե՛տ դառնանք, չըլլայ թէ հայրս էշերուն հոգը թողու ու մեզի համար մտահոգուի»։
6. Բայց մանչը անոր ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ է Աստուծոյ մարդը, անիկա պատուաւոր մարդ մըն է, անոր ամէն ըսածը անշուշտ կը կատարուի։ Հոն երթանք, թերեւս մեր երթալու ճամբան մեզի իմացնէ»։
7. Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Բայց եթէ երթալու ըլլանք, այն մարդուն ի՞նչ տանինք. քանզի մեր ամաններէն հացը պակսեցաւ ու Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։
8. Մանչը Սաւուղին ըսաւ. «Ահա իմ քովս մէկ սիկղին չորրորդ մասը արծաթ կայ, զանիկա Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէս զի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։
9. (Առաջ Իսրայէլի մէջ մարդ մը, երբ Աստուծոյ հարցնելու երթար, այսպէս կ’ըսէր. ‘Եկուր տեսանողին երթանք’։ Քանզի այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր։)
10. Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, եկուր երթանք»։ Ու Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։
11. Երբ անոնք զառիվերէն կ’ելլէին, քանի մը աղջիկներ հանդիպեցան, որոնք ջուր հանելու եկեր էին ու անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։
12. Աղջիկները անոնց պատասխան տուին ու ըսին. « Հո՛ս է։ Ահա ձեր առջեւն է։ Շուտ ըրէք, քանզի այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ, ատոր համար անիկա այսօր քաղաք եկաւ։
13. Քաղաքը մտնելուդ պէս զանիկա հոն կը գտնէք, քանի որ անիկա բարձր տեղը ելած չէ կերակուր ուտելու համար. քանզի մինչեւ անոր գալը ժողովուրդը կերակուր չուտեր, որովհետեւ անիկա կ’օրհնէ զոհը ու անկէ ետքը հրաւիրուածները կ’ուտեն։ Հիմա ելէք, քանզի հիմա կը գտնէք զանիկա»։
14. Եւ անոնք քաղաքը ելան ու երբ անոնք քաղաքին մէջ կը մտնէին, ահա Սամուէլ բարձր տեղը երթալու ատեն, անոնց դէմը ելաւ։
15. Սաւուղին գալէն օր մը առաջ՝ Տէրը Սամուէլին յայտներ ու ըսեր էր թէ
16. «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛, որպէս զի անիկա իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ, քանզի ժողովուրդիս նեղութեանը նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։
17. Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի իշխէ»։
18. Սաւուղ դրանը մէջտեղ Սամուէլին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տեսանողին տունը ո՞ւր է, կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր»։
19. Սամուէլ պատասխան տուաւ Սաւուղին ու ըսաւ. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս բարձր տեղը ելիր, քանզի այսօր ինծի հետ կերակուր պիտի ուտես եւ վաղը քեզ կը ղրկեմ ու բոլոր սրտիդ մէջ եղածը քեզի կը պատմեմ։
20. Երեք օրէ ի վեր քու կորսնցուցած էշերուդ համար մի՛ հոգար, քանզի անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր փափաքը որո՞ւնն է. քեզի ու քու հօրդ բոլոր տանը չէ՞»։
21. Սաւուղ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։
22. Սամուէլ առաւ Սաւուղը ու անոր մանչը ու զանոնք կերակուրին սրահը տարաւ եւ զանոնք կոչնականներուն գլուխը նստեցուց, որոնք երեսուն մարդու չափ էին։
23. Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բեր այն բաժինը որ քեզի տուի ու քեզի պատուիրեցի, որ զանիկա քովդ պահես»։
24. Խոհարարը ազդրը վրայի մսովը վերցնելով, զանիկա Սաւուղին առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահաւասիկ մնացածը, զանիկա առջեւդ դիր ու կեր. քանզի երբ ըսի թէ ժողովուրդը հրաւիրեր եմ՝ ՝, այն վայրկեանէն անիկա քեզի համար պահուած է»։ Այն օրը Սաւուղ Սամուէլին հետ կերաւ։
25. Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տանը տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսեցաւ։
26. Առաւօտ կանուխ ելան ու լուսցածին պէս Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց ու ըսաւ. «Ելի՛ր, որ քեզ ղրկեմ»։ Եւ Սաւուղ ելաւ։ Ինք եւ Սամուէլ մէկտեղ դուրս ելան։
27. Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։
9. Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛, Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։
10. Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին. Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։
11. Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար,
12. Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի. Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։
13. Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս, Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս,
14. Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ունենայինք Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։
15. Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն, Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ,
15. Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։
16. Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։
17. Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։
1. Բաղարջակերաց տօնը մօտեցաւ, որ զատիկ կը կոչուէր։
2. Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս սպաննեն զանիկա, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային։
3. Սատանան՝ Իսկարիովտացի մականուանեալ Յուդային ներսը մտաւ, որ տասներկուքէն մէկն էր։
4. Ան գնաց քահանայապետներուն ու իշխաններուն հետ համաձայնեցաւ որ զանիկա մատնէ անոնց։
5. Անոնք ալ ուրախացան եւ խոստացան անոր ստակ տալ։
6. Ինք վրան առաւ հարցը եւ պատեհութիւն մը կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած։
7. Բաղարջակերաց օրը եկաւ, երբ պէտք էր զատիկը մորթել։
8. Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէս զի ուտենք»։
9. Անոնք ալ ըսին անոր. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։
10. Ըսաւ անոնց. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։
11. Այն տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կ’ըսէ՝ ‘Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել’։
12. Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք»։
13. Գացին, գտան ինչպէս իրենց ըսաւ ու զատիկը պատրաստեցին։
14. Երբ ժամը հասաւ, սեղան նստաւ տասներկու առաքեալներուն հետ, ըսելով.
15. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ։
16. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ ալ բնաւ ասկէ պիտի չուտեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ կատարուի»։
17. Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու ըսաւ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ.
18. Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ»։
19. Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։
20. Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։
21. «Բայց ահա զիս մատնողին ձեռքը ինծի հետ այս սեղանին վրայ է։
22. Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ՝ ինչպէս սահմանուած է, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով անիկա պիտի մատնուի»։
23. Անոնք սկսան իրենց մէջ հարցուփորձ ընել՝ թէ իրենցմէ ո՞վ է որ այդ բանը պիտի ընէ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981