Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 311 Թագավորներ 9:1-281. Երբ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը եւ իր սրտին բոլոր ուզած բաները շինեց լմնցուց,2. Տէրը Սողոմոնին նորէն երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր։3. Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու պաղատանքդ լսեցի եւ այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան։4. Եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ Դաւիթին պէս քալես՝ կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ քալես ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես ու իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես,5. Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին խոստացայ՝ ըսելով. ‘Իսրայէլի աթոռին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։6. Բայց եթէ դուք կամ ձեր որդիները ինծմէ խոտորիք ու ձեր առջեւ դրուած պատուիրանքներս ու կանոններս չպահէք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք7. Այն ատեն Իսրայէլը պիտի ջնջեմ այն երկրին վրայէն, որ իրենց տուի ու իմ անուանս համար այս սրբած տունս երեսէս պիտի ձգեմ եւ Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ըլլայ։8. Այս բարձր տանը համար ամէն քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու սուլելով պիտի ըսէ. ‘Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։9. Անոնց պիտի ըսեն. ‘Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուածը թողուցին, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։10. Սողոմոն երկու տունը՝ Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը՝ քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը,11. Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ եղեւնափայտերով, մայրիի փայտերով ու ոսկիով անոր ամէն ուզածին համեմատ Սողոմոնի օգնութիւն ընելու համար, Սողոմոն թագաւորն ալ այն ատեն Քիրամին քսան քաղաք տուաւ Գալիլիայի մէջ։12. Քիրամ Տիւրոսէն եկաւ՝ որպէս զի Սողոմոնին իրեն տուած քաղաքները տեսնէ եւ իր աչքերուն հաճոյ չերեւցան13. Ու ըսաւ. «Եղբա՛յր, այս ի՜նչ քաղաքներ են, որոնք ինծի տուիր» ու անոց անունը Քաբօղի երկիր կոչուեցաւ։14. Ուստի Քիրամ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ղրկեց։15. Սողոմոն թագաւորին դրած հարկին պատճառը այս էր, որ Տէրոջը տունը, իր տունն ու Մելօնը ու Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովն ու Գազերը շինէ։16. ( Քանզի Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը ելլելով՝ Գազերը առեր ու զանիկա կրակով այրեր էր եւ այն քաղաքին մէջ բնակող Քանանացիները մեռցնելով, զանիկա իր աղջկան, Սողոմոնի կնոջ, օժիտ տուեր էր։)17. Ու Սողոմոն Գազերն ու վարի Բեթորոնը շինեց,18. Նաեւ Բաազեթն ու Թադմօրը երկրին անապատին մէջ19. Եւ Սողոմոնին բոլոր շտեմարանին քաղաքներն ու կառքերուն քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը, որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ ու իր տէրութեան բոլոր երկրին մէջ։20. Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Ամօրհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,21. Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցեր զանոնք բնաջինջ ընել, Սողոմոն զանոնք հարկատու ծառայ ըրաւ մինչեւ այսօր։22. Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիները իրեն ծառայ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմական մարդիկը, իր պալատականները, իշխանները, զօրավարներն ու իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին։23. Սողոմոնին գործին վրայ հինգ հարիւր յիսուն գլխաւոր իշխաններ կային, որոնք բանուոր ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։24. Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն ելաւ ու գնաց իր տունը, որ Սողոմոն անոր համար շիներ էր։ Ապա Մելօնը շինեց։25. Սողոմոն տարին երեք անգամ՝ Տէրոջը համար շինած սեղանին վրայ՝ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր եւ Տէրոջը առջեւի սեղանին վրայ խունկ կը ծխէր։ Այսպէս լրացուց իր գործը։26. Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ Կարմիր ծովուն եզերքը՝ Ելաթի քով եղող Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեց։27. Քիրամ Սողոմոնին ծառաներուն հետ, ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող իր նաւավարները այն նաւերով ղրկեց։28. Ու անոնք Ոփիր գացին եւ անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։1 Թագավորներ 10:1-291. Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ։2. Անիկա Երուսաղէմ եկաւ շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով։ Ան Սողոմոնին քով գնաց ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ։3. Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր։4. Սաբայի թագուհին Սողոմոնին բոլոր իմաստութիւնը ու անոր շինած տունը5. Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը՝ ՝ տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց6. Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր,7. Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է։8. Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։9. Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ։ Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։10. Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ։ Անկէ յետոյ այնչափ խունկ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։11. Քիրամին նաւերը, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, Ոփիրէն խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։12. Թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար եւ քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար։ Անկէ յետոյ այսպիսի փայտ ալ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչեւ այսօր։13. Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։14. Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ էր.15. Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ։16. Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց։ Ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց։17. Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց ։ Ամէն մէկ ասպարի երեք մնաս ոսկի գնաց։ Թագաւորը ասոնք Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահը դրաւ։18. Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա։19. Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորակաձեւ էր եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։20. Վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։21. Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին։ Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահին բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին։ Արծաթէ չկար. քանզի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր։22. Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամին նաւերուն հետ Թարսիսցի նաւեր ունէր. Թարսիսցի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով եւ կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։23. Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։24. Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։25. Անոնց ամէնքը ամէն տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։26. Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։27. Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։28. Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէր։29. Եգիպտոսէն կառք մը կ’արտածուէր՝ վեց հարիւր արծաթով ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ու Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կ’արտածուէին։Սաղմոսներ 69:1-41. Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։2. Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ, Ուր կայնելու տեղ չկայ, Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։3. Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ, Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։4. Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են. Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։ Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։Առակներ 17:18-1918. Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։19. Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։ Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։Ջոն 11:30-5730. Յիսուս դեռ գիւղը եկած չէր, հապա այն տեղն էր, ուր Մարթան զինք դիմաւորեց։31. Հրեաները, որ անոր հետ տանը մէջ էին ու կը մխիթարէին զանիկա, երբ տեսան թէ Մարիամ շուտ մը ելաւ ու գնաց, իրենք ալ անոր ետեւէն գացին՝ խորհելով թէ գերեզմանը կ’երթայ որպէս զի հոն լայ։32. Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։33. Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ,34. Եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զանիկա»։ Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։35. Յիսուս լացաւ։36. Ուստի Հրեաները կ’ըսէին. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա»։37. Անոնցմէ ոմանք ալ կ’ըսէին. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր»։38. Յիսուս նորէն իր սրտին մէջ հառաչելով գերեզման գնաց։ Անիկա քարայր մըն էր ու անոր վրայ քար մը դրուած էր։39. Յիսուս ըսաւ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Մեռելին քոյրը՝ Մարթան՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, որդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։40. Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։41. Այն ատեն մէկդի ըրին քարը։ Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։42. Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։43. Ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։44. Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։45. Եւ Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամին հետն էին, Երբ Յիսուսին ըրածը տեսան, հաւատացին իրեն։46. Անոնցմէ ոմանք ալ գացին Փարիսեցիներուն ու Յիսուսին ըրածը անոնց պատմեցին։47. Ուստի քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։48. Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։49. Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով ՝ որ այն տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց.50. «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։51. Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ, հապա այն տարուան քահանայապետը ըլլալով, մարգարէացաւ թէ Յիսուս ազգին համար պիտի մեռնէր.52. Եւ ո՛չ միայն ազգին համար, հապա որպէս զի Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներն ալ մէկտեղ ժողվէ։53. Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա։54. Ուստի Յիսուս ա՛լ համարձակ չէր պտըտեր Հրեաներուն մէջ, հապա անկէ անապատին մօտ տեղ մը գնաց, քաղաք մը, որուն անունը Եփրայիմ էր ու իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ հոն կեցաւ։55. Երբ Հրեաներուն զատիկը մօտեցաւ, անկէ շատ մարդիկ զատկէն առաջ Երուսաղէմ գացին, որպէս զի ինքզինքնին մաքրեն։56. Ու կը փնտռէին Յիսուսը ու տաճարին մէջ կեցած ատեննին իրարու կ’ըսէին. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։57. Իսկ քահանայապետներն ու փարիսեցիները պատուէր տուեր էին, որ եթէ մէկը գիտնայ անոր ո՛ւր ըլլալը՝ իմացնէ, որպէս զի զանիկա բռնեն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981