Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 301 Թագավորներ 7:1-511. Սողոմոն տասնըերեք տարուան մէջ շինեց ու լմնցուց իր բոլոր տունը։2. Լիբանանի անտառին տունն ալ շինեց. երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Չորս կարգ եղեւնափայտէ սիւներու վրայ շինեց ու սիւներուն վրայ եղեւնափայտէ հեծաններ դրաւ ։3. Նաեւ եղեւնափայտէ յարկ մը շինեց այն գերաններուն վրայ, որոնք քառասունըհինգ սիւներու վրայ էին, իւրաքանչիւր կարգը տասնըհինգ հատ։4. Երեք կարգ իրարու դէմ շարուած վանդակաւոր պատուհաններ կային։5. Բոլոր դռներն ու դրանդիքները քառակուսի էին եւ վանդակաւոր պատուհանները իրարու դէմ երեք կարգ էին։6. Սիւներուն Սրահը շինեց։ Երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Գաւիթ մըն ալ կար, ճակատը սիւներ եւ անոնց առջեւ ամպհովանի մը կար։7. Նաեւ գահին Սրահը շինեց, ուր դատաստան կ’ընէր։ Անիկա Ատեանի Սրահ ալ կը կոչուէր ։ Յատակէն մինչեւ ձեղունը եղեւնափայտով ծածկուած էր։8. Իր բնակարանը, որ սրահին ետեւի գաւիթին մէջ էր, միւս սրահներուն նման շինած էր։ Եւ Փարաւոնին աղջկան համար ալ, որ Սողոմոն իրեն կին առեր էր, այս սրահին պէս տուն մը շինեց։9. Այս բոլորը՝ ներսէն ու դուրսէն, հիմէն մինչեւ առաստաղը, դուրսի կողմէն մինչեւ մեծ գաւիթը տաշուած քարերու չափով՝ սղոցուած քարերով շինուած էր։10. Հիմն ալ թանկագին քարերէ էր, մեծ քարերէ, տասը կանգուն քարերէ եւ ութը կանգուն քարերէ։11. Վերը տաշուած քարերուն չափովը ազնիւ քար ու եղեւնափայտ էր։12. Եւ մեծ գաւիթին չորս կողմը ու Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը եւ տանը սրահը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինուած էր։13. Եւ Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Տիւրոսէն Քիրամը բերել տուաւ։14. Անիկա Նեփթաղիմի ցեղէն որբեւարի կնոջ մը որդին էր։ Անոր հայրը Տիւրացի պղնձագործ մըն էր։ Այս մարդը պղնձէ ամէն տեսակ գործեր ընելու մեծ հմտութիւն, իմաստութիւն ու գիտութիւն ունէր։ Սողոմոն թագաւորին եկաւ ու անոր ամէն գործը կատարեց։15. Ասիկա պղնձէ երկու սիւն ձուլեց։ Մէկ սիւնին երկայնութիւնը տասնըութը կանգուն ու շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Նոյնպէս էր երկրորդ սիւնինն ալ ։16. Սիւներուն գլուխը դնելու համար պղնձէ երկու խոյակ ձուլեց։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու միւս խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր։17. Սիւներուն գլուխի խոյակներուն համար՝ մէկ խոյակին համար՝ եօթը ու միւս խոյակին համար եօթը ցանցակերպ ու շղթայագործ հիւսուած զարդեր շինեց ։18. Այսպէս սիւները շինեց ու մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ շուրջանակի երկու կարգ նուռեր շարեց, որպէս զի սիւնին գլուխը եղած խոյակը նուռերով ծածկուի։ Միւս խոյակին ալ այնպէս ըրաւ։19. Սրահին մէջի սիւներուն գլուխը եղող խոյակները չորս կանգուն էին շուշանաձեւ շինուածքով։20. Երկու սիւներուն վրայի խոյակներուն ու ցանցակերպ զարդին մօտ եղող փորին վրայ ալ նուռեր կային։ Երկու խոյակներուն՝ ՝ վրայ կարգով շարուած երկու հարիւր նուռ կար։21. Եւ սիւները տաճարին մէջ կանգնեցուց ու աջ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն Յաքին կոչեց ու ձախ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն ալ Բոոզ կոչեց։22. Սիւներուն գլխուն վրայ շուշանաձեւ գործ կար։ Այսպէս սիւներուն գործը լմնցաւ։23. Ծովը ձուլածոյ շինեց, որուն մէկ եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր ու բոլորաձեւ էր։ Անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու շրջագիծը երեսուն կանգուն էր։24. Անոր եզերքին տակ շուրջանակի ամէն կողմէն գնդակներ շարուած էին։ Ծովուն բոլորտիքը ամէն մէկ կանգունի մէջ տասնական գնդակներ կային։ Գնդակները երկու կարգի էին, որոնք ծովուն ձուլուած ատենը ձուլուեր էին։25. Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր ու բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր ։26. Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Եզերքը գաւիթին եզերքին պէս էր, վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին ։ Ան երկու հազար մար կ’առնէր։27. Պղնձէ տասը մեքենովթ շինեց։ Ամէն մէկ մեքենովթին երկայնութիւնը չորս կանգուն ու լայնութիւնը՝ չորս կանգուն եւ բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։28. Մեքենովթները այսպէս էին։ Անոնք սպառուածներ ունէին։ Սպառուածները եզերքներուն մէջտեղն էին։29. Եզերքներուն մէջտեղը եղող սպառուածներուն վրայ առիւծներ, եզներ ու քերովբէներ կային։ Եզերքներուն վրայ վերի կողմը խարիսխն էր ու առիւծներուն ու եզներուն տակ կախուած զարդեր կային։30. Ամէն մէկ մեքենովթ պղնձէ չորս անիւ ու պղնձէ չորս առանցքներ ունէր ու չորս կողմերը ուռեր կային։ Ամէն կախուած զարդի քով՝ աւազանին տակ՝ ձուլածոյ ուռեր կային։31. Անոր բերանը խոյակին մէջէն դէպի վեր մէկ կանգուն էր ու անոր բերանը խարիսխի գործի պէս բոլորաձեւ էր ու մէկուկէս կանգուն էր եւ բերնին վրայ ալ քանդակներ ու սպառուածներ կային՝ քառակուսի եւ ոչ բոլորաձեւ։32. Սպառուածներուն տակ չորս անիւ կար եւ անիւներուն առանցքները մեքենովթին վրայ հաստատուած էին ։ Ամէն մէկ անիւին բարձրութիւնը մէկուկէս կանգուն էր։33. Անիւներուն շինուածքը կառքի անիւներու շինուածքին պէս էր։ Անոնց առանցքները, շրջանակները, շառաւիղներն ու գունտերը բոլորը ձուլածոյ էին։34. Եւ ամէն մէկ մեքենովթին չորս անկիւններուն վրայ չորս ուռ կար եւ ուռերն ալ մեքենովթէն էին։35. Ու մեքենովթին գլուխը կէս կանգուն բարձրութեամբ բոլորակ մը կար ու մեքենովթին գլխուն վրայ եղող եզերքն ու սպառուածները իրմէ էին։36. Եզերքներուն տախտակներուն վրայ ու սպառուածներուն վրայ քերովբէներ, առիւծներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, ամէն մէկ տեղին յարմարութեանը համեմատ ու անոնց բոլորտիքը կախուած զարդեր կային։37. Տասը մեքենովթներն ալ նոյնպէս էին։ Ամենուն ձուլուածքը, չափն ու ձեւը նոյնն էր։38. Տասը հատ պղնձէ աւազան շինեց։ Ամէն մէկ աւազան քառասուն մարով կը լեցուէր ու ամէն մէկ աւազան չորս կանգուն էր։ Տասը մեքենովթներուն վրայ մէկմէկ աւազան կար։39. Հինգ մեքենովթը՝ տանը աջ կողմը ու հինգ մեքենովթը տանը ձախ կողմը դրաւ ու ծովը տանը աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան կողմը դրաւ։40. Քիրամ աւազաններ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ կատարեց այն բոլոր գործերը՝ որոնք Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։41. Այսինքն երկու սիւները, սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդերը42. Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։43. Տասը մեքենովթներն ու մեքենովթներուն վրայի տասը աւազանները44. Ու ծով մը ու ծովին տակի տասներկու եզները45. Եւ կաթսաները ու թիակներն ու կոնքերը եւ այն բոլոր կարասիները, որոնք Քիրամ Սողոմոն թագաւորին շինեց Տէրոջը տանը համար, փայլուն պղնձէ էին։46. Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարթանի մէջտեղ։47. Եւ Սողոմոն այս կարասիները առանց կշռելու ձգեց, վասն զի խիստ շատ էին, այնպէս որ պղնձին կշիռքը ճշդել կարելի չէր։48. Սողոմոն Տէրոջը տանը բոլոր կարասիները շինեց՝ խունկին ոսկի սեղանը ու վրան առաջաւորութեան հաց դրուելու ոսկի սեղանը49. Եւ դաբիրին առջեւի զուտ ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին ու հինգը ձախ կողմը եւ ոսկիէ ծաղիկներն ու ճրագները եւ ունելիները,50. Զուտ ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամանները եւ բուրվառները ու ներքին տանը, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին, դռներուն ու տանը, այսինքն տաճարին դռներուն ոսկի ծխնիները։51. Այսպէս Տէրոջը տաճարին համար Սողոմոն թագաւորին բոլոր շինած գործերը լմնցան ու Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները տարաւ, Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ դրաւ։1 Թագավորներ 8:1-661. Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները իր քով Երուսաղէմ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն, այսինքն Սիօնէն հանեն։2. Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան, Անթանի ամսուան մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան։3. Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու քահանաները տապանակը վերցուցին։4. Տէրոջը տապանակը ու վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. զանոնք քահանաներն ու Ղեւտացիները հանեցին։5. Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ զոհեցին։ Այնչափ շատ որ անթիւ ու անհամար էին։6. Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանցը ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին.7. Քանզի քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։8. Ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերոն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն են։9. Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ։10. Երբ քահանաները սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը11. Եւ ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։12. Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։13. Ահա քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար քեզի տեղ շինեցի»։14. Եւ թագաւորը երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կայներ էին։15. Անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խօսք տուաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ.16. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի անունս հոն ըլլայ, բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։17. Իմ հայրս՝ Դաւիթ՝ միտք ունէր, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ,18. Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ ուն միտքդ դրիր, որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր,19. Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ՝ անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։20. Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի21. Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։22. Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց23. Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես։24. Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։25. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումդ, զոր քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլին աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։26. Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըսած խօսքդ հաստատուի։27. «Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։28. Սակայն, ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛,29. Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես։30. Ուրեմն քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին այստեղ ըրած աղօթքները լսէ՛. այո՛ քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։31. «Եթէ մէկը ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ ու երդումի համար այս տունը՝ քու սեղանիդ առջեւ՝ գայ,32. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։33. «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ՝ քեզի դէմ մեղանչելուն համար իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու անուանդ փառք տան ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն,34. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձուր զանոնք։35. «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելնուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այստեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան,36. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ եւ անոնց սորվեցուր այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն եւ անձրեւ տուր այն երկրին, որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։37. «Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտիքներու դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ,38. Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ,39. Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս.40. Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին։41. «Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ42. (Վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ,43. Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։44. «Երբ քու ժողովուրդդ թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ Տէրոջը աղօթք ընեն,45. Երկնքէն անոնց աղօթքն ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։46. «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք,47. Բայց եթէ այն գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’48. Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն,49. Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛50. Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներէ՛ ու այնպէս ըրէ՛, որ անոնց գերեվարները անոնց ողորմութիւն ընեն.51. Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, որոնք Եգիպտոսէն երկաթի հնոցին մէջէն հանեցիր։52. Քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին վրայ քու աչքդ ու ականջդ թող բաց ըլլան, որպէս զի անոնց քեզի ըրած աղաղակը լսես։53. Քանզի երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով յայտնեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։54. Երբ Սողոմոն այս աղօթքն ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպի երկինք տարածուած ծունր կրկներ էր,55. Ու ոտքի վրայ կայնելով Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ.56. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ։57. Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ58. Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։59. Տէրոջը առջեւ մատուցուած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյ մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ.60. Որպէս զի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ի՛նքն է Աստուած եւ ուրիշ մը չկայ։61. Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք ու անոր պատուիրանքները պահէք»։62. Թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեցին։63. Սողոմոն Տէրոջը մատուցուած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ եւ թագաւորն ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին։64. Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, վասն զի Տէրոջը առջեւի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու։65. Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին։66. Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու Իսրայէլ ժողովրդին ըրաւ։Սաղմոսներ 68:28-3528. Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։ Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։29. Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝ Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։30. Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛, Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան, Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։31. Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան. Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։32. Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ, Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)33. Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,34. Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ. Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։35. Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։ Իսրայէլի Աստուածը՝ Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։ Աստուած օրհնեալ ըլլայ։Առակներ 17:16-1716. Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը, Երբ խելք չունի։17. Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։Ջոն 11:1-291. Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային գիւղէն, Բեթանիայէն, Ղազարոս անունով մէկը հիւանդ էր։2. Ասիկա այն Մարիամն էր, որ Տէրը օծեց ու անոր ոտքերը իր մազերովը սրբեց, որուն եղբայրն էր հիւանդ Ղազարոսը։3. Ուստի իր քոյրերը մարդ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է»։4. Յիսուս, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։5. Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը։6. Երբ լսեց թէ հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ։7. Անկէ ետքը ըսաւ աշակերտներուն. « Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։8. Աշակերտները իրեն ըսին. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։9. Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ.10. Բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ»։11. Այս բաները ըսելէն յետոյ ըսաւ անոնց. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։12. Իր աշակերտները ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։13. Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն մասին կը խօսի։14. Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. «Ղազարոս մեռաւ15. Եւ ես ուրախ եմ ձեզի համար որ հոն չէի, որպէս զի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք երթանք անոր»։16. Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ըսաւ իր աշակերտակիցներուն. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։17. Յիսուս երբ գնաց, գտաւ որ անիկա արդէն չորս օրուան գերեզմանը դրուած էր։18. Բեթանիա Երուսաղէմի մօտ էր՝ տասնըհինգ ասպարէզի չափ։19. Հրեաներէն շատեր Մարթային ու Մարիամին եկած էին, որպէս զի մխիթարեն զանոնք իրենց եղբօրը համար։20. Արդ՝ երբ Մարթան լսեց թէ Յիսուս կու գայ, զանիկա դիմաւորելու գնաց, բայց Մարիամ տանը մէջ նստեր էր։21. Մարթա ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ.22. Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։23. Յիսուս ըսաւ անոր. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։24. Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։25. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի.26. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։27. Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։28. Ասիկա ըսելէ վերջ, գնաց իր քոյրը Մարիամը գաղտուկ մը կանչեց՝ ըսելով. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ»։29. Անիկա լսածին պէս՝ շուտ մը ելաւ ու գնաց անոր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981